Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Անն­շան կա­տա­րում­ներն իսկ գո­վա­սան­քով շո­ղո­քոր­թե­լու մէջ ե­ղած ենք այն­քան շռայլ, որ մարդ կը շո­ւա­րի՝ եր­գա­րո­ւես­տի կա­տա­րեալ մա­տու­ցում մը նկա­րագ­րե­լու հա­մար ի՞նչ բա­ռեր գոր­ծա­

ծէ, ինչ­պէ՞ս ներ­կա­յաց­նէ, որ չշփո­թո­ւի ա­ժա­նօ­րէն բաշ­խո­ւած գո­վա­սա­նա­կան հա­սա­րակ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու հետ:

Ա­հա այդ շո­ւար վի­ճա­կին մատ­նո­ւած եմ այս պա­հուս, հա­մա­կար­գի­չիս առ­ջեւ:

Բայց կ’ու­զեմ քա­նի մը տո­ղով ան­պայ­ման տպա­ւո­րու­թիւնս փո­խան­ցել եւ անդ­րա­դառ­նալ Նու­նէ Ե­սա­յեա­նի եր­գա­րո­ւես­տի տա­ղան­դին եւ ա­նոր իւ­րա­յա­տուկ մեկ­նա­բա­նու­թեան մա­սին, ո­րուն շնոր­հիւ ին­ծի պէս բազ­մա­հա­րիւր հա­յեր ու­նե­ցան հա­յեր­գի ե­զա­կի վա­յել­քը, վեր­յի­շե­ցին հայ­րե­նա­կան պատ­կեր­ներ, եր­գե­րու ընդ­մէ­ջէն եւ Նու­նէի ան­զու­գա­կան ձայ­նին ստեղ­ծած ա­լիք­նե­րուն վրայ ապ­րե­ցան խռով­քը՝ մերթ ընդ մերթ սի­րոյ, հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, յաղ­թա­նա­կի հպար­տու­թեան, յու­սա­վառ ա­պա­գա­յի:

Կարճ՝ Նու­նէ Ե­սա­յեա­նի կա­տա­րու­մով ազ­գա­յին նոր նե­րար­կու­մով գօ­տեպն­դո­ւե­ցանք ներ­կա­ներս եւ հա­յեր­գի կա­խար­դանքն ու փառ­քը վե­հա­պե­տե­ցին հոն, «­Տո­րա Սթ­րա­թու» ամ­փի­թատ­րո­նին մէջ, Եր­կու­շաբ­թի՝ 15 Յու­նի­սի ե­րե­կո­յեան:

Զե­ղում­ներս զսպել փոր­ձե­լով, պար­զա­պէս կ’ար­ձա­նագ­րեմ որ ՝

1. Ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով վկայ դար­ձանք երգ­չու­հիի մը, որ 90 վայր­կեան ա­նընդ­մէջ, ա­ռանց դա­դա­րի շուրջ 25 եր­գեր մեկ­նա­բա­նէ, ա­ռանց որ ձայ­նին թար­մու­թիւնն ու կեն­դա­նու­թիւ­նը եւ եր­գա­րո­ւես­տին ներ­գոր­ծու­թիւ­նը նո­ւա­զա­գոյն ընկր­կումն ու­նե­նան: Ընդ­հա­կա­ռակն. յա­ջորդ եր­գը կը գե­րա­զան­ցէր նա­խոր­դը՝ գե­րա­զանց դարձ­նե­լով միա­ժա­մա­նակ ունկն­դիր­նե­րուս խան­դա­վա­ռու­թիւնն ու հիաց­մուն­քի բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րը: Այն աս­տի­ճան, որ ա­ւար­տին, ո­մանց մօտ ան­տե­ղի կաս­կած արթն­ցաւ, թէ նո­ւա­գին պէս եր­գե՞րն ալ play back էին ար­դեօք:

2. Եր­գա­ցան­կը կը ներ­կա­յաց­նէր կո­մի­տա­սեան ու տոհ­միկ, սի­րա­յին ու պա­րա­յին, Սա­յաթ Նո­վա­յի, հայ­րե­նա­սի­րա­կան ու մար­տա­կան եր­գե­րէն հա­տըն­տիր­ներ: Ի­րար­մէ տար­բեր շեշտ ու ա­լիք եւ զգաց­մունք պա­րու­նա­կող եր­գե­րուն մէ­կէն միւ­սին ան­ցու­մը վար­պե­տօ­րէն կը կա­տա­րո­ւէր հեշտ ու բնա­կան եւ այն­պի­սի նե­րազ­դող մեկ­նա­բա­նու­թեամբ, որ նոյն­պէս հեշտ ու բնա­կան կը դարձ­նէր մէ­կը միւ­սէն տար­բեր խռովք­նե­րու փո­խան­ցու­մը՝ ունկն­դիր­նե­րուս:

3. Զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով մեր լսա­ծը այդ ե­րե­կոյ կեն­դա­նի փաս­տով հաս­տա­տո­ւե­ցաւ, որ Նու­նէ Ե­սա­յեան հա­յեր­գի գե­րա­զանց, իսկ Սա­յաթ Նո­վա­յի անմր­ցե­լի մեկ­նա­բան երգ­չու­հին է:

4. Այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ իւ­րա­քան­չիւր եր­գի մե­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը կ’ա­ւար­տէր ներ­կա­նե­րու գո­հու­նակ բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով ու «պռա­ւօ»նե­րով եւ նո­րը կը դի­մա­ւո­րո­ւէր խան­դա­վառ ծա­փող­ջոյն­նե­րով, կը հաս­տա­տէ ար­դէն վե­րի նշում­նե­րու ի­րա­ւու­թիւ­նը: Ու­րեմն, կրկին բա­ցա­գան­չենք. պրա­ւօ՜...:

Պ­ռա­ւօ՜ նաեւ Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բին, որ եր­կու-ե­րեք օ­րե­րու մէջ կրցաւ ըն­տե­լա­նալ նո­ւագ­նե­րուն եւ ա­նոնց կշռոյ­թին հա­մե­մատ՝ յա­ջո­ղե­ցաւ պա­րա­յին շար­ժում­նե­րով եր­գե­րուն ըն­կե­րակ­ցիլ:

«ԿԱ՛ՆՔ , ՊԻՏԻ ԼԻՆԵ՛ՆՔ ՈՒ ԴԵՌ ՇԱՏԱՆԱ՛ՆՔ»: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու շրջագ­ծին մէջ այս լո­զուն­գով է, որ տա­ղան­դա­ւոր երգ­չու­հին դի­մած է Հ.Հ.ի սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ ա­պա­հո­վե­լէ ետք ա­նոր հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը, նա­խա­ձեռ­նած է կարգ մը գա­ղութ­ներ շրջապ­տոյ­տի՝ տե­ղի հա­յե­րը մեր եր­գե­րու թով­չան­քով պա­րու­րե­լու եւ լո­զուն­գին ար­ձա­գան­գո­վը յու­զե­լու-հո­գեպն­դե­լու հա­մար. Կիպ­րոս, Ա­թէնք, Վիեն­նա եւ գեր­մա­նա­կան կարգ մը քա­ղաք­ներ:

Գա­ղութ­ներ, ո­րոնք փոք­րա­թիւ ըլ­լալ­նուն կամ տնտե­սա­կան շատ լուրջ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ դի­մագ­րա­ւել­նուն՝ ի վի­ճա­կի չեն սե­փա­կան մի­ջոց­նե­րով հիւ­րըն­կա­լե­լու-կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մեր­գա­յին նման ե­րե­կոյ մը:

Կ­’ար­ժէ ը­սել նաեւ, որ երգ­չու­հին միեւ­նոյն լո­զուն­գով պատ­րաս­տած է նո­րա­գոյն cd եւ dvd, ո­րոնց վա­ճառ­քէն գո­յա­ցած գու­մա­րը ո­րո­շած է տրա­մադ­րել սու­րիա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան ֆոն­տին:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն Նու­նէ Ե­սա­յեա­նին՝ հա­մեր­գա­յին շրջապ­տոյ­տը նա­խա­ձեռ­նե­լու-ի­րա­գոր­ծե­լու իր սքան­չե­լի գա­ղա­փա­րին հա­մար,

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ Հ.Հ.ի սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան, որ հո­վա­նա­ւո­րե­լով շրջապ­տոյ­տը մե­զի ըն­ծա­յեց ե­զա­կի ե­րե­կո­յի մը հո­գե­թով վա­յել­քը:

Վարձ­քը կա­տար երգ­չու­հիի գոր­ծա­կից­նե­րուն եւ վա­րա­գոյ­րի առ­ջեւ թէ ե­տեւ աշ­խա­տող Հա­մազ­գա­յի­նի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն:

Մար­գա­րէա­կան վճի­ռի ուժ ու­նի ի­մաս­տու­նին խօս­քը, թէ՝ «Ով երգ չու­նի, պի­տի մեռ­նի...»:

Այդ ե­րե­կոյ Նու­նէ Ե­սա­յեա­նի ան­զու­գա­կան ձայ­նով հա­յեր­գը իր փայլ­քովն ու փառ­քով կեն­դա­նա­ցաւ ու ար­ձա­գան­գեց ներ­կա­նե­րու հո­գի­նե­րուն մէջ:

Ա­յո՛.

Կա՛նք, քա­նի որ երգ ու­նինք,

Պի­տի լի­նե՛նք, քա­նի որ պի­տի շա­րու­նա­կենք եր­գել,

Ու դեռ շա­տա­նա՛նք, քա­նի որ մենք եր­գե­րով կը սնա­նինք...:

Ան­մա­հու­թեան ա­ղա­ղակ է Սիա­ման­թո­յին ար­ձա­կա­ծը. «Ես եր­գե­լով կ’ու­զեմ մեռ­նիլ»:

Եր­գիչ­նե­րը կը փո­խո­ւին, եր­գը կը մնայ...:

Ափ­սո՜ս, բա­ցա­կա­նե­րը զրկո­ւե­ցան: Եւ քիչ չէին բա­ցա­կա­նե­րը:

Մ. Քիւր­տօղ­լեան