Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Օգոստոս 4ին, ժամը 12:00ին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ, տեղի կ'ունենայ Հայկ Դեմոյեանի «Հայկական սպորտը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան Կայսրութիւնում» մենագրութեան շնորհանդէսը եւ համանուն ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացումը:

Այս հրատարակութիւնը 2009ին լոյս ընծայուած համանուն հատորի լրամշակուած ու փոխուած տարբերակն է: Գիրքին մէջ առաջին անգամ կը համադրուին եւ կը ներկայացուին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայկական սպորտի (մարզախաղ) եւ մարմնակրթութեան ձեւաւորման նախապատմութիւնը, արեւմտահայութեան մօտ մարմնամարզութեան ու սպորտի զարգացման ընթացքն ու առաջին հայ մարմնամարզական ակումբներու գործունէութիւնը: Լուսանկարչական նիւթով հարուստ այս հրատարակութեամբ ընթերցողին կը ներկայացուին հայկական սպորտի պատմութեան մինչեւ օրս անյայտ, սակայն չափազանց հետաքրքիր դրուագներ:
Օգոստոս 4էն մինչեւ Հոկտեմբեր 1 կը գործէ նաեւ «Հայկական սպորտը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան Կայսրութիւնում» ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը՝ կազմուած 12 խորագիրներէ: Ներկայացուած պիտի ըլլան բացառիկ նիւթեր եւ լուսանկարներ: Միջոցառման պատուոյ հիւրերը պիտի ըլլան նշանաւոր մարզիկներ եւ սկաուտապետեր Գրիգոր Ճոլոլեանի, Շաւարշ Քրիսեանի, Վահան Չերազի ժառանգները:

 

Պատմական ակնարկ

Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայկական սպորտի զարգացման պատմութիւնը կը սկսի 19րդ դարու վերջերէն, երբ յառաջացան առաջին մարմնամարզական ակումբներն ու խմբակները: Սուլթան Ապտուլ Համիտի օրօք սպորտով կամ ֆուտպոլով զբաղուիլը խստիւ արգելուած էր, իսկ այս արգելքը խախտողները պատիժի կ'ենթարկուէին:
20րդ դարու սկիզբներր Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ ձեւաւորուեցան առաջին հայկական ֆուտպոլային խումբերը: Այս ընթացքով ի յայտ եկան նաեւ փրոֆեսիոնալ (արհեստավարժ) մարզական կրթութիւն ստացած մարզիկներ, սպորտսմենի կրթութիւն ստացած Շաւարշ Քրիսեան, Մկրտիչ Մկրեան եւ այլոք, որոնք նշանակալից դերակատարութիւն ունեցան օսմանահպատակ հայերու մօտ սպորտի մասսայականացման եւ անոր հանդէպ հետաքրքրութեան աճեցման գործով:
Կայսրութեան սպորտային տարեգրութեան մէջ իւրայատուկ դրուագ էր Ստոկհոլմի հինգերորդ միջազգային ողիմպիական խաղերուն երկու հայ մարզիկներու՝ Վահրամ Փափազեանի եւ Մկրտիչ Մկրեանի մասնակցութիւնը, որոնք դարձան Կայսրութիւնը ներկայացնող առաջին ողիմպիականները, հանդէս գալով օսմանեան դրօշի ներքոյ:
Օսմանեան Կայսրութեան անդրանիկ սպորտային պարբերականի «Մարմնամարզ»ի հրատարակումը (1911-1914թթ.) Շաւարշ Քրիսեանի կողմէ լրացուցիչ խթան հանդիսացաւ Կայսրութեան հայ բնակչութեան մօտ սպորտի հանդէպ հետաքրքրութեան աճեցման:
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի նախօրէին միայն Պոլսոյ մէջ կը գործէին շուրջ 40 հայկական մարմնամարզական ակումբներ: Հայկական ֆուտպոլային խումբերը կը մասնակցէին Կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ գործող քանի մը լիկաներու ընդգրկուած խմբային ու միջազգային մրցաշարերուն: Առաւել յայտնի էին «Բալթա Լիման», «Արաքս», «Տորք» ֆուտպոլային խումբերը: Պոլիսէն զատ հայկական սպորտային ակումբներ ստեղծուեցան Զmիւռնիոյ մէջ, Նիկոմեդիայի, Կարինի, Ատանայի, Վանի, Կեսարիոյ, Տորթեոլի, Տրապիզոնի մէջ եւ այլուր:
1911-1914թթ. տասնեակ հայկական սպորտային եւ մարմնամարզական ակումբներու եւ խմբակներու մասնակցութեամբ կազմակերպուեցան հայկական ողիմպիական խաղեր, ուր կը սահմանուէին ռեկորդներ (մրցանիշներ), իսկ յաղթողները կը պարգեւատրուէին արծաթէ մետալներով (շքանշաններով): 1913թ. Ատանայի մէջ կատարուեցան նաեւ առաջին «Կիլիկեան ողիմպիական խաղերը»:
Հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան զոհ դարձան բազմաթիւ հայ մարզիկներ, որոնց մէջ նաեւ «Մարմնամարզ»ի խմբագիր Շաւարշ Քրիսեան, որմէ ետք պարբերականը դադրեցաւ լոյս տեսնելէ:
1915-1920 թթ. բազմաթիւ հայ մարզիկներ դարձան ցեղասպանութեան զոհ, հայկական սպորտային ակումբներու մեծ մասը դադրեցաւ գործելէ:

Հայոց Ցեղասպանութեան
Թանգարան-Ինսթիթութ