Print
Category: Յօդուածագրութիւն

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՄԱՆ ԹՈՀՈՒԲՈՀ

­

Հետզ­հե­տէ կը մոռ­նանք, հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման թո­հու­բո­հին, դրա­մի տի­րաց­ման եւ բա­րօ­րու­թեան ան­խորք եւ անն­պա­տակ ձգտու­մին ըն­թաց­քին, որ կան ար­ժէք­ ներ, ո­րոնց ան­գի­տա­ցու­մը ան­հա­տի եւ ազ­գի ինք­նու­թեան կո­րուս­տի կ’ա­ռաջ­նոր­դէ:

Այդ ինք­նու­թեան հարցն ալ կար­ծէք ժա­մա­նա­կավ­րէպ դար­ձած է, ծնունդ տա­լով ծա­գու­մով հա­յե­րու ա­նո­րոշ համ­րան­քով հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք դեռ ժա­մա­նակ մըն ալ հա­մե­մի նմա­նող հա­յե­րէն բա­ռե­րով կ’օ­րօ­րո­ւին, կ’եր­ջան­կա­նան զո­ւար­ճաց­նող ֆոլք­լո­րով, երգ ու պա­րով, հայ մշա­կոյ­թի հետ կապ չու­նե­ցող թափթ­փած բա­ռե­րով հա­յե­րէն հա­մա­րո­ւած եր­գով, կապ­կու­մի ե­րաժշ­տու­թեան ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, յա­ճախ ա­նո­րակ:

Իսկ ան­հասկ­նա­լի է, որ հա­յը եւ ­Հա­յաս­տա­նը հայ եր­գը ներ­կա­յաց­նեն օ­տար լե­զո­ւով, լե­զու­նե­րով, եւ նոյն­քան ան­հասկ­նա­լի է, որ հա­յե­րը, ան­հատ­ներ, միու­թիւն­ներ եւ ­Հա­յաս­տան, այդ օ­տա­րաց­ման ըն­թաց­քին մէջ հ­պար­տու­թիւն գտնեն: Այս ըն­թաց­քը հայ ժո­ղո­վուր­դի մշա­կոյ­թին դէմ ­նա­խա­յար­ձա­կում է, ինչ­պէս ո­մանք այլ պա­րա­գա­նե­րու կ’ը­սեն՝ ակ­րե­սիա: Այս ե­րե­ւոյթ­նե­րը կը վկա­յեն այն մա­սին, որ ազ­գո­վին, ներ­սը եւ դուր­սը, չու­նինք ազ­գա­յին հա­րա­զա­տու­թեամբ հայ մշա­կու­թա­յին քա­քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն:

­Զար­մա­նա­լի է, որ ազ­գա­յին ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կին, զան­գուա­ծի հա­կա-հայ-մշա­կոյթ ըն­թաց­քը չի յա­ռա­ջաց­ներ ի­րաւ մղձա­ւան­ջա­յին ան­հանգս­տու­թիւն: ­Մի­թէ՞ չենք հասկնար, որ ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի բազ­մե­րես եւ խոր­քա­յին կո­րուս­տը՝ ան­հե­տաց­ման ա­ռաջ­նոր­դող տե­ղա­տո­ւու­թիւն է, ո­րուն հե­տե­ւան­քը կ’ըլ­լայ այն՝ որ վար­ձու առ­նո­ւած մշա­կոյ­թով կեղծ եւ ոչ-հայ­կա­կան ինք­նու­թիւն կը կեր­տո­ւի: Ի հար­կէ, նման մտա­ծում ա­ռաջ քշել դէմ է ամ­բո­խա­յին տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու եւ մար­դոր­սա­կան ճապ­կում­նե­րու, մար­դոր­սու­թիւն այս կամ այն ձե­ւով՝ քուէի որ­սոր­դու­թեան մի­տող:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ
ԿԵՐՏՈՂ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

ՄՆԱՅՈՒՆ ԿԵՐՊՈՎ ԱՆՏԵՍՈՒԱԾ

­

Յու­լիս 26 , 1997ին գրո­ւած եւ խօ­սո­ւած է­ջով մը այս բարդ խնդրին անդ­րա­դար­ձած էի: Կ­’ը­սէի. Ե­թէ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն յղաց­քը ըմ­բռ­նենք իր ազ­նիւ ի­մաս­տով –­ աոաջ­նոր­դել հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ ժո­ղո­վուր­դը դէ­պի յա­ջո­ղու­թիւն, բա­րօրու­թիւն, ա­զա­տու­թիւն, ի­րաւունք, ե­ւայլն -, ան­մի­ջա­պէս պի­տի հասկ­նանք, որ մշա­կոյ­թը քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն է, եւ փո­խա­դար­ձա­բար: Ոչ ոք կը զար­մա­նայ, որ քա­ղա­քա­կիրթ եր­կիր­նե­րու ե­կա­մուտ­նե­րու, պիւտ­ճէի, կա­րե­ւոր տո­կո­սը կը յատ­կա­ցո­ւի կրթու­թեան՝ որ մշա­կոյ­թի հիմ­նա­քարն է: ­Քա­ղա­քա­կիրթ եր­կիր­ներ հսկա­յա­կան գու­մար­ներ կը ծախ­սեն ի­րենց պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նոց­նե­րուն, թան­գա­րան­նե­րուն, հա­մալ­սա­րան­նե­րուն, թատ­րոն­նե­րուն եւ ա­նոնց բար­գա­ւաճ­ման հա­մար: ­Կը նշա­նա­կէ, որ պե­տու­թեան վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ կա­րե­ւոր տեղ ու­նի մշա­կոյ­թը:

Ի հար­կէ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի մշա­կոյ­թի, ոչ պղպջա­կա­յին ցու­ցադ­րու­թեան, ցու­ցա­մո­լի­կու­թեան եւ ան­վա­ղոր­դայն հրա­վա­ռու­թիւն­նե­րու եւ զո­ւար­ճու­թիւն­նե­րու: Ի­րաւ մշա­կոյթ՝ որ հա­յը կ’ը­նէ տար­բեր միւս ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն, ինչ­պէս որ ֆրան­սա­ցին տար­բեր է, ա­րա­բը տար­բեր է, ճա­բոն­ցին տար­բեր է չի­նա­ցիէն կամ մոն­ղոլ­նե­րէն: ­Տար­բե­րու­թեան ­գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ պահ­պա­նու­մը չեն նշա­նա­կեր կեթ­թօ ստեղ­ծել, որ այ­լեւս կա­րե­լի չէ, այլ մշա­կել բազ­մա­զա­նու­թեան մէջ սե­փա­կա­նի ինք­նու­րոյ­նու­թիւ­նը: Ա­թոռ-աթո­ռա­կի ան­յա­գուրդ ձգտում­նե­րը, բիզ­նե­սա­յին խօլ ար­շա­ւը, իշ­խա­նա­տեն­չու­թիւ­նը, մար­դոր­սու­թիւ­նը՝ որ կը թարգ­մա­նո­ւի ամ­բո­խը շո­յել մա­զե­րուն բու­սած ուղ­ղու­թեամբ (ինչ­պէս կ’ը­սէ ֆրան­սա­կան ա­սու­թիւ­նը, caresser dans les sens des poils), կ’ա­ռաջ­նոր­դեն ­հա­կամ­շա­կոյթ­ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ հա­կազ­գա­յին է:

­Վա­ղո­ւան հա­րա­զա­տու­թեան տե­սիլ­քով մտա­ծու­մը բթա­ցած է:

­Յի­շո­ւած է­ջին մէջ գրած էի նաեւ. …հա­յու­թեան պա­րա­գա­յին, մշա­կոյ­թը գլխա­գիր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն է, մեր պատ­մու­թեան մե­զի ա­ւան­դած ի­մաս­տու­թեամբ եւ մեր ան­մի­ջա­կան ներ­կա­յէն բխող հրա­մա­յա­կան­նե­րով: ­Հայ մար­դը,- հո­գե­ւո­րա­կան, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ, թէ հա­մեստ ազ­գա­յին,- ե­թէ չա­ռաջ­նոր­դո­ւի այս հիմ­նա­րար գի­տակ­ցու­թեամբ, ինք կ’եր­թայ այ­լա­սեր­ման, ազգն ալ կը տա­նի աս­տի­ճա­նա­կան մա­շու­մի եւ այ­լա­սեր­ման, կորս­տեան:

Մ­շա­կոյ­թը ցու­ցադ­րու­թեան հան­դէս չէ, օ­րի­նակ, երբ ­Նա­րե­կա­ցիի ար­ծա­թա­զօծ կող­քով գիր­քը կը զար­դա­րէ մեր գրա­դա­րա­նը: Ե­թէ ա­նոր մէ­ջի խօս­քը ան­ծա­նօթ է, ան կը դառ­նայ սե­ղա­նը զար­դա­րող ա­ռանց վար­դի եւ մե­խա­կի ծաղ­կա­ման, ո­րուն առ­ջե­ւէն կ’անց­նինք ակն­թար­թա­յին գո­հու­նա­կու­թեամբ, եւ այդ­քան, յի­շե­լով որ ինչ գու­մար վճա­րած էինք: Այլ խօս­քով, ար­ծա­թա­զօծ գիր­քի պա­րու­նա­կու­թիւ­նը ե­թէ չի դառ­նար գի­տակ­ցա­կան ժա­ռան­գու­թիւն, ի՞նչ բա­նի կը ծա­ռա­յէ ան:

Ե­թէ տե­սան­կիւն փո­խենք, ե­թէ մեր պատ­մու­թիւ­նը դի­տենք որ­պէս ­Մեծ Ու­սու­ցիչ, հրա­ժա­րե­լով կար­գա­խօս­նե­րէ եւ թու­թա­կա­բար կրկ­նո­ւող թի­ւե­րէ եւ թո­ւա­կան­նե­րէ, եւ ­Մեծ Ու­սու­ցի­չին հարց տանք, թէ ինչ­պէս մեր ժո­ղո­վուր­դը յա­ջո­ղե­ցաւ ինք­նու­թիւն պա­հել ա­ռանց պե­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան, ա­նոր բա­ցա­կա­յու­թեան, տքա­լով օ­տար քա­ղա­քա­կիրթ կամ գա­զա­նա­յին լու­ծին տակ, այն ա­տեն թե­րեւս կը հա­նենք մեր աչ­քե­րու կա­պանք­նե­րը եւ կը մշա­կենք ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի վրայ խարս­խո­ւած ի­րաւ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, որ շա­բա­թա­վեր­ջի զբօ­սանք չէ, ոչ ալ մեծ-հայ­րի­կին կամ մեծ-մայ­րի­կին հա­ճոյք պատ­ճա­ռող ան­վա­ղոր­դայն մշա­կու­թա­յին հա­մա­րո­ւած աղմ­կա­րա­րու­թիւն:

ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՈՒ
ՄԸ ՈՒՂՂՈՒԵԼԻՔ ԱՆՍԵԹԵՒԵԹ ՀԱՐՑԱԴՐՄԱՆ ՓՈՐՁ

­

Հարց պէտք է տանք մենք մե­զի, մենք՝ լրագ­րող, գրող, պե­տա­կան գոր­ծիչ, վար­ժա­պետ, ըն­տա­նի­քի հայր եւ մայր, թէ ինչ­պէ՞ս եւ ին­չո՞վ տո­կա­ցինք դա­րե­րու ըն­թաց­քին մեզ հա­րո­ւա­ծած բազ­մա­պի­սի ու­ժե­րու չա­րու­թեան: ­Փո­խան խառ­նաշփոթ խու­ճա­պա­յին փա­խուստ-տե­ղատո­ւու­թեան, հա­րա­զա­տու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն ու­նե­ցող ճա­կատ յար­դա­րե­ցինք:

