Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ա­մէն ան­գամ, երբ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը կը կրա­կէ, հայ­կա­կան կող­մը պէտք է ո­րոշ ժա­մա­նա­կով սա­ռեց­նէ Ղա­րա­բա­ղեան Խնդ­րի շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը: Այս մա­սին NEWS.amի թղթա­կի­ցին հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րեց «­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիըր» ա­մե­րի­կեան թեր­թի խմբա­գիր Յա­րութ Սա­սու­նեան:

Ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը, ա­նոր խօս­քով, լկտի քայ­լեր կ’ը­նէ: «Ա­նոնք կը կրա­կեն մեր խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րուն վրայ, ու մենք ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ կը պա­տաս­խա­նենք ա­նոնց կրա­կոց­նե­րուն: Այս­պէս շա­րու­նա­կել կա­րե­լի չէ: Կամ ա­նոնց կրա­կոց­նե­րու պա­րա­գա­յին մենք պէտք է հա­րիւ­րա­պա­տիկ շատ կրակ բա­նանք, որ վատ է եւ կը յան­գեց­նէ լա­րո­ւա­ծու­թեան ուժգ­նաց­ման, կամ ալ կ’ա­ռա­ջար­կեմ պե­տա­կան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով յայ­տա­րա­րել, որ մենք չենք կրնար բա­նակ­ցիլ ու միա­ժա­մա­նակ պա­տե­րազ­միլ: Մենք կա՛մ պէտք է բա­նակ­ցինք, կա՛մ պա­տե­րազ­մինք»,- շեշ­տեց Յա­րութ Սա­սու­նեան: Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, կ’ա­ռա­ջար­կէ ան, պէտք է յայ­տա­րա­րէ.- «­Յա­ջորդ ան­գամ, երբ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը կը կրա­կեն, մենք կը սա­ռեց­նենք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, օ­րի­նակ, ե­րեք ա­մի­սով»:

«Ե­թէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը շա­րու­նա­կէ կրա­կել, ա­պա բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կը սա­ռեց­նենք մէկ տա­րիով, եր­կու տա­րիով: Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սա­ռե­ցու­մէն ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը պի­տի տու­ժեն, քա­նի որ ա­նոնք մեզ­մէ ինչ-որ բան կ’ու­զեն ստա­նալ: Իսկ մենք ստա­նա­լու ո­րե­ւէ բան չու­նինք, մենք ար­դէն ա­զա­տագ­րած ենք մեր հո­ղե­րը ու հան­գիստ կ’ապ­րինք այն­տեղ: Ե­թէ ա­նոնք շա­րու­նա­կեն կրա­կել, մենք կը դադ­րեց­նենք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ու ա­նոնք ո­րե­ւէ բան չեն ստա­նար»,- նշեց Յա­րութ Սա­սու­նեան, շեշ­տե­լով, որ Ա­տըր­պէյ­ճան պատ­րաստ չէ պա­տե­րազ­մի:

«Ե­թէ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը պատ­րաստ ըլ­լա­յին պա­տե­րազ­մի, ա­պա այ­սօր իսկ կը յար­ձա­կէին: Մենք վախ­նա­լու բան չու­նինք:

Մենք չենք ը­սեր, թէ դէմ ենք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, բայց մենք մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին կ’ը­սենք, որ մե­զի հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի է բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րելն ու միա­ժա­մա­նակ պա­տե­րազ­մի­լը»,- ամ­փո­փեց Յա­րութ Սա­սու­նեան: Յի­շեց­նենք, որ Սեպ­տեմ­բեր 25ին` ժա­մը 17:30ի սահ­ման­նե­րուն, ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նու­ժին կող­մէ թրքա­կան ար­տադ­րու­թեան TR-107 կա­յանք­նե­րէն հրթի­ռահ­րե­տա­նա­յին ար­կա­կոծ­ման են­թար­կո­ւած էր Պաշտ­պա­նու­թեան Բա­նա­կի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յո­ւած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն պահ­պա­նու­թեան տե­ղա­մա­սը, ո­րուն ար­դիւն­քով բե­կո­րա­յին մա­հա­ցու վի­րա­ւո­րում ստա­ցած են Պ.Բ. զին­ծա­ռա­յող­ներ Նո­րայր Մի­քա­յէ­լի Խա­չատ­րեան (ծնած 1995թ.), Ռո­պերթ Սու­րէ­նի Մկրտ­չեան (ծնած 1995թ.), Յա­րութ Մաք­սի­մի Յա­կո­բեան (ծնած 1997թ.) եւ Կա­րէն Գէոր­գի Շա­հի­նեան (ծնած 1997թ.): Կան վի­րա­ւոր­ներ: