Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Սոյն յօ­դո­ւա­ծը հա­կիրճ տե­ղե­կագ­րու­թիւնն է Մու­սա Լե­րան հա­յու­թեան պատ­մու­թեան՝ 19րդ դա­րու կէ­սե­րէն մին­չեւ ներ­կայ օ­րե­րը։

Մու­սա Լե­ռը կը գտնո­ւէր Մի­ջերկ­րա­կան ծո­վու ա­փին, Սո­ւէ­տիոյ են­թա­գա­ւա­ռին մէջ, Ան­տիոք գա­ւառ, օս­մա­նեան Հա­լէպ նա­հանգ։ Ներ­կա­յիս ա­նի­կա կը գտնո­ւի Թուր­քիոյ Հա­թայ նա­հան­գի Սա­մա­նա­տաղ գա­ւա­ռին մէջ։

Կ­՛են­թադ­րո­ւի, որ հա­յեր Մու­սա Լեռ ապ­րած են հնա­դա­րեան ժա­մա­նակ­նե­րէն։ Ցայ­սօր ա­նոնց ար­մատ­նե­րու սկզբնաղ­բիւ­րը կը մնայ ա­նո­րո­շու­թեամբ պա­տո­ւած։ Ա­նոնք կը խօ­սէին «­Քիս­թի­նիք» կո­չո­ւած բար­բա­ռը, որ կը նշա­նա­կէ քրիս­տո­նեա­նե­րու լե­զու։ 19րդ դա­րուն հոն գո­յու­թիւն ու­նէին հայ­կա­կան վեց հիմ­նա­կան գիւ­ղեր՝ Պի­թիաս, Հա­ճի Հա­պիպ­լի, Եո­ղու­նօ­լուք, Խը­տըր Պէյ, Վա­գըֆ եւ Քա­պու­սիէ՝ 6000 ընդ­հա­նուր բնակ­չու­թեամբ։ Սկզբ­նա­կան գիւ­ղե­րը, ո­րոնց­մէ յա­ռա­ջա­ցած են միւս­նե­րը, Հա­ճին Հա­պիպ­լին, Եո­ղու­նօ­լուքն ու Քա­պու­սիէն են։

Տաս­նին­նե­րորդ դա­րը եւ քսա­նե­րոր­դի սկիզ­բը վկա­յե­ցին փո­փո­խու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը, որ ձե­ւա­փո­խեց մու­սա­լեռ­ցին՝ մե­կու­սա­ցած, խա­ւա­րի մէջ գտնո­ւող եւ տգէտ խմբա­ւո­րու­մէ մը գի­տա­կից հա­ւա­քա­կա­նու­թեան, որ կը պայ­քա­րի իր գո­յու­թեան հա­մար, իբ­րեւ մէկ մաս­նի­կը Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան ա­ւե­լի մեծ հայ հա­մայն­քին՝ դի­մագ­րա­ւե­լով կա­տա­րեալ բնաջն­ջու­մը Ե­րի­տա­սարդ Թուր­քե­րու կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ:

Զա­նա­զան ազ­դակ­ներ պատ­ճառ դար­ձան այս փո­խա­կեր­պու­թեան:

Ճոն Պար­քըր ա­նու­նով հանգս­տեան կո­չո­ւած անգ­լիա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը, որ ա­մառ­նա­յին բնա­կա­րան մը ու­նէր Պի­թիա­սի մէջ եւ այլ կա­լո­ւած մը՝ Խը­տըր Պէ­յի, աշ­խար­հի ա­մէն կող­մե­րէ ձեռք բե­րո­ւած բոյ­սե­րով եւ պտուղ­նե­րով փոր­ձար­կում­ներ կա­տա­րեց, բա­րե­լա­ւեց սեր­մե­րը շե­րա­մա­բու­ծու­թեան, որ տա­րա­ծաշր­ջա­նի գլխա­ւոր ար­հեստն էր, եւ հա­մա­ճա­րակ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րե­լու հա­մար ներ­մու­ծեց բժշկա­կան մի­ջոց­ներ: Նոյն­քան կա­րե­ւոր ի­րո­ղու­թիւն մը. ի­րեն այ­ցե­լող օ­տար ճամ­բորդ­ներ, ար­ձա­նագ­րո­ւած տա­րեգ­րու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով Մու­սա Լե­ռը ար­տա­քին աշ­խար­հին ծա­նօ­թա­ցու­ցին: Նոյն­պէս, 1940էն սկսեալ, ա­մե­րի­կա­ցի բո­ղո­քա­կան ա­ւե­տա­րա­նիչ­ներ Մու­սա Լե­րան մէջ կա­տա­րա­ցին թա­փան­ցում­ներ, ո­րոնք ա­ռաջ­նոր­դե­ցին Բո­ղո­քա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան Պի­թիա­սի մէջ՝ 1857ին, եւ Եո­ղու­նօ­լու­քի՝ 1869-70ին: Հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան ա­մե­րի­կեան ի­տէալ­նե­րու ուղ­ղա­կի եւ ա­նուղ­ղա­կի ու­սու­ցում­նե­րը ո­րոշ չա­փով ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցան մար­դոց մտա­ծե­լա­կեր­պին վրայ: Ա­պա, Եւ­րո­պա­յէն ե­կան քա­փու­չին ա­ւե­տա­րա­նիչ­նե­րը եւ 1891ին Խը­տըր Պէ­յի մէջ հիմ­նե­ցին Ս. Պօ­ղոս ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: Ա­նոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը եւս՝ Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու եւ­րո­պա­կան ըմբռ­նում­նե­րուն ի­մաս­տով, տե­ղա­ցի­նե­րուն վրայ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծեց:

Հայ կղե­րա­կան­ներ, դաս­տիա­րակ­ներ եւ յե­ղա­փո­խա­կան­ներ նոյն­պէս այ­ցե­լե­ցին Մու­սա Լեռ, տաս­նին­նե­րորդ դա­րու կէ­սե­րէն սկսեալ: 1863ին, երբ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան մէջ «Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թիւն Հա­յոց»ը յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ, Հա­լէ­պի ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը դէ­պի Սու­րիոյ հիւ­սիս-ա­րեւմ­տեան շրջա­նի իր թե­մե­րը կղե­րա­կան­ներ ա­ռա­քեց՝ կա­տա­րե­լու հա­մար բա­րե­կար­գում­ներ, ո­րոնց իբ­րեւ ար­դիւնք, Մու­սա Լե­րան Ա­ռա­քե­լա­կան հա­մայն­քին մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու, են­թար­կո­ւե­ցաւ դրա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու: Այս­պէս, կայս­րու­թեան մէջ յա­ռա­ջա­ցող ըն­կե­րա­յին, մշա­կու­թա­յին եւ քա­ղա­քա­կան Հայ­կա­կան Զար­թօն­քին իբ­րեւ հե­տե­ւանք, Մու­սա Լե­րան մէջ հիմ­նո­ւե­ցան նախ­նա­կան «ազ­գա­յին» վար­ժա­րան­ներ, ուր մատ­ղաշ սե­րուն­դը սկսաւ սոր­վե­լու հայ­կա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան եւ ա­նոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն մա­սին:

Յե­ղա­փո­խա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ Մու­սա Լեռ թա­փան­ցե­ցին 1890ա­կան­նե­րէն:

Սո­ցեալ-­Դե­մոկ­րատ Հն­չա­կեան Կու­սակ­ցու­թեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) ան­դամ դրսե­ցի գոր­ծիչ­ներ այն­տեղ հաս­տա­տո­ւե­ցան՝ «բա­ցար­ձակ միա­պե­տու­թիւն» հիմ­նե­լով, 1893-96ին: Մեծ թի­ւով մու­սա­լեռ­ցի­ներ, նե­րա­ռեալ բազ­մա­թիւ կի­ներ, ան­դա­մակ­ցե­ցան Ս.Դ.Հ.Կ.ին, հե­տե­ւե­ցան ա­նոր վար­դա­պե­տու­թեան եւ են­թար­կո­ւե­ցան կարգ մը մար­տա­կան մար­զում­նե­րու: Այս­պի­սով, ո­րոշ աս­տի­ճա­նի «ցե­ղա­յին գի­տակ­ցու­թիւն» տի­րա­ցո­ւե­ցաւ:

Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը (Հ.Յ.Դ.) Մու­սա Լե­րան նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րեց 1895-96ի Զէյ­թու­նի ապս­տամ­բու­թեան ըն­թաց­քին: Գոր­ծիչ­ներ Մու­սա Լեռ ու­ղար­կո­ւե­ցան վաղ 1890ա­կան­նե­րուն՝ տա­րա­ծե­լու հա­մար կու­սակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնն ու ծրա­գի­րը: Ա­ռա­ջին Հ.Յ.Դ. Են­թա­կո­մի­տէն հիմ­նո­ւե­ցաւ 1908ին: Վե­րա­կազ­մեալ Հն­չա­կեան Կու­սակ­ցու­թիւ­նը հոն իր կո­րի­զը ու­նէր 1911էն սկսեալ, Հա­ճի Հա­պիպ­լիի մէջ, եւ կարգ մը հե­տե­ւորդ­ներ՝ այլ գիւ­ղե­րու մէջ: Ե­րեք կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ալ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան նպա­տա­կով Մու­սա Լեռ նե­րա­ծե­ցին զէնք, սա­կայն ա­նոր յա­րա­բե­րա­կան քա­նա­կը կա­րե­լի չէ ստու­գել: Ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կա­րի­քը շեշ­տո­ւե­ցաւ 1909ի Կի­լի­կիոյ եւ հիւ­սիս-ա­րեւմ­տեան Սու­րիոյ ջար­դե­րուն ըն­թաց­քին: Մու­սա Լե­ռը նախ­ճի­րէն փրկո­ւե­ցաւ շնոր­հիւ ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն եւ անգ­լիա­կան պա­տե­րազ­մա­կան նա­ւուն, որ կա­սե­ցուց իս­լամ ոճ­րա­գործ­նե­րու Մու­սա Լեռ յար­ձա­կու­մը:

1915ի Յու­լի­սի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, երբ Մու­սա Լե­ռը տե­ղա­հա­նու­թեան հրա­ման ստա­ցաւ, ժո­ղո­վուր­դին եր­կու-եր­րոր­դը ընտ­րեց ընդ­դի­մու­թիւ­նը, մինչ մէկ-եր­րոր­դը են­թար­կո­ւե­ցաւ հրա­մա­նին եւ տե­ղա­հա­նո­ւե­լով՝ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Սու­րիոյ Հա­մա քա­ղա­քը եւ շրջա­կայ­քը: Ա­նոնց կէ­սէն ա­ւե­լին բնաջն­ջո­ւե­ցաւ՝ կի­զիչ ա­րե­ւուն, սնուն­դի պա­կա­սին եւ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու իբ­րեւ ար­դիւնք: Յան­դուգն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կռո­ւե­ցաւ օս­մա­նեան բա­նա­կին եւ ան­կա­նոն զօր­քե­րու դէմ, ա­ւե­լի քան քա­ռա­սուն օ­րեր, ա­պա փրկո­ւե­ցաւ ծո­վե­զե­րեայ շրջան­նե­րը հսկող ֆրան­սա­կան պա­տե­րազ­մա­կան նա­ւե­րուն կող­մէ ու տա­րո­ւե­ցաւ Ե­գիպ­տոս, ուր մնաց չորս տա­րի, գաղ­թա­կա­յա­նի մը մէջ, Սո­ւէ­զի ջրանց­քի ա­րե­ւե­լեան ա­փե­րուն, Փոր Սա­յի­տի մօ­տա­կայ­քը:

Մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լը խմբագ­րա­կան­նե­րով, յօ­դո­ւած­նե­րով եւ պատ­կեր­նե­րով անդ­րա­դար­ձաւ հե­րո­սա­պա­տու­մին: Աշ­խար­հի չորս կող­մե­րէն նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­ներ հե­ղո­ւե­ցան կա­ցա­րա­նէն ներս: 1933ին, Ֆ­րանց Վեր­ֆել՝ Վիեն­նա, Աւստ­րիա ապ­րող հրեայ մը, հրա­տա­րա­կեց պատ­մա­վէպ մը՝ «­Մու­սա Լե­րան քա­ռա­սուն օ­րե­րը» խո­րա­գի­րով: Յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն, պատ­մա­վէ­պը իր գեր­մա­նե­րէն բնա­գի­րէն թարգ­մա­նո­ւե­ցաւ բազ­մա­թիւ այլ լե­զու­նե­րու: Մու­սա Լե­ռը երկ­րա­գուն­դի տա­րած­քին դար­ձաւ առտ­նին ա­նուն մը, եւ հե­րո­սա­պա­տու­մը ան­մա­հա­ցաւ: Ա­նի­կա նաեւ ներշն­չեց ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ թէ մտա­ւո­րա­կան­ներ հա­ւա­սա­րա­պէս՝ ստեղ­ծե­լու գոր­ծեր, ո­րոնք ո­գե­ւո­րե­ցին յատ­կա­պէս ճնշո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րը՝ գո­յա­տե­ւե­լու յոյ­սի պատ­գա­մով: Դըժ­բախ­տա­բար, ֆիլ­մաշ­խար­հի հսկա­յին՝ «­Մեթ­րօ-­Կոլ­տո­ւին-­Մէ­յըր»ի (MGM) այդ մա­սին ֆիլ­մի մը ծրա­գի­րը դա­րակ նե­տո­ւե­ցաւ, Ո­ւա­շինկ­թը­նի մօտ թրքա­կան դես­պա­նա­տան եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ բա­նե­ցո­ւած ճնշում­նե­րուն պատ­ճա­ռաւ: Բա­րե­բախ­տա­բար, այլ ֆիլմ մը ներ­կա­յիս ըն­թաց­քի մէջ է։

Փոր Սա­յի­տի մէջ ա­պաս­տա­նեալ­ներ ապ­րե­ցան վրան­նե­րու տակ, ուր ա­նոնք կը կե­րակ­րո­ւէին հա­ցի փու­ռե­րու, խո­հա­նո­ցի մը եւ սննդակտ­րօն­նե­րու խո­հա­նո­ցի մը մի­ջո­ցաւ: Ե­րե­խա­ներ յա­ճա­խե­ցին Սի­սո­ւան (­Կի­լի­կիոյ հին ա­նու­նը) դպրո­ցը, որ կը ղե­կա­վա­րո­ւէր Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան կող­մէ: Հի­ւանդ­նե­րը կը պատս­պա­րո­ւէին Հայ­կա­կան Կար­միր Խա­չին կող­մէ ղե­կա­վա­րո­ւող դար­մա­նա­տուն-հի­ւան­դա­նոց վրան­նե­րու տակ: Այր մար­դիկ եւ կի­ներ՝ հա­ւա­սա­րա­պէս, կ­՛աշ­խա­տէին ճար­տա­րա­րո­ւես­տա­կան զա­նա­զան մար­զե­րու մէջ, ո­րոնք կը գոր­ծէին Ա­մե­րի­կեան Կար­միր Խա­չին եւ «­Հա­յաս­տա­նի Բա­րե­կամ­ներ» անգ­լիա­կան ըն­կե­րու­թեան կող­մէ:

1916ին, շուրջ 500-600 ե­րի­տա­սարդ­ներ ող­նա­սիւ­նը կազ­մե­ցին ֆրան­սա­կան «Ա­րե­ւել­քի Լե­գէոն»ին (Legion d’Orient). հե­տա­գա­յին, ա­նի­կա վե­րա­կո­չո­ւե­ցաւ «­Հայ­կա­կան Լե­գէոն» (Legion Armenienne): Այս ու­ժը ա­ճե­լով Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Եւ­րո­պա­յէն եւ այլ վայ­րե­րէ ե­կած կա­մա­ւոր­նե­րու թի­ւով՝ յաղ­թա­կա­նօ­րէն կռո­ւե­ցաւ օս­մա­նեան բա­նա­կին դէմ Ա­րա­րա­յի ճա­կա­տա­մար­տին, Պա­ղես­տի­նի մէջ, 19 Սեպ­տեմ­բեր 1918ին, եւ դիւ­րա­ցուց դաշ­նա­կից­նե­րուն կող­մէ Մեծն Սու­րիոյ մնա­ցեալ մա­սին, ինչ­պէս նաեւ Կի­լի­կիոյ գրա­ւու­մը։

