Եթէ Աւետիսն ու Անիցան եղած են Պետրոս Ասլանեանի բնական ծնողները, անոր հոգեմտաւոր ծնողը եղած է Եգիպտոսի Աղեքսանդրիան՝ հեքիաթի եւ ճշմարտութեան միջեւ տարուբերուող քաղաքը, երազային Երէկի մը եւ շօշափելի Ներկայի մը միջեւ օրօրուող ոստանը, բնակավայրը այսօր մոռցուած ցեղերու եւ պատմութեան սահ
մանները յաղթահարած ժովովուրդներու՝ բազմազգի ու բազմակրօն, տարաբընոյթ ու բազմամշակութային քաղաք: Անուանի քնարերգակներէ ու անանուն պետուիններէ գովերգուած, խաղաղ ծովի մը ալիքներէն զովացող եւ մօտակայ անապատի խորշակէն հրկիզուող, երկնքի կապոյտին ու թափանցիկ մթնոլորտի օդէն սնուած՝ հակասական ու ներդաշնակ, բայց միշտ գեղեցիկ ու նրբաճաշակ, մանաւանդ լուսաւոր իր ջերմ արեգակի ու եօթը հրաշալիքներէն ամէնէն փառաւոր՝ իր Փարոսի յաւերժական ճառագայթներուն շնորհիւ:
Աւետիսի համեստ դերձակատունը երկու մեծ փողոցներու միջեւ՝ Rue Eglise Deban կոչուած նրբանցքին վրայ կը գտնուէր: Խանութին առջեւ մայթը, ուր Աւետիս կը բազմէր բարեկամներու եւ անցորդներու հետ բարեւ մը փոխանակելու համար, բազմայարկանի ածուխի արդուկը - ծանր ու հնօրեայ - լայն ցուցափեղկը եւ գոյնզգոյն կերպասներու կոյտերը՝ աշխատանոցի գլխաւոր յատկանիշներն էին: Սրճարանները, ոսկերիչի խանութները, շապկագործները, բազմապիսի գլխարկներու աշխատանոցները եւ մատնատիպ գրամեքենաներու նորոգիչ վարպետի մը «անկիւն»ը կը կազմէին այս փոքր, բայց աշխոյժ ու բանուկ փողոցին պատկերը:
Աւետիս ծնած էր հայանուն Պռունգշլա աւանին մէջ: Հազիւ 2-3 տարեկան, Մեծ Եղեռնի օրերուն, կը յիշէր իր ջարդուած հօր ընտանիքի կրած հալածանքները, որբահաւաքի շնորհիւ Անթիլիաս փոխադրուիլը եւ անկից - երբ ծնողազուրկ մանուկներու թիւը բազմացաւ - Աղեքսանդրիա տեղաշարժն ու վերջնականապէս հաստատուիլը: Աւետիսի շրթներուն վրայ հառաչանքի մը նման կը հնչէր «մորթեցի՜ն» տխուր յանգերգը: Այստեղ Schneider անունով գերմանացի վարպետի մը քով դերձակութիւն կը սորվի եւ գործատիրոջ մահէն յետոյ բացի արհեստէն խանութն ալ կը ժառանգէ:
Փաստօրէն դերձակատան ցուցափեղկը կը դառնայ պատանի Պետրոսի առաջին ցուցասրահը: Իր ծնողքի երեք զաւակներէն անդրանիկն ըլլալով, պարտական էր ամէն կէսօր տունէն խանութ փոխադրել իր հայրիկի ճաշը: Սակայն Պետրոսի համար սա պարզ երթեւեկ մը չէր, այլ նախասկիզբը, նախաքայլը դէպի Արուեստ առաջնորդող ընդարձակ պողոտային վրայ: Քաղաքի անքուն եռուզեռը, նարտ խաղացող ու նարկիլէի գլգլակները վայելող մարդիկ, քելեպիաներու եւ մելայեաներու լուռ սահող շուքերը, արաբական սուրճի հէլի համը եւ հին քաղաքին մէջ տիրող հելպայի սուր հոտը՝ ծննդավայրի առաջին տպաւորութիւններն էին, որ պատանիի միտքն ու հոգին պիտի գերէին ու իր ապագայ պաստառներուն ճակատագիրը պիտի կանխորոշէին: Քաղաքը իր անջնջելի կնիքը պիտի դրոշմէր ապագայ արուեստագէտի կեանքին ու գործին վրայ: Այնուհետեւ կեանք ու արուեստ պիտի դառնային իրարմով սնուող եւ իրար լրա ցնող իմաստներ:
Արաբներ ու ղպտիներ, ճերմակ ու սրճագոյն ազգային տարազներով ու գլուխը միշտ ծածկուած սեւազգեստ կիներ, ուղղափառ հրեաներ իրենց «անխնամ» երեւոյթով, անոնց կողքին արդիական հագուստներով անգլիացին ու գաղղիացին, գերմանն ու իտալացին, հայն ու հոռոմը, նաեւ մալթացին ու շամցին (տեղացի հայերու կողմէ սուրիահայերուն տրուած անուանում, որ արաբերէնով կը նշանակէ դամասկոսցի)՝ կը կազմէին այս հնամենի քաղաքի խճանկարը, որ հաւատարմօրէն փարած կը մնար իր հիմնադրի, Մեծն Մակեդոնացիի ոգիին, որ կը դաւանէր ժողովուրդներու միջեւ փոխ-ըմբռնումը եւ տարբեր մշակոյթներու հանդէպ յարգանքը: Ինչքա՜ն դիպուկ են, այս կէտին վրայ, աղեքսանդրիացի աննման բանաստեղծի՝ Քավաֆիսի տողերը.-
«Խառնուրդ մ’ենք հոս՝ Սուրիացիք, յոյներ, հայեր ու մարեր»
Պետրոսի գեղարուեստական ընդհանուր զարգացման մաս կը կազմեն Աղեքսանդրիոյ փառահեղ տուներն ու պետական ապարանքները, որոնք մեծամասնութեամբ կառուցուած էին իտալացի եւ մասամբ յոյն ճարտարապետներու կողմէ՝ սովորաբար նոր-դասական ոճով: Սակայն զանազան քաղաքակրթութեանց, մշակոյթներու, կրօններու այս բազմախորհուրդ համայնապատկերէն ներս՝ յատուկ տեղ կը գրաւէր հայը, սկսեալ 18րդ դարու նկարիչներ Հաննա (Յովհաննէս) եւ իր որդի Յովսէփ Ալ-Արմանիէն մինչեւ բարերար ու պետական պաշտօնատար Նուպար Փաշայի, գեղանկարիչ-արուեստաբան Օննիկ Աւետիսեանի ու ժամանակակից այլ արուեստագէտներու, հանրածանօթ լուսանկարիչ Աբգար Ռէթեանի եւ այլոց կերպարները: Իրենց լուսաւոր հետքերուն կարծես հետեւելով, Պետիկ փոքրուց թուղթ կը մրոտէր ու գունաւոր մատիտներով իր նախնական գծագրութիւնները կը զարդարէր:
Շուրջ 10 տարեկան հասակին իր մօր Անիցայի խրախուսանքով դրացի ընտանիքի մը նկարչութեան աշխատանոցին մէջ անգիտակից փոքրիկը իր առաջին դասերը կ՝ընդունի եւ կարծես հրաշքով իր տաղանդը կ՝ազատագրուի, իսկ իր ձեռքերուն բռնած վրձիններով իր մանկական պատկերները ձեւ կը ստանան եւ նկարի կը վերածուին: Բայց իր իսկական դասատուն եղած է իր աչքը, այն ինչ որ տեսողութեամբ կրցած է իւրացնել եւ զայն «թարգմանել» իր ստեղծած գոյներով ու շարժումներով մինչեւ պաստառին աւարտը:
Միաժամանակ լաւ աշակերտ չըլլալով՝ անոր ծնողքը կը մտածեն, որ Պետիկը պէտք է արհեստ մը սորվի. ան դպրոցը կը լքէ ու ոսկերիչի աշխատանոց մը կը մտնէ որպէս աշկերտ: Սակայն ճակատագիրը Պետրոսին հետ էր: Աշխատանոցէն վեր կը գործէր իտալացի վարպետ Ottorino Bicchiի 20րդ դարասկիզբին հիմնած «Ակադեմիան», որ արդէն այդ օրերուն որդին՝ Silvio Bicchiն կը ղեկավարէր: Պետրոս «Ակադեմիա» մուտք գործեց եւ իսկոյն իր կեանքը փոխուեցաւ: Եւ որպէս արուեստագէտ կազմաւորման ու յաջորդական զարգացման մէջ, հիմնական դեր խաղացին հետեւեալ փուլերը.-
Ա) «Ակադեմիա»ն իտալական արուստի իր սկզբունքներով:
Բ) Beaux Artsի վարժարանը, ուր կը դասաւանդէին իտալացի, եգիպտացի, յոյն, եւ հայ ուսուցիչներ: Ըստ Պետրոտի, սոյն վարժարանը նախապէս ստացուած գիտելիքները լաւագոյնս արդիւնաւորելու հիմնարկ մըն էր:
Գ) Յունաստանը, ուր երիտասարդ տակաւին՝ ան գաղթեց ընտանեօք, եւ որ իր ծով ու աւազով եւ մանաւանդ լեռներով ու հովիտներով - ի հակասութիւն Եգիպտոսի տափարակ միջավայրին - եւ անշուշտ մարմարեայ յուշարձաններով՝ եղաւ իր մեծ ուսուցիչը:
Դ) Քանատան, որուն միօրինակ սպիտակը կրցաւ երանգներ շնորհել, ուրտեղ իր բնանկարները իրականացուց ջեուցում ունեցող ինքնաշարժի մը փակ պատուհաններուն ընդմէջէն:
Ե) Հայաստան, որուն հետ առաջին ծանօթութիւնը տեղի ունեցաւ 2000ին Խրիմի մէջ Այվազովսկիի մահուան 100ամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն ընթացքին: Հայրենի նկարիչներու հետ հանդիպելով, Պետրոս ազդուեցաւ հայկական գոյներէն, որոնք այնուհետեւ առանձնաշնորհեալ տեղ գրաւեցին իր գործերուն մէջ:
Բայց եւ այնպէս հայրենասէր կամ Եւրոպայի սիրահար նկարիչի յիշողութեան մէջ վառ մնացին ծննդավայրի տօթը եւ ջերմ մթնոլորտը, ոտքէ գլուխ ծածկուած կիները եւ առաջին մերկ բնորդուհիները, աղմկոտ կեդրոնի ու սաղարթախիտ արուարձաններու պատկերները եւ այն, ինչ որ տեսողութիւնը կարողացած է ընդգրկել: Մանաւանդ իր յիշողութենէն չեն վրիպիր այն յանդուգն օրերը, երբ իր հօր ցուցափեղկին իր նկարչական նախափորձերը կը զետեղէր եւ անգամ կը վաճառէր անցորդներուն, ըստ արժանւոյն գնահատուելով: Այն ատեն տակաւին «Արսլանեան» կը ստորագրէր: Հետագային «ր» տառը պիտի զեղջէր, մականունը աւելի հեշտալուր դարձնելու համար: Սակայն տասնամեակներու երկար ուղեւորութեան ընթացքին Պետրոս Ասլանեան կառչած մնաց Արուեստի ու Կեանքի հանդէպ սիրոյ անքակտելի կապերով: Այսպէս իր կեանքի առօրեայ վայելքները՝ ծովի ու արեւու պաշտամունքը, նաւարկութիւնը իր առագաստանաւով, անգամ մշուշի ու ձիւնի փաթիլներու տակ նկարելը, խոհարարութիւնն ու բաժակ մը գինին վերածուեցան արուեստի. փոխադարձաբար իր գեղանկարները պարգեւեցին վայելք՝ ո’չ միայն իրեն, այլեւ իր արուեստի երկրպագուներուն:
Ասլանեանի գեղարուեստական «հոսանքները», որոնց ժամանակ առ ժամանակ հետեւած է, եղած են նախ դասական, ապա տպաւորչապաշտ ոճը. աւելի ուշ սկսած է էականը յայտնաբերել թեթեւ վերացումներով, սակայն միշտ պահելով իր «տաք ու պաղ» կոչած երանգներու համեմատութիւնը ու անհատական յատկանիշները՝ որոնք «գոյն, շարժում, ժամանակ» երրորդութեան մէջ կը պարփակուին: Վրձինէն անդին ստեղծագործելու իր միջոցները եղած են զմելին, դանակը