Սխալ եւ աղաւաղուած ձեւով կը նկարագրուի Երեւանի պողոտաներուն վրայ կատարուածը եւ այդ մէկը նոյնքան վնասակար ու վտանգաւոր է, որքան կատարուած ձերբակալութիւններն ու բանտարկութիւնները:
Մամուլն ալ կը փորձէ ծուղակի ձգել դիտորդը եւ զայն ուղղել տարբեր մտածումներու, մեկնաբանութիւններու եւ եզրակացութիւններու:
«Ազատութիւն» եւ «Բաղրամեան» պողոտաներու վրայ կատարուածը կարելի չէ բաղդատել Ուքրայինայի մէջ կատարուած «Մայտան»ին:
Համաշխարհայնացման պիտակ տալ, կամ աշխարհաքաղաքական ակնոցով դիտել հարցը, կրնայ յաւելեալ անտեղի վերլուծումներու յանգեցնել:
Ո՛չ…Պատահածը հայկական «մայտան» չէ, ո՛չ ալ ելեկտրական «մայտան»: Դեռ աւելին, ո՛չ ալ եռագոյն կամ ծիրանի գարուն:
Արեւմտեան աշխարհի տեղեկատուական միջոցներու ապատեղեկատուական այս ընթացքը պարզապէս ճիշտ ձեւով չի նկարագրեր պատահածը Երեւանի մէջ:
Միեւնոյն ընթացքին մէջ է նաեւ Ռուսաստանեան մամուլը, ուր ազդեցիկ թերթեր յանդգնած են մրոտելու, թէ Կովկասեան «Ուքրայինական Թնճուկ» մը սկսած է ստեղծուիլ:
Տեղին է շեշտել, կրկնել եւ ընդգծել, թէ ամբոխը կը բողոքէ ընկերային-տնտեսական հարցի մը պատճառով: Աւելի քան տարի մը առաջ, ցոյցեր ծայր առած էին փոխադրամիջոցներու սակի բարձրացման պատճառով: Իսկ այսօր, ժողովուրդը իր ցասումն ու զայրոյթը կ՛արտայայտէ, որովհետեւ պետութիւնը որոշած է 16,7 առ հարիւր համեմատութեամբ բարձրացնել ելեկտրականութեան սակագինը:
Հարցը քաղաքական եւ յատկապէս տարածաշրջանային ակնոցով դիտուած, աշխահաքաղաքական հիմերու վրայ դրսեւորուած բնոյթ չունի:
Տարի մը առաջ, փոխադրամիջոցներու սակի բարձրացման գծով, երկրորդական էր փոխադրակառքին վաճառանիշը՝ եւրոպակա՞ն թէ ռուսական:
Յունիս 2015ին ալ, երկրորդական է այն իրականութիւնը, թէ ելեկտրականութիւն հայթայթող ընկերութիւնը ռուսական է:
Եւրասիական Տնտեսական Միութիւն ընդդէմ Եւրոմիութիւն մրցակցութիւն չէ պատահածը, եւ այս գծով դժբախտաբար միջազգային մամուլը չþուզեր տեղեկացնել հետաքրքրական երեւոյթ մը, որ կը փաստէ հարցին զուտ ընկերային-տնտեսական բնոյթը:
Արդարեւ, միջազգային մամուլը, թէ՛ Ուաշինկթըն եւ թէ՛ Մոսկուա կարեւորութեամբ չեն անդրադառնար, որ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներն ալ, ներառեալ մեծամասնութիւն կազմող եւ սակագինի բարձրացման գործօնին մէջ մեծ դեր ունեցող Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան անդամներու ներկայութիւնը այս ցոյցերուն: Անոնք պատ կազմած են ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ՝ բացայայտելով, թէ պատահածը խոր քաղաքական բնոյթ չունի:
Հարցը, զուտ ընկերային-տնտեսական բնագաւառէն ներս գոյութիւն ունեցող սղաճն է, որ ամենայն նենգամտութեամբ կարելի է քաղաքական, աշխարհաքաղաքական դաշտ փոխադրել եւ թունաւորել Երեւանի պողոտաներուն վրայ ստեղծուած «լուռ ցաւեր»ը:
Ժամանակը չէ ծուղակը իյնալու:
Հետեւաբար…Ո՛չ թալանին, ո՛չ ալ շինծու՝ ելեկտրական կամ եռագոյն «մայտան»ին:
«Հայրենիք»