Զարմանալիօրէն, ասոնք այն նոյն ահաբեկիչներն են, որոնց Անգարա շատոնց զինած եւ աջակցած է՝ Սուրիա թափանցելու համար, եւ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած անոնց՝ թրքական հի ւանդանոցներուն մէջ:
Ըստ գնահատականներու՝ 25 հազար այլազգի եւ հազար թուրք ճիհատիստներ Սուրիա մտած են Թուրքիոյ սահմանէն վերջին տարիներուն՝ փորձելով տապալել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատը:
Իբրեւ առիթ օգտագործելով անցեալ շաբաթ թուրք զինուորի մը սպաննուելուն փաստը, Սուրիոյ կողմէ արձակուած կրակոցէն, Էրտողան հրամայեց ցամաքային եւ օդային ռմբակոծութիւններ իրականացնել Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալել աւելի քան հազար մարդ, որոնք կասկածելի են՝ քիւրտ զինեալներ, ձախակողմեան գրոհայիններ եւ «Իսլամական Պետութեան» (ԻԼԻՊ) կողմնակիցներ ըլլալու մէջ:
Քանի մը տարուան դժկամութենէն յետոյ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը Յուլիս 24ին վերջապէս յայտարարեց, որ կ՝արտօնէ Միացեալ Նահանգներուն օգտագործելու իր ռազմական օդակայանները՝ Սուրիոյ մէջ ճիհատական խմբաւորումներու վրայ յարձակելու համար:
ԻԼԻՊի ահաբեկիչներուն դէմ պայքարելու կամ Միացեալ Նահանգներու հետ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ռազմական գործողութիւններու մէջ համագործակցելու փոխարէն, Էրտողանի իրական մտադրութիւնն է ամրապնդել իր սեփական իշխանութիւնը՝ հասնելու հետեւեալ շահադիտական նպատակներուն.-
Թուրքիոյ նախագահը կը գիտակցի, որ եթէ իր իշխող կուսակցութիւնը չյաջողի ձեւաւորել միախառն կառավարութիւն, ուրեմն ան պարտաւոր է խորհրդարանական ընտրութիւններու նոր փուլ անցնելու: Հետեւաբար, խիստ գործողութիւններ ձեռնարկելով ԻԼԻՊի եւ քիւրտ զինեալներու դէմ՝ Էրտողան յոյս ունի, որ թուրք ընտրողները լրացուցիչ քուէներ պիտի տան իր կուսակցութեան, որոնք անհրաժեշտ են խորհըրդարանական մեծամասնութեան վերականգնման համար:
Միւս կարեւոր նպատակը, որուն համար Թուրքիա կը ռմբակոծէ Հիւսիսային Սուրիան եւ Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան (Ք.Ա.Կ.) ռազմակայանները Իրաքի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ կը ձերբակալէ հարիւրաւոր քիւրտ զինեալներ Թուրքիոյ մէջ, ոչ թէ ԻԼԻՊի դէմ պայքարիլն է, այլ խափանումը Սուրիոյ, Իրաքի եւ Թուրքիոյ քիւրտերու միաւորման, որոնք կը փափաքին ստեղծել անկախ Քիւրտիստան:
Ռազմական գործողութիւններ իրականացնելով Սուրիոյ մէջ՝ Էրտողան յոյս ունի յաջողցնելու Սուրիոյ կառավարութեան տապալման եւ մարիոնէտ (տիկնիկային) վարչաձեւի մը հաստատման իր վաղեմի երազանքը, ատով իսկ ընդլայնելով իր իբրեւ թէ նէօ(նոր)-օսմանեան սուլթանի անձնական իշխանութիւնը: Վերջապէս, յանդուգն յայտարարութիւններ ընելով ԻԼԻՊի դէմ եւ թոյլ տալով ամերիկացիներուն օգտագործելու Ինճիրլիքի ռազմակայանը՝ Թուրքիա մտադիր է համոզելու Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմտեան Եւրոպան, որ ինք ՆԱԹՕի վստահելի դաշնակից է եւ հաւատարիմ գործընկեր՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:
Նման դրական կերպարի ստեղծումը յատկապէս կարեւոր է այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մեծ տէրութիւնները աւարտած են միջուկային ծրագրի շուրջ Իրանի հետ համաձայնութիւնը, որ կրնայ բարձրացնել վերջինիս դերակատարութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ նուազեցնել Թուրքիոյ դերակատարութիւնը:
Հետամուտ ըլլալով այս չորս նպատակներուն՝ Էրտողան վտանգի կ՝ենթարկէ Թուրքիոյ եւ հարեւան պետութիւններու կայունութիւնը։
Յարձակելով ԻԼԻՊի թիրախներուն վրայ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, իբր պատասխան սպաննուած թուրք զինուորի, Անգարա կը խզէ իր գաղտնի փոխ-ըմբռնումը ԻԼԻՊի հետ՝ խուսափելու փոխադարձ յարձակումներէ: Այժմ ԻԼԻՊ ստիպուած է պատասխան հարուած տալու: Անցեալ շաբաթ ինքնասպան ահաբեկիչի յարձակումը թրքական Սուրուչ քաղաքին մէջ, երբ սպաննուեցաւ 32 եւ վիրաւորուեցաւ 100է աւելի մարդ, թերեւս ԻԼԻՊի ահաբեկչական գործողութեան նախերգանքն է ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին:
Անցեալ շաբաթ Թուրքիա խախտեց հրադադարի համաձայնագիրը, որ ստորագրած էր Ք.Ա.Կ.ի հետ 2013 թուականին՝ ռմբակոծելով վերջիններու ռազմակայանները Հիւսիսային Իրաքի մէջ եւ ձերբակալելով հարիւրաւոր քիւրտ զինեալներ Թուրքիոյ մէջ:
Ք.Ա.Կ. արդէն պատասխանած է՝ սպաննելով քանի մը թուրք ոստիկան եւ խոստանալով աւելի մեծ արիւնահեղութիւն: Բացի այդ, յարձակելով քիւրտերու վրայ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, Թուրքիան պիտի տկարացնէ այն միակ ուժը, որ յաջողութեամբ կը պայքարէր ԻԼԻՊի դէմ: Քանի որ Միացեալ Նահանգները քիւրտ զինեալներուն կը դիտարկէ իբրեւ զինք փոխարինող ցամաքային ուժեր, ուստի թրքական յարձակումները քիւրտերու դէմ պիտի խոչընդոտեն Ա.Մ.Ն. ռազմական նպատակներու իրագործումը տարածաշրջանէն ներս:
Եթէ Էրտողան ներխուժէ Հիւսիսային Սուրիա, «անվտանգութեան գօտի» ստեղծելու պատրուակով, թրքական զօրքերը, ամենայն հաւանականութեամբ, շատ մեծ կորուստներ պիտի ունենան կռուելով ոչ միայն սուրիական բանակի, այլեւ քիւրտ զինեալներու եւ տասնեակ ճիհատական խմբաւորումներու դէմ: Թուրքիա կրնայ բախիլ նաեւ Իրանի զօրքերուն, որոնք օգնութեան պիտի հասնին իրենց սուրիացի դաշնակիցին, ինչպէս եւ լիբանանեան «Հըզպալլահ» շարժման զինեալներուն, որոնք կը սատարեն Ասատի վարչակարգին: Թուրքիոյ նախագահի ինքնանպատակ կեղծ պատերազմը ահաբեկիչներու դէմ կրնայ ողբերգական հետեւանքներ ունենալ՝ բռնութիւններու աճ արձանագրելով ամբողջ Թուրքիոյ եւ հարեւան երկիրներու մէջ: Եթէ Անգարա իրօք շահագրգռուած է ճիհատականներու դէմ պայքարին մէջ, ուստի ան շատ շատոնց պէտք է ըներ ատիկա՝ ԻԼԻՊն ու ահաբեկչական այլ խմբաւորումները զինելու եւ սադրելու փոխարէն:
Թուրք ղեկավարները կը հնձեն այն, ինչ ցանած են:
Անոնք կրնան մեղադրել միայն իրենց…
Յարութ Սասունեան «Քալիֆորնիա Քուրիեր»