Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­­Ինչ­պէս գի­տենք, կը լսենք ու կը կար­դանք, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րը նոր կեանք մը բե­րին, նոր զար­թօնք բե­րին մեր հա­մայն հա­յու­թեան, ու այդ բո­լո­րին կող­քին՝ նաեւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հարց մը, ո­րուն հա­մար ար­դէն իսկ շուրջ եր­կու տա­րի­նե­րէ ի վեր ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տ Ա­րամ Ա. նա­խա­ձեռ­նած էր դա­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­ րու՝ պա­հան­ջե­լով ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան դա­րա­ւոր ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րանն ու կա­լո­ւած­նե­րը. հար­ցը վեր­ջերս ներ­կա­յա­ցո­ւած է թրքա­կան ա­տեան­նե­րուն, իսկ մեր­ժու­մի պա­րա­գա­յին՝ ան­շուշտ պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի նաեւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու: Այս ա­ռի­թով կը ներ­կա­յաց­նենք պատ­մա­կան ակ­նարկ մը՝ քա­ղո­ւած ու հա­մադ­րո­ւած զա­նա­զան պատ­մա­կան աղ­բիւր­նե­րէ, ո­րոշ չա­փով թար­մաց­նե­լու հա­մար միտ­քե­րը ու քայլ պա­հե­լու մեր ան­ցեա­լի պատ­մու­թեան հետ, ­Կի­լի­կիոյ թա­գա­ւոր­նե­րուն մա­սին ­­Կի­լի­կիոյ հարս­տու­թեանց ինք­նա­կալ­նե­րուն մա­սին - «­­Վե­հա­պետ, միակ իշ­խող, միա­հե­ծան թա­գա­ւոր», 1080էն մին­չեւ 1375 թո­ւա­կան­նե­ր - գտած ենք միայն հա­կիրճ ու սահ­մա­նա­փակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ «­­Սիս ­Մա­տեան»ին մէջ: Երբ ­Հա­յաս­տան ա­րեան մէջ կը լո­ղար, ­Բագ­րա­տու­նեաց ցե­ղէն ­Ռու­բէն իշ­խան, զգա­լով եւ տրա­մա­բա­նե­լով, թէ Հհա­յաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քը անն­պաստ է հա­յու­թեան ա­պա­գա­յին հա­մար, ա­մէն մի­ջոց­նե­րով կը ջա­նայ իջ­նել դէ­պի ծով:

Անց­նե­լով ­Կա­պա­դով­կիա­յէն՝ նախ գա­ցած է ­Կո­պի­տար (­Կէօս­թէ­րէ) եւ ա­պա ­Կո­լո­մո­զոլ (­­Կիւ­րիւմ­զէ), ուր­կէ իջ­նե­լով գրա­ւած է 1080ին ­Վահ­կայ բեր­դը (­­Ֆե­քէ):
­­Հոս 15 տա­րո­ւան պա­րա­պու­թիւն մը կայ, 1080 մին­չեւ 1095 թո­ւա­կան­նե­րը, ­Ռու­բէն իշ­խա­նի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին: Իր որդ­ւոյն՝ ­Կոս­տան­դի­նի (1095-1100) իշ­խա­նու­թեան մի­ջո­ցին, ա­ռա­ջին խա­չակ­րու­թիւ­նը ան­ցած է ա­րեւ­մուտ­քէն ա­րե­ւելք եւ հա­յու­թեան կող­մէ ստա­ցած է կա­րե­ւոր օ­ժան­դա­կու­թիւն՝ բա­րո­յա­պէս եւ նիւ­թա­պէս: Ա­նոր օ­րով է, որ Ա­րեւ­մուտ­քը ճանչ­ցած է հա­յու­թիւ­նը, եւ ­Կոս­տան­դին այս ձե­ւով ըն­դար­ձա­կած է իր հօր ժա­ռան­գու­թիւ­նը:

Թո­րոս Ա. (1100-1123) ե­ղած է դիւ­ցազ­նա­բա­րոյ իշ­խան մը, որ յոյ­նե­րուն դի­մաց տա­նե­լով բազ­մա­թիւ յաղ­թա­նակ­ներ՝ գրա­ւած է ­Սիս, Ա­նա­բար­զա, Ա­տա­նա եւ ­Տար­սոն քա­ղաք­նե­րը, իջ­նե­լով մին­չեւ ­Մի­ջերկ­րա­կան ծով: Իր ա­նու­նով եր­կի­րը՝ ­Կի­լի­կեան կը կո­չո­ւի ­Թո­րո­սի Եր­կիր: Լե­ւոն Ա. (1123-1136), հա­կա­ռակ իր վե­հանձն դիր­քին, կը պար­տո­ւի Ա­րե­ւել­քի կայս­րէն, գե­րի կը տա­րո­ւի ­Պո­լիս ու պատ­ճառ կը դառ­նայ իշ­խա­նու­թեան տկա­րաց­ման՝ կարճ ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը: ­Հոս եւս 9 տա­րո­ւան ան­բա­ցատ­րե­լի պա­րա­պու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի (1136-1145): Թո­րոս Բ. (1145-1168) ե­ղած է խի­զախ եւ քա­ջա­րի իշ­խան մը, որ բո­լոր յոյ­ներն ու թշնա­մի­նե­րը կը վա­նէ ­Կի­լի­կիա­յէն, փա­ռա­ւոր յաղ­թա­նակ­նե­րէ ետք. ան ե­ղած է ան­պար­տե­լի զօ­րա­վար մը:

Մ­լեհ (1170-1175) կը յափշ­տա­կէ իշ­խա­նու­թիւ­նը, կը միա­նայ իս­լամ սուլ­թան­նե­րուն եւ կը հա­րո­ւա­ծէ յոյ­ներն ու եւ­րո­պա­ցի իշ­խան­նե­րը: Ռու­բէն Բ. (1175-1185) իր տա­սը տա­րո­ւան իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին խա­ղա­ղու­թեամբ կը վա­րէ եր­կի­րը:
­­Մեծն ­Լե­ւոն Բ. (1185-1219) ե­ղած է ա­ռա­ջին թա­գա­ւո­րը, ­Սի­սի հիմ­նա­դի­րը, ճար­պիկ դի­ւա­նա­գէտ մը եւ քաջ զօ­րա­վար:

