Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­20 Յու­լի­սի Եր­կու­շաբ­թի օ­րը, ցե­րե­կո­ւայ ժա­մե­րուն, բո­վան­դակ Թուր­քիան ցնցո­ւե­ցաւ Ուր­ֆա­­յի Սու­­րուչ գա­­ւա­ռէն հաս­­նող զան­­գո­ւա­ծա­­յին սպան­­դի մը լու­­րով։
Ըն­կեր­վա­րա­կան Ե­րի­­տա­սարդ­նե­­րու Միու­­թեան ան­­դամ շուրջ 300 ու­­սա­­­­նող­­ներ, պա­­տե­րազ­­մով կոր­­ծա­­­­նած Քո­­պա­նիի վե­­րա­շի­­նու­­թեան մաս­­նակ­ցե­­լու հա­­մար, Թուր­քիոյ զա­­նա­զան քա­­ղաք­­նե­­­­րէն ճամ­­բայ ե­լած եւ Սու­­րուչ հա­­սած էին։ Ի­րենց հետ ու­­նէին մա­­նուկ­նե­­րը ու­­րա­­­­խաց­­նե­­­­լու հա­­մար հա­­ւա­քած խա­­ղա­լիք­­ներ, գու­­նա­­­­զարդ գիր­­քեր, գու­­նա­­­­ւոր մա­­տիտ­­ներ, ջրա­­ներ­­կեր եւ այլ գրե­­նա­կան պի­­տոյք։ Ծ­րագ­­րած էին քա­­ղա­քի ման­­կամ­սու­­րի շի­­նու­­թեան մէջ աշ­­խա­­­­տիլ, ծա­­ռա­տուն­կի ար­­շաւ կազ­­մա­­­­կեր­­պել եւ այլ մար­­դա­­­­սի­րա­­կան ծա­­ռա­յու­­թիւն­նե­­րու մաս­­նակ­ցիլ։ Ե­րի­­տա­սարդ­նե­­րու նա­­խա­սի­­րու­­թիւ­նը սահ­­մա­­­­նո­ւած էր մէկ շա­­բա­թով։ Ա­նոնք Սու­­րու­չի մէջ դի­­մա­ւո­­րո­ւե­­ցան ժո­­ղո­վուր­դի ջերմ վե­­րա­բե­­րու­­մով։

Սա­­կայն իշ­­խա­­­­նու­­թիւն­նե­­րը այն­քան ալ ո­գե­­ւո­րո­ւած չէին այս այ­­ցե­­­­լու­­թե­­­­նէն։ Ա­նոնք ար­­գի­­­­լե­ցին ա­շա­­կերտ­նե­­րու սահ­­մա­­­­նին միւս կող­­մը անց­նե­­լու ցան­­կու­թիւ­­նը։ Բա­­նակ­­ցու­թիւն­նե­­րէ ետք ար­­տօ­­­­նո­ւե­­ցաւ 50 հո­­գիի անց­քը։ Ե­րի­­տա­սարդ­նե­­րը ի­րենց նպա­­տա­կը բա­­ցատ­­րե­­­­լու հա­­մար մամ­­լոյ յայ­­տա­­­­րա­րու­­թիւն մը կար­­դա­­­­ցին, ո­րու ա­ւար­­տին ա­հա­­բե­կիչ մը տրա­­քեց իր մարմ­նին փաթ­­թաց պայ­­թու­ցիկ սար­­քը, ո­րու հե­­տե­ւան­­քով մա­­հա­ցան 32 ե­րի­­տա­սարդ­ներ։ Թուրք Բ­ժիշկ­նե­­րու Կա­­ճա­ռը կը յայտ­նէ, թէ 22 Յու­­լի­­­­սի դրու­­թեամբ զա­­նա­զան հի­­ւան­­դա­­­­նոց­­նե­­­­րու մէջ կը բու­­ժո­ւին 85 վի­­րա­ւոր­­ներ, ո­րոնց մէկ մա­­սը բա­­ւա­կան ծանր վնա­­սո­ւած է։

Այս շշմե­­ցու­­ցիչ ո­ճի­­րը մեծ զայ­­րոյթ պատ­­ճա­­­­ռեց բո­­վան­­դակ երկ­րի տա­­րած­­քին։ Նոյն օ­րուայ ե­րե­­կո­յեան, Թուր­քիոյ տար­­բեր քա­­ղաք­­նե­­­­րու մէջ, բո­­ղո­քի ցոյ­­ցեր կազ­­մա­­­­կեր­­պուե­ցան ի դէմ կա­­ռա­վա­­րու­­թեան եւ յատ­­կա­­­­պէս ալ հան­­րա­­­­պե­տու­­թեան նա­­խա­գահ Ռէ­­ճէփ Թայ­­յիպ Էր­­տո­­­­ղա­նի։ Ոս­­տի­­­­կա­նու­­թիւ­նը պա­­հեց իր ա­ւան­­դա­­­­կան դիր­­քը եւ ա­մէ­­նու­­րեք ջուր սրսկե­­լով կամ ար­­ցուն­քա­­բեր կազ ար­­ձա­­­­կե­լով մի­­ջամ­­տեց ցոյ­­ցե­­­­րուն։ Յա­­ջոր­­դող օ­րե­­րուն, երբ ե­րի­­տա­սարդ­նե­­րու ան­­շունչ մար­­մին­նե­­րը հո­­ղին յանձ­նո­ւե­լու հա­­մար կը փո­­խադ­­րու էին ի­րենց բնա­­կած քա­­ղաք­­նե­­­­րը, այս ան­­գամ ալ թաղ­­ման կար­­գե­­­­րը են­­թար­կո­ւե­ցան ոս­­տի­­­­կա­նա­­կան բռնու­­թեան։

Վար­­չա­­­­պետ Ահ­­մէտ Տա­­ւու­­թօղ­լու կոչ ուղ­ղեց խորհր­դա­­րա­նին մաս կազ­­մող կու­­սակ­ցու­­թիւն­նե­­րուն, ա­հա­­բեկ­­չու­թիւ­­նը միաս­­նա­­­­բար դա­­տա­պար­­տե­­­­լու մի­­տու­­մով յայ­­տա­­­­րա­րու­­թիւն մը կա­­տա­րե­­լու հա­­մար։ Վար­­չա­­­­պե­տը յա­­ջոր­­դող օր այ­­ցե­­­­լեց նաեւ Սու­­րուչ, ուր են­­թար­կո­ւե­ցաւ տե­­ղա­ցի­­նե­րու բո­­ղո­քի ցոյ­­ցին։

Դէ­­տեր կը նշեն, թէ Սու­­րիոյ քա­­ղա­քա­­ցիա­կան պա­­տե­րազ­­մը ուշ թէ կա­­նուխ ան­­պայ­ման իր ար­­ձա­­­­գան­­գը պի­­տի գտնէր Թուր­քիոյ հո­­ղե­րուն վրայ։ Այս կան­­խա­­­­տե­սու­­մը կը վե­­րագ­­րեն նա­­խա­գահ Էր­­տո­­­­ղա­նի ա­ռա­­ջին օ­րէն իսկ որ­­դեգ­րած ռազ­­մա­­­­վա­րու­­թեան։ Ան փո­­խա­նակ հա­­րե­ւան երկ­րի մէջ պա­­տա­հած­­նե­­­­րուն նկատ­­մամբ հա­­ւա­սա­­րակշ­ռեալ մնա­­լու, ամ­­բողջ էու­թեամբ մի­­ջա­մուխ ե­ղաւ երկ­րի իշ­­խա­­­­նու­­թեան կոր­­ծա­­­­նու­­մին։ Գաղտ­նիք չէ, որ մեծ թի­­ւով զէնք ա­ռա­­քեց ընդ­դի­­մա­դիր շար­­ժում­նե­­րուն, Սու­­րիա եր­­կի­­­­րը դժոխ­­քի մը վե­­րա­ծե­­լու հա­մար։ Մ­տա­հո­գիչ է այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, ըստ ո­րու Թուր­քիոյ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը վախ ու սար­սա­փով կը սպա­սէ ա­ւե­լի ծանր հե­տե­ւանք­նե­րու։

Սու­րու­չը 1915ին

Սու­րու­չի վեր­ջին պայ­թու­մին տխրահռ­չակ լու­րը մեզ ա­կա­մայ կը տա­նի հա­րիւր տա­րի ետ, ան­ցեա­լի նոյն քա­ղա­քը։ Այն­տեղ կը շրջին աք­սո­րեալ­նե­րու ու­րո­ւա­կան­նե­րը, ո­րոնք կու գա­յին Էրզ­րու­մէն (­Կա­րին)։ Էրզ­րում­ցի­նե­րու երկ­րորդ կար­ա­ւա­նը, որ ճամ­բայ ե­լած էր 1915ի Յու­նիս 18ին, Սու­րուչ պի­տի հաս­նէր չորս ա­միս ետք, Հոկ­տեմ­բե­րին։ 1300 ըն­տա­նիք­նե­րէն Սու­րուչ հա­սած էր խղճա­լի 60 ըն­տա­նի­քէ կազ­մո­ւած փոքր խումբ մը։ Սու­րու­չը սա­կայն վեր­ջին կա­յա­նը չէր այս մար­դոց։ Ա­նոնք պի­տի մեկ­նէին տա­կա­ւին Սու­րիա­կան Ա­նա­պատ։ Սու­րու­չը տե­սակ մը վեր­ջին կա­յանն էր ա­նա­պա­տէն ա­ռաջ սա­կայն, այս­տեղ կը հա­ւաքուէին կա­րա­ւան­նե­րը, ու­ղար­կո­ւե­լու հա­մար Սու­րիա, Ա­րա­բու­նար, այ­սինքն նոյն ինքն այ­սօ­րո­ւան Քո­պա­նին։

