Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Յու­նաս­տան ա­միս­նե­րէ ի վեր կը ղե­կա­վա­րո­ւի Եւ­րո­պա­յի մէջ եր­կար ժա­մա­նակ իր օ­րի­նա­կը չու­նե­ցող ձա­խա­կող­մեան կա­ռա­վա­րու­թեան մը կող­մէ:

Ա­ւե­լի քան հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր տնտե­սա­կան գրե­թէ տե­ւա­կան ճգնա­ժա­մը ա­րիւ­նա­քամ ը­րած է պե­տու­թիւն եւ ժո­ղո­վուրդ:

Երբ եւ­րո­յի իբ­րեւ հա­սա­րա­կաց դրա­մա­նիշ որ­դեգր­ման օ­րե­րուն Յու­նաս­տան հպար­տօ­րէն եւ­րոգoտի կը մտնէր, ժո­ղովր­դա­յին տօ­նախմ­բու­թիւն էր: Այ­սօր այդ նոյն պատ­ճա­ռով եր­կի­րը մո­խիր­նե­րու վրայ նստած է եւ ա­տե­նէ մը ի վեր կ’ապ­րի իր ա­պա­գա­յի վե­րա­բեր­մամբ ա­նո­րո­շու­թեան մէջ:

Ո՞վ է պա­տաս­խա­նա­տուն այս վի­ճա­կին:

Ինչ­պէ՞ս խոս­տա­ցո­ւած դրախ­տը ան­դուն­դի ե­զեր­քի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ:

Միայն Յու­նաս­տա՞նն է այդ­պէս:

Այս ու նոյ­նան­ման հար­ցում­նե­րու եր­կար, սպա­ռիչ ու ա­մէն ճա­շա­կի հա­մար յար­մար պա­տաս­խան­ներ տրո­ւե­ցան մա­նա­ւանդ այն պա­հե­րուն, երբ ճգնա­ժա­մը իր մէ­կէ ա­ւե­լի յա­ջոր­դա­կան գա­գաթ­նա­կէ­տե­րուն հա­սաւ:

Մեր օ­րե­րուն այդ ճգնա­ժա­մը հա­սած է իր բարձ­րա­գոյն կէ­տին՝ սպառ­նա­լով թէ՛ երկ­րին, թէ՛ ցա­մա­քա­մա­սին: Երկ­րին՝ ո­րով­հե­տեւ յա­ջորդ օ­րո­ւայ քաո­սը ան­նա­խա­տե­սե­լի ելք կրնայ ու­նե­նալ: Ցա­մա­քա­մա­սին՝ ո­րով­հե­տեւ եւ­րո­պա­կան հա­մարկ­ման ե­րա­զը ու­ժեղ հա­րո­ւած կը ստա­նայ այս նուրբ հանգ­րո­ւա­նին, երբ ան­դին իր ծայ­րա­մա­սը տա­րիէ մը ի վեր նո­րէն բռնկած է:

Գեր­մա­նա­կան վե­րա­միա­ւոր­ման հայ­րը նկա­տո­ւող նախ­կին վար­չա­պետ Հել­մութ Քոհլ ա­ռի­թով մը ը­սած էր՝ «Եւ­րո­յին վրայ գուր­գու­րա­ցէ՛ք: Ա­տի­կա միայն դրա­մա­նիշ չէ. ա­տի­կա խա­ղա­ղու­թեան եւ պա­տե­րազ­մի հարց է». նոյն կար­ծի­քին է միւս Հել­մու­թը՝ Շ­մի­թը, որ ա­տե­նին հան­դի­սա­ցաւ ա­ռա­ջի­նի ա­մէ­նէն փայ­լուն մրցա­կի­ցը եւ նոյն­քան յա­ջող վար­չա­պետ ե­ղած է:

Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւ­նը տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին քայլ առ քայլ կա­ռու­ցո­ւե­ցաւ՝ ցա­մա­քա­մա­սը վերջ­նա­կա­նօ­րէն փրկե­լու հա­մար ներ­քին բա­խում­նե­րէ: Միայն 20րդ դա­րու ըն­թաց­քին Եւ­րո­պան եր­կու ա­հա­ւոր պա­տե­րազմ­նե­րու պատ­ճա­ռով գրե­թէ ամ­բող­ջա­պէս քան­դո­ւե­ցաւ: Սկ­սե­լով ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յէն հա­մար­կու­մը տա­րա­ծո­ւե­ցաւ նաեւ ա­րե­ւել­քի վրայ՝ Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մէն կարճ ա­տեն ետք: Իսկ մինչ այդ որ­դեգ­րո­ւած հա­սա­րա­կաց դրա­մա­նի­շը՝ Եւ­րոն հա­մար­կու­մը ա­ւե­լի եւս ամ­րապն­դե­լու իբ­րեւ մի­ջոց պի­տի ծա­ռա­յէր: Այ­սօր վտան­գը կայ, որ նոյն այդ դրա­մա­նի­շը ցա­մա­քա­մա­սի տար­բա­ղադրման պատ­ճա­ռի վե­րա­ծո­ւի:

