Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Գորֆո՛ւ, հըմայքիդ օղակին մէջ զիս

բռներ կը տանիս.

Ջուրերու վըրայ նետուած դուն պարտէ՛զ,

Սիրտըս ծըփանքիդ հետ կ’օրրես, կ’օրրե՛ս...։

 

Ալիքներն ի՜նչքան քեզ շոյեր, պագեր,

շիներ են խորշեր

Եզերքներուդ մէջ. անոնց անձնատուր՝

Ի՜նչպէս մնացեր ես թարմ ու մաքուր...։

 

Հովիտներէդ վար ու բըլուրներուդ

կողերէն ժեռուտ՝

Ի՜նչքան ձիթենիք, բաց բազուկներով,

Լո՜ւռ, խաղաղասփի՜ւռ կ’իջնեն մինչեւ ծով...։

 

Հոծ նարնջենիքդ, հոտաւէտ ստուեր,

Կը ծածկեն դաշտեր...

Մինչ վըրաս, կարծես, մո՛ւթ երկինքդ ալ ջինջ

Նարնջենի մ’է՝ աստղերով նարինջ...։

 

Ի՜նչ լաւ էր, Գորֆո՛ւ, գրկիդ մէջ մոռնալ

ներկայ եւ անցեալ,

Կապոյտիդ ներքեւ, կապոյտիդ վերեւ,

Կանաչ թուփ մ’ըլլալ՝ անշարժ ու թեթեւ...։

 

Բայց՝ աչքեր ահա, անձկոտ, վշտագին,

կ’այրին, կը մարին...

Ես մոռցեր էի թէ դրժոխք մ’ալ ցաւ

Ծովը մինչեւ հոս քըշեց ու բերաւ...։

... Գորֆո՛ւ, հըմայքիդ օղակը յանկարծ

կը գտնեմ կոտրած...

Ջուրերու վրայ նետուած օրօրո՛ց,

Օրրէ՜ գէթ սիրտերն հոս ինկած տըղոց...։

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ 1923 Ապրիլ

 

Մահերգ նահատակաց

Անոնց համար որ ինկան

Ըզմեզ ազատ ուզելով՝

Մեր բիւր սրտեր քովէ քով

Կ’ըլլան այսօր մէ՛կ խորան։

Անոնց հոգւոյն պաշտամունք

Մեր մէն մի խոհն է հիմայ,

Վե՜ր, դէպ անոնց կ’ամպանայ

Մե՛ր յոյսն ու սէրն իբրեւ խունկ։

Եւ մեր ցաւի սըկիհէն

Անոնց արիւնն ու հոգին

Հաղորդութի՛ւն վրիժագին,

Մենք կ’ընդունինք սրբօրէն։

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ Գորֆու 8-4-23

 

Սոյն քերթուածին Գ. Կառավարենց եղանակ յարմարցուց եւ հայ որբերուն երգել տուաւ Գորֆուի յունաց եկեղեցին կատարուած սգահանդէսին (11-24 Ապրիլ 1923)։