Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Լիզ­պո­նի ա­րար­քը նե­րազ­գա­յին ա­ռու­մով հսկա­յա­կան ու­ղերձ եւ խոր­հուրդ կը պար­փա­կէ. բայց ա­նի­կա ա­րարք է, գոր­ծո­ղու­թիւն` ուղ­ղո­ւած ուղ­ղա­կիօ­րէն Թուր­քիոյ:

Լիզ­պո­նի ար­դա­րա­հա­տոյց­նե­րու ու­ղերձ­նե­րուն մէջ կար­միր թե­լի նման կ­՛անց­նի Թուր­քիա­յէն հո­ղա­յին պա­հան­ջի խնդի­րը, հա­յու­թեան պատ­մա­կան բո­լոր ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մի հրա­մա­յա­կա­նը: «­Հող» բա­ռը Լիզ­պո­նի տղոց նկա­րա­հանուած ու­ղերձ­նե­րուն մէջ կը կրկնո­ւի իբ­րեւ ա­զա­տագ­րե­լի տա­րածք, իբ­րեւ ամ­բող­ջա­կան հայ­րե­նի­քի վե­րա­կանգն­ման ա­ռա­ջադ­րանք:

Ու­րեմն, ե­թէ Լիզ­պո­նը ըն­կա­լենք իբ­րեւ զի­նո­ւո­րա­քա­ղա­քա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն, նպա­տա­կը հա­յոց պատ­մա­կան հո­ղե­րու ա­զա­տագ­րու­մին կը վե­րա­բե­րի շեշ­տա­կիօ­րէն: Փաս­տօ­րէն, Հայ Դա­տի ըն­կա­լու­մի վախ­ճա­նա­կան նպա­տա­կը այդ ա­ռաս­տաղն է, ո­րուն հաս­նե­լու հա­մար մի­ջոց­ներ, հանգ­րո­ւան­ներ, ռազ­մա­վա­րա­կան մօ­տե­ցում­ներ, քա­րոզ­չա­կան, քա­ղա­քա­կան, ի­րա­ւա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան պայ­քար­ներ ի գործ կը դրո­ւին` լրաց­նե­լու պայ­քա­րե­լա­ձե­ւե­րու ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը:

Լիզ­պո­նը ե­թէ նե­րազ­գա­յին ա­ռու­մով հա­յու­թեան նե­րու­ժի նոր զսպա­նա­կում կ­՛ա­պա­հո­վէ, ա­պա Ան­գա­րա­յին կը փո­խան­ցէ յստակ եր­կու պատ­գամ.- հա­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ պա­հան­ջել իր կո­րու­սեալ հայ­րե­նի­քը եւ այդ պա­հան­ջի ի­րա­գործ­ման հա­մար պատ­րաստ է նո­ւի­րա­բե­րե­լու իր ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը:

Լիզ­պո­նի ու­ժա­նակ­նե­րու պայ­թու­մին յա­ջորդ օ­րը ան­շուշտ հո­ղե­րու վե­րա­դար­ձի խնդիր պի­տի չսկսէր: Բայց Լիզ­պո­նը ե­լա­կէտ էր պայ­քա­րին ան­տե­ղի­տա­լիու­թեան, պա­հանջ­նե­րու ան­զի­ջո­ղա­կա­նու­թեան: Մ­նա­ցեա­լը ժա­մա­նա­կի խնդիր էր:

Ճիշդ է, որ ժա­մա­նա­կը իր ընդ­հա­նու­րին մէջ ան­պայ­ման յօ­գուտ Դատ հե­տապն­դող ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն չ­՛աշ­խա­տիր: Լիզ­պո­նը կը պայ­թէր Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 68 տա­րի ետք: Շուրջ եօ­թա­նա­սու­նա­մեակ մը եւ ար­դէն Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած­նե­րու քա­նիե­րորդ սե­րուն­դը փորձ կը կա­տա­րէր փո­խե­լու Թուր­քիոյ պար­տադ­րած խա­ղի կա­նոն­նե­րը: Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կա­րե­լի չէր ու­րա­նալ, կա­րե­լի չէր ժխտել: Կար իր ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րուն ի­րա­զեկ ու գի­տա­կից նոր սե­րունդ, որ պատ­րաստ էր անմ­նա­ցորդ պայ­քա­րե­լու հա­յու­թեան ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տին հա­մար:

Լիզ­պո­նը ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի նոր ե­լա­կէտ էր: Հե­տե­ւա­բար ար­դար պի­տի չըլ­լար, որ մեր պատ­մու­թեան ա­մե­նա­ժա­մա­նա­կա­կից դէպ­քե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ զբա­ղող­նե­րը խու­սա­փէին ա­ռար­կա­յա­կան գնա­հա­տա­կան տա­լու զի­նո­ւո­րա­քա­ղա­քա­կան այս ե­զա­կի գոր­ծո­ղու­թեան դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն, անձ­նա­զո­հե­րու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան, գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան եր­թա­լու ո­րո­շու­մին, ա­նոնց ստա­ցած դաս­տիա­րա­կու­թեան, կազ­մա­ւո­րո­ւած մի­ջա­վայ­րե­րուն եւ ամ­բա­րած գա­ղա­փա­րա­կա­նու­թեան:

Լիզ­պո­նը հա­մա­ժո­ղովր­դայ­նաց­նե­լու գի­տա­կան, քա­րոզ­չա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ար­շա­ւի ձեռ­նար­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կը զգա­ցո­ւի: Ե­թէ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կը կը յատ­կան­շո­ւի ճա­նա­չու­մէն հա­տու­ցում ան­ցու­մով, ու­րեմն Լիզ­պո­նը ճա­նա­չու­մին դի­մաց պա­հո­ւած մի­ջազ­գա­յին լռու­թեան վերջ տա­լու եւ հա­տու­ցում­ներ պա­հան­ջե­լու, եւ ա­մէ­նէն շեշ­տո­ւած ձե­ւով` տա­րած­քա­յին հա­տու­ցում­ներ, ե­լա­կէտ նո­ւա­ճած աքթ էր:

Պատ­ժա­կան ա­հա­բե­կում­ներ, յե­ղա­փո­խա­կան ա­ւանդ­նե­րու վե­րա­դարձ եւ այդ բո­լո­րին մէջ իբ­րեւ պայ­քա­րե­լա­ձե­ւի գա­գաթ` Լիզ­պո­նը պէտք է դուրս գայ հա­տո­ւա­ծա­կան նշում­նե­րու սահ­ման­նե­րէն եւ հայ­րե­նա­նայ, հա­մա­հայ­կա­կա­նա­նայ, պե­տա­կա­նա­նա՛յ նոյ­նիսկ:

Ան­գա­րա­յի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը սկսած են խօ­սիլ Թուր­քիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան սա­սա­նո­ւած ըլ­լա­լուն, թրքա­կան միաս­նա­կա­նու­թեան խախ­տած ըլ­լա­լուն, երկ­րի մաս­նատ­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թեան եւ նման մեծ վտանգ­նե­րու մա­սին:

Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծա­կան կեդ­րոն­նե­րու մէջ սկսած է հո­լո­վո­ւիլ Թուր­քիոյ մաս­նա­տու­մի հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը: Ի­րա­ւունք­ներ կորսն­ցու­ցած ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­րաստ ու զգօն ըլ­լա­լու պահն է: Պատ­րաս­տու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան, քա­րոզ­չա­կան եւ ի­րա­ւա­կան է:

Գեր-խնդի­րը այդ ի­րա­ւունք­նե­րուն պա­հան­ջա­տէր մնալն է եւ թշնա­միին ի­մաց­նե­լը, որ այդ ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­կանգն­ման հա­մար պայ­քա­րող ժո­ղո­վուր­դը պատ­րաստ է ա­ռա­ւե­լա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան:

42 տա­րի ա­ռաջ այս յստակ ու­ղերձ­նե­րը փո­խան­ցե­լու հա­մար ի­րենց կեան­քե­րուն վերջ տո­ւին Լիզ­պո­նի հե­րոս­նե­րը:

Շա­հան Գան­տա­հա­րեան - «Ազ­դակ»