Print
Category: Յօդուածագրութիւն

...Եւ մի՛շտ պի­տի յի­շենք ­­Լիզ­պո­նի մէջ հե­րո­սա­ցած մեր հինգ նա­հա­տակ­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք մաս կը կազ­մեն մեր պայ­քա­րի պատ­մու­թեան, կը մարմ­նա­ւո­րեն ժա­մա­նակ չճանչ­ցող մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը,

Ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք ներշն­չում ա­ռած էին մեր պատ­մու­թե­նէն, ու պատ­մու­թիւն կեր­տե­լով՝ ի­րենց կար­գին դար­ձան ներշն­չա­րան:

Յա­ճախ կ’եր­գենք մեր հե­րոս­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած եր­գեր, ո­րոնց­մէ մէ­կուն հե­տե­ւեալ տո­ղե­րը միայն մեր շուրթ­նե­րէն չեն բխիր, այլ կը ծո­րին իւ­րա­քան­չիւր յանձ­նա­ռու հա­յու հո­գիէն, էու­թե­նէն.

«­­Մենք ձեզ եր­բեք չենք մո­ռա­նայ, ու միշտ կը յի­շենք...»

Սա մեր հե­րո­սա­պա­տում­նե­րը կեր­տող նա­հա­տակ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած միակ եր­գը չէ. մեր ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան եր­գա­րան­նե­րը ա՛յն­քան հա­րուստ են հե­րո­սա­կան սխրանք­նե­րը պան­ծաց­նող եր­գե­րով, որ­քան մեր պատ­մու­թիւ­նը՝ հե­րոս­նե­րով: Ու­րիշ եր­գի մը մէջ, կը դա­ւա­նինք, որ «դա­ժան կռւում» ին­կած մեր հե­րոս­նե­րը յու­շար­ձա՛ն են. այլ խօս­քով՝ ­­Լիզ­պո­նի Տ­ղա­քը, ա­նոնց պայ­քա­րի ու­ղին բա­ցած ան­ցեա­լի մեր հե­րոս­նե­րը, ար­դա­րա­տենչ­նե­րը կը սպա­սեն, որ մեր հո­գի­նե­րուն կող­քին, ի­րենց հա­մար ար­ժա­նի յու­շար­ձան­ներ կանգ­նին հայ­րե­նի հո­ղին վրայ, հայ­կա­կան մեր օ­ճախ­նե­րուն մէջ, այն­պէս՝ ինչ­պէս ար­ժա­նա­ւոր կեր­պով յու­շա­կո­թող­ներ կը կանգ­նեց­նենք 100 տա­րի ա­ռաջ ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ գա­ցած մեր նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար:    

Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ող­բի եւ կո­րուս­տի յի­շա­տակ­ներ կը բե­րէ մե­զի, մինչ­դեռ ­­Լիզ­պո­նի տղա­քը, զա­նոնք կան­խող ու ա­նոնց ներշն­չա­րա­նէն ծնող նոր հե­րոս­նե­րը, հայ­րե­նի սահ­ման­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար այ­սօ՛ր իսկ նա­հա­տա­կո­ւող մար­տիկ­նե­րը ար­ժա­նի են «...Ու միշտ կը յի­շենք»ը մարմ­նա­ւո­րող յո­ւշա­կո­թող­նե­րու:

­­Բուռ մը տղաք էին հինգ քա­ջե­րը, ո­րոնք մեր պատ­մու­թեան լու­սա­ւոր է­ջե­րէն դաս­տիա­րա­կո­ւած, Ա­րա­բո­նե­րու, Հ­րայր Դ­ժոխք­նե­րու, ­­Նի­կոլ ­­Դու­ման­նե­րու, ­­Չա­ւուշ­նե­րու, ­­Թեհ­լի­րեան-­­Շի­րա­կեան­նե­րու եւ դեռ շատ ու շատ «պան­թէո­նա­կան»նե­րու բա­ցած ու­ղիին հա­ւա­տար­մու­թեամբ, գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան դի­մե­ցին, հա­յու­թեան ու աշ­խար­հի տա­րածք­նե­րուն մէջ զան­գեր հնչեց­նե­լով ու ի­րենց կար­գին դառ­նա­լով ու­ղե­ցոյց-կե­րոն: Ա­նոնց օ­րի­նա­կը չի թե­լադ­րեր, որ ա­մէն հայ­րե­նա­սէր պէտք է գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեամբ ար­տա­յայ­տէ իր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը, այլ ան­ժա­ման­ցե­լի պատ­գամ է, որ ինչ­պէս մեր դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան վճռո­րոշ հանգ­րո­ւան­նե­րուն, նոյն­պէս ալ 80ա­կան­նե­րուն, 90ա­կան­նե­րուն, այ­սօր ու վաղն ալ, հայ­րե­նի­քին ու ար­դար ի­րա­ւուք­նե­րու հե­տապնդ­ման ճամ­բուն վրայ, գե­րա­գոյն զո­հո­ղու­թիւ­նը երկմ­տան­քի հարց չի ստեղ­ծեր:

Ինչ­պէս մեր պատ­մա­կան հե­րո­սա­պա­տում­նե­րու պա­րա­գա­յին, նոյն­պէս ալ ­­Լիզ­պո­նի ­­Հին­գին սխրան­քէն ետք, սա­հող իւ­րա­քան­չիւր տա­րի նոր փայլ կը նե­րար­կէ նա­հա­տակ­նե­րու ա­րար­քին, նո­րա­հաս դէպ­քեր ու զար­գա­ցում­ներ նոր ի­մաստ կը նե­րար­կեն ա­նոր, գործ­նա­պէս ցոյց տա­լով, որ ա­նոնք ան­ցեալ չեն, այլ ներ­կայ են ու ներ­կայ պի­տի մնան նաեւ վա­ղը, ա­պա­գա­յին:

«­Մենք ­­Ձեզ եր­բեք չենք մո­ռա­նայ ու միշտ կը յի­շենք», ­­Սի­մոն, ­­Վա­չէ, ­­Սա­գօ, ­­Սեդ­րակ եւ Ա­րա, ինչ­պէս որ դուք չէիք մոռ­ցած ու նո­րա­գոյն մարմ­նա­ւո­րու­մը ե­ղաք մեր պատ­մա­կան հին ու նոր հե­րոս­նե­րուն, հե­տե­ւե­ցաք       պայ­քա­րի պատ­մու­թեան մէջ ­­Պանք Օ­թո­ման ու ­­Խա­նա­սոր ար­ձա­նագ­րող­նե­րու սխրա­լի ու­ղիին,

Ինչ­պէս որ ­­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ ար­տերկ­րէն հոն փու­թա­ցած մեր քա­ջե­րը ե­ղան ու կը մնան ձեր մարմ­նա­ւո­րու­մը:

Ձեր սխրան­քէն ծնած պատ­գա­մը հայ­րե­նի­քին ու ­­Դա­տին հա­ւա­տար­մու­թեան հրա­ւէր է իւ­րա­քան­չիւր հայ պա­տա­նիի ու ե­րի­տա­սար­դի, ո­րոնց­մէ շա­տեր ծնած իսկ չէին ­­Լիզ­պո­նի օ­րը, ինչ­պէս որ դուք ծնած չէիք այն օ­րե­րուն, երբ մեր անն­ման ֆե­տա­յի­նե­րը, բուք ու բո­րան մութ գի­շե­րին, փամ­փուշտ­նե­րըը խաչ­կա­պած, հրա­ցան­ներն ու­սե­րին, կը պտտէին հայ­րե­նի հո­ղին վրայ, կը պաշտ­պա­նէին մեր ժո­ղո­վուր­դը, կը գոր­ծադ­րէին Խ­րի­մեան ­­Հայ­րի­կի «Եր­կա­թէ ­­Շե­րեփ»ի պատ­գա­մը...

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