Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ընդհանուր առմամբ ես դէմ եմ յեղափոխութիւններին, բացառութեամբ այն դէպքերի, երբ դրանք տեղի են ունենում քաղաքակրթութեան ոլորտում, այնպէս՝ ինչպէս ընդունուեց քրիստոնէութիւնը, ինչպէս եղաւ գրատպութեան, շոգեքարշի ստեղծման եւ, բնականաբար, համակարգիչների պարագայում: Սրանք ողջունելի յեղափոխութիւններ են:

ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Թերեւս ուրիշներ եւս  կամ շատեր տեղեակ չէին, բայց վերջերս բոլորս ալ պաշտօնապէս տեղեկացանք, որ Հայաստանի նախագահը դէմ է… յեղափոխութիւններուն։


«Հակայեղափոխական» իր կողմնորոշումին վերաբերեալ ՀՀ նախագահը այս բացայայտումը կատարեց քանի մը օր առաջ, երբ Երեւանի մէջ պաշտօնապէս պարգեւատրեց անհատական համակարգիչներու շուկայացման ոլորտի յառաջապահներէն եւ «Apple Computers» ընկերութեան համահիմնադիրներէն Սթիւ Ուզնեաքը՝ բարձր արհեստագիտութիւններու զարգացման մարզին մէջ անոր ունեցած ներդրումին  համար։
Հայաստանի նախագահը դրուատանքի խօսք պատրաստած էր պր. Ուզնեաքի անձն ու գործը մեծարելու համար։ Յաւուր պատշաճի իր խօսքը հիմնաւորելու կարգով էր, հետեւաբար, որ ՀՀ նախագահը մեկնակէտ ընտրած էր գաղափարաբանական այն յստակացումը, թէ «ընդհանուր առմամբ ես դէմ եմ յեղափոխութիւններին»։ Բայց որպէսզի մեր ժողովուրդը սխալ չհասկնայ զինք կամ թիւրիմացութիւն չառաջանայ, պր. Սերժ Սար- գըսեան անհրաժեշտութիւնը զգաց անմիջապէս աւելցնելու, թէ՝ յեղափոխութեանց դէմ է «բացառութեամբ այն  դէպքերի, երբ դրանք տեղի են ունենում քա-ղաքակրթութեան ոլորտում, այնպէս՝ ինչպէս ընդունուեց քրիստոնէութիւնը, ինչպէս եղաւ գրատպութեան, շոգեքարշի ստեղծման եւ, բնականաբար, համակարգիչների պարագայում: Սրանք ողջունելի յեղափոխութիւններ են»:
Եթէ պր. Սերժ Սար- գըսեան անպաշտօն ելոյթի մը կամ անձնական ինքնադրսեւորման բնոյթ կրող հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարէր ընդհանրապէս յե-ղափոխութեանց դէմ ըլլալու իր յայտարարութիւնը, վստահաբար առ ի տեղեկութիւն պիտի արձանագրուէր ըսուա-ծը եւ յաւելեալ անդրադարձի կարիքը պիտի  չզգացուէր։
Բայց երբ իր իսկ բառամթերքով այսպէս կոչուած «ողջունելի յեղափոխութիւններ»ը մեծարելու առաջադրանքով պաշտօնական ելոյթ կ՛ունենայ Հայաստանի նախագահը, անխուսափելիօրէն հարց կը յառաջանայ, թէ Հայոց Պետական Տան թիւ 1 պատասխանատուն ինչո՞ւ ընդհանրապէս դէմ է յեղափոխութեանց։
Նախագահ Ս. Սարգըսեանի հակայեղափոխական հռետորութիւնը փաստօրէն հայ քաղաքական մտքի մեծ օրակարգին վրայ կը բերէ հին ու մաշած, բայց պարբերաբար նորովի արծարծման արժանացող բանավէճ մը։
Խորհրդային ամբողջատիրութեան վերջալոյսին յաճախակի իր  գլուխը կը ցցէր «յեղափոխութիւն»ը իբրեւ հասարակական մեծագոյն չարիքի դատապարտելու եւ մերժելու մտայնութիւնը։ Թէեւ Արցախեան Պահանջատիրութիւնը իբրեւ ազգային ըմբոստացում ու ազատագրական պայքար գնահատելու եւ մեծարելու մօտեցումը համաժողովրդային հնչեղութիւն ունէր օրին, այսուհանդերձ՝ 1988ի համաժողովրդային շարժման առաջին իսկ քայլերուն կրնկակոխ հետեւեցաւ նաեւ հակայեղափոխական գաղափարախօսութիւն մը։ Ղարաբաղեան Շարժումը առաջնորդող նորայայտ գործիչները գաղափարական պարտքը կը զգային անպայման հեռաւորութիւն առնելու… յեղափոխութիւններէն ու յեղափոխականութենէն։
Վերանկախացեալ Հայաստանի առաջին  իշխանութեանց՝ ՀՀՇական տիրակալութեան շրջանին, ՀՀ անդրանիկ նախագահը նոյնիսկ կը յոխորտար, որ մինչեւ վերջ պիտի պայքարի իր ընդդիմախօսներուն… յեղափոխական մօտեցում-ներուն դէմ։
Եկաւ 1998ի իշխանափոխութիւնը, Հայաստանի իշխանաւոր խմբաւորումը ներքնապէս բաժնուեցաւ «պատերազմիկ» եւ «խաղաղապաշտ» հակադիր թեւերու, այնուհետեւ մեր երկրի կառավարումը թեւակոխեց Հայկական Պահանջատիրութեան պետականօրէն տէր կանգնելու փուլ՝ ազգային գաղափարախօսութեան թելադրած պատշաճեցումներով հանդերձ, բայց ըստ էութեան ոչինչ փոխուեցաւ մեր «պետական այրերու» հակայեղափոխական ամբոխավարութենէն…
Այս առումով՝ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահին հակայեղափոխական հռետորութեան նորագոյն դրսեւորումը ըստ ամենայնի նորութիւն չէ, այլ պարբերական դրսեւորումն է հայ քաղաքական մտքի «ժառանգած» խորհրդային հիւան-              դութեան։
Յատկապէս խորհըրդային ամբողջատիրութեան բարոյահոգեբանական հեղձուձիչ մըթնոլորտին մէջ կազմաւորուած քաղաքական միտքը կրնայ, այս աստիճան, հիւանդագին  ընկալում ցուցաբերել  ընկերային եւ քաղաքական յեղափոխութեանց նկատմամբ, որոնք փաստօրէն մարդկային քաղաքակրթութեան յառաջխաղացքին շարժիչ ուժը հանդիսացած են ամէնուրեք։
Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ եւ Մերձաւոր Արեւելքէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք, մարդկութեան արդի դարաշրջան մուտքը անխուսափելիօրէն պայմանաւորուեցաւ յեղափոխութեանց երկունքով, որ յաճախ եւ բնականօրէն արիւնալի գալարումներով յատկանշուեցաւ։
Այսինքն՝ պր. Սերժ Սարգսեանի նախընտրած բառապաշարով «ողջունելի յեղափոխութիւններ»ն անգամ անհնար պիտի ըլլային, եթէ անգլիական ու ֆրանսական, ամերիկեան ու ռուսական, իտալական ու չինական յեղափոխութիւնները - միայն գլխաւորներէն ոմանք յիշատակելու համար - չխորտակէին ամէն կարգի  բռնատիրութեանց կապանքները, լայն հորիզոն չբանային ժողովրդային ազատ մասնակցութեան առջեւ եւ կրթութիւնն ու գիտութիւնը հաւասարապէս մատչելի  չը-դարձնէին աշխատաւոր խաւերուն։
Պարզ է, անշուշտ, որ Հայաստանի նախագահը կարիքը չունի քաղաքական գիտութեանց տարրական դասապահերուն մատուցուող լափալիսեան այս ճշմարտութեանց յիշեցումին։ Յետ-խորհրդային տարածաշրջանի եւ դարաշրջանի ղեկավար բոլոր գործիչներուն պէս, վերանկախացեալ Հայաստանի թիւ 1 ներկայացուցիչը եւս կը տառապի խորհրդային ամբողջատիրութեան ժառանգորդի բարդոյթէն։ «Դէմ եմ յեղափոխութիւններին» կը յայտարարէ, երբ ըստ ամենայնի ի նկատի ունի որոշապէս պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը եւ անոր պատճառած վնասներն ու անփոխարինելի կորուստները։
Բայց 21րդ դարու  քաղաքական ու պետական գործիչը պէտք է կարենայ հաշուի նստիլ իր անցեալին ու ժառանգութեան հետ, մանաւանդ երբ այդ անցեալն ու ժառանգութիւնը ամէնէն վայրագ բրտութեամբ եւ ամբողջատիրութեամբ պարտադրուած են սերունդներուն։
Իսկ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը առաջնորդելու կոչուած քաղաքական ու պետական գործիչը յաւելեալ պատճառ ունի յեղափոխութեան նայելու իբրեւ գաղափարական սրբութիւն, որովհետեւ բացառապէս հայկական յեղափոխութեան մարդակերտ ժառանգութեան ճամբով մեր ժողովուրդը կրցաւ վերապրիլ ոչ միայն դարաւոր գերութեան այլասերիչ ազդեցութիւններէն, այլեւ՝ նոյնինքն խորհրդային ամբողջատիրութեան պարտադրած ապազգայնացման կեղտաջուրերէն։
Ծանօթ է, որ պր. Սերժ Սարգսեան ամբողջապէս իւրացուցած է Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանին» եւ կրնայ բառ առ բառ արտասանել ազգային օրհներգի վերածուած հանճարեղ քերթուածը։
Թերեւս ժամանակն է, որ Հայաստանի նախագահը նաեւ իւրացնէ Չարենցի «Գիրք Ճանապարհի»ն, յատկապէս «Մահուան Տեսիլ»ը, որպէսզի այսպէս աւելորդ տուրք չվճարէ… հակայեղափոխական ներկայանալու յետ-խորհրդային բարդոյթին։


ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