Հայաստանի աղն ես, Կիւմրի,Դու խօսքաշէն, սրամիտ,
Ճշմարտութեան մաղն ես, Կիւմրի, Դու իմաստուն, միամիտ։
Յովհաննէս Շիրազ
Արուեստներու եւ արհեստներու քաղաք Կիւմրին պատահական չէ, որ Հայաստանի աղը կը կոչեն։ Թերեւս կրնանք խօսիլ քաղաքի պատմութեան մասին, աշխարհագրական դիրքի եւ այլն, բայց այդ չէ, որ կը կերտէ Կիւմրիի ոգու պատկերը ձեր մտքին մէջ։
Կ՚ըսեն, Կիւմրին Հայաստանի հայրաքաղաքն է կամ ալ կատակի մայրաքաղաքը։ Կիւմրեցիներու կատակները չեն շրջանցեր իրենք զիրենք անգամ։ Կատակներ հիւսած են իրենց անուան շուրջ ալ։
Ընկերը ընկերոջը կ՚ըսէ.
-Կրնա՞ս մեծ բանի մը անունը տաս։
-Ծով,- կը պատասխանէ ընկերը։
-Աւելի մեծ։
-Ովկիանոս։
-Ալ աւելի մեծ։
-Կիւմրեցիի բերան։
-Հա՜, հա՜, հա՜, խօ չըսինք այդքան մեծ։
Կ՚ըսեն, կիւմրեցիները շատ գլուխ-գովան են։ Կիւմրեցիին որ հարցնես, կ՚ըսէ՝ գլուխ ունիմ, գովում եմ։ Կիւմրեցիները իրենց հպարտ ու ինչ որ տեղ մեծամիտ պահուածքը կ՚արդարացնեն այն տաղանդներով, որոնց ծնած է Շիրակի հողնուջուրը, աշխարհին յայտնի թուաբանագէտ ու տիեզերագէտ Անանիա Շիրակացին, հանճարեղ բանաստեղծներ Աւետիք Իսահակեանն ու Յովհաննէս Շիրազը, մեծատաղանդ կոմպոզիտորներ Նիկողայոս եւ Արմէն Տիգրանեանները, ժողովրդական մեծ գուսան Շերամը (Գրիգոր Տալեան), սիրուած ու մեծատաղանդ դերասան Մհեր Մկրտչեանը, ժողովրդական նկարիչ Սերգէյ Մերկուրովը, Ժողովրդական Արտիստ Շարա Տալեանը, ակադեմիկոս Սերգէյ Համբարձումեանը, փիլիսոփա Գէորգի Կիւրճիեւը, օլիմպիական խաղերի ախոյաններ Եուրի Վարդանեանը, Լեւոն Ջուլֆալակեանն եւ այլք Կիւմրիի մէջ ծնած են։
Այս ցանկը այսօր արդէն համալրելու եկած են երիտասարդներ, ովքեր չնայած Կիւմրիի մէջ տիրող աղքատութեան ու գործազրկութեան (Շիրակի մարզը, որի կեդրոնն է Կիւմրին, Հայաստանի ամենաաղքատ մարզն է), կը նուաճեն աշխարհի չեմպիոնի տիտղոսը։ Անոնց թուին է Նազիկ Ավդալեանը, ով 2009ին դարձաւ ծանրամարտի աշխարհի ախոյեան։ Կ՚ըսեն, ծանր ու դժուար կեանքէն է, որ երիտասարդներու համար դժուարութիւնները ամէնեւին էլ խոչընդոտ չեն։
Կիւմրի տուած տաղանդներէն զատ, այստեղ կրնաք հանդիպիլ այնպիսի իւրօրինակ ու յատկանշական երեւոյթներու, ինչպէս օրինակ Կիւմրուայ ֆայտոնը։
Ֆայտոնն որ մեռաւ, Կիւմրին կը մեռնի։
Ֆայտոնն, օղուլ, պապից պապ կ՚ երթայ։
Ֆայտոնի մահը ան վախտը կու գայ,
երբ աշխարհիս մէջ էլ մարդ չմնայ։
«Ֆայտոն Ալեքը» Խ. Դաշտենց
Նախկին ժամանակ Կիւմրուայ բոլոր հարսանեկան զոյգերուն Ֆայտոն Ալեքի կառքը տեղափոխած է, պտոյտներ տուած քաղաքի յայտնի ու կեդրոնական փողոցներով։ Քաղաքի մէջ յայտնի քանի մը ֆայտոնչիներ եղած են, որոնք իրենց գործը վերածել են իրական արուեստի այնպէս, որ ֆայտոնը այսուհետ Կիւմրիի անբաժանելի մասերէն դարձած է։
Կիւմրիի մէջ մէկ այլ հետաքրքրական սովորութիւն ալ կայ մինչ այսօր պահպանուած։ Երթուղային փոխադրամիջոցներէն օգտուելիս մարդիկ սովորութիւն ունին վճարելու միւսի փոխարէն։ Սա յարգանքի իւրատեսակ դրսեւորում է, որ սերնդէ սերունդ փոխանցուած է։ Վարորդը տրամադրում է այսպէս կոչուած «տոմս», որը ցոյց է տալիս, որ քո փոխարեն մէկն արդէն իսկ վճարած է։ Այս մասին կիւմրեցիները եւս կը կատակեն.
-Ծաղիկ, տոմսդ առել եմ, ալ չառնես,- մէկը կ՚ըսէ հանրակառքէն իջնելու ժամանակ։
Կանգառին քանի մը հոգի կ՚իջնէն առանց վճարելու։ Վարորդը կը ջղայնանայ թէ՝ Ծաղիկի տոմս մը առան, ծաղկեփունջով իջան։
Հպարտ կիւմրեցին աչքի կ՚իյնայ իր հիւրասիրութիւնով եւս։ Իր տան վերջին դրամը կը ծախսէ, որ իր հիւրին պատուով ընդունէ ու ճանապարհ դնէ։
Կիւմրին 20րդ դարի սկզբին երրորդ ամենամեծ արդիւնաբերական եւ մշակութային կեդրոնը եղած է Թիֆլիսէն ու Պաքուէն յետոյ։ Բայց 1988ի երկրաշարժը ասես խոցող աղեղ էր, որ կոտրեց ու հողին հաւասարեցուց երբեմնի զարգացած ու հարուստ քաղաքը։ Անցեալի պատմութիւնները, կիւմրեցի աւագներու հպարտ կեցուածքն ու քաղաքին տիրող մթնոլորտը նոյն յատկանիշները փոխանցած են նոր սերունդին եւս։
Ու չնայած արտագաղթի ահագնացող ընթացքին, կիւմրեցիներու մի ստուար զանգուած կը շարունակէ արարել ու մտածել սիրելի քաղաքի զարգացման մասին՝ անխախտ հաւատով, լաւատեսութեամբ եւ մեծահոգութեամբ տոգորուած։
ՅԱՍՄԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ - «Ակօս»