Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ա­ւա­զէ ամ­րո­ցի աղ­ջիկ­նե­րը» վէ­պը, որ կը պատ­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ դար­ձած է Bestseller եւ թարգ­մա­նո­ւած տար­բեր լե­զու­նե­րով:

­Վէ­պին հե­ղի­նա­կը հայ­կա­կան ծա­գու­մով ա­մե­րի­կա­ցի գրող Ք­րիս ­Պոհ­ճա­լեանն է, ո­րուն վէ­պե­րուն հի­ման վրայ ­Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի եւ ­Գա­նա­տա­յի մէջ նկա­րա­հա­նո­ւած են հո­լի­վու­տեան քա­նի մը շար­ժանը­կար­ներ: ­Հար­ցազ­րոյց­նե­րէն մէ­կուն մէջ, անդ­րա­դառ­նա­լով վէ­պի թե­մա­յին, ­Պոհ­ճա­լեա­ն պատ­մած է, որ ա­սի­կա ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին գրե­լու իր երկ­րորդ փորձն է: Ըստ հե­ղի­նա­կին` ա­ռա­ջին փոր­ձը ե­ղած է 1999ին, սա­կայն դեռ ա­նա­ւարտ վէ­պի ըն­թեր­ցու­մէն յե­տոյ ո­րո­շած է կի­սատ ձգել զայն եւ թե­մա­յին անդ­րա­դար­ձած է միայն 2010 թո­ւին:

­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թե­մա­յին անդ­րա­դար­ձը կա­պո­ւած է գրո­ղի պատ­մա­կան ար­մատ­նե­րուն, ո­րոնք կը սե­րին Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նէն: ­Բացի այդ, ա­նոր կը մտա­հո­գէ ­Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին ե­ղած թիւր կամ ոչ-բա­ւա­րար տե­ղե­կատ­ւու­թիւ­նը: 2012թ. հրա­տա­րա­կո­ւած վէ­պը, ըստ գրո­ղին, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հէն­քին պատ­կե­րո­ւած սի­րոյ մա­սին պատ­մու­թիւն է: ­Վէ­պը եր­կու պատ­մու­թիւն է, մէ­կուն մէջ Ե­լի­զա­պէթ Էն­տի­քո­դի եւ Ար­մէն ­Պետ­րո­սեա­նի պատ­մու­թիւնն է. սի­րա­հար­ներ, ո­րոնք կը հան­դի­պին ­Սու­րիոյ մէջ Ե­ղեռ­նի ըն­թաց­քին, եւ ա­նոնց թոռ­նու­հի ­Լաու­րա ­Պետ­րո­սեա­նի պատ­մու­թիւ­նը, որ հա­րիւ­րա­մեակ անց կը փոր­ձէր հասկ­նալ` ին­չո՞ւ ա­նոնք այդ­քան լուռ էին ի­րենց պա­տա­նե­կու­թեան մա­սին, մինչ­դեռ ա­նոր քա­ղա­քա­մերձ կեան­քը լիո­վին տար­բեր էր այն ի­րա­վի­ճա­կէն, երբ իր տա­տիկն ու պա­պի­կը սի­րա­հա­րուած էին:

­Հա­մա­ձայն USA Todayի, ­Պոհ­ճա­լեա­ն շուրջ մէկ դար ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը այն­պէս  կեն­դա­նա­ցու­ցած է, որ ըն­թեր­ցո­ղը շնչա­հեղձ կ՝ըլ­լայ այդ­պի­սի սար­սա­փազ­դու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն` ­Թուր­քիոյ բո­լոր հա­յե­րը ի­րենց իսկ երկ­րի վրա­յէն բնաջն­ջե­լու ո­րո­շու­մէն:

Ք­րիս ­Պոհ­ճա­լեա­ն կը խոս­տո­վա­նի, որ, երբ կը սկսէր վէ­պը, չէր կրնար պատ­կե­րաց­նել, որ ա­նի­կա պի­տի դառ­նայ bestseller, կամ` որ ա­նի­կա պի­տի թարգ­մա­նո­ւի քա­նի մը լե­զու­նե­րով:

Ըստ ա­նոր, Ա­մե­րի­կա­յին մէջ յա­ջո­ղակ գրող ըլ­լա­լը այն­քան դիւ­րին գործ չէ:

Գ­րո­ղը կը խոս­տո­վա­նի, որ թէեւ կը հա­մա­րո­ւի այդ­պի­սին, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ չի գի­տեր, թէ որն է ա­նոր գաղտ­նի­քը:

Ք­րիս ­Պոհ­ճա­լեան ա­մե­րի­կա­հայ վի­պա­սան է, 15 վէ­պե­րու հե­ղի­նակ, ա­նոր գրի­չին կը պատ­կա­նին «­Ման­կա­բար­ձու­հի­ներ» եւ «Ա­ւա­զ է ամ­րո­ցի աղ­ջիկ­ները» bestsellerնե­րը: