Այլեւս խորհրդային բարքերէն ամբողջովին ազատագրուած՝ Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան ազատ քաղաքացիներու սերունդ ունինք:
Սերունդ, որ իր վարքով, պատասխանատուութեան իր գիտակցութեամբ, իր ողջախոհութեամբ, իր շրջահայեցութեամբ, բայց եւ իր պայծառատեսութեամբ՝ յոյս կը ներշնչէ բոլորիս, ամէնէն առաջ՝ յուսահատութեան դուռը հասած հայրենի ժողովուրդին:
Այս սերունդը կազմուած է սահման պաշտպանած, բանակ ծառայած երիտասարդներով, որուն հայրենասիրութիւնը կասկածի տակ կարելի չէ առնել, որուն հայրենի հողին փարած մնալու վճռականութիւնը անքննելի է:
Այս սերունդը անկաշկանդ է եւ պատրաստ՝ դիմակայելու իշխանական ամէն տեսակի լծակներու ճնշումները:
Այս սերունդը որոշած է տէր կանգնիլ իր իրաւունքներուն եւ պատրաստ է անզիջող պայքար տանելու այդ իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր:
Այս սերունդը իր առողջ բնազդով կը ղեկավարուի, բացառելով սխալները, բացառելով միջամտութիւնները, ձախողեցնելով մութ թէ յայտնի ուժերու սադրանքները:
Այս սերունդը լաւ սերտած է անկախութեան շրջանի քաղաքական պատմութիւնը եւ խորապէս հասկըցած համակարգային իշխանափոխութիւնը ձախողեցնող բոլոր խաղերը, հնարամտութիւնները, հասարակական գործիչներ վարկաբեկելու, ահաբեկելու, նսեմացնելու իշխանական արհեստագիտութիւնը:
Այս սերունդը բոլորիս յարգանք կը պարտադրէ՝ զոհաբերութեան իր պատրաստակամութեամբ:
Այս սերունդը իր հարազատներուն, իր շրջապատի մարդոց արժանապատուութիւնը վերականգնելու, անոնց մէջէն ստրկացման տանող ճնշուածութիւնը արմատախիլ ընելու, ազատութեան տենչը բոցավառելու առաքելութեան լծուած է:
Այս սերունդը մեր հայրենիքը իրեն արժանի բարձունքին հասցնելու տեսիլք ունի եւ այդ տեսիլքը կենսագործելու ճանապարհը բռնած է:
Այս սերունդը իր բաց գործելակերպով բոլորիս ժողովրդավարութեան դասեր կրնայ տալ:
Այս սերունդը հաւաքական ղեկավարութեան իւրօրինակ բանաձեւը գտած է. ղեկավարութիւն մը, որ բնականաբար եկաւ պարտադրելու ինքզինք, պարտադրելու իշխանական իր խօսակիցներուն, իսկ լայն հանրութեան՝ վստահութիւն ներշնչեց:
Բոլորիս պարտքն է գուրգուրալ այս սերունդին, թիկունք կանգնիլ անոր, պաշտպանել զայն ուղղակի կամ անուղղակի հարուածներէ, թեւաւորել անոնց յառաջխաղացքը:
Պաշտպանել ու գուրգուրալ այս փառաւոր սերունդին, որ վերջապէս արդարութեան հասնելու հայրենական ձգտումին խորհրդանիշ դարձած է:
Աբօ Պողիկեան - «Ասպարէզ»