Ապրողի մը վերջնական մեկնումը դէպի անէութիւն,- ընկալեալ բառով մը՝ դէպի անդենական-, ինքնին դժուար ըմբռնելի, դժուար «խօսելի» դէպք է, գլխագիր՝ Դէպք է - տանող մինչեւ համրացում։ Մանաւանդ երբ մեկնողը եղած է շեշտուած անհատականութիւն, եւ իր կեանքի ժամանակը կը զուգորդուի հաւաքական արժէքներու իրացման ամբողջ վաստակի մը։ Կը նոյնանայ անոր հետ։
Արփիկ Միսաքեանի մեկնումը «մեր» աշխարհէն՝ անկասկած կ՚արթնցնէ այս տպաւորութիւնը, այս հակազդեցութիւնը՝ իրեն քիչ-շատ ծանօթ ամէն անձի մէջ։ Բայց մանաւանդ երկար ատեն իրեն մօտ եղած (չեմ ըսեր՝ մտերիմ) անձերն են որ, մինչ կը փորձեն հրաժեշտի երկու խօսք ուղղել իրեն, կամ կը ջանան արժեւորել իր գործը, կը դրուին յաւելեալ, մասնաւոր դժուարութեան մը առջեւ։
Շատ ամփոփ՝ այդ դժուարութեան աղբիւրն ու պատճառը Արփիկի անձին, նկարագիրին բնորոշ քանի մը հիմնական գիծեր են.- խորհրդապահութիւն՝ մինչեւ գաղտնապահութիւն, անսեթեւեթութիւն՝ ի հարկին անտաշութեան հասնող, եւ հիւմուր՝ միշտ տեղին ու ողջմիտ, ու երբեմն ալ անխնայ։
Արփիկին հետ բնականօրէն ճիշդ ալիքի վրայ հաղորդակցող, այսինքն նկարագիրի ու վարքի նման գիծեր բաժնող անձեր առիթն ու բախտը ունեցած են իր հետ գործելու իբր բարեկամ ու գործակից. գնահատելու հազուագիւտ -որքան ալ դժուար «տնտեսվարելի» - իր մարդկային յատկութիւնները...
Անձնական այս վկայութիւնը՝ մեզմէ բաժնուող բարեկամ հոգիի մը հասցէին, ահա, հոս կը խանգարուի-կը զսպուի աւելի հեռու երթալու դէպի աւելի սրտբաց զգացականութեան մը կողմը՝ ճիշդ այդ գիծերու ճնշումով։ Յիշողութեանս պաստառին կը գծագրուի Արփիկին պատկերը, մինչ ան՝ կարծես, Hauteville փողոցի մայթին բացուող «Յառաջ»ի խմբագրատան իր գրասեղանին ետեւէն, բազուկը թեթեւօրէն բարձրացուցած՝ կը ճօճէ «ունայնութիւն» նշող արհամարհական շարժումով, երգիծող ժպիտով կը լռեցնէ «աւելորդ» խօսքերս, եւ (մանաւանդ եթէ շաբաթ երեկոյի աւանդական հանդիպումն է) կը շարունակէ չաւարտող զրոյցը «Յառաջ»ի «Միտք եւ Արուեստ»ի ընթացիկ թիւին մասին, կամ իր մանրավէպերով կ՚ոգեկոչէ դէմքեր ու դէպքեր ֆրանսահայ գաղութի հինէն ու նորէն - բայց մանաւանդ հինէն, աւելի «համով-հոտով»՝ իրեն համար։ Հոս է որ, պղպեղի պէս կծու եւ համով իր հիւմուրը, ուղղուած բոլորին, եւ երբեմն ալ իր իսկ անձին, կը կազմէ գլխաւոր խորտիկը ընկերացող բաժակ մը խմիչքին։
***
Խօսած չեղայ Արփիկ Միսաքեանի գործին մասին։ Ատիկա երեւի աւելի եւս դժուար է, ու դժուար ամփոփելի՝ հրաժեշտի կարճ խօսքի մը մէջ, քան ինչ որ կրցայ ըսել անձին մասին։ Շարունակել մեծն Շաւարշի ստեղծած ու երեք տասնամեակ վարած գործը՝ իսկական «Հիմնարկութիւն» մը, յիսուն ու աւելի տարիներ եւս, պահպանելով զայն անխախտ,- գո՛րծ է որ, հիմնադիրի առաջին խմբագրականին իսկ բառերով՝ ինքնին «կը խօսի»։
Գերագոյն հաւատարմութեան մը այս պայծառ օրինակը, հայ հրապարակագրութեան եւ Սփիւռքի պատմութեան տարեգրութիւններուն մէջ անպայման արձանագրելի, ունի յիշատակելի մի քանի երեսներ, որոնցմէ - փակելու համար - պիտի նշեմ մէկը միայն.- Ներդրումը յանուն գրական-մտաւորական միջավայրի ստեղծման։ Խօսքս 1970ականներու աւարտէն՝ շուրջ երեք տասնամեակ, ամսական կշռոյթով «Միտք եւ Արուեստ»ի հրատարակութեան մասին է, իրագործում որ, հակառակ համայնքային անմիջական շրջանակի լեզուա-մշակութային նուազումի ծանօթ կացութեան, ջանաց վերստանձնել-շարունակել «Յառաջ»ի խաղացած դերը ֆրանսահայ գրական-մտաւորական առաջին սերունդի կազմաւորման մէջ, իր ատենին։
Հրաժեշտի այս երկու բառը հոս թո՛ղ կանգ առնէ, ապագային ձգելով գնահատումը «Յառաջ»ի ու Արփիկ Միսաքեանի վաստակին՝ հրապարակագրութեան լրջագոյն այս մարզին թէ միւս մարզերուն մէջ։ Կանգ առնէ՝ անգամ մը եւս կրկնելով Շ.ի բառերը, հայրական ստուերային ձայնով արտասանուած.- Գործը թո՛ղ խօսի։
Յարութիւն Քիւրքճեան