Խար­բերդ­ցի­ներն ալ ան­ցած են Սու­րու­չէ։ Չմշկա­ծակ­ցի­նե­րը եւ ա­նոր շուր­ջի 21 գիւ­ղե­րու 3000 բնա­կիչ­նե­րը ճամ­բայ ե­լած են Յու­լիս 2ին, վեց շա­բաթ ետք հաս­նե­լով Սու­րուչ։ Սու­րու­չի մէջ ա­նոնց խում­բը բաժ­նո­ւած է եր­կու­քի, մէկ մա­սը եր­թա­լով ա­նա­պատ Քո­պա­նիի վրա­յով, միւս մա­սը ղրկո­ւած Հա­լէպ։ Չենք գի­տեր քա­նի հո­գի հա­սած է Սու­րուչ, գի­տենք որ Սու­րու­չէն Հա­լէպ հա­սած են այս խում­բէն 150 հո­գի, ան­շուշտ կա­նայք եւ ե­րա­խա­ներ միայն։

Սու­րու­չը ե­ղած է գաղ­թա­կա­յան, հա­ւաք­ման վայր, ուր զա­նա­զան տե­ղե­րէ ողջ հա­սած­ներ կը խմբո­ւէին, կազ­մե­լու հա­մար 1000-1500 հո­գի­նոց կա­րա­ւան­ներ, ղրկո­ւե­լու հա­մար Ռաք­քա, Տէր Զօր, Քո­պա­նի, Հոմս, Պապ եւ Հա­լէպ։ Ա­մա­սիա­ցի­ներն ի­րենց կար­գին ան­ցած են Սու­րու­չէն, ամ­բող­ջու­թեամբ ղրկո­ւե­լով Տէր Զօր, ա­նոնց­մէ ոչ ոք գի­տէ թէ քա­նի հո­գի փրկո­ւած է։ Տէր Զօր գա­ցող­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս չէին փրկո­ւեր։ Թե­րեւս ա­նոնց հետ­քե­րուն կա­րե­լի է հան­դի­պիլ այ­սօ­րո­ւան Տա­հէ­շա­կան­նե­րու գրա­ւած ա­նա­պա­տի գիւ­ղե­րուն մէջ։ Ճա­կա­տա­գիր։

Սու­րուչ­ցի Սու­լէյ­ման Պե­կը Ուր­ֆա­յի հա­յե­րուն վրայ եր­կու ան­գամ յար­ձա­կում ղե­կա­վա­րած է, եր­կու ան­գա­մուն ալ յա­ջո­ղե­լով հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րը քան­դել։ Սա­կայն իր յա­ջո­ղու­թիւ­նը կը պար­տի թնդա­նօթ­նե­րուն եւ հրաձը­գու­թեան։ Ուր­ֆա­յի փո­ղոց­նե­րուն վրայ ռումբ կը տե­ղար եր­կին­քէն, հա­յե­րը ստի­պո­ւած կ­՚ըլ­լա­յին ձգել ի­րենց թա­ղե­րը։ Սու­լէյ­ման Պե­կը ի­րենց կը սպա­սէր 600 զի­նո­ւոր­նե­րով, 1915ի Հոկ­տեմ­բեր 1ին։

Մէկ բան եւս Սու­րու­չի մա­սին։ Սու­րու­չի գաղ­թա­կա­նաց հի­ւան­դա­նո­ցը։ Այս­տեղ գոր­ծած է չա­րա­բաս­տիկ հի­ւան­դա­նոց մը, ուր մտնո­ղը ողջ չէ ե­լած։ Պա­տում­նե­րը կ­՚ը­սեն, թէ հի­ւան­դա­նոց կո­չո­ւա­ծը լոկ վայրն էր մա­հա­ցու հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը տա­րա­ծե­լու։ Այս հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ 1915ի Նո­յեմ­բե­րէն մին­չեւ 1916ի Ապ­րի­լը կեանք տո­ւած է 30 հա­զար մարդ։ Ի վեր­ջոյ գաղ­թա­կան­նե­րէն ո­մանք հաս­տա­տո­ւած էին Սու­րու­չի մէջ, 1800 հո­գի։ Ա­նոնք ա­ռան­ձին հրա­մա­նով աք­սո­րո­ւած են Կի­րա­կի օր մը ա­ռա­ւօ­տեան, Յու­նո­ւար 9, 1916ին։

«Ա­կօս»