Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ս­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը գնա­հա­տե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ու­նե­ցած է խորհր­դա­ժո­ղով մը հրա­ւի­րե­լու՝ զոյգ աշ­խար­հա­բար­նե­րու մեր­ձեց­ման օ­րա­կար­գով:
Ճա­ռե­րու մէջ յա­ճախ կը հնչէ յու­զիչ այն միտ­քը, որ զոյգ աշ­խար­հա­բար­նե­րը մեր հարս­տու­թիւն­ներն են:
Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, մեծ ի­մաս­տու­թեամբ եւ պար­զու­թեամբ, 12րդ յօ­դո­ւա­ծով ար­ձա­նագ­րած է, որ պե­տու­թեան լե­զուն հա­յե­րէնն է: Ա­ռանց վե­րա­դի­րի: Այ­սինքն՝ պաշ­տօ­նա­թուղ­թե­րը եւ գոր­ծարք­նե­րը կա­րե­լի է ի­րա­կա­նաց­նել հա­յե­րէ­նով, մէկ կամ միւս աշ­խար­հա­բա­րով, թէեւ այդ փոր­ձը չ’ըլ­լար: Ի՜նչ մեծ ոս­տում ը­րած կ’ըլ­լանք, ե­թէ այդ փոր­ձը սո­վո­րու­թիւն դառ­նայ:

Բայց կեան­քի մէջ այդ­պէս չէ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը: Կամ՝ դեռ այդ հա­սու­նու­թեան չենք հա­սած:

Հա­յե­րէ­նի իւ­րա­ցու­մը եւ գոր­ծա­ծու­թիւ­նը ազ­գա­յին նպա­տակ պէտք է ըլ­լան, ա­ռանց գու­նա­գեղ պատ­շա­ճե­ցում­նե­րու հե­տե­ւանք՝ ո­չինչ խոս­տա­ցող տե­ղա­տո­ւու­թիւն­նե­րու, պատ­շա­ճե­ցում­ներ՝ ո­րոնք ո՞ւր պի­տի յան­գին, ոչ ոք կրնայ ը­սել:

Զոյգ աշ­խար­հա­բար­նե­րու մեր­ձե­ցու­մը որ­պէս այդ­պի­սին ի­րա­պէս մի­տո­ւած պէտք է ըլ­լայ, ա­ռանց մար­դոր­սա­կան, քա­րոզ­չա­կան կամ ար­դա­րաց­ման ճա­մար­տա­կու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք նոյն այդ մեր­ձե­ցու­մը կը խո­չըն­դո­տեն եւ կը մա­շեց­նեն լե­զուն, այս կամ այն աշ­խար­հա­բա­րը, Հա­յաս­տան եւ սփիւռք(ներ):

Այս յօ­դո­ւա­ծը պէտք է ըն­դու­նիլ ա­ռանց ճապ­կում­նե­րու, ա­ռանց հայ­րե­նաբ­նա­կի եւ ոչ-հայ­րե­նաբ­նա­կի տար­բե­րու­թիւն­նե­րով պատ­նէշ­ներ բարձ­րաց­նե­լու, ա­ռանց գե­րա­դա­սի եւ ստո­րա­դա­սի նկա­տում­նե­րու:

Կ­’ու­նե­նա՞նք բա­ւա­րար չա­փով հա­րա­զա­տու­թիւն ներշն­չող պատ­մամը­շա­կու­թա­յին հա­յեացք, լե­զո­ւի յստա­կու­թեան շուրջ մեր­ձե­ցում-միու­թիւն ստեղ­ծե­լու մի­տում, ազ­գի միու­թեան տե­սան­կիւ­նէ ինք­նու­թիւն կեր­տող գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան վե­րա­բե­րում:

Յա­ճախ պէտք է կրկնել եւ յի­շեց­նել, որ մեր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, հա­յե­րէ­նը զա­նա­զան ձե­ւե­րով նա­խա­յար­ձակ­ման են­թա­կայ ե­ղած է, ո­րոնք ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի, միշտ ու­նե­ցած են քա­ղա­քա­կան բնոյթ, եւ այդ քա­ղա­քա­կա­նին մենք ու­զած են բա­րե­նիշ­ներ տալ:

Մեր կար­գին, պատ­շա­ճե­լու հա­մար, մենք ալ տե­ղի տո­ւած ենք, ան­հա­տա­կան կամ բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կի շա­հախնդ­րու­թիւն­նե­րով, թե­թեւ­սո­լի­կու­թիւն­նե­րով:

Վի­գէն Խե­չու­մեա­նի «­Գիրք Լի­նե­լու­թեա­ն» մէջ կայ ա­հա­ւոր պատ­կեր մը. հե­րոս­նե­րէն մէ­կուն լե­զուն կտրած են, որ հա­յե­րէն չխօ­սի: Այս պա­րա­գա­յին ա­րար­քի ի­րա­կա­նին եւ փո­խա­բե­րա­կա­նին մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւն չկայ՝ երբ նկա­տի կ’ու­նե­նանք եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը, որ ինք­նու­թեան մեր­ժում կամ կո­րուստ է:

Զոյգ աշ­խար­հա­բար­նե­րու մեր­ձե­ցու­մը կա­մա­յա­կա­նու­թեամբ չի կրնար յա­ջո­ղիլ: Այ­սօր բա­ւա­րար կամք ու­նի՞նք ա­ռանձ­նաց­նե­լու եւ ա­պա վերց­նե­լու հե­ռաց­ման ար­գելք­նե­րը:

Այդ ար­գելք­նե՞­րը…

Բա­ցի ար­դի ուղ­ղագ­րու­թեան պար­տադ­րած հե­ռա­ցու­մէն, ո­րուն մա­սին պէտք է մտա­ծել, ա­ռանց մեկ­նե­լու կարծ­րա­ցած դիր­քե­րէ, հար­ցը կը վե­րա­բե­րի շարք մը բա­ռե­րու ուղ­ղագ­րու­թեան կամ ի­մաս­տի յաղ­թա­հա­րե­լի տար­բե­րու­թեան.-

– փա­փաք-փա­փագ, ար­ձա­գանգ-ար­ձա­գանք, փնտռել-փնտրել, ի զուր-ի­զուր, ճամ­բայ-ճամ­փայ, ճիշդ-ճիշտ, …

– բա­ռե­րու ի­մաստ­նա­յին տար­բե­րու­թիւն­ներ. տա­րա­կար­ծու­թիւն-տա­րա­ձայ­նու­թիւն… նոյն բա­նը չենք հասկնար:

Ան­տե­ղի եւ վայ­րագ փո­խա­ռու­թիւն­ներ. բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն-պոե­զիա… վե­րա­նո­րո­գում-ռես­տաւ­րա­ցիա, սե­ռա­կան-սէք­սո­ւալ:

Ան­հա­մար օ­տար բա­ռեր եւ օ­տա­րա­բա­նու­թիւն­ներ՝ զոյգ աշ­խար­հա­բար­նե­րու պա­րա­գա­յին:

Խո­նար­հու­մի եւ հնչիւ­նի մա­սին. Հա­յաս­տա­նի հե­ռա­տե­սի­լը եւ դուր­սը խօ­սող­նե­րը կը կրկնեն՝ կը վո­րո­շեն… երբ տար­րա­կան է ը­սել՝ կ’ո­րո­շեն:

Մաս­նա­գի­տա­կան բա­ռե­րու բա­նա­կը.-

Հիւ­լէա­կա­յան-ա­թո­մա­կա­յան, վի­րա­բոյժ-խի­րուրկ, հի­ւան­դա­նոց-հոս­պի­տալ, մա­զա­զեր­ծում-է­պի­լա­ցիա, դար­մա­նա­տուն-կլի­նի­կա, դար­մա­նում-թե­րա­պեւտ:

Բա­ռե­րու ան­ճիշդ գոր­ծա­ծու­թիւն.-

Բան­բեր-խօս­նակ, նա­խա­գահ-խօս­նակ, լրագ­րու­թիւն-ժուռ­նա­լիս­տի­կա, ա­ւան­դա­վէպ-լե­գենտ, ա­ռաս­պե­լա­կան-լե­գեն­տար:

Եւ դեռ թրքե­րէ­նէ ներ­մու­ծո­ւած եւ հայ­կա­կան հա­մա­րո­ւած բա­ռեր.