1919ին, Փոր Սա­յի­տի ա­պաս­տա­նեալ­ներն ու Հա­մա­յէն վե­րապ­րող­նե­րը ներ­գաղ­թե­ցին Մու­սա Լեռ: Յա­ջորդ եր­կու տաս­նա­մեակ­նե­րը վկա­յե­ցին վե­րա­կա­ռու­ցում եւ վերսկ­սում հին մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս՝ սանտ­րի, դգա­լի եւ ա­ծու­խի ար­տադ­րու­թիւն ու շե­րա­մա­գոր­ծու­թիւն եւ երկ­րա­գոր­ծու­թիւն: Հիւ­սո­ւա­ծե­ղէ­նի նոր գոր­ծա­րա­նը ա­ւե­լի լաւ ա­պա­գա­յի յոյս ներշն­չեց: Յատ­կա­պէս Պի­թիա­սը դար­ձաւ զբօ­սաշր­ջի­կու­թեան եւ ար­ձա­կուր­դի ժո­ղովր­դա­կան կեդ­րոն: Ե­րեք յա­րա­նո­ւա­նու­թիւն­նե­րը վե­րա­բա­ցին ի­րենց ե­կե­ղե­ցի­ներն ու դպրոց­նե­րը: Կա­մա­ւոր միու­թիւն­ներ ձգտե­ցան բա­րե­լա­ւել կրօ­նա­կան, դաս­տիա­րակ­չա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քը: Ս.Դ.Հ.Կ.ն­ ու Հ.Յ.Դ.ն մր­ցե­ցան քա­ղա­քա­կան գե­րա­կա­յու­թիւն հաս­տա­տե­լու՝ տե­ղա­կան խոր­հուրդ­նե­րու եւ շրջա­նա­յին օ­րէնսդ­րու­թեանց մի­ջո­ցաւ. Հ.Յ.Դ.ն յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րեց սոյն մրցակ­ցու­թեան մէջ:

Դժ­բախ­տա­բար, այս բո­լո­րը յան­կար­ծա­կան կեր­պով վերջ գտան 1939ի ամ­րան, երբ Ֆ­րան­սա՝ հիւ­սիս-ա­րեւմ­տեան Սու­րիոյ ինք­նա­վար գա­ւառ Իս­կեն­տե­րուն-Ա­լեք­սանտ­րէթ Սան­ճա­գը, նե­րա­ռեալ Մու­սա Լե­ռը եւ հայ­կա­կան այլ վայ­րեր, յանձ­նեց Թուր­քիոյ: Հա­յե­րուն ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ընտ­րեց հե­ռա­նալ շրջա­նէն դէ­պի Սու­րիոյ այլ վայ­րեր եւ Լի­բա­նան՝ վախ­նա­լով թրքա­կան իշ­խա­նու­թե­նէն։

Մու­սա­լեռ­ցի­նե­րուն միայն 6 տո­կո­սը ո­րո­շեց մնալ: Մ­նա­ցող­նե­րը ներ­կա­յիս կեդ­րո­նա­ցած են Վա­գը­ֆի մէջ, որ վեր­ջերս կը ներ­կա­յա­ցո­ւի իբ­րեւ Թուր­քիոյ մէջ մնա­ցած միակ հայ­կա­կան գիւ­ղը:

Մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, որ հե­ռա­ցաւ Մու­սա Լե­ռէն, ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս բա­նա­կե­ցաւ Ռաս էլ Պա­սիթ, որ կը գտնո­ւի Մի­ջերկ­րա­կա­նի եզ­րին՝ Քե­սա­պի եւ Լա­թա­քիոյ մի­ջեւ: Ա­պա ժո­ղո­վուր­դը վե­րա­տե­ղա­ւո­րո­ւե­ցաւ Լի­բա­նա­նի Այն­ճար կո­չո­ւած վայ­րը, Պե­քաա­յի հո­վի­տին մէջ: Սու­րիոյ եւ Լի­բա­նա­նի Ֆ­րան­սա­կան Բարձր Հո­գա­տա­րու­թիւ­նը ոչ միայն գնեց հո­ղա­տա­րած­քը, այ­լեւ կա­ռու­ցեց բնա­կա­րան­նե­րը: Մեծ դժո­ւա­րու­թեամբ, յոգ­նա­ջան աշ­խա­տան­քով եւ յա­րա­տե­ւու­թեամբ, Այն­ճա­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին վե­րա­ծո­ւե­ցաւ կեն­սու­նակ գիւ­ղա­կան հա­մայն­քի: Ան­ցեալ տա­րի ա­նի­կա նշեց իր 75ա­մեա­կը: 1946-47ին, Այն­ճա­րի ժո­ղո­վուր­դի կէ­սէն ա­ւե­լին հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տան:

Ո՛ւր ալ գտնո­ւին, մու­սա­լեռ­ցիք ա­մէն տա­րի կը յի­շա­տա­կեն 1915ի ի­րենց հե­րո­սա­կան ա­րար­քը։ Ա­նոնք նաեւ յու­շա­կո­թող­ներ բարձ­րա­ցու­ցած են. Տա­մաճ­լի­քի յու­շա­կո­թո­ղի բա­ցու­մը՝ նոյ­նինքն Մու­սա Լե­րան մէջ, մեծ շու­քով եւ հան­գա­ման­քով կա­տա­րո­ւե­ցաւ 18 Սեպ­տեմ­բեր 1932ին: Ա­նոր կող­քին թա­ղո­ւե­ցան հե­րո­սա­մար­տի 18 նա­հա­տակ­նե­րու ա­ճիւն­նե­րը՝ ցան­կա­պա­տո­ւած գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ: Հա­յաս­տա­նի մէջ, վե­հա­շուք յու­շա­կո­թող մը եւ յա­րա­կից թան­գա­րան մը կանգ­նե­ցան բլու­րի կա­տա­րին Մու­սա Լեռ ա­ւա­նի, որ կը գտնո­ւի մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նի եւ Ս. Ա­թոռ Էջ­միա­ծի­նի մի­ջեւ: Այն­ճա­րի մէջ յի­շա­տա­կի կա­ռոյց մը կը գտնո­ւի Յա­ռաջ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նին եւ Ս. Պօ­ղոս ե­կե­ղեց­ւոյ մի­ջեւ: Գա­նա­տա­յի Օն­թա­րիօ նա­հան­գի Քեմպ­րիճ քա­ղա­քին մէջ, յի­շա­տա­կի կա­ռոյց մը նոյն­պէս կը հրա­պու­րէ տօ­նող­նե­րը ա­մէն տա­րի Սեպ­տեմ­բե­րին:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ Մու­սա Լե­րան դի­մադ­րու­թեան այս հա­րիւ­րա­մեա­կին, մար­տահ­րա­ւէր­ներ տա­կա­ւին կը յա­մե­նան: Ինչ­պէ՞ս պահ­պա­նել մու­սա­լեռ­ցիի ինք­նու­թիւ­նը: Ինչ­պէ՞ս պահ­պա­նել բար­բա­ռը: Ինչ­պէ՞ս հա­ղոր­դել պատ­մու­թիւ­նը: Ինչ­պէ՞ս արթնց­նել ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րու գի­տակ­ցու­թիւ­նը ի­րենց ար­մատ­նե­րուն նկատ­մամբ եւ այլն: Ղե­կա­վա­րու­թիւն, տե­սիլք, ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն, հնա­րամ­տու­թիւն, ար­հես­տա­գի­տու­թիւն եւ այլ նո­րա­ձե­ւա­կան մօ­տե­ցում­ներ լու­ծումն են այս մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն: Դէ­պի մո­ռա­ցում փո­խադ­րո­ւի­լը այ­լընտ­րանք չէ՛:

ԴՈԿՏ. ՎԱՀՐԱՄ ՇԷՄՄԱՍԵԱՆ