«Քաղաքական մշակոյթ» ըսուածը վերացական ըմբռնում մըն է, որ սակայն որոշ չափով «տեսանելի» կը դառնայ քաղաքական կուսակցութեանց ու գործիչներու որոշումներէն, կեցուածքներէն, վերաբերումի եղանակէն, յարուցած խնդիրներէն եւ ստեղծուած կացութեանց դիմաց անոնց բռնած դիրքաւո րումներէն, եւ այլն:
Այսպէս ուրեմն, Հայաստանի վերանկախացման (Պարոյր Հայրիկեանի բնորոշումով՝ ինքնորոշման) տարեդարձը տօնելու համար, 21 Սեպտեմբերի օրը երկրի ղեկավարութեան կողմէ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ չեն եղած Հ.Հ.ի առաջին եւ երկրորդ նախագահները՝ Լ. Տ. Պետրոսեան եւ Ռ. Քոչարեան (առաջին անգամը չէ): Իբրեւ դժգոհութեան արտայայտութիւն ու կեցուածք գործող նախագահին դէմ, անոնցմէ ամէն մէկը իր պատճառներով մերժած է ընդառաջել նախագահական պալատէն ստացուած հրաւէրին, զլացած է իր ներկայութեան «պատիւը» շնորհելու տօնական ընդունելութեան եւ փայլած... բացակայութեամբ:
Քննելի՛ն, այս պարագային, անոնց միջեւ գոյ հակադարձ ատելութեան կամ քէնոտութեան պատճառները չեն: Մատնանշումի շարժառիթը տօնական ընդունելութենէն նախկին երկու նախագահներուն բացակայելու երեւոյթն է:
Պետական-համազգային տօներուն համար տօնախմբական միջոցառումներու կազմակերպումը պարտականութիւն մըն է, որ կ’իյնայ երկրի ղեկավարութեան ուսերուն: Իսկ մարդիկ միջոցառումներուն կը մասնակցին ներշնչուելու համար օրուան խորհուրդէն, յարգելու համար տօ՛նը եւ ոչ թէ կազմակերպողը: Այսպէս է ամէն տեղ, որեւէ երկրի պարագային: Այդպէս էր նաեւ առաջին երկու նախագահներու օրերուն: Այսպէս ալ պիտի ըլլայ այսուհետ: Հրաւէրը եւ հրաւէրին ընդառաջումը բրոթոքոլի-արարողակարգային ձեւակերպում մը ըլլալէ անդին, է՛ նաեւ բարոյական պարտաւորութիւն մը՝ յարգելու համար տօնը ժողովուրդին, որ զիրենք արժանացուցած է նախագահական պաշտօնին:
Այսքան պարզ: Բայց ըսուած է արդէն չէ՞, որ ոխն ու ատելութիւնը վատ խորհրդատու են, որմէ ձերբազատ պէտք է ըլլան քաղաքական գործիչները, մանաւանդ երբ երկիրը պատերազմի սպառնալիքի տակ է եւ կը դիմագրաւէ տարատեսակ դժուարութիւններ:
Անոնց բացակայութիւնը ցուցանիշ է քաղաքական մշակոյթի մը:
Այս առիթով՝ զուգահեռ մը: Ո՞վ չի յիշեր քսանամեակ մը առաջ Դաշնակցութեան դէմ գործադրած ատելավառ հալածանքները առաջին նախագահին: Այն աստիճան, որ կուսակցութիւնը զայն իր «թշնամին» համարելով հանդերձ, երակար ժամանակ ի զուր փորձեց բարեկամութեան ձեռք երկարել անոր՝ յանուն Հայաստանի անվտանգութեան: Հետագային ալ, անոր պարտադրուած հրաժարականէն եւ յաջորդող տասնամեայ լռութենէ մը ետք, նոր իրադարձութեանց բերումով մեծ քաղաքականութիւն իր վերադարձին՝ երբ փափաք յայտնած էր ան Դաշնակցութեան ղեկավարութեան հետ հանդիպելու, կուսակցութիւնը կ’ընդառաջէր փափաքին ու յարգելով Հ.Հ.ի նախկին նախագահ եղած ըլլալու անոր հանգամանքը ամենաբարձր մակարդակով ՝ Բիւրոյի ներկայացուցիչով կը դիմաւորէր իր «թշնամին» եւ պատշաճօրէն կը հիւրընկալէր զայն իր կեդրոնատեղիին մէջ:
Դաշնակցութեան ու անոր գործիչներուն այս շարժուձեւն (ժեստը) ալ ցուցանիշ է քաղաքական մշակոյթի մը:
Աւելորդ չէ՞ մեկնաբանութիւնը՝ ընդգծելու համար այս երկուքին տարբերութիւնը:
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