­Խառ­նաշ­փոթ փա­խուս­տը նկա­րագ­րող բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մը ու­նի ­Վիք­թոր ­Հիւ­կօ, խո­րագ­րո­ւած՝ La dռroute: Ան­գամ մը որ ճա­կա­տող բա­նա­կի զի­նո­ւո­րը կռնակ կը դարձ­նէ վտան­գին, կը սկսի խե­լա­կո­րոյս խու­ճա­պա­յին կոյր փա­խուս­տը, ա­ռանց աջ եւ ա­հեակ նա­յե­լու, որ նա­հանջ ան­գամ չէ, քա­նի որ բա­նա­կի մէջ կը սոր­վեց­նեն, որ նա­հանջն ան­գամ կը պա­հան­ջէ կազ­մա­կեր­պու­թիւն: Այս տե­սան­կիւ­նէ մօ­տե­ցա՞նք ար­տա­գաղ­թին եւ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ան­տես­ման: Իսկ խու­ճա­պը կը կա­սեց­նեն մեծ դէմ­քեր, ուր որ ալ գտնո­ւին ա­նոնք: Կր­կին հարց տանք ­Մեծ Ու­սու­ցի­չին: Ինչ­պէ՞ս տո­կա­ցինք եւ տե­ւե­ցինք: ­Պա­տաս­խա­նը պարզ է. ի­րար­մէ ա­ռանց լուր ու­նե­նա­լու, ա­ռանց ա­մէ­նօ­րեայ շփու­մի, մշա­կոյ­թի ու­ժին եւ դե­րին հա­ւա­տա­ցող­ներ, ընտ­րեալ­ներ, ի­րար­մէ հե­ռու, մշա­կոյ­թին կառ­չե­ցան, Ա­լի­շան, ­Նալ­պան­տեան, Ա­ղա­յեան, ­Ռու­սի­նեան, Խ­րի­մեան, բա­ժան-բա­ժան ե­ղած ժո­ղո­վուր­դը միա­ցու­ցին մշա­կոյ­թով, մէ­կու­թիւն ներշն­չե­ցին, լե­զո­ւով, հո­ղին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը շեշ­տե­լով:

­Պարզ է. մշա­կոյ­թը, իր զա­նա­զան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, ե­ղաւ ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն:

Այ­սօր ո՞ւր կը գտնո­ւին այդ ներշն­չող­նե­րը, ո՞ւր կը գտնո­ւի այդ ներշն­չու­մը:

Ե­թէ պի­տի տե­ւենք եւ վե­րա­կանգ­նինք, այ­սօր ալ մշա­կոյ­թը պէտք է ըլ­լայ ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռանցք: Ե­թէ ամ­բո­խա­վա­րա­կան ճառ չխօ­սինք, պի­տի տես­նենք, որ այդ­պէս չէ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը: Եւ տրա­մա­դիր ալ չենք կար­ծէք ծան­րակ­շիռ կա­ցու­թիւ­նը հասկ­նա­լու եւ ըստ այնմ գոր­ծե­լու, կը հե­տե­ւինք հո­սան­քին, կը խան­դա­վա­ռո­ւինք ար­տա­քին աշ­խար­հին հրամ­ցո­ւած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք չեն առն­չո­ւիր ազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, տուրք կու տան ամ­բո­խի ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն, հա­յե­րէն թեր­թե­րը կը դառ­նան օ­տա­րա­լե­զու, հիաց­ման ա­ռար­կայ կ’ըլ­լան օ­տա­րա­լե­զու հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը, լորձ­նա­շուրթն կը գո­վա­բա­նո­ւին այն հա­յե­րը, ո­րոնք օ­տա­րէն լաւ կը խօ­սին եւ կը գրեն օ­տա­րի լե­զուն, կար­ծէք օ­տար­նե­րը կա­րիք ու­նին մեր տո­ւած ա­ւե­լի լա­ւին: Ի՞նչ կը մտնէ մեր գան­ձա­նա­կը. կար­գա­խօ­սա­յին քա­ղա­քա­կան նո­ւա­ճու­մը, որ հարկ է վերսկ­սիլ, ո­րուն ծա­ռա­յող քա­ղա­քա­կան դի­ւա­նա­կա­լու­թիւն ստեղ­ծած ենք, ներ­սը եւ դուր­սը:

Իսկ յո­ռե­գոյ­նը կը սկսի, երբ մշա­կոյ­թը կը ծա­ռա­յեց­նենք ան­հատ­նե­րու ընտ­րա­կան հա­շիւ­նե­րուն եւ փա­ռա­բա­նան­քին, զայն դարձ­նե­լով կճեպ եւ քա­րոզ­չա­կան մի­ջոց:

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԵՒ ՎԱՂՈՒԱՆ ՄԷԿՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒ ՇԱՂԱԽԸ
Ի՞ՆՉ ԲԱՆ Է

