Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Երբ տա­սը օր ա­ռաջ խումբ մը ե­րի­տա­սարդ­ներ ինք­նա­բուխ կեր­պով հա­ւա­քո­ւե­ցան Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րակ` դէմ ար­տա­յայ­տո­ւե­լու ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կի նա­խա­տեսուող բարձ­րաց­ման, ոեւէ մէ­կու մտքէն չէր կրնար անց­նիլ, որ ա­նոնց բո­ղո­քի շար­ժու­մը բուռն ար­ձա­ գան­գի պի­տի ար­ժա­նա­նայ ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին:

Ի զար­մանս բո­լո­րի, փոքր հա­ւա­քը սուն­կի պէս ա­ճե­ցաւ քա­նի մը հա­զար, յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­ւա­քի, ո­րոնք եր­թով շար­ժե­ցան ու գրա­ւե­ցին մայ­րա­քա­ղա­քի գլխա­ւոր մայ­րու­ղի­նե­րէն մէ­կը` ­Մար­շալ ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տան, ուր կը գտնո­ւին նա­խա­գա­հին նստա­վայ­րը, Ազ­գա­յին Ժո­ղովն ու ­Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նը, եւ ամ­բողջ գի­շեր նստա­ցոյց ի­րա­կա­նա­ցու­ցին հոն: ­Բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րը ա­րա­գօ­րէն տա­րա­ծո­ւե­ցան ամ­բողջ ­Հա­յաս­տա­նի մեծ ու փոքր քա­ղաք­նե­րու մէջ:

­Քա­նի որ ցու­ցա­րար­նե­րը հրա­ժա­րե­ցան ա­զա­տելէ պո­ղո­տան, ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ջրցան մե­քե­նա­նե­րով ցրո­ւեց զա­նոնք` վի­րա­ւո­րե­լով տաս­նեակ մը ցու­ցա­րար­ներ եւ ձեր­բա­կա­լե­լով ա­նոնց­մէ 237ը, ո­րոնք նոյն գի­շեր ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցան: Ոս­տի­կա­նա­տուն տա­րո­ւե­ցան նաեւ քա­նի մը լրագ­րող­ներ` վնա­սե­լով կամ գրա­ւե­լով ա­նոնց տե­սախ­ցիկ­ներն ու ձայ­նագ­րիչ­նե­րը:

­Քա­նի որ այս առ­ճա­կա­տու­մը կը պատ­կե­րասփ­ռո­ւէր հա­սա­րա­կա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու եւ տար­բեր կայ­քե­րու մի­ջո­ցով, յա­ջորդ օ­րը քա­նի մը հա­զա­րէն ա­ւե­լի ցու­ցա­րար­ներ յայտ­նուե­ցան` գրե­թէ անհ­նար դարձ­նե­լով ամ­բո­խի վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը: ­Յու­նիս 29ի ե­րե­կո­յեան, երբ կը գրէի այս յօդուա­ծը, ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի ո­րոշ հա­տուած­ներ դեռ գրա­ւո­ւած էին ցու­ցա­րար­նե­րուն կող­մէ:

Ո՞վ են այս ե­րի­տա­սարդ տղա­ներն ու աղ­ջիկ­նե­րը եւ ի՞նչ կ­՛ու­զեն: Ա­նոնք կապ չու­նին ո­րե­ւէ կու­սակ­ցու­թեան կամ ար­տա­քին ու­ժե­րու հետ` հա­կա­ռակ բո­լոր ան­հիմն մե­ղադ­րանք­նե­րուն, եւ ի­րենց օ­րա­կար­գին վրայ այլ խնդիր չու­նին, քան պա­հան­ջը ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն` չե­ղեալ հա­մա­րե­լու Օ­գոս­տոս 1ին ու­ժի մէջ մտնող ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան գի­նի 17 տո­կոս բարձ­րա­ցու­մը: Այս ցու­ցա­րար­նե­րը կը կար­ծեն, որ ի­րենց կող­մէ քա­ղա­քի փո­ղոց­նե­րու փա­կու­մը օ­րի­նա­կան եւ բա­րո­յա­կան տե­սան­կիւ­նէն ար­դա­րա­ցո­ւած է, քա­նի որ բո­ղո­քի ցոյ­ցը կը կրէ խա­ղաղ բնոյթ եւ ինք­նա­բուխ է: Ա­նոնք ի­րենց շար­ժու­մը ա­նո­ւա­նած են` «Ո՛չ թա­լա­նին»:

Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը քա­նի մը ան­գամ փոր­ձե­ցին հա­մո­զել ե­րի­տա­սարդ­նե­րը` դադ­րեց­նե­լու բո­ղո­քի ցոյ­ցը: Երբ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ա­ռա­ջար­կեց հան­դի­պիլ ա­նոնց հետ, ցու­ցա­րար­նե­րը մեր­ժե­ցին այդ խնդրան­քը` պա­հան­ջե­լով հան­դիպ­ման ու­ղիղ հե­ռար­ձա­կում հան­րու­թեան հա­մար: ­Կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջար­կը` ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան գի­նի բարձ­րաց­ման դի­մաց ­հա­տու­ցում տա­լու 100 հա­զար ա­նա­պա­հով ըն­տա­նիք­նե­րուն, եւս մեր­ժո­ւե­ցաւ: ­Վեր­ջա­պէս, նա­խա­գա­հի ո­րո­շու­մը` սա­ռեց­նելու սա­կի բարձ­րա­ցու­մը մին­չեւ մի­ջազ­գա­յին հա­շո­ւեքն­նիչ ըն­կե­րու­թեան կող­մէ ռու­սա­կան ու­ժա­նիւ­թի ըն­կե­րու­թեան «­Հա­յաս­տա­նի Ե­լեկտ­րա­կան Ցան­ցեր» դուստր ձեռ­նար­կու­թեան նիւ­թա­կան հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւն­նե­րուն ստու­գու­մը` սա­կի բարձրաց­ման հիմ­նա­ւո­րո­ւած ըլ­լա­լուն հան­գա­ման­քը պար­զե­լու հա­մար, եւս մեր­ժո­ւե­ցաւ:

­Լա­րո­ւած դի­մա­կա­յու­թեան ա­ռա­ջին թու­լա­ցու­մը ե­ղաւ 28 Յունիսի Կի­րա­կին, երբ բո­ղո­քի շարժ­ման կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ըն­դու­նե­ցին ոս­տի­կա­նու­թեան ա­ռա­ջար­կը եւ վե­րա­դար­ձան Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րակ` երկ­րորդ բա­խու­մէն խու­սա­փե­լու հա­մար: Եր­կու­շաբ­թի գի­շեր ա­նոնք յայ­տա­րա­րե­ցին, որ կը դադ­րեցնեն բո­ղո­քի ցոյ­ցը եւ շու­տով կ’ո­րո­շեն ի­րենց հե­տա­գայ ը­նե­լիք­նե­րը: ­Սա­կայն ցու­ցա­րար­նե­րու մեծ մա­սը հրա­ժա­րե­ցաւ հե­տե­ւիլ նա­խա­ձեռ­նու­թեան ղե­կա­վար­նե­րուն` շա­րու­նա­կե­լով գի­շեր­նե­րը ան­ցը­նել ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի մէջ­տե­ղը` վան­կար­կե­լով «­Մենք ենք տէ­րը մեր երկ­րի» կար­գա­խօ­սը:

Ե­րի­տա­սարդ տղա­նե­րու եւ աղ­ջիկ­նե­րու այս նոր սե­րուն­դը խիստ հիաս­թա­փո­ւած է թէ՛ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն, թէ՛ ընդ­դի­մու­թե­նէն: ­Սա­կայն բո­ղո­քի շարժ­ման կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, յու­սա­հա­տե­լու եւ շատ շա­տե­րու նման եր­կի­րը լքե­լու փո­խա­րէն, փո­ղոց ե­լած են պաշտ­պա­նե­լու ժո­ղո­վուր­դին ի­րա­ւունք­նե­րը: Այս ցու­ցա­րար­նե­րը ցոյց կու տան, որ թէեւ ի­րենք չու­նին իշ­խա­նու­թիւն, հարս­տու­թիւն եւ պաշ­տօ­նա­կան դիր­քեր, սա­կայն ի զօ­րու են անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին ոտ­քի ել­լելու եւ ի­րենց շուրջ հա­մախմ­բելու զան­գո­ւած­նե­րը` ստի­պե­լով իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­շո­ւի նստելու ի­րենց հետ… ­Կա­րե­լի է չհա­մա­ձայ­նիլ ցու­ցա­րար­նե­րու մար­տա­վա­րու­թեան, սա­կայն հնա­րա­ւոր չէ չհիա­նալ ա­նոնց ան­կեղ­ծու­թեան եւ յանձ­նա­ռու­թեան վրայ` ի­րենց հայ­րե­նա­կից­նե­րու բա­րօրու­թեան հան­դէպ…

Ա­հա, այն ե­րեք կա­րե­ւոր դա­սե­րը, զորս պէտք է քա­ղել վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րէն.

1) ­Հա­յաս­տա­նի ա­պա­գան յու­սա­լի ձեռ­քե­րու մէջ պի­տի ըլ­լայ, քա­նի դեռ գա­լիք սե­րուն­դին մէջ կան ե­րի­տա­սարդ­ներ, նման` այն տղա­նե­րուն եւ աղ­ջիկ­նե­րուն, ո­րոնք ինք­նա­բուխ կեր­պով Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­ներ ե­լան:

2) ­Հա­յաս­տա­նի ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը մօտ ա­պա­գա­յին իշ­խա­նու­թեան գա­լու շատ քիչ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նին, քա­նի դեռ լիո­վին չեն վե­րա­նա­յած ի­րենց քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը` ի­րենց շար­քե­րը ներգ­րա­ւե­լով խե­լա­ցի, նո­ւի­րո­ւած եւ նա­խա­ձեռ­նող ե­րի­տա­սարդ տղա­ներ ու աղ­ջիկ­ներ, եւ` թոյլ տա­լով ա­նոնց ղե­կա­վար դիր­քեր զբա­ղեց­նե­լու:

3) ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին մօտ խոր հիաս­թա­փու­թիւն կայ ի­րա­րու յա­ջոր­դող  կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ, ան­կա­խա­ցու­մէն ա­ռաջ եւ յե­տոյ: Իշ­խա­նու­թեան ղե­կա­վար­նե­րուն առ­ջեւ ծա­ռա­ցած են շատ ա­ւե­լի լուրջ խնդիր­ներ, քան` ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան գի­նի բարձ­րա­ցու­մը: ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար գո­յա­տեւ­ման հրա­մա­յա­կան դար­ձած է ար­դար եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­սա­րա­կար­գի ստեղ­ծու­մը, ուր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կրնան ապ­րիլ ար­ժա­նա­պա­տիւ, բա­րե­կե­ցիկ եւ խա­ղաղ կեան­քով: ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը կա­րիք չու­նե­նար բո­ղո­քե­լու Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ, ե­թէ գո­յու­թիւն ու­նե­նան ար­դիւ­նա­ւէտ եւ վստա­հե­լի մե­քե­նա­կա­նու­թիւն­ներ, ո­րոնց մի­ջո­ցով մար­դիկ կրնան պաշտ­պա­նել ի­րենց հիմ­նա­կան քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը եւ ա­պա­հո­վել ի­րենց բա­րե­կե­ցու­թիւ­նը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»