եւ իր մատներուն ծայրերը: Ստեղծագործական ձեւերը եղած են հարթ, բարձրաքանդակ եւ կիտաւոր, իսկ գոյները՝ բուսական, հողային ու անհատական խառնուրդներ - իւղաներկ, կաւճաներկ (gouache, pastel), tempera (հաւկիթի դեղնուցի հիմքով), ածուխ ու հազուադէպօրէն սեւ մատիտ ու որմնանկար: Նկարած է սովորաբար կտաւի, երբեմն ալ փայտի, մետաղի ու խաւաքարտի վրայ: Հորիզոնի չորս ծագերուն անհատական ու խմբային ցուցահանդէսներու մասնակցած արուեստագէտը յուզումով կը վերյիշէ Աղեքսանդրիոյ հռչակաւոր «Atelier»ն ճանաչման եւ համբաւի տէր արուեստագէտներու միութիւնը, որուն դռները իր առջեւ ալ լայն էին բացուած ... մեծանուն բանաստեղծ Քավաֆիս,արքունի լուսանկարիչ Աբգար Ռէթեան, իտալացի յառաջապահ նկարիչ Enrico Brandani, հայ գեղանկարիչներ՝ Օննիկ Աւետիսեան, Համբար Համբարձումեան, համբաւաւոր երգիչ Ժորժ Մուսթաքի, մշակոյթի ու կերպարուեստի փայլուն անուններ կը յաճախէին «Atelier»ն, որ յաճախակի ցուցահանդէսներով արուեստասէր հասարակութեան աղեքսանդրացի ընտրանին կը հրամցնէր մեծ շուքով: «Atelier»ի կեդրոնատեղին կը գտնուէր ամէնէն ծանօթ պողոտայի, Rue Fouadի վրայ, որ Աղեքսանդրիոյ հարուստ ու չունեւոր թաղամասերու միջեւ սահմանն էր:
Այսօր Պետրոս Ասլանեան կը նկատուի որպէս ճանչցուած անուն եգիպտական, յունական, քանատական եւ արդէն հայկական կերպարուեստի ազգային անդաստաններէն ներս: Ինչ որ յաջողած է ձեռք բերել իր սկզբունքներու եւ ոճի պահպանումով, պատշաճելով միայն տուեալ երկրի պայմաններուն, ինչպէս նաեւ դիտանկիւնի ու իւրայատուկ «խորք»ի (fond) ու խորութեան ճիշդ պատկերացումով:
Արդէն եօթերորդ տասնամեակի սահմանագիծը ճեղքած արուեստագէտը կը մնայ գործօն ու ստեղծագործ իր ապագայ ծրագիրներու մշակումով՝ նորովի ներշնչումներով, ճեպանկարներով, իր իսկ նկարներու շրջանակները պատրաստելով ու իր հասունութիւնը «պատկերազարդելով» գեղագիտական ազնիւ գոյներով: Եւ կարծես ազգային զանազան «դպրոց»ներէն ներս անցնելէ եւ համամարդկային յոյզեր շօշափելէ վերջ, Պետրոս Ասլանեան կ՝երազէ իր գոնէ «պատկերաւոր» (virtual) վերադարձը հայրենիք՝ հետեւելով գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանի, թատերագիր Պերճ Զէյթունցեանի եւ այլ արժանաւոր հայրենադարձներու օրինակին:
ՅԱԿՈԲ ՃԷԼԱԼԵԱՆ
Աթէնք, 2/11/14
Hydra Galleryն կը կազմակերպէ Պետրոս Ասլանեանի գեղանկարներու ցուցադրութիւն «Περίπλους» խորագրով։
Ցուցադրութեան բացումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ՝ 1 Օգոստոս 2015ին, երեկոյեան ժամը 20։30ին։
Ցուցադրութիւնը պիտի տե ւ է 31 Յուլիսէն մինչե ւ
18 Օգոստոս 2015։ Այցելութեան ժամեր.-
10։00 - 15։00 եւ 17։30 - 22։00։
Hydra Galleryն կը գտնուի «Հին Ոստիկանատուն» Իտրա
Հեռ. 2298029700 բջիջ. 6976305396