Սերպիոյ վարչապետը, Սրեպրենիցայի ցեղասպանութեան զոհերուն յուշակոթողին ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք, իսլամներուն կողմէ քարկոծուեցաւ, որուն պատճառով ալ Պոսնիան ստիպուեցաւ ոչ միայն դատապարտելու արարքը, այլ նաեւ ներում հայցելու արարողութեան ներկայ գտնուած «բոլոր օտար պատուիրակութիւններէն», իմա` նաեւ Սերպիոյ վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութենէն:
«Կը ցաւիմ, որ կարգ մը մարդիկ չկրցան հասկնալ սերպերուն եւ պոսնիացիներու միջեւ բարեկամութիւն կառուցելու իմ անկեղծ փափաքս»,- ըսաւ Վուսիչ` աւելցնելով.- «Ձեռքս կը շարունակեմ երկարել պոսնիացի ժողովուրդին»: Սերպիան դէպքը իր վարչապետին դէմ մահափորձ մը, ինչպէս նաեւ «ամբողջ Սերպիոյ եւ անոր խաղաղութեան եւ շրջանային համագործակցութեան քաղաքականութեան դէմ յարձակում մը» նկատեց:
Պահ մը երեւակայեցէք, եթէ Էրտողան ընդառաջած ըլլար նախագահ Սարգսեանի հրաւէրին, այս դէպքը պատահած ըլլար Ծիծեռնակաբերդի մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստիպուէր ներում հայցել արարողութեան մասնակից բոլոր պատուիրակութիւններէն, իմա` նաեւ «1915ի իրադարձութիւններու» զոհերուն յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու համար Երեւան այցելած Էրտողանէն: Նախ եւ առաջ Էրտողանի ապիկարութիւնն է, որ մեզ փրկեց: Ան Սրեպրենիցայի դէպքին մասին լսելով որքա՞ն ինքզինք այպանեց եւ որքա՞ն նախանձեցաւ Վուսիչի, որ շնորհիւ կարգ մը «տաք գլուխներու» մատուցած ձրի ծառայութեան` Սրեպրենիցայէն առաւելագոյն քաղաքական ու քարոզչական կէտերով վերադարձաւ Պելկրատ:
Անհրաժեշտ է սակայն նշել, որ այս դէպքը դժուար թէ պատահէր Ծիծեռնակաբերդի մէջ, որ հանրութեան առջեւ բացուեցաւ միայն Ապրիլ 24ի պաշտօնական արարողութեան աւարտէն ետք: Պէտք է նշել նաեւ, որ 2008ին Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի Երեւան այցելութեան ընթացքին Հ .Յ .Դ .ի կողմէ տեղի ունեցաւ այդ այցելութեան դէմ բողոքի խաղաղ ցոյց մը, որ ազատ կարծիքի արտայայտման իրաւունքի ծիրին մէջ էր, ուստի Հայաստան «աղէտեալ» Պոսնիոյ նման ներում հայցելու հարկադրանքին տակ չգտնուեցաւ: Պոսնիացի իսլամներն ալ կրնային Հ.Յ.Դ.ի նման մարդկային իրաւանց միջազգային նոյն իրաւունքէն օգտուիլ, սակայն… Հայկականին պարագային եթէ ցեղասպանութիւնը ժխտողն էր ապիկար, պոսնիականին պարագային ճիշդ հակառակն էր` ցեղասպանութեան զոհերուն ժառանգորդներն էին ապիկար: Վուսիչ Սրեպրենիցա այցելելով առաւելագոյն յաջողութիւնը արձանագրեց, իսկ Էրտողան Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակի թուականը 24 Ապրիլին փոխադրելով շուքի մատնեց այդ ձեռնարկը` ինքզինք մատնելով կատարեալ ձախողութեան:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ “Ազդակ»