Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Մօտ եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ, երբ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան թան­կաց­ման հե­ռան­կա­րը այ­լեւս բա­ցա­յայտ էր ու ան­նա­հանջ, խորհրդա­րա­նա­կան ընդ­դի­մա­դիր քա­նի մը ու­ժե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ փոր­ձե­ցին խնդի­րը օ­րա­կար­գի հարց դարձ­նել: Կար­գով բո­լո­րին բե­րա­նը փա­կե­լով ու ձայ­նի ի­րա­ւուն­քէն զրկե­լով` Ա.Ժ. նա­խա­գա­հը հար­

ցը փա­կո­ւած հա­մա­րեց, իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը փայ­լուն կա­տա­րած ու հա­ւա­նա­բար հան­գիստ շունչ քա­շեց` հա­մոզուած, որ խորհր­դա­րա­նը մտաւ իր սո­վո­րա­կան, տաղտ­կա­լի ու կան­խա­տե­սե­լի ըն­թաց­քին մէջ:
Իսկ դէմ ե­լած լա­ւա­յի պէս խնդի­րը փո­խեց իր հու­նը ու յայտ­նո­ւե­ցաւ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի մէջ:

Ա­նո­ղոք յու­նի­սեան ա­րե­ւի, ոս­տի­կա­նա­կան ջրցան մե­քե­նա­նե­րու եւ մա­հակ­նե­րու ա­հա­բե­կող դո­փիւն­նե­րու ներ­քոյ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի մէջ ան­փորձ, բայց հա­մո­զո­ւած ե­րի­տա­սարդ­նե­րու խումբ մը կրցաւ «­Դէմ եմ թա­լա­նին» կար­գա­խօ­սով հա­զար­ներ հա­ւա­քել: Այդ­պէս 10 օր շա­րու­նակ կա­թուա­ծա­հար ե­ղաւ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տան ու եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր մեր հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ար­մա­տա­ցած իշ­խա­նու­թիւն-ժո­ղո­վուրդ հո­գե­բա­նա­կան պատ­նէ­շը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ի­րա­կա­նի` մէկ կող­մը ար­դա­րու­թեան ու ի­րա­ւուն­քի պաշ­տա­նու­թեան հա­մար ոտ­քի ե­լած ե­րի­տա­սարդ­ներ, միւ­սը` ժո­ղո­վուր­դէն իշ­խա­նու­թեան ճշմար­տու­թիւնն ու ի­րա­ւուն­քը պաշտ­պա­նող, մա­հակ­նե­րով, վա­հան­նե­րով ու ան­հա­ղորդ դէմ­քե­րով զինո­ւած ոս­տի­կա­նա­կան շար­քեր: Այս­պէս 14 օր…

«­Սա քա­ղա­քա­կան պայ­քար չէ եւ գոր­ծըն­թա­ցը ան­թու­լատ­րե­լի է քա­ղա­քա­կա­նաց­նել» մո­լո­րու­թեամբ թէ գի­տակ­ցա­բար յայ­տա­րա­րե­ցին շարժ­ման ան­փորձ ա­ռաջ­նորդ­նե­րը: Գու­ցէ պատ­ճա­ռը այն է, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ «քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն» ու զայն ի­րա­կա­նաց­նող­նե­րը այն­քան վար­կա­բե­կո­ւած ար­ժէք­ներ են, որ «քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն» եզ­րը հնա­րա­ւո­րինս կ’օ­տա­րեն ի­րենց­մէ: Ա­նի­կա բնա­կա­նա­բար բո­վան­դա­կու­թե­նէն բան չփո­խեց…

Շա­տե­րը զար­մա­ցած են, ա­նակն­կա­լի ե­կած, ո­գե­ւո­րո­ւած: Վար­կա­բե­կո­ւած, անպ­տուղ ու չէ­զոք քա­ղա­քա­կան ինս­տի­տուտ­նե­րու ու հան­րա­յին հա­մա­տա­րած յո­ռե­տե­սու­թեան մի­ջա­վայ­րի մէջ, կը ծնին հա­զա­րա­ւոր­նե­րու ակն­թար­թա­յին շար­ժում, ո­րուն ա­ռաջ­նորդ­նե­րը նոյ­նիսկ դէմ­քով չենք ճանչ­նար:

Հա­ւա­նա­բար եւ իս­կա­պէս չէին գի­տակ­ցիր քա­ղա­քա­կան այն մեծ բե­ռը, ո­րուն տակ ա­կա­մա­յէն մտած էին ե­րի­տա­սարդ­նե­րը: Հա­ւա­նա­բար այդ­պէս, այ­լա­պէս չէին մեր­ժեր երկ­րի նա­խա­գա­հի հետ հան­դի­պիլ` չէին կորսնց­ներ շար­ժումն ու զի­րենք ի­րա­կա­նաց­նե­լու եւ յստակ ձե­ւա­կեր­պում­ներ հրա­պա­րա­կե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը:

Պայ­քա­րի 14 օր, ո­րուն հիմ­նա­կան զէն­քը «­Կա­սե­ցում» կար­գա­խօսն է, ե­ռա­գոյ­նի ներ­քոյ ծա­ծա­նո­ւող հա­մա­տա­րած սէ­րը, եր­գը ու չես գի­տեր ուր­կէ յայտ­նո­ւած անն­ման գե­ղե­ցիկ հայ աղ­ջիկ­նե­րու եւ տղա­նե­րու պարն ու հա­ւատ­քը, վա­րա­կիչ հա­ւատ­քը…Ա­նոնք իս­կա­պէս կը հա­ւա­տան, որ ի­րենք են տէ­րը մեր երկ­րի:

Ոս­տի­կան­նե­րու ու երկ­րի տէ­րե­րու մի­ջեւ քա­ղա­քա­կան ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րու ու մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ են, ո­րոնք ըն­դա­մէ­նը բա­ռի իս­կա­կան ի­մաս­տով սոսկ պա­տի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն կը ստանձ­նեն:

Իսկ փո­ղո­ցի ա­ռա­ջին գի­ծին, ինչ ը­նե­լու ա­նո­րո­շու­թե­նէն, ան­փոր­ձու­թե­նէն, ան­տէ­րու­թե­նէն, պա­տաս­խա­նատ­ւու­թեան բե­ռէն ու օ­դի մէջ կա­խո­ւած զէն­քի ա­հէն ընկր­կած ու կքած ան­փորձ ե­րի­տա­սար­դու­թիւնն է: Դար­ձեալ ա­ռատ են պի­տա­կա­ւո­րող­ներն ու ա­նե­րե­ւոյթ թշնա­մի­ներ ո­րո­նող­նե­րը. կրան­տա­կեր­ներ, դա­ւա­ճան­ներ, ազ­դե­ցու­թեան լրտես­ներ ու գոր­ծա­կալ­ներ, ա­ռա­տօ­րէն կը ցրէ քա­րոզ­չա­մե­քե­նան…

Եւ նոյ­նիսկ այս բո­սոր մթնո­լոր­տի մէջ սա­ռոյ­ցը կը շար­ժի տե­ղէն. աու­դի­տի պա­հանջ, մոս­կո­վեան անդ­րա­դարձ, մի­ջազ­գա­յին լրա­հոս, կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րո­շում, հա­տուց­ման այ­լընտ­րանք… Ա­սոնք տա­սնօ­րեայ քա­ղա­քա­կան ար­դիւնք-հե­տե­ւանք­ներ են, ին­չին չկրցան կամ թոյլ չտո­ւին, որ  խորհր­դա­րա­նա­կան ու­ժե­րը հաս­նին ա­նոր:

Ու դար­ձեալ ան­փոյթ ա­շա­կեր­տի պէս մե­զի կը մնայ դա­սեր քա­ղել այս բո­լո­րէն:
Այդ ինչ­պէ՞ս ե­ղաւ, որ գրե­թէ ակն­թար­թի մէջ, հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րու սո­վի մի­ջա­վայ­րի մէջ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը յա­ջո­ղե­ցան Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տան ո­ղո­ղել մարդ­կա­յին գե­տով, այդ ինչ­պէ՞ս ե­ղաւ, որ այդ­քան քա­ղա­քա­կան ուժ ու մտա­ւո­րա­կան ըն­դա­մէ­նը պատ հան­դի­սա­ցաւ: Այդ ինչ­պէ՞ս ե­ղաւ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ ի­րա­վի­ճակ մը, երբ քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րը քա­ղա­քա­կան կա­ռոյց­նե­րէն դուրս կը ծա­ւա­լին:

Ի վեր­ջոյ, սա քա­ղա­քա­կան խոր ցնցում է ուղ­ղո­ւած նա­խե­ւա­ռաջ քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գին. երբ ժո­ղո­վուր­դը պե­տա­կան, ինս­տի­տու­ցիո­նալ ո­րո­շում­նե­րու եւ դե­րա­կա­տա­րու­թեան հետ այ­լեւս յոյս չի կա­պեր եւ չի հա­ւա­տար …

Այ­սօր Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տան դա­տարկ է, աղ­բա­ման­նե­րէն գո­յա­ցած ա­նե­րե­ւոյթ պատ­նե­շը կը շա­րու­նա­կէ Բաղ­րա­մեան շատ խորհր­դան­շա­կան փո­ղո­ցը բաժ­նել եր­կու մա­սի: Իսկ եր­կու մա­սի մէջ ալ ծա­ռե­րու տակ ա­մառ­նա­յին տա­պէն ծո­ւա­րած հա­տու­կենտ թոյլ­ցած ոս­տի­կան­ներ են ու ա­ռաջ­նորդ ո­րո­նող դե­ռա­հաս­ներ:

Հի­մա պայ­քա­րը այ­լեւս իս­կա­պէս քա­ղա­քա­կան չէ. այս Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կի մէջ կ’եր­գեն, կը պա­րեն հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ա­նե­լէն ծնած հեր­թա­կան ան­ճա­րակ հա­ցա­դու­լը կը մա­շի: Իսկ ցամ­քած ու թա­ռա­մած աչ­քե­րով քա­նի մը տա­րեց, որ տրտմու­թեամբ մաս­նա­կից է այս ան­հասկ­նա­լի ըն­թաց­քին (ու հա­զար­ներ ի­րենց տու­նե­րու մէջ) կ­՛ո­ռո­գեն ա­նար­դա­րու­թեան ի­րենց բա­ժին ին­կած կտորն ու կը մտա­ծեն` մի­թէ՞ մեր երկ­րին չկայ խա­ղա­ղու­թիւն:

Յ.Գ.Եր­կի­րը, իբ­րեւ վար­չա­կան տա­րածք ո­չինչ է, ե­թէ չի յե­նիր պա­հան­ջա­տէր, ի­րա­ւա­գի­տա­կից, տի­րոջ պա­տաս­խա­նատ­ւու­թեամբ հա­սա­րա­կու­թեան վրայ:

Լաւ պաս­տառ մը կար Բաղ­րա­մեա­նի մէջ` «ինչ­քան ջրէք` կ’ա­ճինք»: Իշ­խա­նու­թիւ­նը պէտք է յե­նի այս տե­սա­կի, այս ազ­նիւ, պայ­քա­րող, տէր կանգ­նող տե­սա­կի վրայ, երկ­րին այդ­քան պա­կա­սող թթո­ւա­ծին ու ե­րա­զանք բե­րող տե­սա­կի վրայ:

Լի­լիթ Գալս­տեան