Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԵւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նին կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն դէմ հաս­ցէա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­ներ կի­րար­կե­լու կոչ-բա­նա­ձե­ւի բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ա­ռա­ջին հա­յեաց­քով ա­ռա­ւե­լա­բար կը կեդ­րո­նա­նայ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու ոտ­նա­հար­ման ե­րե­ւոյթ­նե­րուն վրայ: Բա­նա­ձե­ւի կէ­տե­րուն տար­ բա­ղադ­րու­մը կու տայ հե­տե­ւեալ պատ­կե­րը, որ խոր­քին մէջ կը կազ­մէ որ­դեգ­րո­ւած բա­նա­ձե­ւին հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը:

Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած է աճ՝ բռնաճն­շում­նե­րու եւ ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րու են­թար­կո­ւած ի­րա­ւա­պաշտ­պան­նե­րու եւ լրագ­րող­նե­րու ե­րե­ւոյթ­նե­րուն:

Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նը պէտք է քննար­կէ պաշ­տօ­նա­տար ան­ձե­րու դէմ հաս­ցէա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­ներ կի­րար­կե­լու (ընդ ո­րում` Եւ­րո­պա մուտ­քի ար­գելք) հար­ցը:

Բա­նա­ձե­ւը կոչ կ­՛ը­նէ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րուն եւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ար­տա­քին գոր­ծե­րու ծա­ռա­յու­թեան դի­տորդ­ներ չու­ղար­կե­լու: Կը հիմ­նա­ւո­րո­ւի, որ ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն մէջ դի­տորդ­ներ ու­ղար­կե­լը կ­՛օ­րի­նա­կա­նաց­նէ Ատր­պէյ­ճա­նի ընտ­րու­թիւն­նե­րը:

Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւ­նը պէտք է կոչ յղէ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան չե­ղեալ նկա­տե­լու հա­մար Պա­քո­ւի մէջ Ե.Ա.Հ.Կ.ի գրա­սե­նեա­կի փակ­ման ո­րո­շու­մը եւ շա­րու­նա­կէ այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան հետ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:

Ճիշդ է, որ բա­նա­ձե­ւը կո­չի բնու­թա­գիր ու­նե­նա­լով պար­տա­դիր բնոյթ չի կրեր, այ­սու­հան­դերձ Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նի ա­նու­նով կ­՛ար­ձա­նագ­րէ.

Ա.- Պե­տա­կան բարձր պաշ­տօն­ներ զբա­ղեց­նող ատր­պէյ­ճան­ցի պաշ­տօ­նա­տար­ներ ուղ­ղա­կիօ­րէն պա­տաս­խա­նա­տու են երկ­րին մէջ կի­րար­կո­ւող բռնաճն­շում­նե­րուն: Այս հաս­տա­տու­մը կ­՛են­թադ­րէ, որ բռնա­պե­տա­կան վար­չա­կար­գի հո­վա­նա­ւոր­չու­թիւ­նը վա­յե­լող ազ­դե­ցիկ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու մի­ջո­ցով երկ­րին մէջ ա­նար­գել կը կի­րար­կո­ւի բռնու­թիւ­նը, ո­րուն յատ­կա­պէս թի­րախ են ի­րա­ւա­պաշտ­պան­ներն ու լրագ­րող­նե­րը: Եր­կու ո­լորտ­ներն ալ ա­մէ­նէն զգա­յուն մար­զերն են՝ յատ­կա­պէս եւ­րո­պա­կան ըն­կա­լում­նե­րով:

Բ.- Հաս­տա­տու­մի սահ­ման­նե­րուն մէջ չի մնար այս գնա­հա­տա­կա­նը: Պատ­ժա­մի­ջոց­ներ որ­դեգ­րե­լու մա­սին է նաեւ բա­նա­ձեւ-կո­չը ուղ­ղո­ւած Եւ­րո­պա­յի օ­րէնս­դիր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն` գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն:

