Պատկեր հինգերորդ
Դէպի Արցախ մեր ճամբուն վրայ յաջորդաբար կը հանդիպինք Խոր վիրապ, Նորավանք, Ջերմուկ եւ ապա գիշերելու համար կանգ կ’առնենք Զանգեզուրի մայրաքաղաքը՝ Գորիս: Պողոտայի մը վրայ, խանութներու առջեւ, տեղ-տեղ քանի մը հոգիներով նստած են գորիսցիներ՝ Ճակատագրէն զարնուածի ընկ
ճուածութեամբ: Առաջին շփումէն, գործազուրկ մնալու բախտին համակերպած լեռնական մարդու հանդարտութեամբ կ’ըսեն, որ առաջ գործարաններ կային, գէշ-աղէկ կ’աշխատէին ու կերպով մը «եոլա» կ’երթային: Տարիներ առաջ փակուած են գործարանները, եւ իրենք այսպէս «պոշ-պոշ կայներ ենք, չենք գիտեր՝ ի՛նչ անենք»: Անոնցմէ մէկը. «Լաւն է, որ դուք օտարերկրացի էք, Աթէնքից»: Միւսները գլուխ շարժելով համամիտ են ու կը կրկնեն. «Այո՛, լաւն է, լաւը»: Չեմ հասկնար. այդ «լաւն է»ն մեր հաշուո՞յն էր, թէ՞ «օտարերկրացիի» նկատմամբ չխոստովանուած նախանձ կ’արտայայտէր: Թերեւս երկուքը:
Երեւանցին ըմբոստ է: Կռիւի ասպարէզ կարդացողի բորբոքումով կը գանգատի իր վիճակէն: Իսկ գորիսցին մեղմ ու հանդարտ՝ ստեղծուած կացութեան հետ ներդաշնակուելու բնաւորութիւնը ունի կարծէք: «Չորս կիներս ենք, որ այս մեծ հիւրանոցին բոլոր գործերը կ’ընենք: Ամէն օր նախաճաշի-ճաշի պատրաստութիւն, սեղանատան դասաւորում, սենեակներու-լուացարաններու-սրահներու մաքրութիւն, լուացք եւ վերջապէս ինչ որ պէտք է մեծ հիւրանոցի մը համար: Ամէն օր 16-17 ժամ կ’աշխատինք, առաւօտ կանուխ 6ին գործ կը բռնենք մինչեւ երեկոյի ուշ ժամերը եւ մեր այս աշխատանքին դիմաց կը ստանանք միայն երեք հազար դրամ (6,50 տոլար): Հաշտուած ենք նաեւ, որ մեր այս գործը եղանակային է. Ձմեռ եկաւ, թուրիստ չկայ՝ կ’արձակուինք գործէ...»:
Ներքին դառնութեամբ կ’արտասանուին այս խօսքերը, բայց անոնց շեշտին մէջ ցասում չկայ, ոչ ալ գութ շարժելու նուազագոյն փորձ: Անոնք սիւնեցի են, իրենց դառնութեան մէջ հպարտ, ինչպէս որ էին իմ հանդիպած անգործ մարդերը:
- Քսանհինգ տարիէ ի վեր պետութիւն կը կառուցենք, բայց այնպէս կ’երեւի, որ տակաւին չենք ունեցած աշխատանքի համար գործադրելի բարենըպաստ օրէնսդրութիւն մը՝ մեր կառուցածին հիմնական սիւներէն մէկուն՝ աշխատաւորութեան վերաբերող,- բարձրաձայն կը խորհրդածէ Նազարէթը:
Յաջորդ առաւօտ ճոպանուղի ենք՝ Տաթե՛ւ: Հիացում եւ վարանում: Իրարմէ բաւական հեռու հաստատուած սլացիկ երեք ձողերու յենարանով եւ միւս ծայրը հազիւ նշմարուող հորիզոնական երկու թելեր շատ բարձրերէն կ’երթեւեկեն վախազդեցիկ ձորերու ու գագաթաձեւ բարձունքներու վրայէն: Թելերէն կախուած երկու վակոններ, որոնք փոխն ի փոխ մարդեր կը տանին-կը բերեն: Նստի՞լ վակոնին մէջ թէ ոչ. ահա վարանքս ...:
- Հրաշք լեռներու մէջ մարդու ձեռքով ու խելքով շինուած ուրի՛շ հրաշք մը՝ այս ճոպանուղին, ձեզի նկարագրածիս պէս հիանալի չէ՞,- խանդավառ Սիւզանն է, որ երկրորդ անգամն ըլլալով կը գտնուի այս «հրաշք»ին մէջ: Այո՛, հիանալի է, ո՞վ կրնայ չընդունիլ: Բայց Սամոն իր պատճառը եւ... հակառակը արտայայտելու իւրայատուկ ձեւը ունի.
