Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ան­գա­րա­յի դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը եր­կու մար­տա­վա­րա­կան խա­ղերն ալ վար­պե­տօ­րէն յա­ռաջ տա­նե­լու համ­բաւ ու­նի:

Ա­րեւ­մուտ­քի աչ­քը կա­պե­լով կամ ա­նոնց ան­կա­ռա­վա­րե­լի ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մղձա­ւան­ջը ներշըն­չե­լով՝ Թուր­քիա իր օ­րա­կար­գի կա­րե­ւո­րա­գոյն հար­ցը կը լու­ծէ՝ ա­պա­հո­ վե­լով Ա­րեւմ­տեան ու­ժե­րու գոր­ծակ­ցու­թիւնն ու մեղ­սա­կից լռու­թիւ­նը:

«Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» դէմ պայ­քա­րե­լու մի­ջազ­գա­յին դի­մում­նե­րուն ա­միս­նե­րով խուլ ա­կանջ մա­տու­ցած Թուր­քիան, յան­կարծ, ինչ-ինչ նկա­տա­ռում­նե­րով, կը սկսի այդ չա­րի­քին դէմ մղո­ւած պայ­քա­րին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն ցու­ցա­բե­րել:

Թուր­քիոյ հե­տապն­դած նպա­տա­կը այն­քա՛ն պարզ է, որ դժո­ւար թէ Ան­գա­րա նոյ­նիսկ զայն թա­քուն պա­հե­լու ճիգ թա­փէ:

Ան­գա­րա­յի վար­պե­տու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ այն փաս­տին մէջ, որ իր մեղ­սակ­ցու­թեամբ ստեղ­ծո­ւած կա­ցու­թեան մէջ, Ա­րեւ­մուտ­քին ու­րիշ հնար չի ձգեր բա­ցի՝ ձե­ռամ­բարձ ըն­դու­նե­լէ իր պայ­ման­նե­րը, ո­րոնք ի­րեն կա­րե­լիու­թիւն պի­տի տան՝

– Հա­շո­ւե­յար­դա­րի են­թար­կե­լու քրտա­կան զի­նեալ եւ քա­ղա­քա­կան ընդ­դի­մու­թիւ­նը - իր սահ­ման­նե­րէն ներս, թէ դուրս.

– Սու­րիոյ մէջ «ա­պա­հով գօ­տի» ստեղ­ծե­լով՝ իր կրունկ­նե­րը այդ երկ­րի տա­րած­քին վրայ պա­հե­լու շուրջ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւն ձեռք բե­րե­լու.

– Ա­րեւմ­տեան մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ներ­կա­յա­նա­լու՝ իբ­րեւ միակ ազ­դե­ցիկ ու­ժը այդ տա­րա­ծաշր­ջա­նին, որ կրնայ սան­ձել մինչ այժմ ան­սան­ձե­լի պատ­կե­րո­ւած «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւ­նը»:

Ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը այն է, որ Թուր­քիա իր «բա­րի կամ­քի» այս քայ­լին փո­խա­րէն, ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն ա­զատ պի­տի ըլ­լայ ա­մէն բռնա­մի­ջոց գոր­ծադ­րե­լու, ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու հա­մար իր ա­մէ­նէն մեծ մղձա­ւան­ջէն՝ քրտա­կան ան­կախ պե­տու­թեան մը ստեղ­ծու­մէն:

Իսկ Ա­րեւ­մուտ­քը գի­տակ­ցա­բար պի­տի կա­պէ իր աչ­քե­րը եւ նոյ­նիսկ ե­րախ­տա­գի­տա­բար պի­տի հա­տու­ցէ Ան­գա­րա­յի «գոր­ծակ­ցու­թիւն»ը:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ - «Աս­պա­րէզ»