Նոր խորհրդարանը Թուրքիոյ հայութեան համար ալ նոր փորձի դաշտ մըն է:
Մօտ օրէն կը կայանայ պատգամաւորներու երդման արարողութիւնը եւ երեք հայ երեսփոխաններ ալ կը ստանձնեն իրենց խիստ պատասխանատու պարտականութիւնը:
Պատասխանատուութիւնը գիտակցութեան խնդիր մըն է եւ հաստատ վստահ ենք, որ հայազգի երեք երեսփոխաններն ալ օժտուած են այդ գիտակցութեամբ: Որքան ալ անոնք վայելեն իրենց անդամակցած կուսակցութիւններուն զօրակցութիւնը եւ նեցուկը, ի վերջոյ յիշենք, որ մեր ազգակիցները նստած են գայլերու սեղանին: Այդ իրողութիւնը առաջին յուշողները եղան Ազգային Շարժում Կուսակցութեան (Ա.Շ.Կ.) ցեղապաշտ ջիղը ներկայացնող անդամները:
Անոնք թեկնածութեան առաջին պահուն իսկ ճնշում բանեցնել փորձեցին Սելինա Տօղանի դէմ՝ անոր պարտադրելով ցեղասպանութեան ուրացումը: Երիտասարդ քաղաքական գործիչը թէեւ ճարպիկօրէն հակազդեց իր դէմ լարուած այդ ծուղակին, բայց կասկած չկայ որ արմատացած բիւզանդական դաւադիր մտայնութիւնը, որ իւրացուած է թրքական քաղաքական միտքին կողմէ ալ, ամէն առիթով պիտի դիմէ նոյն դաւադրութեան:
Սակայն երեք հայ պատգամաւորներուն համար ի զօրու եղած գիտակցութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը պիտի պահանջուի նաեւ թրքահայութենէն: Մենք՝ իբրեւ ազգ, սկսելով Պատրիարքարանէն, մինչեւ ամենափոքր կազմակերպութիւն եւ անհատներ, պիտի կարենա՞նք զօրակցիլ մեր ներկայացուցիչներուն: Պիտի կարենա՞նք իրենց զգացնել, որ առանձին չեն, ամբողջ ժողովուրդ մը ունին իրենց ետին: Այս հարցումներուն պատասխանը բաւականաչափ չէր յստակացած Հրանդ Տինքի օրինակով: Կ՛արժէ խոստովանիլ, որ մեզ՝ բոլորիս համար ալ նոր փորձառութիւն մը կը ներկայացնէ երեք հայ պատգամաւորներու խորհրդարանին մէջ յայտնութիւնը:
Մենք, որ տասնամեակներէ ի վեր մատնուած ենք «համայնք» բառի մատնանշած ճղճիմ ընկալումին, այժմ կը պարտինք «ազգ» հասկացողութեան թելադրանքները յաղթահարելու.- Կարօ Փայլան, Սելինա Տողան եւ Մարգար Եսայեան, երեքն ալ ունին իրենց անհատականութիւնը:
Փայլան Ժ.Ժ.Կ.ի հիմնադրութեան նախորդող օրերէն ի վեր պաշտօն ստանձնած է այդ կուսակցութեան շարքերուն մէջ: Ան լոկ հայ թեկնածու մը ներկայացնելու մարմաջէն աւելի, այդ պաշտօնին առաջարկուեցաւ կուսակցութեան մէջ ստանձնած պարտականութիւններուն բերումով նաեւ:
Սելինա Տողան այս առումով հակապատկերն է Կարօ Փայլանի: Յանկարծակի կերպով թեկնածութեան հրաւէր ստացաւ իր պատկանած Ժողովըրդային-Հանրապետական Կուսակցութեան (Ժ.Հ.Կ.) կողմէ եւ ընդառաջեց այդ հրաւէրին՝ համոզուելով, թէ իր չափերով կրնայ զօրակցիլ Ժ.Հ.Կ.ի ժողովըրդավար տարրերուն:
Իրաւացի է Տողանի այդ համոզումը, քանի որ Ժ.Հ.Կ.էն ներս կը շարունակուի ցեղապաշտներու եւ սոցիալ-տեմոքրաթներու (ընկերվար-ժողովրդավարներու) միջեւ հրմշտուքը:
Եսայեան նոյնպէս իր հեղինակութիւնը դրոշմած է իշխանաւոր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան վրայ։ Ան իր յօդուածներով փառաբանած էր նախագահ Էրտողանը եւ Ա.Բ.Կ.ն: Ուրեմն արդարացի էր իր թեկնածութիւնն ալ այդ կուսակցութեան ցանկերուն մէջ:
Մենք կը յարգենք իրենց որդեգրած քաղաքական հակումները, եւ այդ հակումներէն անկախ, զիրենք կ՛ողջունենք, իբրեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորներ:
Արդարանալու փոխադարձ երկու հրամայականներ են մեր եւ իրենց դիմաց:
Անոնք պիտի չմոռնան, թէ պատասխանատու են հայ ազգին, իսկ ազգը նոյնպէս պիտի չմոռնայ, թէ պատասխանատու է իր զաւակներուն:
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