Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Ա­տե­նին ­Հա­յաս­տա­նէն վե­րա­դար­ձող ա­մէն սփիւռ­քա­հայ տե­սած­ներն ու լսած­նե­րը կը նկա­րագ­րէր իր շրջա­պա­տին, կամ մա­մու­լի հրա­պա­րա­կում­նե­րով սիւ­նակ­ներ կը լեց­նէր այն­պի­սի յու­զում­նա­լի զե­ղու­մով կամ կրքոտ քննա­դա­տու­թեամբ, որ մարդ կը շո­ւա­րէր: Լ­սած-կար­դա­ցած­նե­րէն ո՞ր մէ­կուն հա­ւա­տալ: Են­թա­կա­ նե­րը հայ­րե­նա­կան «խապ­րիկ­նե՞ր» կը փո­խան­ցէին ար­դեօք, թէ՞ գա­ղա­փա­րա­կան պատ­կա­նե­լիու­թեան ան­կիւ­նէն՝ հայ­րե­նա­սի­րա­կան ի­րենց զգա­ցում­նե­րուն վկա­յու­թիւ­նը կը փոր­ձէին տալ: Ա­ւե­լի խո­հեմ­նե­րը կը նա­խընտ­րէին խորհր­դա­ւոր լռու­թիւ­նը այն կան­խա­հո­գու­թեամբ, թէ քննա­դա­տա­կան ո­րե­ւէ խօսք կրնար ստեղ­ծել ժխտա­կան տրա­մադ­րու­թիւն հայ­րե­նի­քի նկատ­մամբ, իսկ դրա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու մատ­նանշումն ալ պի­տի նկա­տո­ւէր գով­քը վար­չա­կար­գին...:

Այս­պէս էր ա­ռաջ, յատ­կա­պէս հա­մայ­նա­վար վար­չա­կար­գի օ­րե­րուն եւ քիչ մըն ալ ան­կէ ետք:

­Հի­մա ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լող սփիւռ­քա­հա­յը իր հե­տը ու­նի այ­ֆո­նը ու թապ­լէ­թը: Շր­ջա­պա­տէն քա­ղած տպա­ւո­րու­թիւ­նը, վայ­րի մը առ­թած հիա­ցու­մը կամ ե­րե­ւոյ­թի մը պատ­ճա­ռած յու­սա­խա­բու­թիւ­նը յայտ­նե­լու հա­մար վե­րա­դար­ձին չի վե­րա­պա­հեր: ­Տեղ­ւոյն վրայ ցու­ցա­մա­տով պարզ «քլիք» մը այ­ֆո­նի նշա­նին, մա­տի քա­նի մը հպում­ներ եւս այլ նշան­նե­րու՝ բա­ւա­րար են ար­դէն, որ վայ­րին նկարն ու քա­նի մը բա­ռե­րով իր բա­ցատ­րա­կա­նը շրջա­նա­ռու­թեան դնէ դի­մա­տետ­րի (facebook) մի­ջո­ցով:

Ս­փիւռ­քա­հա­յը հի­մա կը դժգո­հի պան­դոկ-ճա­շա­րան­նե­րու թան­կու­թե­նէն. գոհ է, որ վար­ձա­կառ­քե­րը (թաք­սի) ա­ժան են, բայց կը գան­գա­տի վա­րորդ­նե­րու խա­բե­բա­յու­թիւն­նե­րէն: ­Նախ­կին ա­ռա­տա­ձեռ­նը չէ, 600 դրամ ար­ժող ու­ղե­գի­նին հա­մար հա­զար­նոց մը կու տայ եւ վրա­դի­րը (0.80 սենթ) կը պա­հան­ջէ: Ակն­յայ­տօ­րէն ան­տար­բեր Է այ­լեւս շրջա­գա­յող մու­րաց­կան­նե­րուն նկատ­մամբ: ­Մի՛ զար­մա­նաք, ե­թէ եր­բեմն հան­դի­պիք «սրտցաւ ու ազ­գին պա­տի­ւո­վը տա­ռա­պող» սփիւռ­քա­հա­յու, որ քա­րո­զա­խօս ե­պիս­կո­պո­սի հո­վե­րով՝ ցու­ցա­մա­տը վեր՝ ո­ղոր­մու­թիւն մը ստա­նա­լու յոյ­սով ի­րեն ձեռք եր­կա­րող մու­րա­ցի­կին ե­րեսն ի վեր բար­կու­թեամբ պո­ռայ.