Զա­պէլ թա­գու­հի եւ ­Փի­լի­պոս թա­գա­ւոր (1222- 1225). ե­ղած է ան­միտ թա­գա­ւոր մը՝ լա­տին ցե­ղէ. մա­հա­ցած է բան­տին մէջ:
­­Հե­թում Ա. (1226-1270) իր 44 տա­րո­ւան թա­գա­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին կը շօ­շա­փէ բախ­տի բո­լոր աս­տի­ճան­նե­րը: Իր թա­գու­հին՝ ­Զա­պէ­լը, նմա­նա­պէս բա­րու­թեան ու միու­թեան ա­խո­յեան հան­դի­սա­ցած է: ­Կի­լի­կեան հայ իշ­խան­նե­րուն մէջ, ­Հե­թու­մը ա­մէ­նէն ա­ւե­լի զբա­ղած է վե­րին ­Հա­յաս­տա­նի իր ա­րիւ­նա­կից­նե­րուն վի­ճա­կով: ­Կը քա­ջա­լե­րէ գաղ­թը դէ­պի ­Սի­սո­ւան: Ան ժա­մա­նա­կա­կիցն ու բա­րե­կա­մը ե­ղած է Ֆ­րան­սա­յի թա­գա­ւոր ­Լու­դո­վի­կոս Թ.ի: Ե­ղած է նաեւ մեծ դի­ւա­նա­գէտ ու կազ­մա­կեր­պող: ­Հե­թու­մի ա­մե­նա­մեծ խե­լա­ցու­թիւ­նը ե­ղած է թա­թար­նե­րու հետ տե­ւա­կան խա­ղա­ղու­թիւն մը կնքե­լը, ինչ որ հայ­կա­կան պե­տու­թեան պատ­կա­ռան­քը ա­ւել­ցու­ցած է: ­Հե­թում թա­գա­ւոր թա­ղո­ւած է Դ­րա­զարկ: ­­Լե­ւոն Գ. (1270-1289) ե­ղած է ի­մաս­տուն, ու­սեալ եւ քաջ թա­գա­ւոր մը, որ մղած է յաղ­թա­կան կռիւ­ներ Ե­գիպ­տո­սի սուլ­թա­նին դէմ: 1281ին, ­Հոմ­սի (­­Սու­րիա) ճա­կա­տա­մար­տին, հայ­կա­կան բա­նա­կին կող­քին ե­ղած են նաեւ ֆրան­սա­կան եւ վրա­ցա­կան զօր­քեր: ­Հայ­կա­կան հին մա­տե­նագ­րու­թեան ձե­ռա­գիր­նե­րէն շա­տե­րուն պահ­պա­նու­մը կը պար­տինք այս լու­սա­ւո­րեալ թա­գա­ւո­րի խնամ­քին: Ան եւ­րո­պա­կան շատ եր­կիր­նե­րու հետ կնքած է ա­ռեւտ­րա­կան դա­շինք­ներ ու մե­ծա­պէս զար­գա­ցու­ցած Ա­յաս նա­ւա­հան­գիս­տի վա­ճա­ռա­կա­նու­թիւ­նը: Հե­թում Բ. (1289-1294) զուրկ ե­ղած է կո­րո­վէ եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ձիր­քե­րէ. ան Ֆ­րան­սիս­քեն կրօ­նա­ւոր մըն էր եւ ու­նէր ո­րոշ գրա­կան ճա­շակ: Թո­րոս, Սմ­բատ, ­Կոս­տան­դին եւ ­Լե­ւոն՝ 1294-1308 թո­ւա­կան­նե­րուն. ­Լե­ւոն կը փոր­ձէ կազ­մել դաշ­նակ­ցու­թիւն մը Անգ­լիոյ Ե­դո­ւարդ Բ. թա­գա­ւո­րին հետ՝ ընդ­դէմ ա­րե­ւել­քի մահ­մե­տա­կան պե­տու­թիւն­նե­րուն:
Օ­շին (1308-1320) ե­ղած է քաջ, շի­նա­րար եւ գոր­ծու­նեայ իշ­խան մը: 1320էն 1342՝ դար­ձեալ պա­րա­պու­թիւն մը: ­­Գո­ւի­տօն (­­Կը­տը ­Լու­սի­նեան, 1342-1344) եւս ի զուր ջա­նա­ցած է կնքել դաշ­նա­գիր­ներ Ա­րեւ­մուտ­քի հետ: ­­Կոս­տան­դին Գ. եւ ­Կոս­տան­դին Դ. (1344-1373). ա­կա­նա­տես եւ ան­կա­րող վկա­նե­րը ե­ղած են հայ­կա­կան ­Կի­լի­կիոյ թա­գա­ւո­րու­թեան հիւ­ծու­մին: Լե­ւոն Զ. ­Լու­սի­նեան ե­ղած է ա­րի, հան­ճա­րեղ բայց կրօ­նա­մոլ թա­գա­ւոր մը, որ զո­հը դար­ձած է անն­պաստ պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ ստեղ­ծո­ւած դա­ժան ճա­կա­տա­գի­րին:

­Մեծն ­Լե­ւո­նի եր­կի­րը 20.000 մղոն (52.000 քառ. քլմ.) տա­րա­ծու­թիւն ու­նե­ցած է եւ հա­ւա­նա­բար 4-5 մի­լիոն ժո­ղո­վուրդ կը պար­փա­կէր: Ա­նոր սահ­մա­նը ե­ղած է ա­րեւ­մուտ­քէն՝ ­Քո­նիա, ա­րե­ւել­քէն՝ Եփ­րատ գետ, հա­րա­ւէն՝ ­Մի­ջերկ­րա­կան ծով, իսկ հիւ­սի­սէն՝ ­Տաւ­րո­սի միւս կող­մը: ­Մեծ ռազ­միկ, մեծ դի­ւա­նա­գէտ եւ մեծ կազ­մա­կեր­պող մը ե­ղած է ­Լե­ւոն մե­ծա­գործ՝ օժ­տո­ւած ա­մե­նա­բարձր ձիր­քե­րով։ ­Հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ ան կը ձգէ ա­մե­նա­պան­ծա­լի ա­նու­նը: ­Կը կար­ծո­ւի նոյ­նիսկ, թէ մեր ազ­գա­յին պատ­մու­թեան ա­մե­նա­փայ­լուն լու­սապ­սա­կին ար­ժա­նի է ան, նոյ­նիսկ՝ ­Մեծն ­Տիգ­րա­նէն ա­ւե­լի, ո­րով­հե­տեւ վեր­ջինս, հա­կա­ռակ իր ու­նե­ցած հսկայ մի­ջոց­նե­րուն, վերջ ի վեր­ջոյ պար­տո­ւե­ցաւ, մինչ­դեռ ­Լե­ւոն Զ. եր­բե՛ք չճա­շա­կեց պար­տու­թեան դառն պտու­ղը:
Իր 33 տա­րի­նե­րու իշ­խա­նու­թեան ըն­թաց­քին (12 տա­րի իշ­խան, 21 տա­րի թա­գա­ւոր) ան կազ­մեց ան­քակ­տե­լի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու ոս­կի շղթայ մը:

­Լե­ւոն Զ. եւ­րո­պա­կան գրե­թէ բո­լոր ար­քու­նիք­նե­րուն հետ յի­սու­նէ ա­ւե­լի խնա­միա­կան կա­պեր հաս­տա­տած էր, այն­պէս որ Ե­րու­սա­ղէ­մի լա­տին թա­գու­հի­նե­րուն գրե­թէ բո­լո­րը հա­յազ­գի էին, իսկ միւս կող­մէ՝ շատ հայ թա­գա­ւոր­ներ ա­մուս­նա­ցած էին եւ­րո­պա­ցի իշ­խա­նու­հի­նե­րու հետ: Լե­ւոն Զ. իր կեան­քի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, յու­սա­հա­տե­լով կեան­քի ա­լե­կո­ծում­նե­րէն՝ կրօ­նա­ւո­րո­ւե­լով կը քա­շո­ւի ­Կե­ղես­տի­նեաց վան­քը, ­Փա­րիզ: Ան կը մա­հա­նայ 1393ի ­Նո­յեմ­բեր 29ին, ­Թու­նե­լի պա­լա­տին մէջ, ­Սենթ Ան­թո­ւան փո­ղո­ցը, որ Ֆ­րան­սա­յի թա­գա­ւոր­նե­րու սո­վո­րա­կան բնա­կա­րանն էր: ­Լե­ւոն Զ. կը թա­ղո­ւի վան­քին մէջ, ուր կը մնայ մին­չեւ Ֆ­րան­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը՝ 1789ին, երբ իր ա­ճիւն­նե­րը հո­վին կը նե­տո­ւին, ու­րիշ շատ մը վե­հա­պետ­նե­րու ա­ճիւն­նե­րուն հետ: Իր շի­րի­մը նախ կը փո­խադ­րո­ւի «­­Փը­թի Օ­կիւս­թէն»նե­րու ֆրան­սա­կան յի­շա­տա­կա­րան­նե­րու թան­գա­րա­նը, իսկ վե­րա­հաս­տա­տու­թեան ժա­մա­նակ կը դրո­ւի ­Սեն ­Տը­նիի ար­քա­յա­կան գե­րեզ­ման­նե­րու նկու­ղին մէջ, ուր կը գտնո­ւի մին­չեւ այ­սօր: ­Տա­պա­նա­քա­րին վրայ կը տես­նո­ւի ­Լե­ւոն Զ.՝ պառ­կած, գլու­խը ար­քա­յա­կան թագ, ձեռ­քը թա­գա­ւո­րա­կան մա­կան, իսկ ոտ­քե­րուն տակ՝ ա­ռիւծ: ­Տա­պա­նա­քա­րին վրայ գրո­ւած է լա­տի­նե­րէ­նով՝ «Աստ հանգ­չի գե­րազ­նիւ եւ սքան­չե­լի իշ­խան ­Լե­ւոն ­Լու­սի­նեան վե­ցե­րորդ՝ ­Լա­տին թա­գա­ւոր ­Հա­յաս­տա­նի թա­գա­ւո­րու­թեան, որ հո­գին ա­ւան­դեց առ Աս­տո­ւած 1393 շնոր­հած տա­րո­ւան ­Նո­յեմ­բեր 29ին. ա­ղօ­թե­ցէք ի­րեն հա­մար»:

Օգ­տա­գոր­ծո­ւած աղ­բիւ­րը Մ. ­Քէ­լէ­շեա­նի «­­Սիս ­Մա­տեան»ն­ է։ ­Քէ­լէ­շեան իր կար­գին օգ­տա­գոր­ծած է զա­նա­զան աղ­բիւր­ներ: ­Կա­տա­րած ենք լե­զո­ւա­կան ո­րոշ փո­փո­խու­թիւն­ներ, սա­կայն՝ ա­ռանց ի­մաս­տի փո­փո­խու­թեան:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