Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վերջին տարիներուն լիովին կորսնցուցած է իր հեղինակութիւնը` բազմաթիւ արտառոց պնդումներ ընելուն պատճառով:
Օրինակ` անցեալ տարի Պոլիս այցելած խումբ մը լատին-ամերիկեան մահմետականներու Էրտողան ըսած է, որ մահմետական ճանապարհորդները յայտնաբերած են Ամերիկան Քրիստոֆըր Քո լումպոսէն աւելի քան 300 տարի առաջ:«Կը պնդեն, որ Քոլումպոս յայտնաբերած է Ամերիկա մայր-ցամաքը 1492 թուականին: Իրականութեան մէջ, մահմետական նաւաստիները հասան ամերիկեան մայր-ցամաք Քոլումպոսէն 314 տարի առաջ` 1178 թուականին…. Իր յուշագրութիւններուն մէջ Քրիստոֆըր Քոլումպոս կը նշէ Քուպայի ափամերձ բլուրին վրայ մզկիթի մը առկայութեան մասին: Այդ բլուրին վրայ մզկիթը այսօր շատ տեղին կ՛ըլլար»:
Երբ մարդիկ ամբողջ աշխարհի մէջ ծաղրուծանակի ենթարկեցին նախագահին անհիմն պնդումը, թուրք լրագրող Օրէյ Էկին պարզաբանեց, որ Էրտողան լրիւ խեղաթիւրած է այն, ինչ Քոլումպոս գրած էր իր յուշերուն մէջ` Քուպայի մէջ սարի մը գագաթը համեմատելով «գեղեցիկ մզկիթի» մը հետ: Թուրքիոյ ղեկավարը սխալմամբ եզրակացուցած է, որ Քոլումպոս տեսած էր մահմետական նաւաստիներու կառուցած մզկիթը…
Էրտողանը ծաղրող բազմաթիւ կատակներէն մէկուն մէջ, ինչ-որ մէկը հեգնանքով պնդած է, որ տիեզերագնաց Նիլ Արմսթրոնկ իր ինքնակենսագրութեան մէջ գրած է.- «Երբ մենք իջանք Լուսնի վրայ, տեսանք հոյակերտ շէնքի մը աւերակները: Ես ու Պազ Օլտրին շշմեցանք, երբ մօտեցանք այդ աւերակներուն: Անիկա խնամքով կառուցուած օսմանեան փոքրիկ մզկիթ մըն էր: Երբ վերադարձանք երկիր, ՆԱՍԱ (Օդագընացութեան եւ Տիեզերական Տարածութեան Հետազօտութիւններու Ազգային Վարչութիւն) եւ ամերիկեան կառավարութիւնը մեզի յանձնարարեցին այդ մասին լռել»:
Թուրքիոյ ղեկավարին վերագրուող նման տարօրինակ յայտարարութիւնները կը շարունակեն յայտնուիլ համացանցի վրայ: Հաշուի առնելով Էրտողանի յիմար պատմութիւններ յօրինելու սովորութիւնը, շատ մարդիկ հակուած են հաւատալու այն ամէնուն, ինչ որ կը կարդան անոր մասին:
Ահա թարմ օրինակ մը` «օսմանցիները առաջինը հասած են Լուսին, կ՛ըսէ Թուրքիոյ նախագահը»,- կը գրէ Պարպարա Ճանսըն «Ուըրլտ նիւզ տէյլի ռիփորթ» թերթին մէջ (World News Daily Report): Ան մէջբերած է Էրտողանի խօսքերը.- «Կ՛ըսեն, թէ Նիլ Արմսթրոնկ առաջին մարդն էր, որ 1969 թուականին ոտք դրաւ Լուսնի վրայ: Իրականութեան մէջ, մահմետական տիեզերական ճանապարհորդները հասած են հոն անկէ 334 տարի առաջ` 1635 թուականին: Բոլորը գիտեն յայտնի օդաչու Լագարի Հասան Չելեպիի` «Օսմանեան տիեզերագնաց»ի մասին, որ առաջին յաջող հրթիռային թռիչքը կատարեց 1633 թուականին: Թերեւս դուք չէք գիտեր, որ երկու տարի անց ան փորձեց հասնիլ Լուսին, որ հնարաւոր է բարեյաջող աւարտ ունեցաւ»:
Ըստ թրքական դիցաբանութեան` առասպելական օսմանեան օդաչու Լագարի Հասան Չելեպին 1633 թուականին ուղեւորուեցաւ 7թեւանի հրթիռով, օգտագործելով մօտ 60 քիլօ վառօդ: Թռիչքէն առաջ ան բացագանչեց.- «Իմ սուլթան, օրհնեալ ըլլաք, ես կ՛երթամ Յիսուսի հետ զրուցելու»: Անոր հրթիռը ծովու վրայ վայրէջք կատարելէ ետք, Չելեպին իբր թէ լողալով հասաւ ափ եւ ըսաւ.- «Իմ սուլթան, Յիսուս իր ողջոյնը կ՛ուղարկէ ձեզի…»:
Լրագրող Ճանսըն շարունակեց իր տարօրինակ պատմութիւնը.- «Նախագահ Էրտողանի զարմանալի յայտարարութիւնը որոշ շշնջոց եւ քմծիծաղ յառաջացուց դահլիճին մէջ, եւ նման արձագանգը զայրացուց թուրք քաղաքական գործիչը: Ան խստօրէն քննադատեց թերահաւատները զինք ծաղրելուն համար` աւելցնելով, որ շուտով իր խօսքերը հաստատող ապացոյցներ կը ներկայացնէ.- «ինչո՞ւ չէք հաւատար: Որովհետեւ երբեք չէք հաւատացած, որ որեւէ մահմետական ունակ է նման բան ընելու…. Հնարաւոր է, որ ՆԱՍԱ ոչնչացուցած է օսմանեան յաջողութեան բոլոր իրեղէն ապացոյցները «Ափոլոն-11» առաքելութեան ժամանակ, բայց մենք կը փորձենք որեւէ թաքցուած վկայութիւն գտնել»:
Ի հարկէ, Ճանսընի գրածը ճիշտ չէր: Էրտողանը երբեք այդ խօսքերը չէ արտասանած: Սակայն, հետաքրքրական է, որ շատ թուրքեր հաւատացին այս կեղծ պատմութեան եւ հետեւեալ մեկնաբանութիւնները տեղադրեցին` արձագանգելով Ճանսընի յօդուածին.
– Ալի Էմրէ Տէմիր.- «Ցաւօք, ան մեր նախագահն է»:
– Պերքայ.- «Սարսափելի է, երբ դուն կ՛ապրիս այդ երկրին մէջ եւ ականատես կ՛ըլլաս այդ մարդու ըրածներուն ու կը տեսնես, թէ ան որքան շատ աջակիցներ ունի: Խայտառակութիւն է»:
– Տենիզ.- «Խեղճ թուրք աշխարհիկ ժողովուրդ… Այս Թայիփը Թուրքիոյ ամօթն է»:
– Հուսէյն.- «Դուք չէք կրնար պատկերացնել, թէ մենք որքան կը տառապինք: Ան դաժան բռնապետ է…. Ան ամբողջովին անարգանք է մեզի համար»:
Իրօք, Էրտողան մեծ խայտառակութիւն է միլիոնաւոր թուրքերու համար, որոնք կ՛ամչնան, որ նման նախագահ ունին: Ցաւօք, Թուրքիոյ նախագահի գործողութիւնները աւելի անողոք են, քան անոր խօսքերը. ան կ՛ազատազրկէ լրագրողները, կը հրամայէ կրակել քաղաքացիական ցուցարարներու վրայ, դատի կու տայ անոնց, որոնք համաձայն չեն իրեն հետ, կը թաքցնէ կաշառակերութեան միջոցով ձեռք բերուած միլիոնաւոր տոլարները, աշխատանքէ կը հանէ դատաւորներն ու իրաւապահ մարմիններու պաշտօնատար անձիք, որոնք կը հրաժարին կատարելէ անոր ապօրինի հրահանգները, եւ կ՛աջակցին «Իսլամական Պետութեան» ահաբեկիչներու ներթափանցումին Սուրիա եւ Իրաք:
Միջազգային հանրութիւնը պէտք է աւելի շատ մտահոգուի Էրտողանի սարսափելի գործողութիւններով, այլ ոչ թէ անոր զառանցանքներով...
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»