- «Ծայրայեղութիւններու երկիր ենք էլի: Օշականը ջուրի մատակարարում չունի, Ուշի գիւղին մէջ մի հատ կարգին ճամբայ չկայ մարդ քայլի, իսկ հոս ահագին փող կու տանք, որ աշխարհի ամէնէն երկար ջոպանուղի սարքենք Կինէսի մէջ գրուինք: Իմ՝ Սամուէլ անունով ես երախայ թոռնիկ ունեմ, է՛ս հասակիս ինծի Սամօ կ’ըսեն, բայց երախային Սամուէլ կը կանչեն: Մինչդեռ հակառակը պէտք չէ՞ լինէր: Ծուռ ազգ ենք էլի, ծուռ եղել ենք, ծուռ էլ պիտի ապրենք»։
Ճոպանուղիին վրայ յարափոփոխ ու չբացատրուող զգացումներու խառնուրդ մը կ’ունենամ: Ձողերու գագաթէն յանկարծակի էջքին՝ վակոնին հետ սիրտս ալ անարգել ինկողի ցնցումով կը թփռտայ: Մէյ մը կ’ուզեմ շուտով հասնիլ հանդիպակաց ափը, մէյ մը կը ցանկամ, որ երկարի ուղին, որպէսզի երկար տեւէ չնաշխարհիկ համայնապատկերին տուած վայելքը:
Ահա Տաթեւը՝ Սիւնեաց լեռներուն փառքը ի՛նք, շալկած վանական համալիր մը, որ դարերուն յաղթած ըլլալու հպարտութեամբ վեհաշուք բազմած՝ կ’իշխէ ժամանակին վրայ: Հոս կ’արժէ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս պարսիկ ու այլազգի բազմաթիւ զբօսաշըրջիկներ հիացումով ու պատկառանքով կը շրջագային համալիրին մէջ:
Ով որ Հայաստանէն Գորիս ու Գորիսէն Արցախ ու Գանձասար ուղեւորութիւնը չէ կատարած, չի կրնար ամբողջութեանը մէջ պատկերացնել վեհութիւնը մեր լեռնաշխարհին եւ անոր դրած դրոշմը՝ այնտեղ ապրողներու նկարագրին վրայ: Մինչեւ Գորիս ու քիչ անդին կարծէք հսկայ ու տարածուն ցայտաղբիւրներ յանկարծ քարացած են ու լեռ դարձած: Չոր ու ժայռոտ լեռներ, քարեր ու քարեր, բայց նաեւ քաղաքակրթութիւն:
Արցախի դուռէն, Լաչինէն անդին, ծալքաւոր շարունակութիւնը միեւնոյն լեռներուն, բայց այլեւս քարերու փոխան՝ ծառախիտ անտառներու կանաչն է բնութեան վրայ տիրապետողը:
Արցախի տարածքին ու Ստեփանակերտի մէջ նկատելին անխռով ապրելակերպն էր տեղի բնակչութեան: Երեկոյեան Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակին վրայ հաւաքուած ժողովուրդ ու բեմին վրայ նուագախումբ մը դասական երաժշտութիւն կը նուագէ: Այո՛, դասական երաժշտութիւն, ինչ որ ենթադրել կու տայ արուեստի մշակուած ճաշակ ու զգացողութիւն՝ ժողովրդային խաւին մէջ: Ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ Արցախի կացութեան նկատմամբ Երեւանի եւ սփիւռքի հայերուն մէջ շատ աւելի մտահոգութիւն կայ, քան իրենց՝ արցախցիներուն մէջն է: Անոնք իրենց կեանքը կը կերտեն այնպէս, կարծես գտնուէին բնականոն պայմաններու տակ, առանց դոյզն խուճապի: Օրհնեալ դրոշմը Հայոց լեռներուն:
Կը մտաբերեմ նախակրթարանի մէջ ուսուցչիս՝ Հայկազ Թրթռեանի սորվեցուցած ոտանաւորներէն այս տողերը.
Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս խուժեցիք վայրագ։
Մենք ձեր դէմ ելանք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս ոռնացիք վայրագ:
Բայց մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս կը կորչէք վայրագ:
Վերադարձին՝ օդանաւին մէջ կը մտածեմ, որ Հայաստանը շատ տուեալներ ունի, որպէսզի կարենայ դառնալ մագնիսացնող կեդրոն մը՝ յատկապէս Աստուածաշունչին հաւատացող մարդկութեան համար: Ըստ Աստուածաշունչ մատեանին, ջրհեղեղէն ու Նոյի տապանէն ետք մարդկութեան երկրորդ կեանքը վերսկսած է Արարատեան դաշտէն, Ադամի դրախտն ալ տարտամօրէն այդ տեղերը եղած ըլլալ կ’երեւակայուի: Կանգո՛ւն ու տակաւին գործուն քրիստոնէական ամէնէն հին եկեղեցին է Էջմիածինը: Իր հնադարեան վանքերով բա՛ց, այլեւ պատկառազդո՛ւ թանգարան մըն է երկիրը: Ուս-ուսի տուած իրար հրմշտկող, այլեւ իրարու նեցուկ լեռներուն ու անոնց ձեւաւորած ձորերուն գեղեցկութիւնը դժուար թէ գտնուի այլ տեղ: Իսկ Երեւանը իր սքանչելի ծառուղիներով, պողոտաներով ու հրապարակներով, լայն-լայն մայթերով ու արձաններով, Հիւսիսային պողոտայով, սրճարանային-ճաշարանային սքանչելի կեդրոններով ու ժամանցի վայրերով եւ իր ապահով միջավայրով, մանաւանդ բարեսէր ու սրտբաց բնակիչներով փնտռուած մայրաքաղաքն է ամէն զբօսաշրջիկի:
Որքան զգալի է այս մարզին մէջ կազմակերպուածութեան եւ համապատասխան քարոզչութեան պակասը, գրեթէ չգոյութիւնը: Հարուստ տուեալներով օժտուած երկիր, որ տակաւին զբօսաշրջութեան (թուրիզմի) նախարարութիւն չունի: Ի՞նչ ըսել:
Սակայն ինչ ալ ըսենք, ի վերջոյ մե՛րն է այս Հայաստանը՝ անցեալի փառքովը ու ներկայի դժուարութիւններովը: Մե՛րն են անոր յաջողութիւններն ու բացթողումները: Մե՛րն են ազգին պատիւ բերող մատենադարանն ու «կարգին» ճամբայ չունեցող գիւղերը:
Հայաստանը ապագային նայելով եւ հնարաւոր բարեփոխութեանց ու զարգացման ուղիին մէջ՝ իր նոր կեանքը կերտելու համար կը մաքառի:
Վա՜յ մեզի, եթէ երեւանցիին ցասումը չքանայ: Վա՜յ մեզի, եթէ սիւնեցիին հպարտութիւնը նսեմանայ:
«Գօտիները կապեցէ՛ք, օդանաւը էջքի կը պատրաստուի»,- կը լսուի բարձրախօսէն ...:
Խնդրեմ, ներողամիտ եղի՛ր, ընթերցող: Աւելի վեր խոստացած էի թապլէթային արագ պատկերներ տալ, բայց երկարեցաւ: Թերեւս ռոմանթիկ սփիւռքահայը արթնցաւ մէջս: Բայց հաստատ դարձաւ, որ մեր ժամանակի անգրագէտներէն եմ, այֆոնի-թապլէթի սերունդին չեմ պատկանիր:
Այնպէս չէ՞...:
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