Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Պանդխ­տու­թիւ­նը, գաղ­թը, տա­րագ­րու­թիւ­նը դա­րեր շա­րու­նակ հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս պա­տու­հա­սած են: Հի­նէն ի վեր հա­յե­րու ար­տա­գաղ­թը միշտ ալ մտա­հո­գիչ ե­ղած է, իսկ այ­սօր ա­տի­կա կը հաս­նի վտան­գա­ւոր չա­փե­րու` Հա­յաս­տա­նէն եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն: Ե­թէ ա­րեւ­մուտք­ցի լրագ­րող­ներ այ­սօր ոչ այն­քան

խո­րա­նա­լով կ­՛անդ­րա­դառ­նան մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ տագ­նա­պի վե­րա­ծո­ւած այս ա­ղէ­տին, ա­ւե­լի քան հա­րիւ­րա­մեակ մը ա­ռաջ Մեծ Ե­ղեռ­նի նա­հա­տակ գրող­նե­րէն` Հ­րանդ (­Մել­քոն Կիւր­ճեան) իր «­Պան­դուխ­տի կեան­քէն» (հա­տո­ւած մը` քո­վի սիւ­նա­կով) կո­թո­ղա­կան գոր­ծով ներ­կա­յա­ցու­ցած է մար­դոց տա­ռա­պան­քը, որ հա­ւա­նա­բար ո­րոշ հա­շիւ­նե­րով կամ տա­ղան­դի չգո­յու­թեան պատ­ճա­ռով այ­սօր կը վրի­պի ա­րեւ­մուտք­ցի լրագ­րող­նե­րու աչ­քե­րէն եւ գրիչ­նե­րէն: Հա­զա­րա­ւոր նո­րօ­րեայ պան­դուխտ­ներ այս օ­րե­րուն Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն կ­՛ուղ­ղո­ւին դէ­պի Գեր­մա­նիա եւ հիւ­սի­սա­յին Եւ­րո­պա` այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին դի­մագ­րա­ւե­լով վտանգ­ներ` Ե­գէա­կան ծո­վուն նա­ւեր խոր­տա­կող ա­լիք­նե­րը, պալ­քա­նեան եր­կիր­նե­րու ա­ւա­զակ­նե­րը եւ Եւ­րո­պա­յի ցա­մա­քա­մա­սի եր­կար ու­ղին: Ս­տո­րեւ` այս ո­դի­սա­կա­նը ներ­կա­յաց­նող լրագ­րող­նե­րու` Ք­րիս Պաք­լը­րի (­Մա­կե­դո­նիա), Կի Տե­լո­նիի (­Պելկ­րատ), Նիք Թոր­փի (­Հուն­գա­րիա), Պե­թա­նի Պե­լի (­Վիեն­նա) եւ Ճե­նի Հի­լի (­Պեր­լին) յօ­դո­ւած­նե­րը` անն­շան կրճա­տում­նե­րով:

Նոր կեանք փնտռող պան­դուխտ­նե­րուն եւ գաղ­թա­կան­նե­րուն հա­մար Եւ­րո­պա անց­նի­լը յա­ճախ կը նշա­նա­կէ հա­տել ծո­վը: Թուր­քիոյ եւ Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ ա­տի­կա կրնայ ըլ­լալ կարճ ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը, բայց նաեւ` շատ վտան­գա­ւոր, մաս­նա­ւո­րա­բար ա­նոնց հա­մար,որոնք նա­ւակ բնաւ չեն օգ­տա­գոր­ծած: Այդ­պի­սի­նե­րը բազ­մա­թիւ են: Նախ­քան ա­րե­ւա­ծա­գը` Թուր­քիոյ ա­փա­մերձ շրջան­նե­րուն մէջ սո­վո­րա­կան դար­ձած է տես­նել մար­դիկ, ո­րոնք մու­թին մէջ կը չար­չարուին ի­րենց նա­ւակ­նե­րով, ո­րոնք պատ­րաս­տո­ւած են ծո­վե­զեր­քը շրջա­գա­յող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու եւ ոչ ճամ­բորդ­նե­րու հա­մար:

