Print
Category: Յօդուածագրութիւն

alt«Աշ­խու­ժօ­րէն աշ­խա­տիլ քա­ղա­քա­ցիա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու հետ, Հ.Յ.Դ. օ­րա­կարգ վե­րա­դարձ­նել հան­րա­յին հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող բնա­պահ­պա­նա­կան, քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­զա­տու­թիւն­նե­րու, կա­նանց եւ ե­րե­խա­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րը». Հ.Յ.Դ. 32րդ Ընդ­հա­

նուր Ժո­ղով, 2015

Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, հայ­րե­նի­քի մէջ իր ստեղ­ծու­մէն մին­չեւ խորհր­դայ­նա­ցու­մը, գոր­ծած է ժո­ղո­վուր­դի կող­քին եւ ժո­ղո­վուր­դին հետ: Այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն ետք, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րու մէջ, ինչ­պէս Պարս­կաս­տան, Սու­րիա, Լի­բա­նան եւ այլն, աշ­խա­տած է ու կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծել նոյն ձե­ւով:

Կան ան­ձեր, ո­րոնք կ­՛ը­սեն, թէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ժո­ղովր­դա­յին շար­ժու­մով կամ ժո­ղովըր­դա­յին մա­կար­դա­կի աշ­խա­տանք­նե­րով քա­ղա­քա­կան ար­դիւնք­նե­րու չենք հաս­նիր: Այս ան­ձե­րուն հա­մա­ձայն՝ ժո­ղո­վուր­դը յու­զող հարց մը լու­ծե­լու հա­մար, կու­սակ­ցու­թիւն մը պէտք է խօ­սի կա­ռա­վա­րա­կան մա­կար­դա­կով եւ կամ ճանչ­ցո­ւած ղե­կա­վար ան­ձե­րու հետ։ Այդ­պէս մտա­ծող­նե­րը նաեւ ու­նին այն հա­մո­զու­մը, թէ հար­ցե­րը ժո­ղո­վուր­դին հետ քննար­կե­լը կամ ժո­ղովր­դա­յին կար­ծիք կազ­մա­ւո­րե­լը ոյ­ժի վատ­նում է:

Այս տրա­մա­բա­նու­թեան վրայ հիմ­նո­ւե­լով՝ ժո­ղո­վուր­դը կազ­մա­կեր­պե­լու կամ թա­ղե­րու եւ հա­մայնք­նե­րու մէջ ուղ­ղա­կի ժո­ղո­վուր­դին հետ աշ­խա­տե­լու ժա­մա­նակ, նիւ­թա­կան կամ կազ­մա­կեր­պա­կան ոյժ գոր­ծա­ծե­լը ար­դիւ­նա­ւոր չի նկա­տո­ւիր: Ըստ այս տրա­մա­բա­նու­թեան՝ ժո­ղո­վուր­դին պէտ­քե­րը հո­գա­լու կամ ա­նոր հար­ցե­րը լու­ծե­լու հա­մար, ուղ­ղա­կի ժո­ղո­վուր­դին հետ աշ­խա­տե­լու փո­խա­րէն, պէտք է Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վին մէջ աշ­խա­տիլ եւ, նա­խա­րար­նե­րուն ու նա­խա­գա­հին հետ յա­րա­բե­րե­լով, փոր­ձել ժո­ղո­վուր­դին վի­ճա­կը բա­րե­լա­ւել եւ ա­նոր հար­ցե­րը լու­ծել:

Այս մտա­ծե­լա­կեր­պին պատ­ճա­ռով՝ թա­ղա­յին, հա­մայն­քա­յին կամ քա­ղա­քա­յին մա­կար­դա­կով, ու­րիշ խօս­քով՝ ժո­ղո­վուր­դին մէջ ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ, կազ­մա­կեր­պա­կան ոյժ ու­նե­նա­լը կը դառ­նայ ան­կա­րե­ւոր եւ կազ­մա­կեր­պու­թեան ամ­բողջ ոյ­ժը կը կեդ­րո­նա­նայ իր բարձ­րա­գոյն մար­մին­նե­րուն մէջ: Այս մտա­ծե­լա­կեր­պին տրա­մա­բա­նա­կան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը այն է, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ միակ գործ­նա­կան ձե­ւը ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յե­լու Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վին եւ կա­ռա­վա­րու­թեան մաս կազ­մելն է:

Այս գոր­ծե­լաո­ճին հե­տե­ւան­քով Հա­յաս­տա­նի մէջ մեծ տար­բե­րու­թիւն եւ հե­ռա­ւո­րու­թիւն կայ՝ առ­նո­ւած պե­տա­կան ո­րո­շում­նե­րուն եւ այդ ո­րո­շում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հան­րա­յին կար­ծի­քին մի­ջեւ: Բազ­մա­թիւ պա­րա­գա­նե­րու Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վը որ­դեգ­րած է կեն­սա­կան ո­րո­շում­ներ՝ ա­ռանց հան­րու­թեան գի­տակ­ցու­թեան եւ հան­րա­յին կար­ծի­քի հա­մա­պա­տաս­խան կազ­մա­ւոր­ման:

Օ­րի­նակ՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս չորս-հինգ տա­րի­ներ ա­ռաջ, երբ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վը որ­դեգ­րեց կեն­սա­թո­շա­կի - ֆի­նան­սա­կան շու­կա­նե­րուն վրայ հիմ­նո­ւած - ծայ­րա­յեղ հա­մա­կարգ մը, հան­րա­յին կար­ծի­քին մէջ տի­րող մօ­տե­ցում­նե­րու շատ սահ­մա­նա­փակ փո­խա­նա­կում տե­ղի ու­նե­ցաւ:

Միայն մէ­կու­կէս տա­րի ա­ռաջ, երբ այդ հա­մա­կար­գի գոր­ծադ­րու­թեան ժա­մը հա­սաւ, հան­րա­յին վի­ճա­բա­նու­թիւն սկսաւ:

Անց­նող չորս-հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին այս մտա­ծե­լա­կեր­պը եւ գոր­ծե­լաո­ճը սկսան հար­ցա­կա­նի են­թար­կո­ւիլ:

Վեր­ջին քսան­հինգ տա­րի­նե­րուն ծնած եւ մեծ­ցած ե­րի­տա­սար­դու­թիւն մը մէջ­տեղ ե­կած է, որ ինք­զինք երկ­րին տէ­րը կը զգայ: Այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կը հա­ւա­տան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան: Տ­րա­մա­դիր են գետ­նի վրայ պայ­քա­րե­լու եւ փո­փո­խու­թիւն մտցնե­լու: Ա­նոնք վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ի­րա­գոր­ծե­ցին յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, ինչ­պէս՝ Թռչ­կան ջրվէ­ժի եւ Մաշ­տոց պու­րա­կի պահ­պա­նու­մը, փո­խադ­րա­մի­ջո­ցի սա­կա­գի­նը100 դրա­մէն 150 դրա­մի բարձ­րաց­ման կան­խար­գի­լու­մը, կեն­սա­թո­շա­կի պե­տա­կան հա­մա­կար­գին ֆի­նան­սա­կան շու­կա­նե­րով փո­խա­րի­նու­մը առ­նո­ւազն մաս­նա­կիօ­րէն կա­սեց­նե­լը, ցոյց տո­ւին թէ կա­րե­լի է ժո­ղովր­դա­կան կամ հա­սա­րա­կա­կան շար­ժում­նե­րով ազ­դե­ցու­թիւն բա­նեց­նել կա­ռա­վա­րու­թեան ու երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան վրայ:

Իսկ ներ­կա­յիս, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կա­գի­նի բարձ­րա­ցու­մին դէմ մեծ թի­ւով ե­րի­տա­սարդ­ներ փո­ղոց ի­ջած են՝ պայ­քա­րե­լով եւ ո­րոշ ար­դիւնք­նե­րու հա­սած են:

Այս նոր սե­րուն­դը ցոյց տո­ւաւ, թէ այ­սօր մեր հայ­րե­նի­քին մէջ պե­տա­կան ո­րո­շու­մի մը վրայ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նա­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ չէ նա­խա­րա­րի մը, օ­լի­կար­քի մը կամ ալ նա­խա­գա­հին հետ հան­դի­պե­լու եւ ա­նոր­մէ խնդրե­լու, որ յար­մար լու­ծու­մի մը հաս­նին:

Այս նոր սե­րուն­դը ցոյց տո­ւաւ, թէ կա­րե­լի է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ, պե­տու­թեան քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ կամ ըն­կե­րա­յին ո­րո­շում­նե­րուն վրայ ազ­դել ու փո­փո­խու­թեան են­թար­կել՝ ժո­ղովր­դա­յին մա­կար­դա­կով պայ­քա­րե­լով եւ աշ­խա­տանք տա­նե­լով:

Փո­ղո­ցին վրայ պայ­քա­րե­լով կրցան պե­տու­թեան պար­տադ­րել, որ ժո­ղո­վուր­դին վճա­րած ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան գի­նը ուղ­ղա­կիօէն չբարձ­րա­նայ եւ ոս­տի­կա­նու­թեան գոր­ծադ­րած բռնու­թիւն­նե­րը լրագ­րող­նե­րու հան­դէպ քննարկ­ման են­թար­կո­ւին:

Այս ձե­ւով Հա­յաս­տա­նի նոր սե­րուն­դը մեծ ոս­տում ար­ձա­նագ­րեց ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ մեր հայ­րե­նի­քին մէջ օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թեան հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ:

Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը շեշ­տե­ցին, թէ ի­րենց պայ­քա­րը ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան գի­նի բարձ­րաց­ման դէմ չէ միայն, այ­լեւ ուղ­ղո­ւած է ի նպաստ թա­փան­ցիկ (transparent) եւ հա­մա­րա­տու (accountable) պե­տա­կան կա­ռոյց­ներ եւ մար­մին­ներ յա­ռա­ջաց­նե­լուն: Այ­լեւս նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րուն, քա­ղա­քա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րուն (Տ.Ի.Մ.) հա­մար ա­ւե­լի դժո­ւար պի­տի ըլ­լայ «վե­րէն» ե­կած ցուց­մունք­նե­րով ու կա­մա­յա­կան կեր­պով ո­րո­շում­ներ առ­նե­լը:

Այս ե­րի­տա­սարդ, գի­տա­կից, բա­ռին ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տով քա­ղա­քա­ցի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հա­շիւ եւ բա­ցատ­րու­թիւն պի­տի պա­հան­ջեն:

Ա­նոնք յոյս տո­ւին, թէ կա­րե­լի է ժո­ղովր­դա­յին եւ ժո­ղովր­դա­վար պայ­քա­րով օ­լի­կարք­նե­րուն ու­նե­ցած քա­ղա­քա­կան դաշ­տին տի­րա­պե­տու­մը ճեղ­քել եւ ժո­ղո­վուր­դին կամ­քը պար­տադ­րել:

Այս­պի­սով՝ պե­տու­թեան բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու մար­մին­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի բարձ­րա­նայ:

Օ­րի­նակ՝ այս նոր սե­րուն­դին, քո­ւէար­կող քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ու­շադ­րու­թեան տակ, պե­տա­կան կար­գա­ւո­րող մար­մին­նե­րը, ինչ­պէս Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին Ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը Կար­գա­ւո­րող Յանձ­նա­ժո­ղո­վը, պի­տի ըլ­լան ա­ւե­լի թա­փան­ցիկ եւ հա­մա­րա­տու:

Քա­ղա­քա­կան ճնշում­նե­րը յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու վրայ պի­տի ըլ­լան նո­ւազ ազ­դե­ցիկ, ո­րուն ար­դիւն­քով յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը եւ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի բարձ­րա­նան:

Այս հրա­շա­լի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ ջրցան մե­քե­նա­ներն ու ոս­տի­կա­նու­թեան բիրտ ու­ժի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը ար­հա­մար­հե­լէ ետք, ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ի­րենց քո­ւէ­նե­րը 5000 դրա­մով պի­տի չծա­խեն: Պի­տի տան ի­րենց քո­ւէ­նե­րը այն կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք թա­ղին մէջ, հա­մայն­քին մէջ, քա­ղա­քին մէջ, ժո­ղո­վուր­դին հետ, ժո­ղո­վուր­դին ան­մի­ջա­կան պա­հանջ­նե­րուն հա­մար կը պայ­քա­րին:

Բ­նա­կա­նա­բար ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, ան­կախ Հա­յաս­տա­նի մէջ ծնած այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն թի­ւը պի­տի ա­ճի, ինչ­պէս նաեւ ա­նոնց ազ­դե­ցու­թիւ­նը՝ քա­ղա­քա­կան դաշ­տին վրայ:

Այս փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րը լուրջ ազ­դե­ցու­թիւն կրնան ու­նե­նալ նաեւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան վրայ:

Այս նոր սե­րուն­դը, իս­կա­կան քա­ղա­քա­ցիի նման, ու­նի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան եւ պար­տա­ւո­րու­թեան զգա­ցում՝ պե­տու­թեան հան­դէպ. ու­րիշ խօս­քով՝ ի­րենք զի­րենք եւ ոչ թէ օ­լի­կարք­նե­րը կը նկա­տեն իս­կա­կան տէ­րե­րը երկ­րին:

Այն կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը գի­տակ­ցին այս նոր կա­ցու­թեան ու կը սկսին առն­չո­ւե­լու եւ գոր­ծե­լու ժո­ղո­վուր­դին հետ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ու մնա­յուն կեր­պով, եւ ոչ թէ գլխա­ւո­րա­բար ընտ­րու­թիւն­նե­րէն քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ, լու­սանց­քա­յին չեն դառ­նար, այլ կրնան ներգ­րա­ւել ժո­ղո­վուրդն ու այս հո­յա­կապ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնց նաեւ բեմ կու տան, որ­պէս­զի սկսին ղե­կա­վա­րե­լու այդ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ, այս վեր­ջին­նե­րու մի­ջո­ցաւ, մեր եր­կի­րը:

Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, հիմ­նո­ւե­լով իր պատ­մու­թեան ա­ռա­ջին ե­րեք տաս­նա­մեակ­նե­րու եւ հե­տա­գա­յին Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի գա­ղութ­նե­րուն մէջ ժո­ղո­վուր­դին կող­քին գոր­ծե­լու իր ա­ւան­դու­թեան վրայ, ինչ­պէս նաեւ գոր­ծադ­րե­լով 32րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին ո­րո­շում­նե­րը, աշ­խու­ժօ­րէն աշ­խա­տե­լով Քա­ղա­քա­ցիա­կան Նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու հետ, «կրնայ դառ­նալ այս հրա­շա­լի նոր սե­րուն­դին, մէկ կա­րե­ւոր մա­սին, բեմ եւ տուն տո­ւող կու­սակ­ցու­թիւ­նը»:

ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