Մաղ­տա­նոս-ա­զատ­քեղ, լո­լիկ-պա­նա­տու­րա, պա­մի­տոր, սմբուկ-պադ­րի­ճան:

Նա­խա­րա­րի բեր­նով հե­ռա­տե­սի­լէն հնչող պլան­տա­ցիան մի­թէ՞ կա­րե­լի չէ պար­զա­պէս փո­խա­րի­նել մշա­կո­ւած տա­րած­քով,… Եւ մե­դա­լը շքան­շա­նով:

Իսկ խօ­սակ­ցա­կան մա­կար­դա­կի վրայ, եր­բեմն ալ գրա­կան-լրագ­րա­կան, աս­տի­ճա­նա­բար պէտք է հրա­ժա­րիլ թրքա­բա­նու­թիւն­նե­րէ եւ թրքե­րէն բա­ռե­րէ, նոյ­նիսկ ե­թէ ա­նոնք ար­մա­տա­ցած են, ինչ­պէս գիւ­լէ, տուշ­ման, ա­տաթ, թա­սիպ, ջի­գեար:

Ի՞նչ գործ ու­նի է­լի­տա­րը ընտ­րա­նիի փո­խա­րէն. երբ կայ հան­րա­կառ­քը ին­չո՞ւ ը­սել աւ­տո­պուս:

Եւ դեռ ծե­րա­կոյտ–­սե­նատ, փո­խադ­րու­թիւն–տ­րանս­բըրտ, հո­ղա­տի­րա­կան-ակ­րա­րա­յին։

Լր­ջօ­րէն պէտք է մտա­ծել ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի խօ­սակ­ցա­կան եւ գրա­կան լե­զո­ւին մէջ տուն-տեղ ե­ղած Է էա­կա­նի փո­խա­րէն Աի գոր­ծա­ծու­թեան վե­րաց­ման մա­սին, որ ոչ մէկ ար­դա­րա­ցում ու­նի:

Քայլ պա­հե­լու հա­մար ժա­մա­նա­կա­կից կեան­քին հետ՝ ստեղ­ծում նոր բա­ռե­րու, հիմ­նո­ւե­լով հա­յե­րէն ար­մատ­նե­րու եւ ի­մաստ­նե­րու վրայ: Ֆ­րան­սա որ­դեգ­րած էր ա­մե­րի­կեան ի-մէյ­լը, Քէ­պէ­քի ֆրան­սա­ցի­նե­րը այդ մեր­ժե­ցին, հնա­րե­ցին քուր­րիէ­լը եւ Ֆ­րան­սա հե­տե­ւե­ցաւ: Ա­ռակս ցու­ցա­նէ…

Այդ աշ­խա­տան­քը հարկ է կա­տա­րել ժո­ղով­նե­րէ ա­ռաջ:

Մեր­ձե­ցու­մը հրաշ­քով տե­ղի պի­տի չու­նե­նայ, այլ աս­տի­ճա­նա­կան սրբագ­րու­թիւն­նե­րով եւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րով:

Ար­դի ուղ­ղագ­րու­թեան հար­ցը չեմ դներ ան­մի­ջա­պէս, այդ սառ­ցա­լե­րան բա­խող Թի­թա­նի­քի պատ­մու­թիւն կ’ըլ­լայ ներ­կայ հանգ­րո­ւա­նին: Հարկ է յա­ռա­ջա­նալ պզտիկ քայ­լե­րով, այդ ըն­թաց­քին զի­րար լսե­լու սո­վո­րու­թիւն կը ստեղ­ծո­ւի: Մի­ջո­ցին, նոյն ձե­ւով հնչուող բայց տար­բեր ի­մաստ ու­նե­ցող բա­ռե­րուն մա­սին հարկ է մտա­ծել. ի՞նչ ը­նել շփոթ­նե­րու ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար. համր-յամր, սէր-սեր, գէր-գեր, յետ­սա­պահ-հետ­սա­պահ…

Եւ դեռ բա­յա­կան ձե­ւեր. զբա­ղիլ-զբա­ղո­ւիլ, բնա­կիլ-բնա­կո­ւիլ…

Եւ դեռ բա­նա­կի վե­րա­բե­րող բա­ռեր. զօ­րա­վար-գե­նե­րալ…

Կամ՝ դրա­մա­տուն-բանկ… վարկ-կրէ­դիտ… (եւ հե­տե­ւող բա­ռե­րը), սա­կա­րան – բոր­սա, գաղթ–­միկ­րա­ցիա, տնտե­սու­թիւն-է­կո­նո­մի­կա, ե­լեւ­մուտք-ֆի­նանս:

Հարկ է ըն­դու­նիլ մեր­ձեց­ման սկզբուն­քը, ա­ռանց աշ­խար­հա­բար­նե­րու միաց­ման հարց դնե­լու: Այդ ժա­մա­նա­կը եւ ի­մաս­տու­թիւ­նը ցոյց պի­տի տան:

Ե­թէ սկսինք պզտիկ քայ­լե­րով յա­ռա­ջա­նալ, փոր­ձը ինք կրնայ ճամ­բայ ցոյց տալ:

Այդ պզտիկ քայ­լե­րը սկսած են: Մա­մու­լի մէջ լոյս կը տես­նեն յօ­դո­ւած­ներ հե­ղի­նա­կին աշ­խար­հա­բա­րով եւ ա­նոր ընտ­րած ուղ­ղագ­րու­թեամբ: Հան­րու­թիւ­նը ըն­թեր­ցու­մով եւ տես­նե­լով վար­ժու­թիւն ձեռք կը բե­րէ:

Հա­յե­րէ­նին տի­րա­պե­տել, ա­նոր մաք­րու­թեան ա­չա­լուրջ ըլ­լալ, ար­գելք չեն օ­տար լե­զու­նե­րու իւ­րաց­ման: Բայց օ­տար լե­զու­նե­րու իւ­րաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը պատ­ճառ-պատ­րո­ւակ պէտք չէ ըլ­լայ հա­յե­րէ­նի խա­թար­ման, ա­նոր գոր­ծա­ծու­թեան բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րուն. ա­ռեւ­տուր, քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, ա­րո­ւեստ, գի­տու­թիւն եւ ըն­թա­ցիկ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կին, այ­սինքն՝ փո­ղո­ցը:

Հա­յե­րէ­նի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ աշ­խար­հա­բար­նե­րու մեր­ձե­ցու­մը պէտք է հա­մա­րել ազ­գա­յին նպա­տակ եւ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռանցք՝ որ միու­թեան կ’ա­ռաջ­նոր­դէ եւ նկա­րա­գիր կը կեր­տէ, ան­մի­ջա­կան շա­հագրգ­ռու­թիւն­նե­րը գե­րան­ցե­լով:

Ս­փիւռք(ներ)ը պար­տո­ւո­ղա­կան վե­րա­բե­րու­մէ դուրս պէտք է գան եւ հասկնան, որ երգ ու պա­րով տե­ւե­լու հնա­րը ինք­նա­խա­բէու­թիւն է, հաւ­կու­րու­թիւն:

Հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման թո­հու­բո­հին կուրծք տա­լով՝ ե­թէ այ­սօր չը­նենք անհ­րա­ժեշ­տը, վա­ղը կրնանք տխրօ­րէն հաս­տա­տել, որ ար­դէն ուշ է:

Այդ անհ­րա­ժեշ­տը այ­սօր չի կա­տարո­ւիր: Կը գո­հա­նանք հաց-պա­նի­րի հա­յե­րէ­նով, ինչ­պէս յա­ճախ կը կրկնեմ, հե­տե­ւե­լով Շա­ւարշ Մի­սա­քեանի դի­պուկ խօս­քին: Հաց-պա­նի­րի հա­յե­րէն հայ կեան­քի բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րուն:

Եր­բեմն այդ ալ չկայ, երբ լրա­տու­նե­րը կ’ըլ­լան օ­տար լե­զու­նե­րով, ժո­ղով­նե­րու ա­տե­նագ­րու­թիւն­նե­րը կը պա­հո­ւին օ­տար լե­զու­նե­րով, նոյն­պէս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը:

Ազ­գա­յին վե­րա­կանգ­նու­մը միայն տնտե­սա­կան չէ, այլ է նաեւ ո­գե­կան:

Եւ լե­զուն կրողն է այդ ո­գե­կա­նու­թեան, ա­նով մե­զի հա­սած բազ­մա­դա­րեան ժա­ռան­գու­թեամբ:

Յ. Պա­լեան