Ո­մանք կը փրկո­ւին ա­փա­մերձ հսկո­ղու­թիւն կա­տա­րող նա­ւե­րու կող­մէ, ու­րիշ­ներ կը կոր­սո­ւին ջու­րին մէջ: Գո­հու­նա­կու­թիւ­նը, թե­թե­ւա­ցու­մը յստակ է ա­նոնց մօտ, ո­րոնք կը յա­ջո­ղին հաս­նիլ Քոս եւ Լես­պոս կղզի­նե­րու ա­փե­րը, սա­կայն մե­ծա­մաս­նու­թեան հա­մար այդ ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը միայն սկիզբն է: Ա­նոնք ա­պա պէտք է ար­ձա­նագ­րո­ւին ստա­նա­լու հա­մար փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնց մի­ջո­ցով կրնան ճամ­բոր­դել Եւ­րո­պա­յի այլ շրջան­ներ եւ դուրս գալ կղզիէն:­ Դէ­պի Ա­թէնք տա­նող նա­ւեր կան, բայց բազ­մա­թիւ ըն­տա­նիք­ներ կ­՛ու­զեն այլ տեղ մեկ­նիլ: Իսկ ա­սի­կա կը նշա­նա­կէ Յու­նաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քէն դուրս եր­կար ու­ղե­ւո­րու­թիւն` հիւ­սիս, ոչ միայն Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու տա­րած­քէն, այլ` Պալ­քան­նե­րէն: Կեւ­կե­լի­ճա շո­գե­կառ­քի կա­յա­րա­նը (­Սքոփիա), ճիշդ սահ­մա­նին վրայ, ա­մէ­նէն յայտ­նի դժո­ւա­րան­ցա­նե­լի կէտն է: Գաղ­թա­կան­նե­րը պէտք է ար­ձա­նագ­րո­ւին ոս­տի­կա­նա­տան մէջ, որ­պէս­զի ստա­նան անհ­րա­ժեշտ փաս­տա­թուղ­թեր` 72 ժա­մէն երկ­րի տա­րած­քէն անց­նե­լով դուրս գա­լու հա­մար: Կա­յա­րա­նին մէջ մար­դիկ զայ­րաց­կոտ եւ  եր­կար կը սպա­սեն, որ­պէս­զի ի վեր­ջոյ տեղ գտնեն խճո­ղո­ւած շո­գե­կառ­քին մէջ, որ զի­րենք դուրս պի­տի բե­րէ Կեւ­կե­լի­ճա­յէն: Ո­մանք ստի­պո­ւած կը գի­շե­րեն տախ­տա­կա­մա­ծին վրայ: Եր­կա­թու­ղին կ­՛ա­ռաջ­նոր­դէ սահ­մա­նը Սեր­պիոյ, որ պալ­քա­նեան այլ եր­կիր մըն է` Եւ­րո­պա­յէն անց­նող եւ հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի բա­նուկ դար­ձող ու­ղիով:

Սեր­պիա Սքոփիա­յէն ա­ւե­լի ջերմ կ­՛ըն­դու­նի գաղ­թա­կան­նե­րը:

Սեր­պիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­միս­նե­րէ ի վեր պատ­րաս­տո­ւած են այս ներ­հոս­քին, եւ սահ­մա­նա­յին Միթ­րո­վաչ ա­ւա­նին մէջ հաս­տա­տած են ժա­մա­նա­կա­ւոր ըն­դուն­ման կեդ­րոն մը, ինչ­պէս նաեւ ա­ւե­լի մնա­յուն հան­րա­կա­ցա­րան մը` մօ­տա­կայ Փ­րե­սո­վի մէջ: Ա­սոնք վայ­րեր են, ուր մար­դոց կը տրա­մադ­րո­ւին ու­տես­տե­ղէն, ջուր, ա­պաս­տա­րան, ինչ­պէս նաեւ` երկ­րին մէջ կե­ցու­թիւ­նը ար­տօ­նող փաս­տա­թուղ­թեր: Տե­սա­կա­նօ­րէն ա­նոնք 72 ժամ ու­նին ներ­կա­յա­նա­լու ա­պաս­տան խնդրող­նե­րու Սեր­պիոյ 5 բնա­կա­րա­նա­յին կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը: Սա­կայն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը այդ ժա­մա­նա­կը կ­՛օգ­տա­գոր­ծէ հաս­նե­լու հա­մար Հուն­գա­րիոյ սահ­մա­նը, ուր­կէ կը յու­սան անց­նիլ Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն եւ ա­ռանց սահ­ման­նե­րու Շէն­կե­նեան տա­րածք:

Ա­րեւմ­տեան Պալ­քան­ներ ու­ղի

181.500 գաղ­թա­կան­ներ ցարդ այս տա­րի նա­ւով հա­սած են Յու­նաս­տան:
3 հա­զար` օ­րա­կան կը սպա­սո­ւի Սքոփիա:
90 հա­զար` Յու­նո­ւա­րէն ի վեր ան­ցած են Սեր­պիա­յէն:

80 հա­զար` ա­պաս­տան խնդրող­ներ կը սպա­սո­ւին Աւստ­րիոյ մէջ, 2015ին:
800 հա­զար ա­պաս­տան խնդրող­ներ կը սպա­սո­ւին Գեր­մա­նիոյ մէջ, 2015ին:

Այս մա­սին կը հա­ղոր­դեն այդ եր­կիր­նե­րու ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը:

Շա­տեր նախ կու գան Պելկ­րատ, ուր ա­նոնք կը փո­խադ­րո­ւին այլ հան­րա­կառ­քեր, դրա­մի փո­խանց­ման գրա­սե­նեակ­նե­րէն կան­խիկ գու­մար­ներ  կը ստա­նան, կամ ալ պահ մը կը հանգ­չին եր­կա­րա­տեւ եւ վտան­գա­ւոր ու­ղե­ւո­րու­թե­նէ մը ետք: Հան­րա­կառ­քի կա­յա­րա­նին կից գտնո­ւող հրա­պա­րա­կը գաղ­թա­կան­նե­րու ան­պաշ­տօն կեդ­րո­նը ե­ղած է ա­միս­նե­րէ ի վեր:

Սեր­պիոյ գաղ­թա­կան­նե­րու յանձ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը այս տա­րի ցարդ ար­ձա­նագ­րած է 90 հա­զար ան­ձի ժա­մա­նա­կա­ւոր կե­ցու­թեան հաս­տա­տա­գիր­ներ: Բայց միայն 500ը մտած է ա­պաս­տան խնդրե­լու հո­լո­վոյթ: Մ­նա­ցեալ­նե­րուն հա­մար ե­րա­զը Գեր­մա­նիոյ, Շո­ւէ­տի կամ Նոր­վե­կիոյ նման եր­կիր­նե­րու մէջ նոր կեանք մը սկսիլն է:

Հուն­գա­րիոյ ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րը կը հսկեն սահ­մա­նա­յին ան­ցար­գե­լին մօտ, որ կազ­մո­ւած է փշա­լա­րե­րէ (իս­կա­կան պատ­նէ­շը հաս­տա­տո­ւած է ա­ւե­լի ան­դին), եւ  գաղ­թա­կան­ներ ա­տոր վրայ նե­տած են վեր­մակ­ներ, շար­ժա­կան ան­կո­ղին­ներ նո­ւա­զեց­նե­լու հա­մար վի­րա­ւո­րո­ւե­լու վտան­գը: Բայց սահ­մա­նի այս կէ­տին վրայ շա­տեր ա­ւե­լի դիւ­րին տար­բե­րա­կը կ­՛ընտ­րեն. պար­զա­պէս կը քա­լեն շատ հա­զո­ւա­դէպ օգ­տա­գոր­ծուող եր­կա­թու­ղիին վրա­յէն, որ անցք մը կը բա­նայ փշա­լա­րե­րուն մէ­ջէն: Այն­տեղ կան զի­րենք դի­մա­ւո­րող լուրջ, բայց ոչ այ­լա­մերժ յա­ւե­լեալ ոս­տի­կան­ներ, ո­րոնք  անգ­լե­րէն խօ­սե­լով` կ­՛ը­սեն.- «­Շա­րու­նա­կե­ցէք եր­կա­թու­ղին`մէկ քի­լո­մեթր»:

Ար­տա­ռոց հա­կադ­րու­թիւն մը ի յայտ ե­կած է  գաղ­թա­կան­նե­րու ճգնա­ժա­մը լու­ծե­լու Հուն­գա­րիոյ ջան­քե­րուն մէջ: Մինչ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր զայ­րոյ­թը կ­՛ար­տա­յայ­տէ «ա­պօ­րի­նի ներ­գաղ­թին» դէմ, ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը սահ­մա­նին վրայ կը շա­րու­նա­կէ ըն­թա­ցա­կար­գե­րը, ամ­բող­ջո­վին ներ­դաշ­նակ երկ­րի պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն` 1951 թո­ւա­կա­նի Մ.Ա.Կ.ի  Գաղ­թա­կան­նե­րու Հռչա­կա­գի­րին հի­մամբ:

«­Հուն­գա­րիոյ ոս­տի­կա­նը լաւ է: Սեր­պիոյ ոս­տի­կա­նը լաւ է: Թուր­քիոյ ոս­տի­կա­նը գէշ է»,- կ­՛ը­սէ սու­րիա­ցի մը` կտրտո­ւած անգ­լե­րէ­նով:

