Փոքր տարիքէս սիրեցի ես քեզ,
Սիրեցի ես քեզ անհատնում սէրով,
Բայց երբեմն դուն սէրս մերժեցիր
Սիրտս լեցուցիր կարօտի տենչով:
Երբ նոր կեանք առիր կանչեցիր ինծի
Ու հրաւիրեցիր որ գիրկդ ես գամ,
Քեզի ես փարիմ, քեզի հետ ապրիմ,
Քեզ սիրեմ անվերջ, ալ մինակ չըլլամ:
Թեւերդ բացած խօսեցար ինծի
Որ մօտդ ես գամ, կեանքիդ միանամ,
Սուրբ հողիդ վրայ քեզմով զօրանամ
Ու գալիք կեանքիս իմաստ մը ես տամ:
Ու ես քո կանչին ընդառաջելով,
Այժմ հողիդ վրայ ես կ՛ապրիմ սիրով
Ու կեանքս ձօնած քո ապագային
Քեզմով կ՛արբենամ կառչած քո հողին:
Մարգար Շարապխանեան
Ուշի