Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­­altԱյժմ, երբ ա­ւե­լի քան տաս­նեակ մը թեկ­նա­ծու­ներ ար­դէն իսկ հաս­տա­տած են ի­րենց մտադ­րու­թիւ­նը 2016ի Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռա­ջադ­րո­ւե­լու, ա­մե­րի­կա­հա­յե­րը կը

մտա­ծեն, թէ ո­րո՞ւն պի­տի ա­ջակ­ցին յա­ջորդ տա­րո­ւան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:

2012ին նոյն հար­ցին մա­սին ես յօ­դո­ւած մը գրե­ցի՝ բա­ցատ­րե­լով, թէ ին­չո՛ւ իմ քուէս ո՛չ գոր­ծող նա­խա­գահ դե­մոկ­րատ ­Պա­րաք Օ­պա­մա­յի, ոչ ալ ա­նոր մրցա­կից հան­րա­պե­տա­կան ­Միթ ­Ռամ­նիի պի­տի տա­յի:

Օ­պա­մա, որ­պէս նա­խա­գահ, իր ա­ռա­ջին պաշ­տօ­նա­վար­ման չորս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, ոչ միայն դրժեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ տո­ւած խոս­տում­նե­րը, այ­լեւ չա­ջակ­ցե­ցաւ հայ-ա­մե­րի­կեան բազ­մա­թիւ այլ հար­ցե­րու:

­Ռամ­նի ինք­զինք ա­ւե­լի լաւ չդրսե­ւո­րեց: Իր նա­խա­գա­հա­կան քա­րո­զար­շա­ւին ըն­թաց­քին հան­րա­պե­տա­կան թեկ­նա­ծուն խոս­տում­ներ չտո­ւաւ եւ հան­դի­պում­ներ չու­նե­ցաւ հայ հա­մայն­քին հետ:

Ո­մանք ա­նոր ան­կողմ­նա­կա­լու­թիւ­նը մեկ­նա­բա­նե­ցին որ­պէս ան­կեղ­ծու­թիւն, մտա­ծե­լով, որ ան չի ցան­կա­նար տալ խոս­տում­ներ, զորս պի­տի չկա­տա­րէ: ­Ռամ­նիի խնդի­րը այն էր, որ ե­թէ նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծուն այդ­պի­սի ան­տար­բե­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ ընտ­րող­նե­րու նկատ­մամբ, երբ ա­նոնց ա­ջա­կա­ցու­թեան խիստ կա­րի­քը ու­նի, պատ­կե­րա­ցու­ցէք, թէ ան որ­քան քիչ ու­շադ­րու­թիւն պի­տի դարձ­նէ ա­մե­րի­կա­հա­յե­րուն եւ ա­նոնց խնդիր­նե­րուն նա­խա­գահ դառ­նա­լէն ետք…

Ար­դէն քա­նի մը տաս­նա­մեակ է, որ ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քը կը ձգտի խոս­տում ստա­նա­լու նա­խա­գա­հի բո­լոր թեկ­նա­ծու­նե­րէն, որ նա­խա­գահ ընտ­րո­ւե­լու պա­րա­գա­յին ա­նոնք պի­տի ճանչ­նան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: ­Շատ յա­ճախ ակն­կա­լո­ւող յաղ­թա­նա­կի հրճուան­քը կը վե­րա­փո­խո­ւէր տագ­նա­պի, քա­նի որ ­Ռա­նըլտ ­Ռե­կը­նէն ետք բո­լոր նա­խա­գահ­նե­րը, Ս­պի­տակ ­Տուն մտնե­լէն ան­մի­ջա­պէս ետք, կը տա­ռա­պէին յի­շո­ղու­թեան կո­րուս­տէ: ­Հե­տե­ւա­բար, հայ հա­մայն­քը հիաս­թա­փո­ւած է ու դար­ձած է ան­մաս­նա­կից ա­մե­րի­կեան քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն՝ հա­մա­րե­լով, որ բո­լոր քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը ստա­խօս­ներ են…

­­Խոս­տում­նե­րու եւ խա­բէու­թեան այս ա­րա­տա­ւոր շրջա­նա­կէն դուրս գա­լու հա­մար կը ցան­կա­նա­յի ա­ռա­ջար­կել եր­կու այ­լընտ­րան­քա­յին ռազ­մա­վա­րու­թիւն.-

­­Նախ՝ նա­խա­գա­հի բո­լոր թեկ­նա­ծու­նե­րը գնա­հա­տել հայ-ա­մե­րի­կեան հա­մայն­քին հա­մար կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ ա­նոնց ամ­բող­ջա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րով.

- Ա­ւելց­նել ­Հա­յաս­տա­նին եւ Ար­ցա­խին ցու­ցա­բե­րո­ւող ա­մե­րի­կեան օգ­նու­թեան գու­մա­րը.

- Ճն­շում գոր­ծադ­րել ­Թուր­քիոյ վրայ ­Հա­յաս­տա­նի շրջա­փա­կու­մը վե­րաց­նե­լու համար.

- ­Պա­հան­ջել, որ ­Թուր­քիան վե­րա­դարձ­նէ բռնագ­րա­ւո­ւած քրիս­տո­նէա­կան ե­կե

ղե­ցի­նե­րը ի­րենց օ­րի­նա­կան տէ­րե­րուն՝ հա­յե­րուն, ա­սո­րի­նե­րուն եւ յոյ­նե­րուն.

- ­Դա­տա­պար­տել Ատր­պէյ­ճա­նը՝ բազ­միցս սպառ­նա­լիք­նե­րու եւ Ար­ցա­խի վրայ յա­ճա­խա­կի յար­ձա­կում­նե­րուն հա­մար.

- Ա­ջակ­ցիլ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման.

- Ն­պաս­տել ­Հա­յաս­տա­նի հետ Ա.Մ.Ն. ա­ռեւ­տու­րի խթան­ման.

- ­Տա­րե­կան հան­դի­պում­ներ ու­նե­նալ ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ:

­­Վե­րոն­շեալ ցու­ցա­կէն ես մի­տում­նա­ւոր դուրս ձգած եմ նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծու­նե­րուն ուղ­ղո­ւած խնդրան­քը՝ «ճանչ­նա­լու» ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, քա­նի որ ա­նի­կա ար­դէն բազ­միցս ճանչ­ցո­ւած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ… ­Հե­տե­ւա­բար, կա­րիք չկայ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը լիտ­մո­սա­թուղթ դարձնե­լու նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, յատ­կա­պէս հա­րիւ­րա­մեա­կի ըն­թաց­քին ա­նոր մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մէն ետք… ­Բա­ցի այդ, երբ նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծու­նե­րը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ նա­խընտ­րա­կան խոս­տում կու տան, պէտք չէ ա­նոնց մե­քե­նա­կա­նօ­րէն սա­տա­րել միայն ա­տոր հի­ման վրայ՝ ան­տե­սե­լով ա­նոնց դիր­քո­րո­շու­մը բո­լոր այլ հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ…

Ի հար­կէ, ոչ մէկ ե­րաշ­խիք կայ, որ ընտ­րո­ւած նա­խա­գա­հը պի­տի կա­տա­րէ միւս հայ­կա­կան հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ իր տո­ւած բո­լոր խոս­տում­նե­րը: ­Սա­կայն, ե­թէ ա­մե­րի­կա­հա­յե­րը մեծ թի­ւով խնդրանք­ներ ներ­կա­յաց­նեն, ա­պա կրնան յա­ջո­ղու­թեան հաս­նիլ ա­նոնց­մէ քա­նի մը հա­տին պա­րա­գա­յին:

­Կա­րե­ւոր է նշել, որ հա­շի­ւէն դուրս են այն բո­լոր թեկ­նա­ծու­նե­րը, ո­րոնք ար­դէն խա­բած են հայ հա­մայն­քը ի­րենց նախ­կին ընտ­րո­վի կամ նշա­նա­կո­վի պաշ­տօն­նե­րու ըն­թաց­քին: Ն­ման թեկ­նա­ծու­նե­րէն է ­Հի­լը­րի Ք­լին­թը­ն, որ իբ­րեւ Ա.Մ.Ն. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը բնու­թագ­րած է որ­պէս «պատ­մա­կան բա­նա­վէ­ճի ա­ռար­կայ»՝ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մեծ ջա­տա­գով­նե­րէն ե­ղած էր ան­ցեա­լին, երբ ծե­րա­կու­տա­կան էր եւ ա­պա 2008 թո­ւա­կա­նին՝ նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծու: Ա­մե­րի­կա­հա­յե­րը չեն կրնար հա­ւա­տալ ո­րե­ւէ թեկ­նա­ծո­ւի, որ ար­դէն խա­բած է զի­րենք… Ինչ­պէս յայտ­նի ա­սա­ցո­ւած­քին մէջ կ­­՛ը­սո­ւի. «­­Մէկ ան­գամ զիս խա­բես՝ ա­մօթ քե­զի, երկ­րորդ ան­գամ զիս խա­բես՝ ա­մօթ ին­ծի»… Ի­րա­կան խնդի­րը վեր է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մէն եւ կ­­՛ար­տա­ցո­լէ թեկ­նա­ծո­ւի նկա­րա­գի­րը եւ պար­կեշ­տու­թիւ­նը…

Երկ­րորդ ընտ­րա­կան ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ թեկ­նա­ծու­նե­րուն ա­ռա­ջին ընտ­րա­պայ­քա­րին չսա­տա­րե­լը՝ չխա­բո­ւե­լու հա­մար կեղծ խոս­տում­նե­րէ: ­Թող ընտ­րո­ւած պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը վաստ­կին ա­մե­րի­կա­հա­յե­րու վստա­հու­թիւ­նը՝ ի­րենց նա­խորդ պաշ­տօ­նա­վա­րում­նե­րուն ըն­թաց­քին հայ­կա­կան կա­րե­ւոր հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ դրա­կան ո­րո­շում­ներ կա­յաց­նե­լով:

Ի վեր­ջոյ, չքո­ւէար­կե­լով նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծու­նե­րու օգ­տին՝ ա­նոնց ա­ռա­ջին ընտ­րա­պայ­քա­րին, եր­բեք ալ չի նշա­նա­կեր զերծ մնալ ընտ­րա­կան կամ քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րէ: Ա.Մ.Ն. ­Ծե­րա­կոյ­տի մէկ եր­րոր­դը եւ Ա.Մ.Ն. ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան բո­լոր 435 ան­դամ­նե­րը են­թա­կայ են վե­րընտ­րու­թեան իւ­րա­քան­չիւր եր­կու տա­րին ան­գամ մը: ­Դաշ­նա­յին, նա­հան­գա­յին եւ տե­ղա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ա­մե­րի­կա­հա­յե­րը պէտք է ա­ջակ­ցին բո­լոր այն պաշ­տօ­նա­տար ան­ձե­րուն, ո­րոնք հայ­կա­կան հար­ցե­րով ձեռք­բե­րում­նե­րու փորձ ու­նին, միա­ժա­մա­նակ պար­տու­թեան մատ­նե­լով ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց պաշ­տօ­նա­վար­ման ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կած են ընդ­դէմ հայ­կա­կան շա­հե­րուն…

Ա­ւե­լի խե­լա­միտ է զբա­ղիլ շրջա­հա­յեաց եւ ար­դիւ­նա­ւէտ քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ, քան թէ ա­պար­դիւն եւ ան­յա­ջող մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­նալ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:

*­Քի­միա­կան բա­ղադ­րու­թիւն­նե­րու ստուգ­ման ծա­ռա­յող փոր­ձա­թուղթ (Litmus paper)։

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
- «­­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»