Այս տարի կը լրանայ «Արցախի երեխաների այցը Յունաստան» ծրագրի 20ամեակը:
«Արցախ այցելելէն ետք ես հանգիստ չմնացի, որոշած էի՝ որեւէ ձեւով արցախցի փոքրիկներուն պիտի օգնեմ եւ լուսաւոր կէտ մը պիտի թողնեմ անոնց՝ պատերազմ տեսած մանկութեան վրայ»,- կը պատմէ Խաչիկ: Եւ առիթը չուշացաւ: Ցանկութիւնը իրականութիւն դարձաւ արդէն 1995 թուականէն: Խաչիկ համոզեց Սիրոս կղզիի քաղաքապետին՝ ֆրանսացի երեխաներու համար կազմակերպուող ամառնային հանգիստի ծրագիրը իրականացնել նաեւ Արցախի երեխաներուն համար: Այդ հարցով մեծ դեր խաղաց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, ծրագրի իրականացման աջակցութիւն ցուցաբերեցին նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւնը եւ Հայ Կապոյտ Խաչը: Երեխաներու ճանապարհածախսը կը հոգայ Լ.Ղ.Հ. կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւնը: Իսկ երեխաներու Յունաստան գտնուելու բոլոր ծախսերը կը հոգան Յունաստանի իշխանութիւնները, Խածիքիրիաքօ՝ Յունաստանի ամենամեծ որբանոցը եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը:
Երեխաներու երկշաբաթեայ այցը Յունաստան կ’ըլլայ ծովեզերքը, ծրագրի համար կառուցուած փոքր շէնքի մը մէջ: Երեխաները ամէն օր ծովեզերք կ’ըլլան, կ’այցելեն տեսարժան վայրեր, ճաշարաններ, կը ծանօթանան՝ Յունաստանի մէջ ապրող հայ եւ յոյն պատանիներուն հետ: Երեխաներուն կը տրուին բազմազան նուէրներ՝ ինչպէս իրենց, այնպէս ալ ընտանիքի անդամներուն համար:
«Ծրագրի ծիրէն ներս Յունաստան այցելած են մօտ 500 արցախցի մանուկներ ու պատանիներ՝ մայրաքաղաքէն ու շրջաններէն: Ծրագրին մէջ կ’ընդգրկուին Արցախեան Պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու, բազմազաւակ ընտանիքներու, միակողմանի եւ երկկողմանի որբ երեխաներ 8էն 16 տարեկան,- կ’ըսէ Խաչիկ եւ կ’աւելցնէ,- ծրագրի իրականացման առաջին տարիներուն մեզ եւ երեխաներուն համար շատ դժուար էր: Մեզ համար հեշտ չէր, որովհետեւ ամէն ձեւ կը փորձէինք լաւ մթնոլորտ ստեղծել երեխաներուն համար, որպէսզի ուրախ ժամանակ անցնեն: Երեխաները առաջին տարիներուն կու գային լրիւ սեւ հագած հագուստներով եւ ոչ մէկ բանով կ’ուրախանային, ոչ բանով կրնայինք անոնց զարմացնել: Յաճախ կը նստէին ծովի ափին ու տխուր կը նայէին հեռուները: Մէկ անգամ 12 տարեկան տղու մը հարցուցի, թէ ի՞նչ կը մտածէ, պատանին խոր շունչ քաշելով պատասխանեց, որ պապիկէն յետոյ տան տղամարդը ինքն է, եւ հիմա անասուններուն համար խոտ հարելու իսկական ժամանակն է.- «Պապիկին մենակ եմ թողել, իսկ նա արդէն ծերացել է, չի կարողանալու պէտք եղածի չափ պաշար հաւաքի, մտածում եմ, թէ ո՞նց պիտի անասուները եոլա գնան ձմրան…»:
Խաչիկ Խաչատուրեան հպարտութեամբ կ’ըսէ, որ արցախցի պատանիները շատ դաստիարակուած, խելացի եւ ընդունակ երեխաներ են: «Անոնք, կարծես, Յունաստան ուղարկուած դեսպաններ են,- ծիծաղով կ’ըսէ ան,- Արցախ գալով կը հանդիպիմ անոնց, բոլորին մէկ-մէկ կը ճանչնամ, կը յիշեմ բոլորին անունները, նոյնիսկ անոնց պատմած պատմութիւններն ու յիշողութիւնները՝ ընտանիքի, իրենց հայրերու խիզախութիւններուն մասին…»:
Ծրագիրը ամէն տարի կ’իրականացուի Օգոստոսին, սակայն այս տարի այցը տեղի կ’ունենայ աւելի շուտ՝ կապուած Սիրոս կղզիին եւ Աթէնքի մէջ կազմակերպուող համաշխարհային փառատօնի մը զուգադիպման հետ, որուն կը մասնակցին նաեւ Արցախի փոքրիկները: Անոնց այստեղ նախօրօք կը պատրաստեն, կը սորվեցնեն ազգային պարեր, երգեր:
Խաչիկ Խաչատուրեան կը նշէ, որ Յունաստանի տնտեսական եւ նիւթական դժուար վիճակը կը խոչընդոտէ ծրագրի իրակացման, բայց անոնք ամէն ձեւով ջանք կը թափեն, որպէսզի ծրագիրը շարունակուի: Ան կը պատմէ, որ Յունաստան առաջին անգամը չէ, որ կ’օգնէ եւ կ’օժանդակէ հայ ազգին: Դեռեւս 1922թ. Թուրքիայէն Յունաստան գաղթած են 2000 հայ որբեր: Անոնց համար «Նիր Իստ Րիլիֆ» ամերիկեան ընկերութիւնը եւ Յունաստանի իշխանութիւնները կառուցեցին 2-3 խոշոր որբանոցներ: Եւ վերջերս հայկական որբանոցի տարածքին, որ հիմա կ’օգտագործուի որպէս զօրանոց, գտան հայ որբերուն պատկանող հագուստներ, իրեր, որբանոցի հայ տնօրէնի նկարներ: Անոնք յանձնուեցան Երեւանի Ծիծեռնակաբերդի թանգարան, ուր կայ Յունաստան գաղթած որբերու յիշատակին առանձնացուած անկիւն: Հետաքրքրական է, որ 1992թ. Յունաստան գաղթած որբերուն մէջ էր նաեւ Խաչիկի հայրը: Խաչիկի տատիկն ալ յայտնի գրող Ռուբէն Սեւակի քոյրն էր:
Խաչիկ Խաչատուրեան այս անգամ Արցախ այցելեց իր 13 տարեկան աղջկան՝ Նայիրիի հետ, որ առաջին անգամ կ’այցելէ Արցախ եւ շատ տպաւորուած է: «Ես անհամբեր կը սպասեմ յաջորդ ամրան, որպէսզի դարձեալ այցելեմ Արցախ»,- կ’ըսէ ան: «Ես առանց Արցախի չեմ կրնար ապրիլ, այդ սէրը կը փոխանցեմ նաեւ ընտանիքիս»,- կը շարունակէ հայրը:
Լուսինէ Թեւոսեան - «Ապառաժ»