Այ­սօր ա­ւե­լի քան եր­բեք ազ­գի մէ­կու­թեան շա­ղախ պի­տի ըլ­լայ մշա­կոյ­թը կամ մենք պի­տի չըլ­լանք:

­Խօս­քը ան­հատ­նե­րու մա­սին չէ՝ այլ ազ­գի: Իսկ այ­սօր հայ ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի նկատ­մամբ ան­տար­բե­րու­թիւն, ան­գի­տու­թիւն եւ ան­տե­սում կը զար­գա­նան մեր մո­լո­րա­կա­յին սարտղ­նու­մին զու­գա­հեռ:

­Մեր մէ­կու­թեան մա­սին թող նե­րո­ւի լա­ւա­տես չըլ­լալ, հա­կա­ռակ խօ­սո­ւած հո­գի թրթռաց­նող ճա­ռե­րու: Այ­սինքն, ազ­գա­յի­նի նկատ­մամբ հա­կամ­շա­կոյթ կը դառ­նանք, տե­ղա­տո­ւու­թեամբ, ստա­պա­տիր ար­դիա­կա­նու­թեամբ, մար­դոր­սա­կան պատ­ճառ պատ­րո­ւակ­նե­րով, աս­դիէն ան­դիէն որ­սա­ցո­ւած այլ աշ­խարհ­նե­րու եւ այ­լոց հա­մար սահ­մա­նո­ւած տե­սու­թիւն­նե­րով, գի­տակ­ցա­բար կամ ան­գի­տակ­ցա­բար կ’ընդգր­կո­ւինք ազ­գա­քանդ ըն­թաց­քի մէջ: Ազ­գա­յին լե­զո­ւի ան­գի­տաց­ման բա­ցա­սա­կան ե­րե­ւոյ­թը երբ կը փոր­ձենք դար­մա­նել այ­լա­լե­զու դառ­նա­լով, այ­լա­լե­զու հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով, ժա­մա­նա­կա­ւոր եւ ան­վա­ղոր­դայն կարկտան­ներ կ’ը­նենք: Ի­րա­տե­սու­թեամբ պէտք է հարց տալ, թէ ի՞նչ կը շա­հինք ի՞նչ կորսնց­նե­լով:

Այդ բո­լո­րը կորսնց­նե­լով՝ հա­մաշ­խար­հա­յին ազգ ըլ­լա­լու սնա­փա­ռու­թեամբ կը գի­նով­նանք:

Ա­ռանց ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի կեն­սա­սու են­թա­հո­ղին, նոյ­նիսկ քաղա­քա­կան հա­մա­րո­ւած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ան­խորք եւ ան­վա­ղոր­դայն կ’ըլ­լան, ազ­գա­կերտ չեն ըլ­լար, հա­մայն­քա­յին եւ ջո­ջա­կան բա­ւա­րա­րու­թիւն­ներ կը պար­գե­ւեն:

­Թէ ազ­գա­յին հա­րա­զա­տու­թեամբ ազ­գա­յին մշա­կոյթ պա­հե­լու եւ զար­գաց­նե­լու դժո­ւա­րու­թիւն­ներ կան, ոչ ոք այդ մա­սին կը կաս­կա­ծի: Այս կէ­տէն պէտք է բխի մշա­կոյ­թի ստեղծ­ման եւ պահ­պա­նու­թեան, զայն զան­գո­ւա­ծի սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դարձ­նե­լու ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը, որ չկայ: Կր­նա՞նք տո­կալ եւ տե­ւել ա­ռանց այդ ռազ­մա­վա­րու­թեան եւ ան­կէ բխած ան­սե­թե­ւեթ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան:

­Ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը այ­սօր պէտք է որ պա­տաս­խա­նեն հար­ցու­մին, վա­ղը ուշ կ’ըլ­լայ, հար­ցու­մը ը­նող եւ պա­տաս­խան տո­ւող չ’ըլ­լար:

­Յո­ռե­տե­սու­թիւն թող չհա­մա­րո­ւի. այն ա­տեն մեր մա­սին պի­տի խօ­սո­ւի ան­ցեա­լով…

Յա­կոբ ­Պա­լեան