Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայ­կա­կան վեր­լու­ծա­կան ոսպ­նեա­կը բնա­կա­նա­բար իր լու­սար­ձակ­նե­րը պի­տի կեդ­րո­նաց­նէ - Ի­րան-Ա­րեւ­մուտք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ար­դիւն­քով - նախ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կրե­լիք ան­մի­ջա­կան անդ­րա­դարձ­նե­րուն եւ, ա­պա, տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ հա­կա­ռա­կորդ­ներ ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ու­նե­ ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան փո­փո­խու­թեան վրայ:

­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կի­սաշր­ջա­փա­կո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ցա­մա­քա­յին բաց եր­կու ել­քե­րէն մէ­կը` Վ­րաս­տա­նը, ան­շուշտ տա­րան­ցի­կու­թեան կար­գա­վի­ճա­կով, կ­՛օգ­տո­ւի այս կա­ցու­թե­նէն եւ ապ­րան­քաշըր­ջա­նա­ռու­թեան երկ­կող­մա­նի ե­լու­մու­տէն կը քա­ղէ իր շա­հոյ­թը։ ­Քա­ղա­քա­կան իւ­րա­քան­չիւր հանգ­րո­ւա­նի հա­մար­ժէք ու­ղերձ փո­խան­ցե­լու հա­մար, դիւ­րա­բեկ ո­րոշ սահ­մա­նա­կէ­տեր կը փա­կո­ւին, մերթ ընդ մերթ հո­ղա­յին սա­հանք­նե­րու պատ­րո­ւա­կով եւ կամ նա­խա­դէ­պե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով՝ ­Ռու­սիոյ ­Դաշ­նու­թեան դէմ սկսո­ւած պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով: ­Չոր­րորդ դրա­ցին` Ի­րա­նը, մինչ այժմ յայտ­նո­ւած էր մի­ջազ­գա­յին մե­կու­սաց­ման մէջ, են­թար­կո­ւած` պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու:

Ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս հան­գա­մանքն է, որ փո­փո­խու­թեան են­թար­կո­ւե­լու սե­մին է: Ա­ռանց մտնե­լու հիւ­լէա­կան ծրա­գի­րի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ման­րա­մաս­նու­թեանց մէջ, կը թո­ւի, որ կա­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան ա­ռար­կա­յաց­ման պա­հը հա­սած է ար­դէն եւ Ի­րա­նը կը յայտ­նո­ւի նոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն­ներ ստանձ­նե­լու դիր­քին վրայ:

Շր­ջա­փակ­ման են­թա­կայ մեր հան­րա­պե­տու­թեան հա­մար, ու­րեմն, դէ­պի մի­ջազ­գա­յին շու­կայ բա­ցո­ւող Ի­րա­նը, որ մինչ այժմ քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր էր, կը պար­փա­կէ նկա­տա­ռե­լի նա­խադ­րեալ­ներ՝ վե­րածուե­լու հա­մար նաեւ տնտե­սա­կան մա­կար­դա­կի ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րոջ:

­Նոր հան­գա­ման­քի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը երկ­կող­մա­նի փոխ-շա­հա­ւէ­տու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ: Ե­թէ պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նի հա­մար Ի­րա­նը ցա­մա­քա­յին կա­րե­ւո­րա­գոյն ելք է, շրջա­փա­կու­մի այ­լընտ­րան­քա­յին իբ­րեւ նշա­նա­կա­լի մի­ջոց, ա­պա ­Թեհ­րան եւս դէ­պի ­Կով­կաս եւ դէ­պի ­Սեւ ծով հաս­նե­լու հա­մար Ե­րե­ւա­նի կա­յուն տա­րան­ցի­կու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կ­՛ընդգ­ծէ: ­Պար­սից ծո­վէն Ի­րան եւ ան­կէ ­Հա­յաս­տան-Վ­րաս­տան ու ­Սեւ ծով ելք` տնտե­սա­կան նոր հե­ռան­կար­ներ կը բացո­ւին նաեւ ­Թեհ­րա­նի հա­մար այս ճամ­բով:

Ի­րա­նի ա­պա­մե­կու­սա­ցու­մը, ­Թեհ­րա­նին ա­ռըն­թեր այս ձե­ւով նոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն կը վստա­հի նաեւ Ե­րե­ւա­նին: Այս ընդ­հա­նուր պա­րու­նա­կին մէջ ալ կը տե­ղադ­րո­ւին հե­տա­գայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նա­խա­գիծ­նե­րը, հիւ­սիս-հա­րաւ ճա­նա­պար­հը, նոր եր­կա­թու­ղիի կա­ռու­ցու­մը, ­Մե­տաք­սէ ճա­նա­պար­հի ու­րուագծու­մը:

Բ­նա­կա­նա­բար կը մրճա­հա­րո­ւի նո­ւազ լա­ւա­տե­սու­թիւն փո­խան­ցող հար­ցադ­րու­մը:.

- Ե­րե­ւա­նը ա­պա­մե­կու­սա­ցո­ւող ­Թեհ­րա­նի եւ մե­կու­սա­ցո­ւող ­Մոս­կո­ւա­յի մի­ջեւ պի­տի յա­ջո­ղի՞ ա­պաշր­ջա­փա­կո­ւե­լու իր քայ­լե­րուն մէջ:

- Եւ երկ­րոր­դը. Ի­րան-Ա­րեւ­մուտք հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը սոսկ հիւ­լէա­կան հար­ցե­րո՞ւ կը վե­րա­բե­րի, թէ՞ կ­՛ընդգր­կէ նաեւ մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին զի­նո­ւո­րա­քա­ղա­քա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րը:

Ի­րադ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քը կրնայ միայն ո­րոշ լոյս սփռել կան­խա­տե­սա­կան վար­կած­նե­րու վրայ: ­Պարզ է այն, որ ա­պա­մե­կու­սա­ցո­ւող Ի­րա­նը իբ­րեւ գլխա­ւոր խա­ղա­ցող կ­՛ըն­կա­լո­ւի տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ, մինչ այժմ այդ ա­ղիւ­սա­կը գրա­ւած ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ, Ե­գիպ­տո­սի եւ ­Թուր­քիոյ կող­քին: Իսկ այս մէ­կը միան­շա­նակ յօ­գուտ Ան­գա­րա­յին չէ:

Ի­րա­նի ա­պա­մե­կու­սաց­ման հե­տե­ւանք­նե­րը մե­զի հա­մար` ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ու­նե­նա­լիք դե­րա­կա­տա­րու­թիւնն է նախ եւ ա­ռաջ: ­Զու­գա­հեռ` Ան­գա­րա­յի դե­րին նո­ւա­զե­ցու­մը:

«ԱԶԴԱԿ»