Յուլիս 5ի հանրաքուէով՝ Յունաստան աւելի քան 61 տոկոսի մեծամասնութեամբ «Ո՛Չ» ըսաւ Եւրոխմբակի Եռեակին դրած՝ վարկի դիմաց խստամբերութեան խիստ պայմաններուն։
Այսուհանդերձ՝ որքան ալ յոյն քաղաքացիներու ազգային արժանապատուութեան զգացումը իրապէս բաւարարելու ծառայեց «Ո՛Չ»ին ստացած նկատառելի մեծամասնութեան քուէն, դաժան եւ դառն իրողութիւնը այն է, որ Յունաստան պէտք է ձեւը գտնէ փակելու իր աղէտալի պարտքը, որպէսզի կարենայ ամբողջական փլուզումէ փրկել իր ազգային պետականութիւնը։
Ինչպէս ամէն յոյն քաղաքացի, յունահայը եւս լիիրաւ եւ լիարժէք իր մասնակցութիւնը բերաւ Յուլիս 5ի հանրաքուէին, որպէսզի Յունաստանը կարենար, ժողովրդավարական եղանակով, գտնել պետական սնանկութեան եւ ընկերատնտեսական աղէտէն դուրս գալու յարմարագոյն ուղին։
Ընդհանուր տագնապի յաղթահարման ընդմէջէն՝ յունահայութիւնը առաջնահերթ կարեւորութեամբ հետամուտ եղաւ նաեւ իր ազգային կառոյցներուն ու հայապահպանման կազմակերպ կռուաններուն պահպանումին եւ պաշտպանութեան։
Հանրաքուէի «Ո՛Չ»ին եւ «ԱՅՈ՛»ին միջեւ, ինչպէս բոլոր քաղաքացիները, նոյնպէս եւ յունահայերը անհատապէս դրսեւորեցին քաղաքական ու գաղափարական հակադիր նախասիրութիւններ։
Բայց իբրեւ հաւաքական դիրքորոշում եւ քաղաքական վարքագիծ՝ հանրաքուէին առիթով յունահայութիւնը հաւաքաբար կառչած մնաց - ժողովրդավարական բանավէճով, քննարկումներով ու քուէներով - Յունաստանի աղէտալի այս տագնապէն փրկարար ելք գտնելու նախանձախնդրութեան։
Այդ առումով՝ հանրաքուէին ստացած «Ո՛Չ»ի նկատառելի մեծամասնութիւնը չի նշանակեր, որ քաղաքական եւ գաղափարական մրցակից կողմերէն մէկը յաղթեց եւ միւսը պարտուեցաւ։
Ընդհակառակն՝ աջի եւ ձախի ընկալեալ սահմանագծումները իրենց նշանակութիւնը կորսընցուցին Յուլիս 5ի հանրաքուէին, որովհետեւ թէ՛ աջի եւ թէ ձախի ճամբարներէն իրարու մօտեցան եւ «Ո՛Չ»ին իրենց համաձայնութիւնը տուին որոշապէս յոյն հասարակութեան երիտասարդ տարրերը, յատկապէս անոնք, որոնք վերջին տարիներուն իբրեւ նորահաս որակեալ աշխատուժ կեանքի ասպարէզ մուտք գործեցին եւ անգործութեան ու անհեռանկար ապագայի մը մղձաւանջին մատնուեցան։
Բայց այդ մասին՝ հանրաքուէի ներ-քաղաքական դասերուն եւ, մանաւա՛նդ, Յունաստանի կուսակցական ղեկավարութեան սերնդափոխութեան հրամայականին մասին խօսելու ժամանակը տակաւին կու գայ։
Այսօր ժամանակն է դժուարին ընտրանքներու, որպէսզի պարտատէր Եռեակին «Ո՛Չ» պատասխանած յոյն ժողովուրդը կարենայ Եւրոպային ներկայացնել իր Պարտքի մարման արդար, իրատես ու ընդունելի ծրագիրը՝ համապատասխան զոհողութիւնները եւ ինքնակամ սեղմումները յանձն առնելով։
Ժամանակն է մանաւա՛նդ ընկերային զարգացման եւ տնտեսական կայունութեան ծառայող հիմնական բարեկարգումներու ծրագրի վաւերացումին, որպէսզի համեւրոպական համախոհութեամբ՝ սկսի իրագործումը վարկերու արդիւնաւէտ օգտագործման նոր շրջանի մը, Յունաստանի կեանքին մէջ։
Ի վերջոյ յունահայութիւնը, Յունաստանի պետական սնանկութեան յաղթահարումէն եւ յոյն հասարակութեան ընկերատընտեսական վերականգնումէն դուրս, տարբեր ճամբայ չունի իր ազգային կազմակերպ կեանքին ու հայապահպանման ամուր կռուաններուն գոյատեւումն ու արդիականացումը ապահովելու համար։
Իբրեւ քաղաքացի իր երկրին ու պետութեան բարօրութիւնը ապահովելով է, որ յունահայը ի վիճակի է նիւթապէս եւ բարոյապէս տէր կանգնելու ազգային իր կազմակերպ կեանքին ու հայապահպան կռուաններուն։