Վարդգէս Նալպանտեան.- «Եթովպիոյ մէջ համայնքային կեանք գրեթէ չկայ, բայց չենք յուսահատիր»
«Հայերն Այսօր»ի զրուցակիցը Եթովպիոյ հայ համայնքի ղեկավար Վարդգէս Նալպանտեանն է:
Պարոն Նալպանտեան ոչ միայն Եթովպիոյ հայ համայնքի ղեկավարն է, այլ նաեւ այնտեղ գործող Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ պատասխանատու սարկաւագը:
Զրոյցի ընթացքին ան ըսաւ, որ համայնքը սակաւաթիւ է, այնտեղ ապրող հայերու թիւը կը հասնի 100ի, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը մեծահասակներ են, երիտասարդներու պակասը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ տարբեր երկիրներ ուսանելու գացած են:
«Այս պայմաններուն մէջ համայնքային կեանք գրեթէ չկայ, բայց չենք յուսահատիր, միշտ կը փորձենք ամէն ինչ ընել, որպէսզի հայկական միջավայրը պահպանենք եւ մեզի Հայաստանին մօտ զգանք, ըսեմ նաեւ, որ մեր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը մեծ էր, որ այս տարուան «Եւրոտեսիլ-2015» երգի միջազգային մրցոյթին եթովպահայ սիրուած երգիչ Վահէ Թիլպեան նոյնպէս ընդգրկուեցաւ Հայաստան ներկայացնող «Genealogy» խումբին մէջ»,- ըսաւ համայնքի ղեկավարը:
Եթովպիոյ հայ համայնքը եւս անմասն չէ մնացած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկները ըստ արժանւոյն իրականացնելէն: Ապրիլ 13ին մեծ հանդիսաւորութեամբ համերգ կազմակերպուած է Հայաստանէն հրաւիրուած «Արամ Խաչատրեան» քառեակի մասնակցութեամբ: Համերգը իրենց ներկայութեամբ պատուած են Եգիպտոսի մէջ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մելքոնեան եւ բարձրաստիճան այլ անձիք:
«Համերգին որոշեցինք օտարազգի ներկայացուցիչներ հրաւիրել, որպէսզի անոնք եւս հաղորդակից ըլլային Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող թեմաներուն, եւ հասանք մեր նպատակին. դեսպանը իր ելոյթին մէջ խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ես նոյնպէս հանդէս եկայ բացման խօսքով, պէտք է ըսեմ, որ այնքա՜ն լաւ անցաւ ոգեկոչման ձեռնարկը, որ հիւրերը կը մօտենային մեզի եւ շնորհակալութեան խօսքեր կը հնչեցնէին»,- ըսաւ պարոն Նալպանտեան :
Համայնքի ղեկավարը տեղեկացուց, որ Ապրիլ 23ին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներուն համար Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգիստի պաշտօն մատուցուած է, հնչած է 100 ղօղանջ, որմէ յետոյ միասնաբար հետեւած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցող սրբադասման արարողութեան: «Առհասարակ, միշտ ջանքեր կը ներդնենք, որպէսզի Եթովպիոյ մէջ Հայաստանին օգտակար ըլլանք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման հարցով, դեսպանին հետ տարբեր քննարկումներ կը կազմակերպենք, ծրագիրներ կը մշակենք, նոյնիսկ եթովպական եկեղեցին արդէն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,- ըսաւ Վարդգէս Նալպանտեան:
Նշենք, որ Ատիս Ապեպայի մէջ կը գործէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Եթովպիոյ հոգեւոր հովուութիւնը, հայկական Ազգային վարժարանը, որ ունի մանկապարտէզ եւ տարրական դասարաններ: Վարժարանին մէջ կը դասաւանդուի հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, կրօն, Եթովպիոյ պետական լեզուն` ամհարերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն: Դպրոցը ունի 220 աշակերտ, որմէ 11ը` հայ:
Այժմ եթովպահայերուն համար համայնքը ծրագիր մը կը ձեռնարկէ, որմով Հայաստան երբեք չայցելած մեր հայրենակիցներուն խումբով պիտի ուղարկեն Հայրենիք տեսնելու ճամփորդութեան, այդ ուղղութեամբ կ’աշխատին:
Զրոյցի վերջաւորութեան պարոն Նալպանտեան Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեան մասին հետեւեալը ըսաւ.- «Միշտ կը փորձենք Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան հետ կապը պահպանել, կ’արձագանքենք մեզի ուղարկուած նամակներուն: Օրինակ, երկու տարի առաջ մասնակցեցանք Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուած Իրաւաբաններու Համաժողովին եւ դեռ ապագային ալ կը կարծեմ` համագործակցութեան եզրեր կը գտնենք»:
Գէորգ Չիչեան