Գաղ­թա­կան­նե­րէն ո­մանք կը գոր­ծադ­րեն այն, ինչ որ ի­րենց ը­սո­ւած է` գաղ­թա­կա­յան­նե­րու մի­ջեւ ճամ­բոր­դել փաս­տա­թուղ­թե­րով, ո­րոնք ի զօ­րու են  48 ժամ: Սա­կայն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը փնտռէ շո­գե­կառ­քեր, հան­րա­կառ­քեր, թաք­սի­ներ, ո­րոնք զի­րենք Աւստ­րիա կամ Գեր­մա­նիա պի­տի տա­նին:

Բազ­մա­թիւ գաղ­թա­կան­ներ, ո­րոնք Աւստ­րիա կը հաս­նին, կը յու­սան շա­րու­նա­կել ի­րենց ճամ­բոր­դու­թիւ­նը դէ­պի Գեր­մա­նիա եւ այլ վայ­րեր Եւ­րո­պա­յի մէջ: Գեր­մա­նիոյ Պա­ւա­րիա նա­հան­գի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ ը­սին, որ ա­մէն օր սահ­մա­նը ան­ցած են 1400 գաղ­թա­կան­ներ, մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը` Աւստ­րիա­յէն:

Սա­կայն 8,5 մի­լիոն բնա­կիչ ու­նե­ցող Աւստ­րիոյ մէջ ա­պաս­տան խնդրող­նե­րը հետզ­հե­տէ կը բազ­մա­նան: Մա­յի­սէն ի վեր, շա­բա­թը մի­ջին հա­շո­ւով 2 հա­զար հո­գի կե­ցու­թեան ի­րա­ւունք ստա­ցած է` ըստ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան: Այս տա­րո­ւան ա­ռա­ջին վեց ա­միս­նե­րուն, 28 հա­զար հո­գի ա­պաս­տան խնդրած է (ա­ւե­լի` քան ամ­բողջ 2014ին): Կը սպասուի, որ այս թի­ւը մին­չեւ տա­րե­վերջ հաս­նի 80 հա­զա­րի: Գաղ­թա­կան­նե­րուն ա­ւե­լի քան 50 առ հա­րիւ­րը շո­գե­կառ­քե­րով, բեռ­նա­տար­նե­րով, փոքր հան­րա­կառ­քե­րով Աւստ­րիա կու գայ, դրա­ցի Հուն­գա­րիան եւ Պալ­քա­նեան եր­կիր­նե­րը հա­տե­լով: Գաղ­թա­կան­նե­րու խում­բեր, յա­ճախ ե­րե­խա­նե­րով, սկսած են սո­վո­րա­կան տե­սա­րան­ներ ըլ­լալ Աւստ­րիոյ գնաց­քի կա­յա­րան­նե­րուն մէջ:

Վեր­ջերս ա­րե­ւե­լեան Աւստ­րիոյ մէջ բազ­մա­ցած են գաղ­թա­կան­ներ փո­խադ­րող հան­րա­կառ­քե­րու ար­կած­նե­րը: Ո­մանք ծան­րօ­րէն վի­րա­ւո­րո­ւած են, վա­րորդ­ներ ձեր­բա­կա­լո­ւած են եր­թե­ւե­կի կա­նոն­նե­րու խախ­տում­նե­րու հա­մար:

Գաղ­թա­կան­նե­րու ա­պաս­տան շնոր­հե­լու հո­լո­վոյ­թի գլխա­ւոր կեդ­րո­նը` Թ­րէյս­քիր­չըն, որ կը գտնո­ւի Վիեն­նա­յի հա­րա­ւը, շա­բաթ­նե­րէ ի վեր խճո­ղո­ւած է: Հա­րիւ­րա­ւոր մար­դիկ, նե­րա­ռեալ ե­րե­խա­ներ, ստի­պո­ւած` դուր­սը կը քնա­նան, մինչ Աւստ­րիոյ դաշ­նակ­ցա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, նա­հան­գա­պե­տա­րան­ներ եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րան­ներ կը վի­ճին, թէ ա­նոնք ո՛ւր պի­տի տե­ղա­ւո­րո­ւին: Ներ­ման Մի­ջազ­գա­յինական կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը  վեր­ջերս դա­տա­պար­տեց Թ­րէյս­քիր­չը­նի մէջ կա­ցու­թիւ­նը` ա­տի­կա ա­նո­ւա­նե­լով «ա­մօ­թա­լի», յատ­կա­պէս` Աւստ­րիոյ նման հա­րուստ երկ­րի մը հա­մար:

Դէ­տի մը հա­մար Գեր­մա­նիոյ դրու­թիւ­նը վտան­գա­ւոր կեր­պով քաո­սա­յին կը թո­ւի: Երբ ես Պեր­լի­նի ըն­դու­նե­լու­թեան կա­յան այ­ցե­լե­ցի, հա­րիւ­րա­ւոր գաղ­թա­կան­ներ ա­մառ­նա­յին տաք ե­ղա­նա­կին ժա­մե­րէ ի վեր կանգ­նած կը սպա­սէին, որ­պէս­զի ար­ձա­նագ­րո­ւին: Կա­մա­ւոր բժիշկ մը, որ կա­յա­նին մօտ ժա­մա­նա­կա­ւոր տե­ղա­կա­յո­ւած բու­ժա­րա­նին պա­տաս­խա­նա­տուն էր, ը­սաւ.- «Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը զար­մա­ցած են մար­դոց ա­նակն­կալ հոս­քով»:

Նոր հաս­նող­նե­րը նախ կ­՛ար­ձա­նագ­րո­ւին գեր­մա­նա­կան նա­հան­գի մը մէջ, որ կը յատ­կաց­նէ ո­րոշ գու­մար մը (ամ­սա­կան շուրջ 140 եւ­րօ) եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր բնա­կա­րան, յար­մա­րու­թիւն­ներ, մին­չեւ որ ա­ւար­տի ա­պաս­տա­նի դի­մու­մի հո­լո­վոյ­թը, որ մի­ջին հա­շո­ւով կը տե­ւէ 7 ա­միս: Յա­ջո­ղե­լու պա­րա­գա­յին, նա­հան­գը գաղ­թա­կա­նին մնա­յուն բնա­կա­րան եւ յար­մա­րու­թիւն­ներ կը յատ­կաց­նէ:

Բայց ա­մէն նա­հանգ իր սե­փա­կան ըն­թա­ցա­կար­գե­րը, իր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ խնդիր­նե­րը ու­նի: Մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը դժո­ւա­րա­նայ բնա­կա­րան­նե­րով օժ­տել ա­մէն օր հաս­նող բազ­մա­թիւ գաղ­թա­կան­նե­րը, ո­րոնք կը բնա­կին վրան­նե­րու տակ, կե­ցու­թեան վայ­րի վե­րածուած պա­հես­տա­նոց­նե­րու եւ պան­դոկ­նե­րու մէջ: Ես հան­դի­պե­ցայ սու­րիա­ցիի մը, որ իր աղջ­նա­կը ցոյց տա­լով ը­սաւ, թէ վեր­ջին քա­նի մը օ­րե­րուն փո­ղո­ցը պառ­կած են:

Գ­րե­թէ ա­մէն օր Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը կրկնէ իր պա­հանջ­նե­րը. Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րը, նե­րա­ռեալ Բ­րի­տա­նիա, պէտք է յա­ւե­լեալ գաղ­թա­կան­ներ ըն­դու­նին, իսկ Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւ­նը պէտք է հա­մա­ձայ­նի գաղ­թա­կան­նե­րու տագ­նա­պը դի­մագ­րա­ւե­լու ջան­քե­րու հա­մա­կարգ­ման:

Թէեւ ա­պաս­տան խնդրող­նե­րուն դէմ յար­ձա­կում­նե­րը կ­՛ա­ւել­նան, սա­կայն թի­ւե­րը յա­րա­բե­րա­բար ցած են, եւ ար­տա­սո­վոր թի­ւով մար­դիկ նոր հաս­նող­նե­րուն օգ­նե­լու հա­մար կը յատ­կաց­նեն ի­րենց ժա­մա­նա­կը, կամ` ու­նե­ցո­ւած­քը:

Գեր­մա­նիոյ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը նա­խա­տե­սեց, որ 800 հա­զար անձ այս տա­րի ա­պաս­տան պի­տի խնդրէ: Ան ա­ւել­ցուց.- «Մ­տա­հոգ եմ, որ ըն­դու­նե­լու­թեան այս լաւ վե­րա­բե­րու­մը կրնայ փո­խո­ւիլ: Ա­ռանց կա­մա­ւոր­նե­րու ջան­քե­րուն` դժո­ւար կ­՛ըլ­լայ խնդի­րը լու­ծել»:

Պատ­րաս­տեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Աղ­բիւր` «­Պի.­Պի.­Սի»