Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altԹուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը տա­կա­ւին ո­րոշ ժա­մա­նա­կի հա­մար կը շա­րու­նա­կեն տա­րաբ­նոյթ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան կան­խա­տե­սա­կան վեր­

լու­ծում­նե­րու դուռ բա­նալ: ­Վեր­լու­ծում­նե­րը ար­դէն հա­տած են ներ-թր­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րու ա­ռա­ւե­լա­գոյն սահ­մա­նը եւ ան­ցած աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ծրա­գիր­նե­րու տա­րածք, ուր դրա­կան հե­տե­ւանք­ներ չեն վե­րա­պահուիր ­Թուր­քիոյ ճա­կա­տա­գի­րին: Ճգ­նա­ժամ, բա­ժա­նում, մաս­նա­տում բա­ռե­րը այ­սօր յա­ճախ կ­՛ե­րե­ւան տար­բեր վեր­լու­ծա­կան կեդ­րոն­նե­րէ բխած հրա­պա­րա­կում­նե­րուն մէջ:

Ընտ­րու­թիւն­նե­րը մեկ­նա­բա­նե­լու պա­հուն պէտք է ան­պայ­ման յի­շել Էր­տո­ղա­նի նա­խընտ­րա­կան հռե­տո­րա­բա­նու­թիւնն ու ընտ­րա­ճա­ռե­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րած մե­ղադ­րանք­նե­րը, թէ ո­րո՛նք են ­Թուր­քիոյ տկա­րա­ցումն ու մաս­նա­տու­մը ա­ռա­ջադ­րող­նե­րը: Այս բո­լո­րին դի­մաց Էր­տո­ղան կը  խոս­տա­նար յաղ­թել` թոյլ չտա­լու հա­մար իր երկ­րին մաս­նա­տու­մը: ­Հի­մա որ ան կ­՛ըն­դու­նի, թէ չէ յա­ջո­ղած, կը նշա­նա­կէ, որ ­Թուր­քիոյ մաս­նատ­ման գոր­ծըն­թա­ցը սկսած է:

Ա­նոր հա­մո­զու­մով, մաս­նատ­ման գոր­ծըն­թա­ցի գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն կը նկա­տո­ւի ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թիւ­նը, իսկ  ­Թուր­քիոյ մաս­նա­տու­մը ցան­կա­ցող­նե­րուն շար­քին են ա­րեւմ­տա­մէտ լրագ­րող­նե­րը եւ հայ­կա­կան լո­պին, այ­սինքն` հայ­կա­կան սփիւռ­քը: ­Պա­տա­հա­կան չէր, որ Էր­տո­ղա­նի ընտ­րա­ճա­ռե­րուն մէջ գլխա­ւոր մե­ղադ­րանք­ներն ու ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րը ուղ­ղո­ւած ըլ­լա­յին քրտա­մէտ կու­սակ­ցու­թեան դէմ: Այ­սօր ­Թուր­քիոյ կա­յու­նու­թեան, նոյ­նիսկ ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան սպառ­նա­ցող թիւ մէկ խնդի­րը քրտա­կան հարցն է, եւ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը իր մրցա­կից ու­ժե­րէն ա­ւե­լի ամ­բողջ ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցու­ցած էր ան­ցո­ղիկ շե­մը հա­տել-չհա­տե­լու ընտ­րա­պայ­քա­րին մէջ ե­ղող ­Տե­միր­թա­շի կու­սակ­ցու­թեան վրայ: Քր­տա­մէտ կու­սակ­ցու­թիւ­նը չէր խօ­սեր քիւր­տե­րու ի­րա­ւունք­նե­րուն մա­սին միայն, այլ նաեւ հան­դէս կու գար իբ­րեւ ­Թուր­քիոյ բո­լոր ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան, իբ­րեւ խտրա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րող ուժ: ­Փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը սա­կայն կրնան ըստ էու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թեան վե­րա­ծո­ւիլ, ե­թէ ինք­նու­թեան խնդիր­նե­րը սուր քա­ղա­քա­կան հնչե­ղու­թիւն ու­նե­նան եւ ե­թէ ան­շուշտ ար­տա­քին ներշն­չում­ներ եւ քա­ջա­լե­րանք­ներ ստա­նան: Ի վեր­ջոյ ազ­գու­թեամբ թուրքն ու ազ­գու­թեամբ այլազ­գի եւ քա­ղա­քա­ցիու­թեամբ թուր­քը ցե­ղա­յին տար­բեր հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­ներ են. ազ­գու­թեամբ թուր­քը ­Թուր­քիոյ մէջ կրնայ ա­րագ ոս­տում­նե­րով փոք­րա­մաս­նու­թեան վե­րա­ծո­ւիլ, երբ պայ­ման­նե­րը հա­սուն­նան ներ­քին եւ ար­տա­քին մա­կար­դակ­նե­րու վրայ: Էր­տո­ղա­նի պայ­քա­րի կեդ­րո­նաց­ման եւ երկ­րի բա­ժան­ման վտան­գի ար­ծարծ­ման մէջ այս հան­գա­մանք­նե­րը հա­ւա­նա­բար գե­րակշ­ռած են:

­Կը թո­ւէր կարճ ժա­մա­նակ մը ա­ռաջ, որ Էր­տո­ղան-­Կիւ­լեն պայ­քա­րէն յաղ­թա­կան դուրս ե­կած էր ա­ռա­ջի­նը: Ո­րոշ ժա­մա­նակ անհ­րա­ժեշտ է՝ կա­րե­նալ ճիշդ գնա­հա­տե­լու հա­մար ­Կիւ­լե­նի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն: Իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան մէջ ճեղ­քեր կրնան ե­րե­ւիլ ան­պայ­ման, բայց նաեւ ան­հա­ւա­նա­կան պէտք չէ նկա­տել այ­լոց սա­տա­րե­լու մար­տա­վա­րու­թիւ­նը` պատ­ժե­լու համար գոր­ծող նա­խա­գա­հը: Ա­հա այս­տեղ է, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ հաս­տա­տուած ­Կիւ­լե­նը տար­բեր ու­ժե­րու ա­ռըն­թեր ծա­ռա­յած ըլ­լայ նոր օս­մա­նա­կա­նու­թեան յա­ւակ­նոտ ծրա­գիր­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րած նորօրեայ սուլ­թա­նը զսպե­լու ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան:

­Տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ա­ռու­մով Ա­րեւ­մուտ­քին հա­մար Ան­գա­րան անհ­րա­ժեշտ էր կրօ­նա­կան ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը հո­վա­նա­ւո­րե­լու, ֆի­նան­սա­ւո­րե­լու, տա­րածք տրա­մադ­րե­լու եւ այդ տա­րածք­նե­րէն դէ­պի Ի­րաք եւ ­Սու­րիա ա­նար­գել անց­քեր տրա­մադ­րե­լու: Հն­չա՞ծ է ար­դեօք ժա­մա­նա­կը Ան­գա­րա­յի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը կա­սեց­նե­լու: Դ­ժո­ւար է բա­ցար­ձակ հաս­տա­տում կա­տա­րե­լը. այ­սու­հան­դերձ վար­քա­գի­ծի ո­րոշ պատ­կե­րա­ցում կրնայ փո­խան­ցել նա­խա­գահ Օ­պա­մա­յի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը:

­Գեր­մա­նիոյ մէջ, Եօթ­նե­րու խմբա­կի վե­հա­ժո­ղո­վին յա­ջոր­դած ա­սու­լի­սին ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Օ­պա­ման կոչ ը­րած է  դաշ­նա­կից գոր­ծըն­կեր­նե­րուն` քայ­լե­րու ձեռ­նար­կե­լու «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն» խմբա­ւոր­ման միա­ցող օ­տա­րերկ­րեայ զի­նեալ­նե­րու հոս­քը ­Թուր­քիոյ սահ­մա­նէն դադ­րեց­նե­լու հա­մար: «­Մենք կը տես­նենք, թէ ինչ­պէ՛ս զի­նեալ­նե­րը կ­՛անց­նին ­Սու­րիա, եւ ա­պա, յա­ճախ, Ի­րաք: Ա­մէն ինչ չէ, որ կա­րե­լի է կան­խար­գի­լել, սա­կայն ա­ւե­լի հա­մա­կար­գո­ւած աշ­խա­տան­քի, ա­ւե­լի լաւ հե­տա­խու­զու­թեան, թուրք-սու­րիա­կան սահ­մա­նին ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ դի­տար­կում կա­տա­րե­լու պա­րա­գա­յին շատ բան կա­րե­լի է կան­խել: ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կ­՛ըն­դու­նին խնդի­րը, բայց ի­րենց կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը լիար­ժէք չեն օգ­տա­գոր­ծեր», - յայտ­նած է Օ­պա­մա:

­Թէեւ այս­տեղ կոչ ե­ղած է եւ ոչ թէ խիստ դա­տա­պար­տանք. թէեւ նուրբ է քննա­դա­տու­թիւ­նը եւ դրա­կան ակն­կա­լու­թիւն փո­խան­ցող ը­սե­լա­ձեւ օգ­տա­գոր­ծո­ւած է, այ­սու­հան­դերձ այս մա­կար­դա­կով եւ այս բո­վան­դա­կու­թեամբ պաշ­տօ­նա­պէս ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ Ո­ւա­շինկ­թը­ն նման ազ­դա­րա­րու­թիւն կ­՛ուղ­ղէ Ան­գա­րա­յին: ­Յայ­տա­րա­րու­թեան վրայ հիմ­նուե­լով կա­րե­լի է եզ­րա­կաց­նել, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ կ­՛ընդգ­ծեն պաշ­տօ­նա­պէս, որ Ան­գա­րա ֆի­նան­սա­ւո­րած, ա­ջակ­ցած եւ հո­վա­նա­ւո­րած է իս­լա­մա­կան ա­հա­բե­կիչ­նե­րը. ա­ւե­լի՛ն. ժամն է կա­սեց­նե­լու այս ըն­թաց­քը: ­Թէա­կան կը մնայ ան­շուշտ, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու հա­մար իս­կա­պէս պա­հը հա­սա՞ծ է «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» տրա­մադ­րո­ւող ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կա­սեց­նե­լու. այս հար­ցու­մէն ա­ւե­լի կա­րե­ւո­րը Ան­գա­րա­յի վրայ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ճնշու­մի պաշ­տօ­նա­կա­նա­ցումն է:

­Հայ­կա­կան առն­չու­թիւն­նե­րու ո­րո­նու­մը այս բո­լո­րին մէջ օ­րի­նա­չափ մօ­տե­ցում է: ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ա­ռի­թով ճա­նա­չում­նե­րու մի­ջազ­գա­յին եր­թը, կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը հա­մո­զիչ կը դարձ­նէին, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը իբ­րեւ Ան­գա­րա­յի դէմ կի­րար­կո­ւող ճնշա­մի­ջոց սկսած էր ստա­նալ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գի կար­գա­վի­ճակ:

­Թէ՛ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում­նե­րու շար­քը եւ թէ՛ ­Կա­լի­փո­լիի հա­կա­քայ­լին մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին չըն­դա­ռա­ջե­լը եւ ընդ­հան­րա­պէս նշու­մը ստո­ւե­րի մէջ ձգե­լը Էր­տո­ղանն ու իր կու­սա­կից­նե­րը պէտք է հա­մո­զած ըլ­լա­յին, որ փայ­լուն ար­դիւնք­ներ չեն սպա­սեր ի­րենց` խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն: ­Պէտք է հա­մո­զած ըլ­լա­յին նաեւ, որ «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» ա­նար­գել օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը տո­ւեալ պա­հուն քա­ղա­քա­կան գին ու­նէին վճա­րե­լիք: Ան­գա­րա սկսած է քա­ղա­քա­կան պար­տա­մուր­հակ­նե­րու վճա­րու­մին:

Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեան - «Ազ­դակ»