Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Բազ­մա­թիւ ներ­քին եւ ար­տա­քին գոր­ծօն­ներ կան, ո­րոնք կ­՛ազ­դեն Հա­յաս­տա­նի ինչ­պէս ներ-քա­ղա­քա­կան, այն­պէս ալ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն վրայ:

Այդ պատ­ճա­ռով բարդ եւ անշ­նոր­հա­կալ գործ պի­տի ըլ­լայ կան­խա­տե­սել, թէ ինչ­պի­սի՛ հան­գու­ցա­լու­ծում, ինչ­պի­սի՞ ա­ւարտ կ­՛ու­նե­նայ Մար­ շալ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի վրայ շա­րու­նա­կո­ւող ընդվ­զու­մը` ընդ­դէմ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան գի­նի 7 դրա­մով թան­կաց­ման:

Ներ­կա­յաց­նենք հիմ­նա­կան եւ հնա­րա­ւոր զար­գա­ցում­ներն ու հան­գու­ցա­լու­ծում­նե­րը:

Ա­ռա­ջի՛ն. Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը գտնեն ձե­ւը եւ չե­ղեալ կը յայ­տա­րա­րեն 7 դրա­մի յա­ւե­լու­մը: Բաղ­րա­մեան փո­ղո­ցը կը նա­հան­ջէ ե՛ւ տուն կ­՛եր­թայ: Երբ քու պա­հանջդ թեք­նիք է եւ քու պա­հան­ջիդ տրո­ւած է լու­ծում, ա­պա դուն ստիպո­ւած կ­՛ըլ­լաս սեղ­մե­լու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն` քե­զի ան­վերջ կե­ղե­քող, ընտ­րու­թիւն­ներ կեղ­ծող ձեռ­քը: Յա­ջորդ ան­գամ դուն տե­սա­կա­նօ­րէն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ’ու­նե­նաս նոր Բաղ­րա­մեան ու­նե­նա­լու, երբ 7 դրա­մով կրկին կը բարձրաց­նեն ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան, ջու­րի, կա­զի, հա­սա­րա­կա­կան փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու գի­նը: Այս­պի­սով, երբ դուն կը պայ­քա­րիս հե­տե­ւանք­նե­րուն դէմ, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը քե­զի հա­մար ան­դա­դար հե­տե­ւանք­ներ կը ստեղ­ծեն ու քե­զի հա­լու­մաշ կ­՛ը­նեն Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի կամ Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կի վրայ:

Կար­ծիք­ներ կը հնչեն, որ այն, ինչ կը կա­տա­րո­ւի Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի վրայ, ընդ­հա­նուր առ­մամբ կը կա­ռա­վա­րո­ւի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ: Այս վար­կա­ծին ի շահ կը խօ­սին ո­րոշ փաս­տեր` ցու­ցա­րար­նե­րու շար­քին քիչ չեն իշ­խա­նա­մէտ տրա­մադ­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցող փոր­ձա­գէտ­ներ, լրագ­րող­ներ, քա­ղա­քա­գէտ­ներ, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ, շոու պիզ­նե­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Պէտք չէ բա­ցա­ռել, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը խրա­խու­սեն այդ մար­դոց ներ­կա­յու­թիւ­նը, վե­րահս­կե­լի հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թիւն­նե­րով կը լու­սա­բա­նեն ցոյ­ցե­րը, որ­պէս­զի վար­կա­բե­կեն շար­ժու­մը: Միւս կող­մէ, փաստ է, որ ցու­ցա­րար­նե­րու շար­քին կան իշ­խա­նա­փո­խու­թեան ձգտող ու­ժեր, ծայ­րա­յեղ ընդ­դի­մա­դիր հա­յեացք­նե­րով գոր­ծիչ­ներ: Այս­պի­սով, ի տար­բե­րու­թիւն Հա­յաս­տա­նի մէջ նա­խա­պէս տե­ղի ու­նե­ցած զան­գուա­ծա­յին ցոյ­ցե­րու, այ­սօր Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տան նե­րա­ռած է հա­սա­րա­կու­թեան ա­մե­նա­տար­բեր շեր­տե­րու եւ հա­յեացք­նե­րու տէր մար­դիկ:

Երկ­րո՛րդ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յստակ ո­րո­շում­ներ չեն ըն­դու­նիր, կը ձգձգեն 7 դրա­մի հար­ցը, տար­բեր խոս­տում­ներ կու տան, ժա­մա­նակ կը շա­հին, բայց նաեւ ցու­ցա­րար­նե­րու դէմ այ­լեւս բռնու­թիւն­ներ չեն կի­րա­ռեր (ինչ­պէս Յու­նիս 23ի գի­շե­րը): Այս­պի­սով, շար­ժու­մը կա­մաց-կա­մաց կը մա­րի, մար­դիկ կը յոգ­նին ա­նո­րո­շու­թե­նէ եւ ա­մա­ռո­ւան տա­քէն, ցու­ցա­րար­նե­րու տար­բեր խում­բե­րու մի­ջեւ կ­՛ա­ռա­ջա­նան հա­կա­սու­թիւ­ներ: Մար­շալ Բաղ­րա­մեան փո­ղո­ցը կը բա­ցո­ւի ինք­նա­բե­րա­բար: Այս զար­գա­ցու­մը հա­րա­զատ է Հա­յաս­տա­նի փո­ղո­ցա­յին պայ­քա­րին: 1996, 2003, 2008 եւ 2013 թո­ւա­կան­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դած փո­ղո­ցա­յին շար­ժում­նե­րը, ո­րոնք կը ներգ­րա­ւէին տաս­նեակ եւ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր մար­դոց, ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին մա­րած են, ո­րոնց շար­քին` օ­րո­ւան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ բիրտ ուժ կի­րա­ռե­լու պատ­ճա­ռով նաեւ:

Այ­սօր շատ կը խօ­սո­ւի, որ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի ընդվ­զու­մը քա­ղա­քա­կան չէ, այլ` ըն­կե­րա­յին: Ա­տոր մէջ կայ ճշմար­տու­թիւն, սա­կայն, միւս կող­մէ, ըն­կե­րա­յին ընդվ­զու­մը եւս քա­ղա­քա­կան է: Ե­թէ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի վրայ ցու­ցա­րա­րար­նե­րը քա­ղա­քա­կան պա­հանջ­ներ, ո­րոնց շար­քին` իշ­խա­նա­փո­խու­թեան, դե­ռեւս բա­ցա­յայտ չեն ներ­կա­յաց­ներ, ա­տի­կա չի նշա­նա­կեր, որ յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի չներ­կա­յաց­նեն:

Եր­րո՛րդ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը տես­նե­լով, որ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տան ա­ւե­լի մար­դա­շատ կը դառ­նայ, պա­հանջ­նե­րը կը դառ­նան ար­մա­տա­կան, ընդ­հուպ` մին­չեւ իշ­խա­նա­փո­խու­թեան կո­չե­րը, բիրտ ուժ կը գոր­ծադ­րեն: Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հա­մար ա­սի­կա եւս հա­րա­զատ տար­բե­րակ է: Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը բիրտ ուժ գոր­ծադ­րած են 1996ի Սեպ­տեմ­բե­րին, 2004ի Ապ­րի­լին, 2008ի Մար­տին: Վեր­ջի­նը ու­նե­ցաւ ող­բեր­գա­կան հե­տե­ւանք­ներ. սպան­նո­ւե­ցաւ 10 մարդ, բազ­մա­թիւ ընդ­դի­մա­դիր քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ բան­տար­կո­ւե­ցան:

Ան­շուշտ կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու այլ տար­բե­րակ­ներ եւս, սա­կայն հան­գու­ցա­լու­ծու­մը, ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, պի­տի տե­ղա­ւո­րո­ւի վե­րոն­շեալ ե­րե­քի շրջա­նակ­նե­րու մէջ:

Ս­տեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը ու­նի առնուազն եր­կու ար­տա­քին վտանգ: Ա­ռա­ջի­նը Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ հնա­րա­ւոր սադ­րանք­ներն են եւ սահ­մա­նի եր­կայն­քով լա­րո­ւա­ծու­թեան նոր սրա­ցում­ներ հրահ­րե­լը: Միւս կող­մէ, պէտք չէ բա­ցատ­րել, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մա­տի փա­թա­թան դարձ­նե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան վտան­գը (ինչ որ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կայ եւ ա­տի­կա այ­սօ­րո­ւան Հա­յաս­տա­նի մե­ծա­գոյն սպառ­նա­լիք­նե­րէն է)` բիրտ ուժ կի­րա­ռեն եւ ցրուեն ցու­ցա­րար­նե­րը: Կար­ճա­ժամ­կէտ կտրո­ւած­քով ա­տի­կա թե­րեւս կը բխի գոր­ծող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու շա­հե­րէն (իշ­խա­նու­թիւ­նը ա­մէն գնով պա­հե­լու մղու­մէն մեկ­նած), սա­կայն եր­կա­րա­ժամ­կէտ հիմ­քով պի­տի աշ­խա­տի ընդ­դէմ նոյն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ ընդ­դէմ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան եւ ա­նոր ար­տա­քին դի­մա­գի­ծին ու ներ­քին հա­մե­րաշ­խու­թեան:

Միւս վտան­գը կրնայ գալ Ռու­սիա­յէն: Գտ­նո­ւե­լով Մոս­կո­ւա եւ այս օ­րե­րուն բազ­մա­թիւ հան­դի­պում­ներ ու­նե­նա­լով փոր­ձա­գէտ­նե­րու եւ քա­ղա­քա­գէտ­նե­րու հետ, ին­ծի հա­մար ակն­յայտ դար­ձաւ, որ Ռու­սաս­տա­նը իր կեն­սա­կան շա­հե­րուն հա­մար մե­ծա­գոյն վտանգ կը նկա­տէ այս­պէս կո­չո­ւած «գու­նա­ւոր յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րը»: Ռու­սա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը, ո­րոնք խիստ կը վե­րահս­կո­ւին Ք­րեմ­լի­նի կող­մէ, ուղ­ղա­կիօ­րէն կը գրեն, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­տա­րո­ւո­ղը «Ուք­րա­յնա­կան Մայ­տան է»: Ռու­սա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու մէջ կա­րե­լի է հան­դի­պիլ սադ­րիչ, հա­կա­հայ, ինչ­պէս նաեւ` վի­րա­ւո­րա­կան ձե­ւա­կեր­պում­նե­րու:

Հա­յաս­տա­նի մէջ ծա­ւա­լող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն կա­րե­լի չէ տալ հա­կա­ռու­սա­կան ե­րանգ եւ ուղ­ղո­ւա­ծու­թիւն, որ­քան ալ ռու­սա­կան կող­մէ ըլ­լան սադ­րանք­ներ: Ա­տի­կա չա­փա­զանց թանկ կրնայ ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նի հա­մար: Մենք պէտք է փոր­ձենք բա­ցատ­րել ռու­սե­րուն, ե­թէ նոյ­նիսկ ա­նոնք չեն ու­զեր ա­տի­կա հաս­կա­նալ: Ան­կախ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցում­նե­րէն եւ հան­գու­ցա­լու­ծում­նե­րէն` Հա­յաս­տա­նը եւ Ռու­սիան պէտք է ու­նե­նան ռազ­մա­վա­րա­կան, դաշ­նակ­ցա­յին, ի­րա­ւա­հա­ւա­սար յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ:

Թա­թուլ Յա­կո­բեան
Քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծա­բան
Մոս­կո­ւա, 27 Յու­նիս ԱՆԻ կեդ­րոն