Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՄիշտ հա­մո­զո­ւած եմ, որ մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նի բնու­թեան պէս ներ­դաշ­նակ ու գե­ղե­ցիկ ո­րե­ւէ տեղ չկայ։ Լո­ռո­ւայ բնաշ­խար­հը կ­՚ա­ռանձ­նա­նայ իր իւ­րա­յա­տուկ կա­նա­չով ու վսեմ լեռ­նե­րով։ Շատ ան­գամ­ներ տա­տիս ձեռ­քը բռնած ան­ցած եմ մեր հին փո­ղո­ցով, ու ան պատ­մած է ա­քա­սիա­նե­րու մա­սին, երբ ա­նոր ծա­ղիկ­նե­րու բոյ­րը զգա­ցած ենք։ Յե­տոյ, շատ յե­տոյ, միայն ծա­նօ­թա­ցայ նաեւ մեր պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան, ո­րով­հե­տեւ փոքր տա­րի­քին ա­ռանձ­նա­պէս հե­տաքրք­րո­ւած չէի ե­կե­ղե­ցի­նե­րով ու յու­շար­ձան­նե­րով։

Մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նը յատ­կա­պէս աչ­քի կ­՚իյ­նայ իր հնա­մեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րով։ Թու­մա­նեա­նի բնօր­րա­նը հա­րուստ է եր­կու տաս­նեակ սրբա­վայ­րե­րով, ո­րոնց­մէ նշա­նա­ւոր վա­նա­կան հա­մա­լիր­ներն են Օ­ձու­նի, Սեդ­վու, Արդ­վու, Հո­ռո­մայ­րի, Քո­բայ­րի, Դ­սե­ղի, Սա­նա­հի­նի ու Հաղ­պա­տի վան­քե­րը։

Ինձ հա­մար կ­՚ա­ռանձ­նա­նայ յատ­կա­պէս Հաղ­պա­տա­վան­քը՝ իր հե­տաքրք­րա­կան պատ­մու­թիւ­նով ու իւ­րա­յա­տուկ գե­ղեց­կու­թիւ­նով։ Ա­ռա­ջին ան­գամ մտած եմ Հաղ­պա­տա­վանք 10 տա­րե­կա­նիս։ Տա­տիս պատ­մու­թիւն­նե­րով ի­մա­ցայ, որ Հաղ­պա­տա­վան­քի մէջ ծա­ռա­յած է նաեւ Սա­յաթ-­Նո­վան, ուշ միջ­նա­դա­րի մե­ծա­գոյն հայ ա­շուղ-բան­աս­տեղ­ծը։

Հաղ­պատ ա­նո­ւան­ման հետ կա­պո­ւած են բազ­մա­թիւ ա­ռաս­պել­ներ, ա­նոնց­մէ մէ­կի հա­մա­ձայն՝ Սա­նա­հի­նի իշ­խան­նե­րէն մէ­կը կը հրա­ւի­րէ իր մօտ համ­բա­ւա­ւոր մի վար­պետ, վանք կա­ռու­ցե­լու հա­մար։ Վար­պե­տը կը ներ­կա­յա­նայ իշ­խա­նին որ­դու հետ։ Աշ­խա­տան­քի ըն­թաց­քին վէճ կ­՚ա­ռա­ջա­նայ հօր եւ որ­դիի մի­ջեւ։ Որ­դին ալ մի ու­րիշ իշ­խա­նի վար­ձով մէկ այլ վանք կա­ռու­ցել կը սկսի։ Հայ­րը կ­՚այ­ցե­լէ որ­դին՝ տես­նե­լու որ­դիի շի­նա­րա­րու­թիւ­նը, կը մօ­տե­նայ կի­սա­սարք վան­քի պա­տին եւ եր­կար կը զննէ այն։ Կը հրէ շա­րո­ւած­քի քա­րը ու կ­՚ը­սէ.- «Ախ Պատ»։ Այս­տեղ հայր եւ որ­դին կը գրկա­խառ­նո­ւին եւ կը հաշ­տո­ւին, իսկ վան­քին կը մնայ «­Հաղ­պատ» ա­նո­ւա­նու­մը։ Որ­քան ալ ի­րա­ւա­ցի չի թո­ւի, վան­քի ա­նու­նի մա­սին ա­մե­նա­տա­րա­ծուն պա­տում­նե­րէն մէկն է այս։

Հաղ­պա­տա­վան­քը Հա­յաս­տա­նի խո­շո­րա­գոյն եւ նշա­նա­ւոր վան­քա­յին հա­մա­լիր­նե­րէն է, ուր ա­ռա­ւել շեշ­տո­ւած են միջ­նա­դա­րի հայ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ գծե­րը. գե­ղա­տես­լու­թիւն, տա­րած­քա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռուա­ծու­թիւն ու շրջա­կայ մի­ջա­վայ­րի հետ ներ­դաշ­նա­կու­թիւն։ Շր­ջա­պարըս­պի ներ­սը կը գտնո­ւին Սուրբ Ն­շան, Սուրբ Գ­րի­գոր, Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, գա­ւի­թը, ժա­մա­տու­նը, գրա­տուն-մա­տե­նա­դա­րա­նը, զան­գա­կա­տու­նը, սե­ղա­նա­տու­նը, մա­տուռ-դամ­բա­րան­նե­րը ու խաչ­քա­րե­րը։ Հաղ­պա­տա­վանքն այ­ցե­լու­նե­րու պա­կաս չ­՚ու­նե­նար բո­վան­դակ տա­րին։

Հաղ­պա­տա­վան­քը Սա­նա­հի­նի վա­նա­կան հա­մա­լի­րի հետ միա­սին կը հան­դի­սա­նան ԵՈՒ­ՆԵՍՔՕի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան նմոյշ։ Այս եր­կու վա­նա­կան հա­մա­լիր­նե­րը պատ­մա­կան միեւ­նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ու­ղերձն ու ո­գին կը կրեն, սա­կայն ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նե­ցած է ա­ռանձ­նա­կի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն՝ ըլ­լա­լով նշա­նա­ւոր գի­տակր­թա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ հո­գե­ւոր կեդ­րոն։

Սա­նա­հի­նի վա­նա­կան հա­մա­լի­րը կը գտնո­ւի հա­մա­նուն գիւ­ղի տա­րած­քին՝ Ա­լա­վեր­դի քա­ղա­քի շրջա­նին։ Հին ժա­մա­նակ­նե­րէն ի վեր մաս կազ­մած է Մեծ Հայ­քի Գու­գարք աշ­խար­հի Տա­շիր գա­ւա­ռին։ Ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն վան­քը հիմ­նադ­րո­ւած է Սուրբ Ն­շա­նի յի­շա­տա­կու­մով։ Սա­նա­հին ա­նո­ւա­նումն ալ ու­նի դժո­ւար հա­ւա­տա­լի բա­ցատ­րու­թիւն, ըստ ո­րու «Աս ա­նոնց­մէ հին է» ար­տա­յայ­տու­թիւ­նով, այ­սինքն՝ Սա­նա­հի­նը հին է Հաղ­պա­տէն։

Ե­թէ Լո­ռու պատ­մու­թիւ­նը զիս տա­րաւ դէ­պի հե­ռա­ւոր ան­ցեալ, Լո­ռե­ցիի յա­տուկ սրամ­տու­թիւնն ալ կը սթա­փեց­նէ, կը բե­րէ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­ր։ Ես իմ քա­ղա­քիս կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը կը զգամ իր հիա­նա­լի լա­ւա­տե­սու­թեամբ, ո­րուն ժո­ղովր­դա­կան բար­բա­ռի մէջ ար­տա­ցո­լումն է «­Դը­պա լա­ւը» հաս­տա­տու­մը։

Լո­ռու մարզ. «դը­բա լա­ւը»

-­Թէ ար­դար ես, միտքդ բա­րի,

Վեր կաց, ա­րի մեր Լո­ռի,

Վեր կաց, թէ­կուզ թոռ ու ծո­ռով,

Ճամ­բայ ըն­կի ու ա­րի:

Ձո­րում ըլ­նես, թէ հան­դե­րում,

Դու ճամ­բին չես մո­լո­րո­ւի,

Ա­մէն մար­դու բախտ չի բե­րում,

Ղո­նախ գայ չքնաղ Լո­ռի:

Ա­ռաջ ա­րի, ը­ման­չիլ մի,

Վեր կալ թա­սով ա­րա­ղը,

Օրհ­նանք ա­սա, կե­նաց ա­սա.

Մո­ռա­ցի տարտն ու ցա­ւը:

Դը­բա լա­ւը, դը­բա լա­ւը,

Դը­բա լա­ւը, դը­բա լա­ւը,

Մո­ռա­ցի տարտն ու ցա­ւը…

Եւ իս­կա­պէս ա­մէն մար­դու բախ­տը չի բե­րեր հիւր գալ չքնաղ Լո­ռի։ Ինչ­պէս Սա­մո­ւէլ Խա­լա­թեա­նի կող­մէ գրո­ւած եր­գին մէջ կ­՚ը­սո­ւի՝ Լո­ռո­ւայ չքնաղ բնու­թիւ­նը ու լո­ռե­ցի­նե­րու ա­ռատ հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը մարդ­կանց մոռց­նել կու տայ տարտ ու ցա­ւը։ Տա­րի­ներ ա­ռաջ «­Լո­ռո­ւայ Ա­շուն» տօ­նա­կա­տա­րու­թեան հա­մար գրո­ւած «­Դը­բա լա­ւը» եր­գը դար­ձած է Լո­ռո­ւայ իւ­րօ­րի­նակ հիմ­նը, իսկ «­Հո­րո­վել» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի՝ ա­մե­նա­տա­րա­ծո­ւած կա­տա­րում­նե­րէն մէ­կը։ Լո­ռե­ցի­նե­րու բար­բա­ռով «­Դը­բա լաւ»ը՝ կը նշա­նա­կէ դէ­պի լա­ւը. սա ա­նոնց որ­պի­սու­թեան հար­ցի պա­տաս­խանն է։ Վա­ճա­ռա­նի­շա­յին այս ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը յայտնուած է նաեւ մար­զի խա­նութ­նե­րէն քա­նի մը հա­տի ցու­ցա­նակ­նե­րուն, դար­ձել գո­վազ­դա­յին վա­հա­նակ ու քննարկ­ման ա­ռիթ՝ սո­ցիա­լա­կան ցան­ցե­րուն։ «­Դը­բա լա­ւը» գու­ցէ այդ­քան լայն տա­րա­ծում չու­նե­նար, ե­թէ չլի­նէր ան­յայտ կա­տա­կա­սէ­րը, ով Լո­ռու մար­զի մուտ­քը ազ­դա­րա­րող ցու­ցա­նա­կի պե­թո­նա­սա­լին ար­դէն մօտ 16 տա­րի սպի­տա­կի վրայ սե­ւով, սե­ւի վրայ՝ սպի­տա­կով կը մա­կագ­րէ.- «­Դը­բա լա­ւը»։ Ցու­ցա­նա­կը կը գտնո­ւի Ջ­րա­շեն եւ Ծիլ­քար գիւ­ղե­րու հա­րե­ւա­նու­թեամբ գտնո­ւող լեռ­նանց­քի բար­ձուն­քին՝ Լո­ռու եւ Ա­րա­գա­ծոտ­նի մար­զե­րու սահ­մա­նագ­ծին։

Ճա­նա­պար­հը սպա­սար­կող կազ­մա­կեր­պու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րը տաս­նեակ ան­գամ­ներ ներ­կած-ջնջած են ան­յայտ մար­դու այդ գրու­թիւ­նը, սա­կայն վեր­ջինս ան­կոտ­րում ե­ռան­դով ա­մէն ան­գամ վե­րա­կանգ­նած է գրու­թիւ­նը։ Ճա­նա­պար­հը սպա­սար­կող կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ ան­յայտ կա­տա­կա­սէ­րի մի­ջեւ տաս­նեակ տա­րի­ներ ձգո­ւող պայ­քա­րը, կար­ծես, ա­ւար­տո­ւած է՝ կա­տա­կա­սէ­րի յաղ­թա­նա­կով։ Ար­դէն եր­կար ժա­մա­նակ է, որ գրու­թիւ­նը չի մաք­րո­ւիր։ Լո­ռու մարզ մուտք գոր­ծող մե­քե­նա­նե­րու վա­րորդ­նե­րու դէմ­քին ա­մէն ան­գամ ժպիտ կ­՚ա­ռա­ջա­նայ՝ «դը­բա լա­ւը» տես­նե­լով։ Միա­միտ, սա­կայն ան­շառ հու­մո­րով օժ­տո­ւած լո­ռե­ցիք լա­ւա­տես են եւ այդ յատ­կու­թիւ­նը չեն թաքց­ներ։

ԷՄՄԱ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ - «ԱԿՕՍ»