- «Ա­մօ՛թ ձե­զի, որ այս­պէս կը մու­րաք եւ ազ­գին պա­տի­ւը վար կ’առ­նէք...»։

­Յայտ­նօ­րէն սփիւռ­քա­հա­յը թօ­թա­փած է այ­լեւս հայ­րե­նա­կա­րօ­տի վի­պա­պաշ­տու­թիւ­նը եւ դար­ձած է հա­մաշ­խար­հա­յին սպա­ռող ըն­կե­րու­թեան բնա­կա­նոն եւ նոր­մալ ան­դա­մը՝ ա­նոր յա­տուկ կեն­ցա­ղա­յին մղում­նե­րով ու ակն­կա­լու­թիւն­նե­րով ապ­րող:

Ե­թէ նոյ­նիսկ հոս-հոն կը գտնո­ւին տա­կա­ւին «կռունկ»ին կա­րօ­տո­վը յա­մե­ցող հայ մար­դեր, այ­դու­հան­դերձ պի­տի ըն­դու­նինք, որ «հո­ղիդ մեռ­նիմ,... գո­ղիդ ալ մեռ­նիմ, ­Հա­յաս­տա՜ն» ը­սող­նե­րու ռո­ման­թիկ ժա­մա­նակ­նե­րը ան­ցեա­լին կը պատ­կա­նին այ­լեւս: Այս եզ­րա­կա­ցու­թիւնս ա­ւե­լի ամ­րապնդո­ւե­ցաւ, երբ ան­ցեալ ա­միս, օ­գոս­տո­սեան տօթ ե­ղա­նա­կին, բա­րե­կամ զոյ­գի մը՝ ­Նա­զա­րէթ եւ ­Սիւ­զան ­Պար­սու­մեան­նե­րու հետ կինս ու ես 12օ­րեայ այ­ցե­լու­թեամբ գտնո­ւե­ցանք ­Հա­յաս­տան: Այն ա­տեն հոն թապ­լէթ չու­նէի, որ զբօ­սաշր­ջի­կի թա­փա­ռում­նե­րուս ըն­թաց­քին տե­սած­նե­րուս պատ­կեր­նե­րը եւ քա­ղած տպա­ւո­րու­թիւն­ներս շրջա­նա­ռու­թեան յանձ­նէի: ­Բայց հի­մա հոս, հա­մա­կար­գի­չիս առ­ջեւ պար­տա­զանց ա­շա­կեր­տի մը ան­հանգըս­տաց­նող հո­գե­վի­ճա­կով «­Հա­յաս­տան եր­թալ-գալ ու այդ մա­սին ը­սե­լիք չու­նե­նա՞լ» կ’ը­սեմ ինքս-ին­ծի: ­Ներ­քին մղում մը կը ստի­պէ, որ գէթ թապ­լէ­թա­յին մա­կե­րե­սայ­նու­թեամբ անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րեմ, որ ա­հա­ւա­սիկ.

­Պատ­կեր ա­ռա­ջին

Ո­րե­ւէ օ­տար տեղ որ այ­ցե­լես, ա­ռա­ջին շփումդ թաք­սիի մը վա­րորդն է, որ ե­թէ հե­տաքրքրուած ես, քե­զի կը փո­խան­ցէ երկ­րի մա­սին նախ­նա­կան ա­ռա­ջին տե­ղե­կու­թիւ­նը: ­Հա­յաս­տա­նի թաք­սիի վա­րոր­դը միւս­նե­րէն կը տար­բե­րի ա­նով, որ հե­տաքրք­րո­ւած ըլ­լաս թէ չըլ­լաս, շփու­միդ ա­ռա­ջին վայր­կեա­նէն տե­ղե­կու­թիւն չէ որ կը փո­խան­ցէ քե­զի, այլ կը ձեռ­նար­կէ կար­ծիք ձե­ւա­ւո­րող հա­կա­քա­րոզ­չա­կան ար­շա­ւի՝ երկ­րի քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան ու ըն­կե­րա­յին ի­րա­վի­ճա­կի հա­մա­պար­փակ ո­լորտ­նե­րու դէմ: Ան­վեր­ջա­նա­լի գան­գատ­նե­րու տոպ­րա­կը կը բա­նայ եւ... «տուր որ կու տաս»: ­Կեղ­տոտ ջու­րով կը լո­ւայ բո­լո­րը անխ­տիր՝ իշ­խա­նու­թիւն թէ ընդ­դի­մու­թիւն: ­Կը սկսի թիւ 1 ի­շխա­նա­ւո­րէն ու կը հաս­նի մին­չեւ յե­տին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը:

Երկ­րորդ օրն է, ու­րիշ վար­ձա­կառ­քի մը մէջ, բայց վա­րոր­դի միեւ­նոյն գան­գատ­նե­րը եւ գու­նա­գեղ ո­րա­կում­նե­րը «կո­ռում­պա­ցո­ւած» իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու եւ «օ­լի­կարխ»նե­րու հաս­ցէին: ­Քա­ղա­քա­կան խօ­սակ­ցու­թե­նէ չա­խոր­ժող կինս, դրա­կան մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու փոր­ձով եւ ձայ­նին քիչ մը խան­դա­վառ շեշտ տա­լով, կը փոր­ձէ շե­ղել նիւ­թը.

- ­Գի­տէք ան­շուշտ, որ վա­ղը հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն բա­ցումն է, յու­սամ ներ­կայ կ’ըլ­լաք եւ թե­րեւս հոն ի­րա­րու կը հան­դի­պինք...

- Ի՞նչ են ա­տոնք, տի­կի՛ն, ի՞նչ խա­ղե­րի մա­սին է ձեր խօս­քը, չեմ ի­մա­նում: Ես ա­ռա­ւօտ կա­նու­խից մին­չեւ ուշ գի­շեր այս տաք­սիի վրայ աշ­խա­տում եմ, որ ըն­տա­նի­քիս օ­րո­ւան հա­ցը միայն վաստ­կիմ: Ու­րիշ ոչ մի բան: ­Կեանք չէ սա, այլ տա­ժանք եւ տա­ժան­քիս մէջ ժա­մա­նակ չու­նեմ, որ խա­ղե­րով էլ զբա­ղո­ւեմ:

Այս­պէս, ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռօ­րեա­յէն բո­լո­րո­վին ան­տե­ղեակ այ­ցե­լո­ւին մէջն իսկ,   վա­րոր­դի մը հետ ա­ռա­ջին շփու­մին՝ կար­ծիք կը ձե­ւա­ւո­րո­ւի ար­դէն երկ­րի ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին:

­Թաք­սիէն դուրս, փո­ղո­ցի ան­կիւ­նին ենք՝ վա­րոր­դի խօս­քե­րուն տպա­ւո­րու­թեան տակ:

- ­Մեղք են այս մար­դի­կը, որ ի­րենց­մով հե­տաքրքրո­ւող ղե­կա­վար­ներ չու­նին: ­Գո­նէ ու­ղե­գի­նէն շատ ա­ւե­լին տա­յինք,- ­Սիւ­զանն է, յայտ­նօ­րէն չա­փա­զանց ազ­դո­ւած իր լսած­նե­րէն:

­Գոր­ծի բե­րու­մով երկ­րէ-եր­կիր յա­ճախ ճամ­բոր­դող ­Նա­զա­րէ­թին մի­ջամ­տու­թիւ­նը կը մեղ­մաց­նէ լսո­ւած­նե­րուն ազ­դե­ցու­թիւ­նը.

- ­Շատ ալ ա­կանջ մի՛ կա­խէք. դժո­ւար թէ գտնէք եր­կիր մը, ո­րուն թաք­սի­նե­րուն վա­րորդ­նե­րը դժգոհ չըլ­լան ի­րենց ղե­կա­վար­նե­րէն, չգան­գա­տին ի­րենց ապ­րած կեան­քին ու երկ­րի ի­րա­վի­ճա­կին հա­մար: ­Մի՛շտ հա­ւա­տա­ցէք ձեր աչ­քե­րով տե­սա­ծին եւ տես­նո­ւածն ալ սե­փա­կան խել­քով դա­տե­ցէք:

- Օ՜հ, այս թե­լադ­րանքդ կը վե­րա­կեն­դա­նաց­նէ ա­ւե­լի քան 1500 տա­րո­ւան ի­մաս­տու­թիւն մը: ­Մեր մա­տե­նա­գիր­նե­րէն ­Ղա­զար ­Փար­պե­ցին գրած է ար­դէն, որ թա­գա­ւո­րը իր աչ­քե­րո­վը պէտք է տես­նէ եւ ա­կանջ­նե­րո­վը պէտք է լսէ, ոչ թէ ու­րի­շի աչ­քե­րով տես­նո­ւա­ծը ու ա­կանջ­նե­րով լսո­ւա­ծը դա­տէ...:

­Պատ­կեր երկ­րորդ

Ոտ­նագն­դա­կի եր­կու ա­խո­յեան խում­բե­րէն մէ­կուն կամ միւ­սին յաղ­թա­նա­կո­վը խան­դա­վա­ռո­ւե­լու հա­մար չէ, որ ըն­դար­ձակ մար­զա­դաշ­տը խռնած է բազ­մա­հա­զար մար­դե­րու բազ­մու­թիւ­նը: Այս մար­դի­կը գտած են ար­դէն ի­րենց նոր ա­խո­յեա­նը եւ ցնծա­գին բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով կը տօ­նեն ա­նոր յաղ­թա­նա­կը: Աշ­խար­հի տար­բեր-տար­բեր քա­ղաք­նե­րէն Ե­րե­ւան ժա­մա­նած ե­րի­տա­սար­դու­թիւնն է այս մար­դոց ա­խո­յեա­նը եւ կը տօ­նեն 7-8 հա­զար հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեան յաղ­թա­նա­կը՝ «­Հա­մա­հայ­կա­կան Խա­ղեր» պի­տա­կին տակ: ­Հոս են համ­բու­րե­լի այդ   տղա­քը, երկ­սեռ շար­քե­րով, բո՛րբ ու հպա՛րտ կը տո­ղան­ցեն դաշ­տին մէջ՝ ծա­փող­ջոյն­նե­րու տա­րա­փի տակ: ­Յան­կարծ բազ­մու­թիւ­նը մէկ մար­դու պէս ոտ­քի՝ նոր թափ կու տայ իր ծա­փե­րուն եւ «կեց­ցէ»նե­րուն, երբ խօս­նա­կը վա­րա­կիչ յու­զու­մով բարձ­րա­խօ­սէն կու տայ ա­նուն­ներ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի նա­հանգ­նե­րէն ­Սա­սուն, ­Տիգ­րա­նա­կերտ, ­Սե­բաս­տիա...: Ա­յո՛. ­Պո­լի­սէն ու ­Հա­յաս­տա­նի ա­րեւմ­տեան նա­հանգ­նե­րէն 700-750 տղաք հոս են, տո­ղան­ցող­նե­րուն մէջ: Ո­մանք թրքա­խօս, բայց հա­յօղ­լու հա՛յ։ Ող­ջո՜յն հա­րիւ­րա­մեա­կի զար­թօն­քին...:

Ա­սի­կա այն ե­զա­կի պա­հե­րէն է, ուր սփիւռ­քա­հա­յու սիր­տը ան­պայ­ման «ճը՛զ» մը կ’ը­նէ եւ ինքն ալ կը զգայ, որ ազ­գի մը կը պատ­կա­նի:

­Հա­յաս­տան մեր կե­ցու­թեան եր­կու շա­բաթ­նե­րուն, ա­մէն ե­րե­կո­յի ա­ռա­ջին ժա­մե­րէն մին­չեւ ա­ռա­ւօ­տեան ա­ռա­ջին ժա­մե­րը, նոյն պատ­կե­րը կը պար­զո­ւի, սա­կայն տար­բեր տես­քով: ­Բո­լո­րը հոն են: ­Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կէն ­Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տայ ու մին­չեւ Օ­փե­րա­յի հրա­պա­րակ բազ­մա­հա­զար­նե­րը խան­դա­վառ տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով խռնո­ւած են ըն­դար­ձակ տա­րա­ծու­թեան մէջ: ­Տեղ մը կի­թա­ռի, ու­րիշ տեղ թմբու­կի կամ այլ նո­ւա­գա­րան­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, երկ­սեռ խում­բեր կազ­մած, կ’եր­գեն ու կը պա­րեն ե­րի­տա­սարդ­նե­րը: ­Տար­բեր եր­կիր­նե­րէ հա­ւա­քո­ւած այս տղոց նոր ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րը մտեր­մու­թեան կը վե­րա­ծո­ւին ե­րե­ւա­նեան գի­շեր­նե­րու այդ կեն­սու­րախ մթնո­լոր­տին մէջ:

Ե­րե­ւա­նը կը պոռթ­կայ, որ ինք մայ­րա­քա­ղաքն է բո­լոր հա­յե­րուն:

«Այս գի­շեր­նե­րը եր­բեք պի­տի չմոռ­նան այս տղա­քը»,- կ’ը­սէ ­Սիւ­զա­ն:

«­Նաեւ մե՛նք»,- կ’ա­ւելց­նէ կինս,- «հո­գի­նե­րը միաց­նող Ե­րե­ւա­նի գի­շեր­նե­րը հո­վա­սուն...»:

­Պատ­կեր եր­րորդ­

Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դը՝ ող­բեր­գու­թեան ու վե­րածնուն­դի, իսկ ­Սար­դա­րա­պատն ալ՝ յաղ­թա­նա­կի ու հպար­տու­թեան իբ­րեւ խորհր­դա­նի­շեր ի­րենց պատ­կե­րը դրոշ­մած են ար­դէն մեծ ու փոքր ա­մէն հա­յու սրտին մէջ:

­Սա­կայն ար­դար է ար­ձա­նագ­րել, որ իր ող­բեր­գու­թեա­նը մէջ պա­տո­ւա­բեր ի­րա­գոր­ծում մըն է ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի թան­գա­րա­նը, ուր ա­մէն այ­ցե­լու ան­պայ­ման հո­գե­կան ճմլում մը, լուռ պա­կու­ցում մը կ’ու­նե­նայ ազ­դե­ցու­թեա­նը տակ տե­ղադ­րո­ւած պատ­կեր­նե­րուն, ո­րոնք ներ­կայ ար­հես­տա­գի­տու­թեան ա­մէ­նէն ար­դի հնարք­նե­րով ա­ւե­լի խօ­սուն ու ար­տա­յայ­տիչ դար­ձած՝ կը ներ­կա­յաց­նեն ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան: Ա­մէն տա­րի­քի հայ թէ օ­տար ոե­ւէ այ­ցե­լու իր տե­սած­նե­րուն ու կար­դա­ցած­նե­րուն ծան­րու­թե­նէն ընկ­ճո­ւած՝ դուրս կու գայ հոն­կէ, բայց ան­պայ­ման պատ­գամ մը ա­ռած կը տա­նի ի­րեն հետ:

­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դէն ետք կլի­մա­յա­կան 41-42 ջեր­մաս­տի­ճա­նով կէ­սօ­րո­ւան ժա­մե­րուն կը հաս­նինք ­Սար­դա­րա­պատ: ­Մեր չոր­սէն զատ ու­րիշ մարդ չկայ: Ա­ռա­ւօ­տէն ոտ­քի՝ ճամ­բա­ներն ենք: ­Յոգ­նու­թիւնն ու մա­նա­ւանդ հեղ­ձու­ցիչ տա­քը սպա­ռած են մեզ: ­Մեզ­մէ մէ­կը «­Փա՜ռք ­Սար­դա­րա­պա­տին» կը բա­ցագան­չէ:

­Կի­զիչ ա­րե­ւուն ճա­ռա­գայթ­նե­րէն խան­ձո­ւե­լով, ան­խօս ու մտամ­փոփ յա­ռա­ջա­նա­լով կը հաս­նինք թան­գա­րան: ­Քիչ մը ջու­րով ձեռք-ե­րես-գլուխ զո­վաց­նե­լու պէտ­քը ան­դի­մադ­րե­լի է: ­Ցու­ցա­տախ­տա­կի մը չգո­յու­թեան՝ պաշ­տօ­նեայ տիկ­նոջ կը հարցնեմ լո­ւա­ցա­րա­նին տե­ղը: «­Լո­ւա­ցա­րան չկայ, պա­րո՛ն»,- կ’ըլ­լայ պա­տաս­խա­նը:

- Ինչ­պէ՞ս թէ չկայ, կը զայ­րա­նամ, ը­սել կ’ու­զես, թէ այս սքան­չե­լի­քը, ե­զա­կի այս հա­մա­լի­րը մտայղա­ցող հան­ճա­րեղ ճար­տա­րա­պե­տը չէ՞ նա­խա­տե­սած լո­ւա­ցա­րա­նի մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

Ա­մօ՛թ է եւ այս ա­մօ­թը պի­տի հրա­պա­րա­կեմ մա­մու­լով:

­Պաշ­տօ­նեան լուր­ջի կ’առ­նէ սպառ­նա­լիքս: ­Քիչ մը գու­նա­տած ու շո­ւար՝ հա­զիւ լսե­լի ձայ­նով կը յայտ­նէ, որ լո­ւա­ցա­րան կայ, բայց ինչ կրնայ ը­նել, տնօ­րէ­նը բա­ցար­ձա­կա­պէս ար­գի­լած է ա­նոր գոր­ծա­ծու­թիւ­նը ու կղպան­քի տակ դրած զայն: Ա­պա, անդ­րա­դառ­նա­լով որ մեզ­մէ ու­րիշ մարդ չկայ եւ գաղտ­նիք մը հա­ղոր­դե­լու ձե­ւով կ’ը­սէ, որ պատ­րաստ է բա­ցա­ռու­թիւն մը ը­նելու մե­զի, միայն թէ քիչ մը սպա­սենք, որ եր­թայ լո­ւա­ցա­րա­նի բա­նա­լին բե­րէ ու մեզ ա­ռաջ­նոր­դէ:

Բ­նա­կա­նա­բար կը մեր­ժենք բա­ցա­ռու­թիւն կազ­մել: ­Սա­կայն ես կ’ու­զեմ տնօ­րէ­նին ա­նու­նը գիտ­նալ: Ազ­նիւ տի­կի­նը կը տա­տամ­սի: ­Չեմ պնդեր, չ’ար­ժեր ա­նու­նը գիտ­նալ մէ­կու մը, որ հան­րա­յին կա­ռոյ­ցի մը լո­ւա­ցա­րա­նը կը վե­րա­պա­հէ ինք­նի­րեն, սե­փա­կան գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար: ­Յա­մե­նայն­դէպս, ե­րե­ւոյ­թը այդ տնօ­րէ­նին յա­տուկ չէ միայն: ­Պաշ­տօ­նի չա­րա­չար շա­հա­գործ­ման յո­ռի բար­քե­րը կը յա­մե­նան տա­կա­ւին հա­յաս­տա­նեան կեան­քի այ­լա­զան ո­լորտ­նե­րու մէջ...:

Կ­լի­մա­յա­կան միեւ­նոյն պայ­ման­նե­րու տակ «լուա­ցա­րան»ի կա­պո­ւած պա­րա­գայ մը կը կրկնուի նաեւ Օ­շա­կա­նի մէջ,- «­Լո­ւա­ցա­րան չու­նինք»: «Ա­մօ­թը» հրա­պա­րա­կե­լու միեւ­նոյն սպառ­նա­լի­քով կը բո­ղո­քեմ տե­ղի պա­տաս­խա­նա­տու հո­գե­ւո­րա­կա­նին, ո­րուն հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը սա­կայն բո­լո­րո­վին տար­բեր կ’ըլ­լայ:

- «Ես շատ պի­տի ու­րա­խա­նամ, ե­թէ իս­կա­պէս հրա­պա­րա­կէք եւ մէ­կէ ա­ւե­լի ան­գամ­ներ: Ան­շուշտ որ լո­ւա­ցա­րան ու­նինք, բայց դժբախ­տա­բար ջու­րի մա­տա­կա­րա­րում չու­նինք: Ս­տի­պո­ւած հե­ռու տե­ղէ ջուր կը կրենք: ­Քա­նիցս դի­մած եմ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, թէ՛ կրօ­նա­կան, թէ՛ պե­տա­կան, բայց ա­նօ­գուտ: Հ­րա­պա­րա­կու­մը թե­րեւս բան մը փո­խէ ու նպաս­տէ մե­զի»:

Այս մի­ջա­դէ­պե­րը վեր­յի­շե­լով հի­մա կը մտա­ծեմ, որ սպառ­նա­լի­քէս շո­ւա­րու­մի մատ­նո­ւած ­Սար­դա­րա­պա­տի ազ­նիւ տի­կի­նը եւ հրա­պա­րա­կու­մէն «բան մը» յու­սա­ցող Օ­շա­կա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը կ’ե­րե­ւի չեն գի­տեր, որ հայ մա­մու­լի հրա­պա­րա­կում­նե­րը հա­զիւ քա­նի մը հա­րիւր կար­դա­ցող կ’ու­նե­նան (ե­թէ ու­նե­նան) եւ ա­նոնք ալ կար­դա­լէ ետք նոյն օրն իսկ կար­դա­ցած­նին կը մոռ­նան:

­Պատ­կեր չոր­րորդ

­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի բար­ձուն­քին հան­դի­պե­ցանք ­Սա­մո­յին եւ հա­մա­ձայ­նե­ցանք, որ չորս օր մե­զի հետ ըլ­լայ վա­րոր­դի պաշ­տօ­նով: ­Կեան­քի լաւ ու վատ խա­ղե­րու փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րով շէն ու զո­ւար­թա­խօս մարդ մը, ո­րուն կի­նը օ­տա­րերկ­րեայ աշ­խա­տան­քով հա­րա­զատ­նե­րուն ապ­րուս­տը հո­գա­լու հա­մար տա­րի­ներ ա­ռաջ յա­ջո­ղած է մեկ­նիլ ­Նիւ Եորք եւ հոն է տա­կա­ւին՝ ա­մուս­նին, զա­ւակ­նե­րուն ու թոռ­նե­րուն կա­րօ­տո­վը: Դժ­խեմ ճա­կա­տա­գի­րը ­Հա­յաս­տա­նի շատ ու շատ ըն­տա­նիք­նե­րու՝ վե­րան­կա­խա­ցու­մէն աս­դին:

­Նիւ Եոր­քի մէջ իր վաստ­կա­ծէն խնա­յո­ղու­թիւն­ներ ը­նե­լով կրցած է «Ք­րայզ­լէր» մակ­նի­շով 6-7 ա­թո­ռով ինք­նա­շարժ մը ղրկել ­Սա­մո­յին, որ­պէս­զի վա­րոր­դու­թեամբ պա­րա­պի, դրամ վաս­տա­կի, նաեւ ա­պա­հո­վէ ի­րենց ան­գործ զաւ­կի ըն­տա­նի­քին, թոռ­նե­րուն ապ­րուս­տը: ­Հա­րա­զա­տէ-հա­րա­զատ կամ բա­րե­կա­մէ-բա­րե­կամ ի­րա­րօգ­նու­թեան վե­հօ­րէն մարդ­կա­յին ա­ռա­քի­նու­թիւն մը, որ հա­սա­րա­կաց դար­ձած է հա­յաս­տան­ցի­նե­րուն հա­մար եւ ո­րու շնոր­հիւն է, որ անց­նող 25 տա­րի­նե­րուն ա­նոնք տո­կա­ցին ու կը տո­կան տա­կա­ւին՝ զո­հը չդառ­նա­լով մա­հա­բեր ա­նօ­թու­թեան:

­Սա­մո­յին ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Օ­շա­կա­նէն ետք ­Սաղ­մո­սա­վանք ենք, ուր զու­գա­դի­պա­բար ներ­կայ կ’ըլ­լանք կնուն­քի ա­րա­րո­ղու­թեան: Ա­նակն­կալ չէ մե­զի հա­մար:

Ու­րիշ տե­ղեր ալ հան­դի­պած ենք պսակ-կնուն­քի: ­Յայտ­նօ­րէն, հնա­դա­րեան ու մթագ­նած վանք-ե­կե­ղե­ցի­նե­րը վե­րա­նո­րո­գե­լու եւ ա­նոնց նո­րո­վի կեանք ու շունչ տա­լու ­Գա­րե­գին Ա. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի ջան­քերն ու մտա­սե­ւե­ռու­մը փոխանցուած են սե­րուն­դին:

­Սաղ­մո­սա­վան­քէն վե­րա­դար­ձի ճամ­բուն վրայ աչ­քիս կը զար­նէ ցու­ցա­տախ­տակ մը՝ Ու­շի: ­Գի­տեմ, որ բա­րե­կամ­նե­րէս ­Մար­գար ­Շա­րապ­խա­նեա­նը իր կնոջ հետ ­Գա­նա­տա­յէն վերջ­նա­կա­նա­պէս փո­խադ­րո­ւած է ­Հա­յաս­տան եւ իր բնա­կու­թիւ­նը հա­ստա­տած՝ Ու­շի:

­Գիւ­ղը ճամ­բայ չու­նի։ ­Փո­սիկ­նե­րով լե­ցուն հա­զիւ կա­ծան մը, ուր­կէ քա­լելն իսկ հեշտ չէ: ­Հարցու­փոր­ձէն ի յայտ կու գայ, որ «պրն. ­Մար­գա­րը» չճանչցող չկայ: ­Նախ՝ իբ­րեւ բնա­կա­վայր այդ գիւ­ղը ընտ­րած ըլ­լա­լուն, ա­պա նաեւ ա­նոր մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նը վե­րա­նո­րո­գե­լու-ար­դիա­կա­նաց­նե­լու եւ զայն աշ­խու­ժաց­նե­լու ի գործ դրած իր ճի­գե­րուն շնոր­հիւ ­Մար­գա­րը շա­հած է բո­լոր գիւ­ղա­ցի­նե­րուն սէրն ու յար­գան­քը:

Երկ­յար­կա­նի նո­րա­կա­ռոյց մըն է ­Շա­րապ­խա­նեան­նե­րուն բնա­կա­րա­նը, ըն­դար­ձակ սրա­հով եւ նոյն­քան ըն­դար­ձակ պատշ­գամ­նե­րով: Շր­ջա­պա­տը՝ խնա­մո­ւած պար­տէզ: ­Տան­տէ­րե­րուն հիւ­րըն­կալ սիր­տը՝ նոյն­պէս մեծ ու ջերմ: ­Զիս կը զար­մացնէ ­Մար­գա­րին աշ­խա­տա­սե­նեա­կը: ­Պար­զա­պէս հաս­տա­փոր ու փոքր գրքե­րու շտե­մա­րան: ­Վե­րէն վար չորս պա­տե­րուն շա­րո­ւած գիրքե­րը կար­ծէք յոր­դե­լով թա­փած են ա­թոռ­նե­րուն ու գրա­սե­ղա­նին վրան ալ:

- Պ­ռա­ւօ՛, ­Մար­գա՛ր ,- կ’ը­սեմ ,- ու­սուց­չի ամ­սա­կա­նէդ կրցած ես այս­քան գրքե­րու հա­մար գու­մար տրա­մադ­րել: Ու­րիշ կա­րիք­ներ չու­նէի՞ր:

- Ա­սոնք իմ աշ­խարհս են եւ սնունդս: Այդ­պէս էր ա­ռաջ, այդ­պէս է հի­մա եւս: Ա­մա­ռը պար­տէ­զով ալ կը զբա­ղիմ, իսկ ձմե­ռը ամ­բողջ օ­րը հոս եմ, գրքե­րուս հետ: - Ու կ’ա­ւելց­նէ.

- ­Միհ­րա՛ն, հա­ւա­տա՛, երկ­րի վրայ դրախտս գտած եմ հոս՝ Ու­շիի մէջ: Իսկ շուրջս սրտբաց ու ան­կեղծ եւ բա­րի գիւ­ղա­ցի­ներ:

­Սա­մո­յին խել­քին չի պառ­կիր, ինչ որ կը լսէ: Աղ­քա­տիկ գիւ­ղա­ցի­նե­րով, մէկ հա­տիկ իսկ «կար­գին» ճամ­բայ չու­նե­ցող Ու­շի գիւղ եւ ... դրախտ: ­Չի դի­մա­նար եւ մտքէն ան­ցա­ծը բեր­նէն դուրս կու տայ.

- Այն­պէս կ’ե­րե­ւի, որ դուք շատ հան­գիստ էք, պրն. ­Մար­գար (ը­սել կ’ու­զէ՝ շատ դրամ ու­նիք)։ ­Հի­մա որ կեն­սա­թո­շա­կի էք եւ ա­պա­գա­յի խնդիր չու­նիք, սար­քեր էք այս մեծ բնա­կա­րա­նը, սիր­տեր­նիդ կը կա­մե­նայ Ու­շի կու գաք, ­Գա­նա­տա կը կա­մե­նաք՝ ­Գա­նա­տա էք:

- ­Հոս նա­յե­ցէ՛ք, ես ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քիս ալ կու գա­յի, ե­թէ ­Հա­յաս­տա­նը ան­կախ ըլ­լար,- ցու­ցա­մա­տը կը թա­փա­հա­րէ ­Մար­գար:

Ես կը հա­ւա­տամ ­Մար­գա­րին, ա­նոր սե­րուն­դին ջամ­բո­ւած հայ­րե­նա­սի­րա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը քաջ գիտ­նա­լով, իսկ ­Սա­մոն ա­կան­ջիս տակ կը մռմռայ.   «Ան­կա­խու­թիւ­նը պրն. ­Մար­գա­րը ­Հա­յաս­տան բե­րած է, իսկ իմ կինս ­Նիւ Եորք տա­րած...»:

Ա­ւե­լի քան եր­կու ժամ պատշ­գա­մին՝ գիւ­ղի զե­փիւ­ռը, թարմ պտուղ­նե­րը, հա­մայ­նա­պատ­կերն ու տի­կին ­Շա­րապ­խա­նեա­նի ջերմ հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը վա­յե­լե­լէ ու մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ կեն­ցա­ղա­յին հա­ճե­լի զրոյց մը ու­նե­նա­լէ ետք, հրա­ժեշտ կ’առ­նենք՝ վե­րա­դար­ձի մեր ճամ­բան շա­րու­նա­կե­լու հա­մար:

­Յա­ջոր­դող օ­րե­րուն, ա­մէն ան­գամ որ տա­րօ­րի­նակ ե­րե­ւոյթ­նե­րու մա­սին խօսք ըլ­լար, ­Սա­մոն կը վե­րա­դառ­նար... Ուշի։

- ­Կեան­քում զար­մա­նա­լու բան չմնաց այ­լեւս, պրն. ­Միհ­րան ջան, երբ մարդ կայ, որ ­Գա­նա­տան թո­ղու, ­Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւի եւ կար­գին մի ճամ­բայ չու­նե­ցող աղ­քա­տիկ Ու­շիի մէջ իր դրախ­տը գտնի...:

ՄԻՀՐԱՆ ­ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

­