Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Կր­թա­կան տա­րե­մու­տի յու­զիչ ու խան­դա­վառ մթնո­լոր­տը այս օ­րե­րուն զգա­լի է ա­մէ­նու­րեք։
Իբ­րեւ ծնողք թէ յու­նա­հայ ազ­գա­յին, հպար­տու­թեան զգա­ցու­մը կը հա­մա­կէ բո­լորս՝ ա­մէն ան­գամ, որ մա­մու­լէն կը տե­ղե­կա­նանք հա­մալ­սա­րան մուտ­քի քննու­

թեանց մէջ նո­րա­հաս մեր սե­րուն­դի տղոց եւ աղ­ջիկ­նե­րուն ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թեանց մա­սին։

Նոյ­նիսկ Յու­նաս­տա­նի նման տնտե­սա­պէս ա­րիւ­նա­քամ երկ­րի մը մէջ, ուր նաեւ քա­ղա­քա­կան ա­պա­գա­յի ա­նո­րո­շու­թիւ­նը շատ ծանր կը ճնշէ, ու­սում­նա­կան նոր տա­րո­ւան սկզբնա­ւո­րու­մին հետ ա­մէնքն ալ կը լեցուին նո­րա­հաս սե­րուն­դին հո­գեմ­տա­ւոր հաց եւ ջուր հասցնե­լու յանձ­նա­ռու­թեամբ։

Յու­նա­հայ ծնո­ղը, ինչ­պէս եւ իւ­րա­քան­չիւր հայ ազ­գա­յին, նաեւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ պատ­ճառ ու­նի մեծ կա­րե­ւո­րու­թեամբ վե­րա­նո­րո­գե­լու Հայ Դպ­րո­ցի պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման ան­սա­կար­կօ­րէն նո­ւի­րո­ւե­լու իր ա­ռա­քե­լու­թեան ուխ­տը։

Հա­մալ­սա­րան մուտ­քի քննու­թեանց մէջ յա­ջո­ղած իւ­րա­քան­չիւր հայ ա­նու­նի ըն­թեր­ցու­մին հետ, բո­լո­րիս մէջ կ’ամ­րապնդուին մեր խղճի սրբա­զան պարտ­քը կա­տա­րած ըլ­լա­լու հա­ւատքն ու ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը՝ մեր զա­ւակ­նե­րուն եւ ընդ­հան­րա­պէս նո­րա­հաս սե­րուն­դին հո­գեմ­տա­ւոր սնուն­դի օ­ճա­խը հաս­տա­տուն պա­հե­լու ա­ռու­մով։

Ա­յո՛, բո­լորս ալ գի­տենք եւ կը գի­տակ­ցինք, որ ամ­բողջ Յու­նաս­տա­նի հետ նաեւ ու մա­նա­ւանդ մեր հա­մայն­քին հա­մար՝ կրթա­կան վե­րա­մու­տին վրայ այս տա­րի ծանր կը ճնշեն տնտե­սա­կան լուրջ անձ­կու­թիւն­ներ։

Պե­տու­թիւ­նը չի կրնար ե­րաշ­խիք տալ, որ այս տա­րեշր­ջա­նին պի­տի կա­րե­նայ կա­տա­րել հայ ու­սու­ցիչ­նե­րուն աշ­խա­տա­վար­ձի հո­գա­տա­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ իր ստանձ­նած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Այ­սինքն՝ ու­սում­նա­կան տա­րե­մու­տը կը սկսինք ա­ռանց ե­րաշ­խիք ու­նե­նա­լու, որ պի­տի կա­րե­նանք պե­տա­կան օգ­նու­թեամբ տէր կանգ­նե­լու Հայ Դպ­րո­ցը հա­յա­կեր­տու­մի օ­ճախ դարձ­նող մեր ու­սու­ցիչ­նե­րուն։

Ա­յո՛, բո­լորս ալ նաեւ գի­տենք ու խո­րա­պէս կը գի­տակ­ցինք, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը դիւ­րութեամբ ձեռն­թափ ե­ղող ու պար­տու­թիւն ըն­դու­նող տե­սա­կը չէ։

Մեր վար­ժա­րան­նե­րը ան­ցեա­լին եւս դի­մագ­րա­ւած են լուրջ դժուա­րու­թեան պա­հեր, բայց ա­մէն ան­գամ ալ կրցած ենք բաց պա­հել դռնե­րը Հայ Դպ­րո­ցին, որ­պէս­զի մեր զա­ւակ­նե­րը չզրկուին ազ­գա­յին ինք­նա­պահ­պա­նու­մի եւ հա­յե­ցի ինք­նա­կեր­տու­մի ի­րենց հա­րա­զատ օր­րա­նէն ու ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւա­նէն։

Այ­սօ­րո­ւան ճգնա­ժա­մը, ան­կաս­կա՛ծ, ան­նա­խա­դէպ տա­րո­ղու­թեամբ ծան­րակ­շիռ է։

Բայց ա­տի­կա ոչ թէ պատ­ճառ է տա­տա­նու­մի եւ յու­սալ­քու­թեան, այլ աղ­բիւր է յա­ւե­լեալ կո­րո­վի եւ վճռա­կա­նու­թեան, որ­պէս­զի քա­ղա­քա­կան եւ յա­րա­բե­րա­կան, հա­մայն­քա­յին եւ միու­թե­նա­կան ա­մէն դուռ բա­խենք եւ տէր կանգ­նինք հա­ւա­քա­կան մեր ա­պա­գան ե­րաշ­խա­ւո­րող կազ­մա­կեր­պա­կան ող­նա­սիւ­նին՝ Հայ Դպ­րո­ցին։

Մեր զա­ւակ­նե­րը հա­յե­ցի կրթու­թեամբ հա­մալ­սա­րան հասց­նե­լու եւ կեան­քի աս­պա­րէզ մուտ­քին հա­մար մաս­նա­գի­տա­կան գի­տու­թեամբ զի­նե­լու հա­ւա­քա­կան մեր տո­գո­րու­մը վե­րա­նո­րոգ­ման մար­տահ­րա­ւէ­րին առ­ջեւ է կանգ­նած։

Հա­մալ­սա­րան մուտ­քի քննու­թեանց յա­ջո­ղած իւ­րա­քան­չիւր հայ ու­սա­նող լա­ւա­գոյն յու­շա­րարն է Հայ Դպ­րո­ցի ա­ռա­քե­լու­թեան փա­րե­լու հա­ւա­քա­կան մեր ուխ­տին եւ յանձ­նա­ռու­թեան։

Հայ Դպ­րո­ցին պահ­պա­նու­մը, ի վեր­ջոյ, մեր սրբա­զան Պարտքն է՝ մեր ու Ազ­գի զա­ւակ­նե­րուն հան­դէպ։

Ի խնդիր հա­յօ­րէ՛ն գո­յա­տե­ւե­լու հա­ւա­քա­կան մեր պայ­քա­րին։