«Հայերու տեղահանութենէն ետք հոս հիմնականին մէջ երեխաներ ու կանայք մնացած են: Անոնցմէ ոմանք ամուսնացած ու թաքցուցած, փոխած են իրենց մականունները: Այդ կանայք յաճախ միայն ծերանալէ ետք իրենց թոռներուն պատմած են իրենց հետ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը»,- կը գրէ յօդուածագիրը:
Շատ այլ ընտանիքներու նման, հայերու հետ ազգակցական կապ ունի նաեւ 100ամեայ Շիւքրի Կիւնէշ:
Անոր մօր ընտանիքը սպաննուած է տեղահանութեան ընթացքին, իսկ մայրը ամուսնացած է Կիւնէշի հօր հետ:
Ցեղասպանութենէն փրկուած հայուհիին որդին Tarafին կը պատմէ մօր պատմութիւնը:
Ան նշած է, որ Քովանջըլարի, Քարաքոչանի, Բալուի մէջ քիւրտերն ու հայերը միասին ապրած են, եւ շատ գիւղերու մէջ դեռ պահպանուած են եկեղեցիներու աւերակները: «Ոչ մէկը միւսին հետ խնդիր ունէր:
Պետութիւնը ըսաւ կոտորէք` կոտորեցին, քանդէք` քանդեցին: Երբ երեխայ էինք, այդպէս կը պատմուէր: Այստեղ հայերուն հետ շատերը ազգական են, որոշներն ալ չեն խոստովանիր»,- ըսած է ան ու պատմած, թէ ինչպէ՞ս կանայք ստիպուած եղած են ամուսնանալու, քանի որ երթալու տեղ չեն ունեցած:
Ծերունին կը նշէ, որ եթէ հայրը մօրը հետ չամուսնանար` մօրն ալ կը սպաննէին:
Շիւքրի կը նշէ, որ իր մայրը հայ է, հայրը` քիւրտ: «Հայկական դէպքերու ընթացքին մօրս ողջ ընտանիքը սպաննուած է, երկու եղբայրները փրկուած ու հասած են Ամերիկա: Մօրաքոյր մը ունէի, որուն ամուսինը եւս սպաննուած էր: Ան ալ լքեց երկիրը: Ես կը կարծէի, թէ մօրս անունը Էմինէ է: Կը պարզուի` իրական անունը Էմինէ չէ, ստիպուած եղած է փոխելու անունը, սակայն որքան հարցուցինք, մայրս վախէն մեզի նոյնիսկ անունը չըսաւ»,- պատմած է հարիւրամեայ ծերունին:
Ան պատմած է, որ աւելի ուշ յաջողած է Ա.Մ.Ն.ի մէջ գտնել ու նամակագրական կապ հաստատել քեռիներուն հետ:
«Այստեղ մնացած հայ մը Ամերիկա պիտի գաղթէր: Անոր անունը Կըրպօ էր: Մօրս հետ անոր միջոցով նամակ ուղարկեցինք, որ Ամերիկա հասած քեռիներուս հասցնէ: Կարճ ժամանակ անց պատասխան ստացանք: Կըրպոն գտած էր քեռիներս»,- պատմած է Շիւքրի:
Բայց քեռիները չեն հաւատացած, որ իրենց քոյրը ողջ է, եւ համոզուելու համար խնդրած են, որ մայրը իրենց մանկութեան յուշերէն պատմէ, ըսէ, թէ ինչե՜ր ըրած են միասին:
«Երբ այդ հարցերով նամակը մեզի հասաւ, մայրս սկսաւ արտասուիլ: Ան պատմեց` մենք նամակ գրեցինք: Այդպիսով` նամակագրական կապ հաստատուեցաւ, որ, սակայն, մօրս մահէն ետք վերջացաւ»,- ըսած է ան: