Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հիւ­սի­սա­յին Սու­րիոյ մէջ քրտա­կան ու­ժե­րուն ար­ձա­նագ­րած յա­ռաջ­խա­ղացքն ու զգա­լի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը լուրջ մտա­հո­գու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն Ան­գա­րա­յի:

Քր­տա­կան ու­ժե­րուն ար­ձա­նագ­րած ձեռք­բե­րում­նե­րուն լոյ­սին տակ, Ան­գա­րա թրքա­կան բա­նա­կին ցուց­մունք տո­ւած է՝ Սու­րիոյ մէջ զի­նո­ւո­րա­կան մի­ջամ­տու­թիւն մը կա­տա­րե­լով, ստեղ­ծե­լու անվ­տան­գու­թեան գօ­տի մը, որ ըստ թրքա­կան մա­մու­լին, պի­տի նե­րա­ռէ Հա­լէպ, Իտ­լիպ, Ա­րաբ Բու­նար եւ Ճա­րապ­լուս քա­ղաք­ներն ու մեր­ձա­կայ շրջան­նե­րը: Յս­տակ է, որ այդ­պի­սի գոր­ծո­ղու­թիւն մը ուղ­ղո­ւած պի­տի ըլ­լայ քիւր­տե­րուն եւ ոչ թէ ՏԱՀԵ­Շի դէմ:

Թր­քա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ կը հա­ղոր­դեն, որ հա­կա­ռակ կա­ռա­վա­րու­թեան ցուց­մուն­քին, Թուր­քիոյ բա­նա­կը կը տա­տամ­սի այդ­պի­սի ար­կա­ծախնդ­րու­թեան մը դի­մե­լէ, ո­րով­հե­տեւ կը զգու­շա­նայ ա­մե­րի­կեան բա­նա­կին հետ ճա­կա­տու­մի մը հա­ւա­նա­կա­նու­թե­նէն: Երբ Սու­րիոյ բա­նա­կը յա­ռա­ջա­ցաւ դէ­պի Ժըսր Շու­ղուր, թրքա­կան բա­նա­կը ոչ-պաշ­տօ­նա­կան կեր­պով մի­ջամ­տեց, սա­կայն նոյ­նը չկա­տա­րեց քիւր­տե­րուն յա­ռաջ­խա­ղաց­քին ի տես, ո­րով­հե­տեւ վեր­ջին­ներս կը վա­յե­լեն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու յստակ ա­ջակ­ցու­թիւնն ու Ա­րեւ­մուտ­քին հա­մակ­րան­քը:

Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թեանց մտա­հո­գու­թիւն պատ­ճա­ռո­ղը ոչ միայն ան­կախ քրտա­կան շրջա­նի մը ստեղ­ծումն է, այլ նաեւ հե­ռան­կա­րը Սու­րիոյ հետ իր սահ­մա­նի եր­կայն­քին եւ քրտա­կան ու­ժե­րու հսկո­ղու­թեան տակ գտնո­ւող ա­պա­հո­վա­կան գօ­տիի մը, ո­րուն ստեղ­ծու­մը պի­տի նշա­նա­կէ Սու­րիոյ նկատ­մամբ Էր­տո­ղա­նի վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­հը: Ա­մե­րի­կեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ այդ­պի­սի գօ­տիի մը ստեղ­ծու­մին ան­մի­ջա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ Ան­գա­րա­յի դաշ­նա­կից ՏԱՀԵ­Շի եւ Սու­րիոյ վար­չա­կար­գը տա­պա­լե­լու Թուր­քիոյ ե­րա­զին չքա­ցու­մը, իսկ ա­ւե­լի եր­կա­րա­ժամ­կէտ ազ­դե­ցու­թիւ­նը` Թուր­քիոյ յա­ւե­լեալ մե­կու­սա­ցումն ու շրջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն վրայ ա­նոր ազ­դե­ցու­թեան եւ դիր­քին նկա­տա­ռե­լի տկա­րա­ցու­մը:

Թուր­քիոյ ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մատ­նո­ւած են շատ նեղ կա­ցու­թեան, ո­րով­հե­տեւ 7 Յու­նի­սի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թեանց ար­դիւն­քի լոյ­սին տակ, ստի­պո­ւած են հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կազ­մե­լու ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու հետ, ո­րոնք բո­լորն ալ կ­՛ընդ­դի­մա­նան Սու­րիոյ նկատ­մամբ Թուր­քիոյ ներ­կայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան:

Հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մը կազ­մու­թեան սահ­մա­նադ­րա­կան ժամ­կէ­տը կը մօ­տե­նայ, ինչ որ ա­ռա­ւել եւս խու­ճա­պի կը մատ­նէ Էր­տո­ղանն ու ա­նոր ղե­կա­վա­րած կու­սակ­ցու­թիւ­նը: Մեկ­նե­լով վե­րոն­շեալ­նե­րէն` կա­րե­լի է են­թադ­րել, որ Թուր­քիոյ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մու­թե­նէն մեզ բաժ­նող օ­րե­րը կրնան շատ վտան­գա­ւոր ու ծանր ըլ­լալ Սու­րիոյ հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րու եւ Հա­լէ­պի բնակ­չու­թեան հա­մար, ո­րով­հե­տեւ իշ­խա­նու­թիւ­նը բաժ­նեկ­ցե­լէ եւ ա­տոր իբ­րեւ հե­տե­ւանք իր ծրա­գիր­նե­րուն ի­րա­գործ­ման դի­մաց մեծ ար­գելք­նե­րու ստեղ­ծու­մէն ա­ռաջ, Էր­տո­ղան կրնայ ջա­նալ ստեղ­ծել կա­տա­րո­ւած ի­րո­ղու­թիւն մը:

Այս ա­ռու­մով` բա­րա­ցու­ցա­կան է Թուր­քիոյ վար­չա­պետ Ահ­մեթ Տա­ւու­թօղ­լո­ւի 30 Յու­նի­սին իր կու­սակ­ցու­թեան նո­րըն­տիր ե­րես­փո­խան­նե­րուն առ­ջեւ կա­տա­րած հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը.- «­Կարգ մը մար­դիկ կը նշեն, որ կարգ մը ո­րո­շում­ներ չեն կրնար տրո­ւիլ մին­չեւ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մու­թիւ­նը: Ո՛չ, մենք պի­տի տանք ու գոր­ծադ­րենք այն ո­րո­շու­մը, որ ա­մէ­նէն ճիշդն է»:

Էր­տո­ղան Սամ­սո­նը չէ, սա­կայն կրնայ Սամ­սո­նեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կի­րար­կել, իսկ Սու­րիոյ մէջ զի­նո­ւո­րա­կան մի­ջամ­տու­թեան մա­սին թրքա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն կող­մէ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրո­ւած լուրն ու Տա­ւու­թօղ­լո­ւի վե­րոն­շեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը այդ կամ­քին գո­յու­թեան վկա­յու­թիւնն են:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