Պար­տա­տէ­րե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մէկ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան բա­նակ­ցա­յին վեր­ջին նիս­տը սկսե­լէն կարճ ա­տեն ետք՝ ա­նար­դիւն ա­ւար­տե­ցաւ: Նիս­տի ձա­խող ա­ւար­տէն ետք Յու­նաս­տա­նի ե­րի­տա­սարդ վար­չա­պե­տը ը­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, ո­րուն ամ­փո­փու­մը հե­տե­ւեալն է.- «­Հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր (­Յու­նաս­տա­նի եւ իր պար­տա­տէ­րե­րուն մի­ջեւ կա­յա­ցած - Մ.Մ.) հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րէն բխող շա­րու­նա­կա­կան կո­ղո­պու­տէն ետք, թո­շակ­նե­րը ան­գամ մը եւս կրճա­տե­լու պար­տա­տէ­րե­րու կող­մէ պա­հան­ջի պնդու­մին մէջ միայն ու միայն քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­ներ կը հե­տապն­դո­ւին: Յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն կը ներ­կա­յա­նայ պատ­րաս­տո­ւած ծրագ­րով եւ փաս­տար­կո­ւած հա­կա-ա­ռա­ջարկ­նե­րով:

Համ­բե­րու­թեամբ պի­տի սպա­սենք, որ պար­տա­տէ­րե­րը ի­րա­պաշ­տու­թեամբ մօ­տե­նան հար­ցե­րուն: Իսկ ե­թէ ո­մանք լու­ծու­մի մը հաս­նե­լու մեր փա­փա­քը եւ եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւն­նե­րը կամր­ջե­լու ուղ­ղու­թեամբ մեր ա­ռած քայ­լե­րը կ’ու­զեն վե­րագ­րել մեր տկա­րու­թեան, թող մտա­ծեն հե­տե­ւեա­լը. մենք մեր ու­սե­րուն վրայ միայն պայ­քար­նե­րու եր­կար պատ­մու­թեան մը կրո­ղը չենք: Մեր կռնա­կին վրայ նստած է ժո­ղո­վուր­դի մը ար­ժա­նա­պատ­ւու­թիւ­նը, բայց նաեւ՝ Եւ­րո­պա­յի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու յոյ­սը: Այս բե­ռը շատ ծանր է զայն ան­տե­սել կա­րե­նա­լու հա­մար: Ա­սի­կա գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան յա­մա­ռու­թեան հարց չէ: Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեա՛ն հարց է:

Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ծնունդ տուած վայ­րին մէջ մենք ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը թա­ղե­լու ի­րա­ւունք չու­նինք»:

Այս յայ­տա­րա­րու­թեան մա­սին կա­րե­լի է զա­նա­զան կար­ծիք­ներ ու­նե­նալ՝ դրա­կա­նէն մին­չեւ բա­ցար­ձակ ժխտա­կան. մե­ծա­միտ, խի­զախ, ա­պե­րախտ, ան­պա­տաս­խա­նա­տու, պա­տե­րազ­մի դա­տարկ յայ­տա­րա­րու­թիւն, գա­ղա­փա­րա­կան, զգա­ցա­կան, յու­սա­հա­տա­կան, ա­նի­րա­կան, ե­րե­խա­յա­կան եւ ու­րիշ շա՜տ ա­ծա­կան­ներ ի­րենց հիմ­նա­ւո­րում­նե­րով մէկ­տեղ: Բո­լոր կար­ծիք­նե­րուն մէջ հա­սա­րա­կաց կէտ մը ան­պայ­ման պի­տի ըլ­լայ սա­կայն: Այն է, թէ Ա. Ցիփ­րա­սի եզ­րա­կա­ցու­թեան մէջ ար­տա­սո­վոր նո­րու­թիւն չկայ: Միա­ցեալ Եւ­րո­պա­յի կա­ռոյց­նե­րուն մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հարց չկայ:

Եւ­րո­պա­յի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան կար­գով Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նը հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցո­ղը չէ տա­կա­ւին: Միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րը շա­տոնց զար­գա­ցու­ցած ըլ­լա­լով հան­դերձ աշ­խար­հի կա­րե­լի ա­մէ­նէն ժո­ղովր­դա­վար վար­չա­ձե­ւե­րը՝ ի­րենց կազ­մած Միու­թիւ­նը շատ հե­ռու է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան տար­րա­կան սկզբունք­նե­րէն. Եւ­րո­պա­կան կա­ռոյց­նե­րը կազ­մո­ւե­ցան տնտե­սու­թեան եւ ֆի­նանս­նե­րու հան­դէպ բա­ցար­ձակ հա­ւատ­քով՝ ա­ռա­ւե­լա­գոյն շա­հը ա­պա­հո­վե­լու նպա­տակ­նե­րով եւ ա­տոնց ա­ռա­ւե­լա­գոյն ձեռք­բեր­ման ա­ռաջ­նոր­դող հա­մա­կար­գե­րով: Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը տեղ չու­նի Եւ­րո­պա­յի միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րուն մէջ: Այդ կա­ռոյց­նե­րէն ներս «ժո­ղո­վուր­դի ար­ժա­նա­պատ­ւու­թիւն» ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը ի­մաս­տէ զուրկ է. ան գո­յու­թիւն չու­նի, որ­պէս­զի ի­մաստ մը ու­նե­նայ:

Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նաեւ ճշմա­րիտ է, որ լու­ծու­մը քա­ղա­քա­կան կրնայ ըլ­լալ միայն: Տն­տե­սա­կան ո­լոր­տին մէջ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը կա­րե­լի չէ, քա­նի մէկ կող­մը կը խօ­սի քա­ղա­քա­ցիի տար­րա­կան կա­րիք­նե­րու բա­ւա­րար­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին, իսկ միւ­սը կը մէջ­բե­րէ հա­մա­կար­գիչ­նե­րու փսխած եր­կա­րա­պա­տում թի­ւերն ու վի­ճա­կագ­րու­թիւն­նե­րը:

Իսկ քա­ղա­քա­կան ո­լոր­տին մէջ խնդի­րը ա՛լ ա­ւե­լի կը բար­դա­նայ ի վնաս Յու­նաս­տա­նի եւ իր ժո­ղո­վուր­դին, ո­րով­հե­տեւ ներ­կայ կա­ռա­վա­րու­թեան վրայ կեդ­րո­նա­ցած են եւ­րո­պա­կան բո­լոր եր­կիր­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու գի­շա­տիչ նա­յո­ւածք­նե­րը: Յու­նաս­տա­նի ներ­կայ՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան օ­րէնք­նե­րու բա­ցար­ձակ յար­գու­մով ընտ­րո­ւած իշ­խա­նու­թեան տէրն է չնաշ­խար­հիկ ձա­խա­կող­մեան շար­ժում մը, որ մեծ դիւ­րու­թեամբ կրնայ վա­րա­կիչ դառ­նալ, ե­թէ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւի այս օ­րե­րուն Եւ­րո­պա­յի հսկա­նե­րուն դէմ իր տա­րած դա­ւի­թեան կռի­ւը:

Եւ­րո­պա­յի մէջ վեր­ջին եր­կու տաս­նա­մեակ­նե­րուն ինք­զինք գտնել ու սահ­մա­նել փոր­ձող քա­ղա­քա­կան Ձա­խը ծաղ­կե­լու ա­ռիթ մը ու­նի ներ­կա­յիս: Ս­պա­նիոյ մէջ հա­մա­պա­տաս­խան շար­ժու­մը գնա­հա­տե­լի յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րեց վեր­ջին տե­ղա­կան կա­ռա­վար­ման ընտ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին:

Ըն­կեր­վա­րու­թեան տետ­րակ­նե­րը ծալ­լած ու մէկ կողմ նե­տած ու դեռ ըն­կեր­վա­րա­կան ա­նու­նը պա­հած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ա­մէ­նէն բիրտ հա­կա­ռա­կորդ­ներն են այս նոր շար­ժում­նե­րուն. վերջ ի վեր­ջոյ այդ շար­ժում­նե­րու յա­ջո­ղու­թե­նէն հիմ­նա­կան վնա­սող­նե­րը պի­տի ըլ­լան վայ­րի ու վայ­րե­նի դրա­մա­տի­րու­թեան պնա­կա­լէզ­նե­րու վե­րա­ծո­ւած այդ ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րը: Իսկ մնա­ցեալ­նե­րու՝ ա­ջե­րու եւ այլ պահ­պա­նո­ղա­կան­նե­րու ժխտա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րը ար­դէն չեն զար­մաց­ներ:

Հե­տե­ւա­բար, ներ­կայ հանգ­րո­ւա­նին յոյն ժո­ղո­վուր­դի միակ յոյ­սը կրկին եւ­րո­պա­կան կա­ռոյց­նե­րու ան­կա­տա­րու­թիւն­ներն են, ո­րոնք պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը կը մղեն վեր­ջին վայր­կեա­նին ի­րա­ւա­խո­հա­կան(«կոմպ­րո­մի­սա­յին») ժա­մա­նա­կա­ւոր լու­ծում­ներ որ­դեգ­րե­լու. այ­սինքն մղձա­ւան­ջի շա­րու­նա­կու­թիւն՝ մին­չեւ յա­ջորդ ճգնա­ժա­մա­յին գա­գաթ­նա­կէտ:

Յե­տոյ՝ Աս­տո­ւած մեծ է:

Մկր­տիչ Մկր­տի­չեան