Եթէ Պաքուի մէջ կատարուած Եւրոպայի Ողիմպիական մրցումները ամիսներ շարունակ տեւէին…Արցախեան ռազմաճակատին վրայ նոյնքան ժամանակ զինադուլը տը ֆաքթօ եւ տը ժիւրէ պի
տի կիրարկուէր:
Հետաքրքրական է, որ այս մրցումներուն տրուած ազդանշանէն, այսինքն Յունիս 12էն ի վեր համեմատաբար դադրած են հրացանաձգութիւնն ու ազերի նախայարձակ ուժերու կողմէ կազմակերպուած ոտնձգութիւնները:
Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի նախագահներն ալ կը հաստատեն այս երեւոյթը:
Այդպէս ալ պիտի տեւէ մինչեւ Կիրակի՝ Յունիս 28, երբ շքեղ ու իւրայատուկ Ալիեւեան ոճով զեխ հանդիսութեամբ՝ պիտի կատարուի փակման հանդիսութիւնը:
Անշուշտ ազերիին մօտ գոյութիւն ունեցող գեր-զգացական ե՛ւ թշնամական վրդովմունք ու յուզում յառաջացնող գործօնին հետեւանքով՝ Հայաստանի ծածանող եռագոյնի եւ մասնակցող 26 մարզիկներու տողանցքի ժամանակ բնականաբար կատարուեցաւ անխուսափելին.- Լսուեցան անարգանքի եւ բողոքի սուլոցներն ու պոռչտուքները:
Հաւանաբար, եթէ հայրենի մարզիկները բացակայէին ու «պոյքոթ»ի ենթարկէին նմանօրինակ մարզական հանդիսութիւնը, որ անդրանիկ Երոպական Ողիմպիականն էր եւ պարզապէս նիւթական միտումներով վիճակուած էր Ատրպէյճանին, ատիկա կրնար ժխտական երեւոյթ ձգած ըլլար Հայաստանի համար:
Հայ մարզիկները ժամանած էին Պաքու, ցոյց տալու համար, թէ մրցումի կարիք չկար՝ յաղթական դուրս գալու:
Արդէն իսկ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած երկիրն էր, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէր:
Ճիշդ է, որ մարզական աշխարհը ընդհանրապէս հեռու է քաղաքական մութ եւ սադրիչ հաշիւներէ, սակայն անուղղակիօրէն Պաքուի որդեգրած «մարզավայել» կեցուածքին, տեղին էր ակն ընդ ական նմանօրինակ «մարզավայել» դիրքորոշում որդեգրել:
Արդ, արծաթեայ մետալի մը տիրանալը՝ Հայաստանի համար երկրորդական իմաստ ունի:
Անոնք ժամանած էին Պաքու՝ անվախ, թէկուզ քաջատեղեակ ըլլալով, որ տարիներ առաջ՝ 2004ին, Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ, հեռո՜ւ ռազմաճակատներէն, ՆԱԹՕի մէկ համագումարին, Ռամիլ Սաֆարով անունով «մարզիկ» մը կացինահարած էր Գուրգէն Մարգարեանը:
2012ին, Պաքու կաշառակելով Հունգարիոյ ղեկավարութիւնը, կրցած էր ազատ արձակել այդ «մարզիկ»ը, եւ դեռ աւելին, նախագահ Ալիեւ ոչ միայն իբրեւ հերոս ընդունած էր զայն, այլ պատուած՝ նիւթական օժանդակութեամբ, պաշտօնի բարձրացումով, յարկաբաժինով մը եւ անշուշտ… մետալով մը:
Հայրենի մարզիկները Պաքուի Ողիմպիականին մասնակցեցան ի յիշատակ Գուրգէն Մարգարեանին եւ Արցախի ազատագրութեան համար զոհուած բոլոր հերոսներուն:
Միշտ ալ մնալով մարզական բնագաւառէն ներս եւ պահելով մարզական ոգին, յաղթական երկիր՝ Հայաստանը մասնակցեցաւ պարտեալ երկրի կազմակերպած Ողիմպիականին:
Հայաստանի ներկայութիւնն իսկ «մետալ» մըն էր:
«Հայրենիք»