Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­15 Յու­լի­սին հա­ղոր­դո­ւե­ցաւ, որ ՏԱՀԵՇի պատ­կա­նող «­Տա­րուլ­հի­լա­ֆէ» թրքե­րէն կայ­քը սպառ­նա­լիք­ներ տա­րա­ծած է ­Թուր­քիոյ հաս­ցէին: ՏԱՀԵՇի տա­րա­ծած յայ­տա­րա­րու­թեան վեր­ջա­ւո­րու­թեան կ­՛ը­սո­ւէր, որ ՏԱՀԵՇ-ի վրայ ­Թուր­քիոյ ճնշում­նե­րուն պատ­ճա­ռով ի­րենք հար­կադ­րո­ւած պի­տի ըլ­լան «­Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ նոր էջ մը բա­նալ», ինչ որ այն սխալ տպա­ւո­րու­թիւ­նը ստեղ­ծեց, թէ ­Սու­րու­ճի մէջ 21 Յու­լի­սին տե­ղի ու­նե­ցած յար­ձա­կու­մը նշեալ սպառ­նա­լի­քին գոր­ծադ­րու­թիւնն է: ­Թուրք յօ­դո­ւա­ծա­գիր­ներ ան­մի­ջա­պէս սկսան շե­փո­րել, թէ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը ­Թուր­քիոյ դէմ պա­տե­րազ­մի յայ­տա­րա­րու­թիւն մըն է:

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­նի­կա ար­դէն իսկ ըն­թա­ցող Ան­գա­րա-քիւր­տեր եւ ՏԱՀԵՇ-քիւր­տեր պա­տե­րազմ­նե­րու մէկ նոր ա­րարն է: Այդ մա­սին կը վկա­յէ գոր­ծո­ղու­թեան թի­րա­խը: ­Յար­ձա­կու­մին զոհ գա­ցած 32 ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը սահ­մա­նին ան­մի­ջա­պէս միւս կող­մը գտնո­ւող Ա­րաբ ­Բու­նա­րի մէջ մար­դա­սի­րա­կան կա­մա­ւոր աշ­խա­տանք տա­նե­լու հա­մար հա­ւա­քո­ւած քիւր­տեր էին, ինչ­պէս նաեւ ­Թուր­քիոյ մէջ քրտա­կան քա­ղա­քա­կան շար­ժու­մին հա­մա­կիր աշ­խար­հիկ եւ ըն­կեր­վա­րա­կան թուր­քեր:

Ա­սի­կա ՏԱՀԵՇի կող­մէ ­Թուր­քիոյ մէջ քիւր­տե­րուն դէմ ա­ռա­ջին յար­ձա­կու­մը չէր. ՏԱՀԵՇ ­Թուր­քիոյ մէջ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն հա­զիւ քա­նի մը օր ա­ռաջ ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ յար­ձա­կում գոր­ծած էր քրտա­կան ընտ­րա­կան հա­ւա­քի մը դէմ: Թր­քա­կան ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րը չբա­ցա­յայ­տե­ցին յան­ցա­գործ­նե­րը: ­Սա­կայն ա­նոնք ­Սու­րու­ճի յար­ձա­կու­մէն մէկ օր ետք դժո­ւա­րու­թիւն չու­նե­ցան բա­ցա­յայ­տե­լու եւ վնա­սա­զեր­ծե­լու Ան­գա­րա­յի մէջ Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան շէն­քին մօտ դրո­ւած ա­կան մը: Ա­տի­կա զար­մա­նա­լի չէ, ո­րով­հե­տեւ հա­ւա­նա­բար ա­կա­նը զե­տե­ղողն ու վնա­սա­զեր­ծո­ղը նոյն կողմն էր, իսկ ա­տոր նպա­տա­կը` ա­ւե­լի հա­մո­զիչ դարձ­նել այն սու­տը, թէ ՏԱՀԵՇ պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րած է ­Թուր­քիոյ դէմ: ­Վար­չա­պետ Ահ­մեթ ­Տա­ւու­թօղ­լու չզլա­ցաւ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րելու թատ­րո­նին եւ ­Սու­րու­ճի դէպ­քը «­Թուր­քիոյ եւ թրքա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան» դէմ յար­ձա­կում մը նկա­տեց, սա­կայն ատ­կէ հա­զիւ քա­նի մը ժամ ետք, թրքա­կան ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը այդ յար­ձա­կու­մին դէմ բո­ղո­քի ցոյց կա­տա­րող­նե­րուն դէմ բռնի ուժ կի­րար­կեց: Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ին­չո՞ւ զայ­րա­ցաւ «­Թուր­քիոյ դէմ պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րած» ՏԱՀԵՇի դէմ բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րէն. ո­րով­հե­տեւ ՏԱՀԵՇը ­Թուր­քիոյ թշնա­միին` քիւր­տե­րուն թշնա­մին է, ուս­տի եւ ­Թուր­քիոյ բա­րե­կա­մը:

ՏԱՀԵՇի կող­մէ ­Թուր­քիոյ դէմ պա­տե­րազ­մի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը չկրցաւ ճշմար­տու­թիւ­նը ծած­կել: Ք.Ա.Կ. այդ մէ­կը յստակ դար­ձուց, երբ Ուր­ֆա­յի մէջ ա­հա­բե­կեց եր­կու ոս­տի­կան­ներ` նշե­լով, որ այդ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը հա­կա­դար­ձու­թիւն մըն է ­Սու­րու­ճի մէջ կա­տա­րո­ւած յար­ձա­կու­մին: ՏԱՀԵՇի տա­րա­ծած յայ­տա­րա­րու­թեան նպա­տա­կը մար­դիկ ա­պա­կողմ­նո­րո­շելն է: Ուր­ֆա­յի մէջ ոս­տի­կան­նե­րու ա­հա­բե­կու­մը ե­կաւ վկա­յե­լու, թէ այդ նպա­տա­կը ձա­խո­ղած է, իսկ ճշմար­տու­թիւ­նը հե­տե­ւեալն է. Ան­գա­րան ­Սու­րու­ճի ո­ճի­րին պա­տո­ւի­րա­տուն է, իսկ ՏԱՀԵՇը` զայն գոր­ծադ­րե­լու յար­մար գոր­ծի­քը:

Վահ­րամ Էմ­միեան