Գ.- Կը շա­րու­նա­կո­ւի տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը: Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան եր­կիր­նե­րը պէտք չէ օ­րի­նա­կա­նաց­նեն Ատըր­պէյ­ճա­նի ո­րե­ւէ ընտ­րու­թիւն` տրո­ւած ըլ­լա­լով, որ այն­տեղ կը տի­րեն ամ­բող­ջա­տի­րա­կան կար­գեր: Ի դէպ Ֆ­րան­սա­յի յա­ռա­ջա­տար պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յան­նե­րէն «Ֆ­րանս 2»ը, իր «­Նա­խա­գահս գոր­ծուղ­ման մէջ է» յայ­տա­գի­րով, ա­մէ­նէն կոշտ մե­ղադ­րանք­նե­րը հնչե­ցու­ցած էր բռնու­թիւն կի­րար­կող Պա­քո­ւին, որ չէր ու­շա­ցած պաշ­տօ­նա­պէս բո­ղո­քե­լու «Ֆ­րանս 2»ի նշա­նա­ւոր պատ­կե­րասըփ­ռու­մին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն դէմ:

Դ.- Ե.Ա.Հ.Կ. գրա­սե­նեա­կի փակ­ման դէպ­քի յի­շե­ցու­մը իր տե­սա­կին մէջ ո­րոշ տեղ մը կ­՛ա­ռանձ­նա­նայ բա­նա­ձե­ւի միւս կէ­տե­րէն: Ու­րեմն՝ երկ­րորդ հա­յեաց­քով խնդի­րը զուտ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց չի վե­րա­բե­րիր միայն: Հար­ցը ուղ­ղա­կիօ­րէն կը վե­րա­բե­րի Ար­ցա­խեան հիմ­նա­հար­ցին: Պա­քու ա­մէն ա­ռի­թի չէր թաքց­ներ իր ան­հանգս­տու­թիւ­նը Ե.Ա.Հ.Կ.ի ա­ռա­քե­լու­թեան նկատ­մամբ: Բա­ցա­յայտ էին Պա­քո­ւի նկրտում­նե­րը` բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը Ե.Ա.Հ.Կ.ի ձե­ւա­չա­փէն մի­ջազ­գա­յին այլ հար­թու­թիւն (յատ­կա­պէս Մ.Ա.Կ.) տե­ղա­փո­խե­լու:

Այս ա­պար­դիւն փոր­ձե­րը յան­գած էին Պա­քո­ւի մէջ Ե.Ա.Հ.Կ. գրա­սե­նեա­կի փակ­ման` ատր­պէյ­ճա­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րո­շու­մով: Հի­մա Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նը, ա­մէ­նէն խիստ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը հնչեց­նե­լէ ետք, Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ճամ­բով կոչ կ­՛ը­նէ Պա­քո­ւին վե­րա­բա­նա­լու Ե.Ա.Հ.Կ. գրա­սե­նեա­կը: Նաեւ կ­’աւելց­նէ, որ վճռած է շա­րու­նա­կել Ե.Ա.Հ.Կ.ի հետ իր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ընդ ո­րում նաեւ Պա­քո­ւի վե­րա­բա­ցե­լի գրա­սե­նեա­կին:

Խիստ քննա­դա­տու­թիւն­ներ կան այս բա­նա­ձեւ-կո­չին մէջ, կան ան­շուշտ ա­ռա­ջարկ­ներ, բայց նաեւ սպառ­նա­լիք­ներ: Հե­տե­ւեալն է քա­ղա­քա­կան տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը.- Ի­րա­վի­ճա­կի բնո­րո­շում, որ քննա­դա­տա­կան բա­ժինն է: Ա­ռա­ջարկ­ներ, որ Ե.Ա.Հ.Կ. գրա­սե­նեա­կի վե­րա­բա­ցումն է, եւ սպառ­նա­լիք­ներ` դի­տորդ­ներ չու­ղար­կե­լու, բայց մա­նա­ւանդ ատր­պէյ­ճան­ցի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու դէմ հաս­ցէա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­ներ կի­րար­կե­լու:

Կա­րե­լի՞ է եւ­րո­պա­կան այս խստա­ցու­մը բա­ցատ­րել սահ­մա­նա­գօ­տիին եւ շփման գի­ծին վրայ Պա­քո­ւի դրսե­ւո­րած վեր­ջին վար­քա­գի­ծին պա­տաս­խա­նի հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ: Դ­ժո­ւար է միան­շա­նակ պար­զե­լը: Չէ բա­ցա­ռո­ւած, որ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րու հա­մա­հա­ւա­սա­րեց­ման մօ­տե­ցու­մը ա­նուղ­ղա­կի շրջե­լու ձե­ւե­րէն մէկն է այս կո­չը:

«Ազ­դակ»