Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altԿ­՛են­թադ­րո­ւի, որ ծի­րա­նի հայ­րե­նի­քը հիւ­սիս­–ա­րե­ւե­լեան Հա­յաս­տանն է: Հա­յաս­տա­նի մէջ ծի­րա­նը տա­րա­ծո­ւած ե­ղած է հնա­գոյն ժա­մա­նակ­նե­րէն, դեռ Ք.ա. 3րդ հա­զա­րա­մեա­կէն: Աք­քա­տա­ցի­նե­րը զայն կը կո­չէին «ար­մա­նու» («ար­մա­նա­կան», այ­ սինքն` «հայ­կա­կան»), իսկ Հա­յաս­տա­նը` Ար­մա­նի («­Ծի­րա­նի եր­կիր»):

Մի­ջա­գետ­քի հնա­գոյն բնա­կիչ­ներ ա­րա­մէա­ցի­նե­րը (քաղ­դէա­ցի­նե­րը) ծի­րա­նի ծա­ռը կը կո­չէին «խա­զու­րա ար­մէ­նաիա» («հայ­կա­կան խնձո­րե­նի»): Ա­րա­բե­րէ­նին մէջ ծի­րա­նի ա­նուն­նե­րէն մէ­կը «թու­ֆահ ալ ար­մա­նի» է, որ կը նշա­նա­կէ «հայ­կա­կան խնձոր»:

Ք.ա. 1ին դա­րուն հռո­մէա­ցի զօ­րա­վար Լու­կուլ­լոս, վե­րա­դառ­նա­լով հա­յոց ար­քայ Տիգ­րան Մե­ծի դէմ մղուող պա­տե­րազ­մէն, Հա­յաս­տա­նէն Հ­ռոմ տա­րաւ ծի­րա­նե­նիի տուն­կեր, ո­րոնք հոն մշա­կո­ւե­ցան եւ ա­նուա­նո­ւե­ցան «հայ­կա­կան սա­լոր»: 18րդ դա­րու խո­շո­րա­գոյն բու­սա­բան Ժան Բա­թիսթ Լա­մարք նկա­տեց, որ ա­նի­կա ոչ թէ սա­լոր է, այլ նոր ցե­ղի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, եւ ա­նո­ւա­նեց զայն Armeniaca Vulgaris:

Ձգ­տե­լով ժխտել այն փաս­տը, որ այժ­մեան Թուր­քիոյ տա­րածք­նե­րը ժա­մա­նա­կին ե­ղած են հայ­կա­կան, թուրք գիտ­նա­կան­նե­րը բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ փոր­ձած են ծի­րա­նի գի­տա­կան ա­նո­ւա­նու­մէն հա­նել «հայ­կա­կան» բա­ռը: Մաս­նա­ւո­րա­պէս 1972ին Լե­նինկ­րա­տի մէջ կա­յա­ցած 12րդ Բու­սա­բա­նա­կան Խորհր­դա­ժո­ղո­վին ա­նոնք ցան­կա­ցած են փո­խել հի­նէն ըն­դու­նո­ւած լա­տի­նա­կան ա­նո­ւա­նու­մը սել­ճու­քեան ինչ-որ ա­նո­ւա­նու­մով, սա­կայն խորհր­դա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ ստա­ցած են վճռա­կան հա­կա­հա­րո­ւած եւ ա­ռա­ջար­կը մեր­ժո­ւած է:

Ծի­րա­նը եւ ծի­րա­նի ծա­ռը տեղ գտած են հայ նկա­րիչ­նե­րու բազ­մա­թիւ նկար­նե­րուն մէջ:

Հա­յե­րէ­նին մէջ լայ­նօ­րէն կ­՛օգ­տա­գո­ծո­ւի ծի­րա­նի բա­ռը` որ­պէս գու­նե­րան­գի ա­նո­ւա­նում:

Հայ ար­քա­յա­կան ըն­տա­նիք­նե­րու ան­դամ­նե­րը կը կրէին ծի­րա­նի` հա­մա­նուն ե­րան­գի թիկ­նոց:

Ե­րե­ւա­նի մէջ, 2004էն սկսեալ, ա­մէն տա­րի տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ «Ոս­կէ Ծի­րան» մի­ջազ­գա­յին շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նը: Հա­յաս­տա­նի մէջ ծի­րա­նի ծա­ռի փայ­տէն կը պատ­րաս­տո­ւի տու­տուկ նո­ւա­գա­րա­նը:

Ծի­րա­նե­նիի մա­սին յօ­դո­ւա­ծին մէջ «­Հաս­տա­նի հրա­շա­լիք­նե­րը» գիր­քին հե­ղի­նակ­նե­րը կար­ծիք կը յայտ­նեն, որ ծիր­տուն` ա­տի­կա ծի­րանն է: Նի­կո­ղա­յոս Ա­դոնց գրած է, որ sirduն կը յի­շա­տա­կո­ւի Աս­տուա­ծա­շուն­չի յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թեան մէջ (Ե­սա­յի, Ե-13):

Հին Մի­ջա­գետ­քի մէջ ծի­րա­նը ա­նո­ւա­նած են նաեւ «ար­մա­նու»: Կան բո­լոր հիմ­քե­րը պնդե­լու, որ հնա­գոյն Աք­քա­տի մէջ Հա­յաս­տան հա­մա­րո­ւած է ծի­րա­նի եր­կիր:

Ոչ մէկ ազգ տո­ւած է այս ոս­կե­փայլ պտու­ղին նման դի­պուկ ա­նո­ւա­նում, թէեւ հին աշ­խար­հի մէջ կար­ծած են, որ ծի­րա­նե­նիի պտու­ղին մէջ ա­րե­գակ­նա­յին զօ­րու­թիւն կը պա­րու­նա­կո­ւի, ո­րուն մա­սին գրած է Հի­փոկ­րատ: Միջ­նա­դա­րու հայ բժիշկ Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցին գրած է.- «Ա­մե­նա­լաւ ծի­րա­նը կ­՛ա­ճի Հա­յաս­տա­նի մէջ»:

Ա­յո՛, ծի­րա­նը ի­րա­ւամբ մե­ծա­րո­ւած է հայ մար­դու շրթնե­րով. Շ­նոր­հա­կալ ծի­րա­նե­նին կար­ծես իր մէջ կու­տա­կած է հայ պան­դուխ­տի թա­խի­ծը եւ կա­րօ­տը, հա­յոց հայ­րե­նի­քին պա­տու­հա­սած փոր­ձու­թիւն­նե­րը, ինչ որ կ­՛ար­տա­յայ­տէ բնա­փայ­տէն պատ­րաս­տո­ւած մեր ազ­գա­յին նո­ւա­գա­րա­նի` տու­տու­կի (ծի­րա­նա­փող) քնա­րա­կան մե­ղե­դի­նե­րով:

Ծի­րա­նե­նիի բա­ցա­ռի­կու­թեան մա­սին գրած է նաեւ Խ. Ա­բո­վեան: 1840ին Նոյ Նա­հա­պե­տի ի­ջե­ւա­նա­տե­ղի հա­մա­րո­ւող հա­յաբ­նակ Ա­կո­ռի գիւ­ղը եւ այ­գի­նե­րը գետ­նին հա­ւա­սա­րած են ուժ­գին երկ­րա­շար­ժի հե­տե­ւան­քով:

Ե­րեք տա­րի անց Ա­բո­վեան կ­՛ու­ղեկ­ցի եւ­րո­պա­ցի ճա­նա­պար­հորդ­նե­րուն դէ­պի Ա­րա­րատ լե­ռը: Ար­շա­ւի մաս­նա­կից­նե­րուն մե­ծա­գոյն զար­մանք եւ յու­զում կը պատ­ճա­ռէ այն, որ գիւ­ղի մօտ պահ­պա­նո­ւած էին թի­ւով 13 ծի­րա­նե­նի­ներ, ինչ որ ի­րա­պէս իբ­րեւ երկ­նա­յին նա­խախ­նա­մու­թեան նշան մեկ­նա­բա­նո­ւած է: