Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու ա­հա­սար­սուռ թա­տե­րա­բե­մի վե­րա­ծո­ւած է: Հա­մա­տա­րած քան­դու­մի եւ մար­դաս­պա­նու­թեան ի տես, տա­րա­ծաշր­ջա­նի վե­րա­ձե­ւա­ւոր­ման մի­տող մի­ջազ­գա­յին գլխա­ւոր ու­ժերն ան­գամ կա­ցու­թիւ­նը հա­կակ­շի­ռի տակ առ­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած կը թուին ըլ­լալ:

Իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­կան ոյժ, սոսկ իր նկրտում­նե­րուն հա­մար պայ­քա­րե­լով, կոյր կը ձե­ւա­նայ ծայ­րա­յեղ իս­լա­մա­կան­նե­րուն կող­մէ շրջա­նի բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն նկատ­մամբ (քրիս­տո­նեայ թէ մահ­մե­տա­կան) ի գործ դրո­ւած հրէ­շա­յին ա­րարք­նե­րուն դի­մաց:

Ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու մարտն­չում­նե­րը այ­սօր յար եւ նման են միջ­նա­դա­րեան նախ­ճի­րին՝ «յաղ­թել կամ շրջա­նը ոչն­չաց­նել»ու խա­ւա­րա­միտ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը դժբախ­տա­բար կը բա­խի մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի սառն ան­տար­բե­րու­թեան հետ, ո­րուն հե­տե­ւան­քով ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­ներ նոյ­նան­ման սառ­նասր­տու­թեամբ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան նոր դա­ւեր կը հիւ­սեն:

Գա­զա­նա­բա­րոյ պա­տե­րազ­մը կը շա­րու­նա­կէ օ­րա­կան ան­մեղ զո­հեր խլել, յատ­կա­պէս Հա­լէպ քա­ղա­քին մէջ: Ռում­բե­րու տա­րա­փը մարդ­կա­յին ա­ղէ­տի կը վե­րա­ծէ հա­լէ­պաբ­նակ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քը:

Ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, մզկիթ­նե­րը, բնա­կա­րան­նե­րը, մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րը հա­սա­րակ ժո­ղո­վուրդն ու ան­մեղ ե­րե­խա­նե­րը մշտա­կան թի­րախն են ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն: Ի՞նչ փոյթ, թէ քա­նի՛ զոհ կ­՛ար­ձա­նագ­րո­ւի, քա­նի՛ ե­րե­խայ որբ ու ան­տուն կը մնայ, քա­նի՛ ըն­տա­նիք փլա­տակ­նե­րու տակ շնչա­հեղձ կը սպան­նո­ւի:

Մի­ջազ­գա­յին թէ սու­րիա­կան բե­մա­հար­թակ­նե­րու վրայ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ե­ռու­զե­ռը, ցարդ կոր­ծա­նիչ այս պա­տե­րազ­մը կա­սեց­նե­լու, գործ­նա­կան եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու չէ յան­գած: Հա­կա­մարտ կող­մե­րը բա­նակ­ցու­թեան սե­ղա­նին բե­րե­լու փոր­ձե­րը դրա­կան ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ ա­պար­դիւն կը մնան: Իսկ ա­հա­բեկ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րը վի­ժեց­նե­լու եւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն ան­մի­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նող եր­կիր­նե­րը դա­տա­պար­տե­լու կո­չե­րը՝ «ձայն բար­բա­ռոյ յա­նա­պա­տի»:

Տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին կարգ մը եր­կիր­ներ տա­կա­ւին խե­լա­կո­րոյս կու­րու­թեամբ կը շա­րու­նա­կեն քան­դու­մի, հրկիզ­ման եւ մար­դաս­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը վա­րող­նե­րու վոհ­մա­կը ա­ռաջ­նոր­դել դէ­պի Սու­րիա, ծուն­կի բե­րե­լու զայն, Սու­րիոյ ողջ ժո­ղո­վուր­դի սպան­դին ու երկ­րի հա­մա­տա­րած կոր­ծա­նու­մին գնովն ան­գամ:

Իսկ յղփա­ցած աշ­խար­հա­կալ­ներ՝ գե­րա­դա­սե­լով ի­րենց շա­հե­րը, դա­տա­պար­տու­մի բա­նա­ւոր խօս­քե­րէն ան­դին չեն անց­նիր: Ա­ւե­լին. ա­նոնք տագ­նա­պի հան­գու­ցա­լուծ­ման ա­ռաջ­նոր­դող ու­ղի­ներ ո­րո­նե­լու փո­խա­րէն՝ Սու­րիոյ բնակ­չու­թեան երկ­րէն դուրս գա­լու յոր­դոր­ներ կը կար­դան:

Ան­մեղ բնակ­չու­թիւ­նը թի­րախ դարձը­նե­լու ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու ռազ­մա­վա­րու­թիւնն ու ա­նոնց այ­լա­տեա­ցու­թեան դրսե­ւո­րում­նե­րը կը վկա­յեն, որ ա­զա­տու­թեան ու կրօն­քի քո­ղին տակ գոր­ծող ծայ­րա­յեղ­նե­րը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ոչ միայն տա­րա­ծաշր­ջա­նին, այլ ողջ աշ­խար­հին սպառ­նա­ցող հո­սան­քի մը ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն են, ո­րոնք կը ֆի­նան­սա­ւո­րո­ւին ար­դա­րու­թեան, մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ա­նու­նով հան­դէս ե­կող աշ­խար­հա­կալ­նե­րուն իսկ կող­մէ:

Հա­կա­ռակ այս բո­լո­րին, Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դին դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, իր երկ­րին տէր կանգ­նե­լու վճռա­կա­նու­թիւ­նը ե­զա­կի յանդգ­նու­թեան ու հայ­րե­նա­սի­րու­թեան դրսե­ւո­րում­ներ են, ո­րոնց դէմ յան­դի­ման զի­նեալ ա­հա­բե­կիչ­ներ վրի­ժա­ռու­թեան ի­րենց կիր­քե­րը յա­գեց­նե­լու հա­մար կը սպան­նեն երկ­րի խա­ղաղ բնակիչները, ինչ կրօն­քի, դա­ւա­նան­քի կամ ազ­գի ալ պատ­կա­նին ա­նոնք՝ մահ­մե­տա­կան թէ քրիս­տոնեայ, սիւն­նի թէ շիի, ա­րաբ թէ այ­լազ­գի:

Սու­րիոյ տագ­նա­պի լու­ծու­մը եր­կար ժա­մա­նա­կի կա­րօ­տի ան­գամ, մարդ­կա­յին ա­ղէ­տին կա­սե­ցու­մը մեծ ճիգ չի պա­հան­ջեր, պարզ ու յան­դուգն ո­րո­շում պէտք է պար­զա­պէս զի­նա­դա­դար յայ­տա­րա­րե­լու, զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րուն հոս­քը կա­սեց­նե­լու, ա­նոնց դի­մաց սահ­ման­նե­րը փա­կե­լու եւ վեր­ջա­պէս պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան հրա­ւի­րե­լու ա­նոնց նե­ցուկ կանգ­նող եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը, ո­րոնք կոյր ա­տե­լու­թեամբ կը քա­ջա­լե­րեն պա­տե­րազ­մը եւ Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դին սպանդն ու տար­հա­նու­մը:

Այ­լա­պէս ողջ աշ­խար­հը պի­տի վե­րա­ծո­ւի հա­մայ­նա­կուլ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու թի­րա­խին, իսկ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու, անվ­տան­գու­թեան պահ­պան­ման կո­չո­ւած մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ոչ միայն ան­զօր մար­մին­ներ պի­տի դառ­նան, այ­լեւ նպաս­տած պի­տի ըլ­լան աշ­խար­հը դէ­պի ան­դունդ ա­ռաջ­նոր­դող խա­ւա­րա­միտ բռնա­կալ­նե­րու հզօ­րաց­ման:

Զար­միկ Պօ­ղի­կեան