Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ան­ցեալ դա­րու 50ա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն ի վեր, հա­յազ­գի պատ­գա­մա­ւոր­ներ չէ ու­նե­ցած Թուր­քիոյ Ազ­գա­յին Մեծ Ժո­ղո­վը (ե­թէ նկա­տի չառ­նենք իս­լամ համ­շէ­նա­հայ պատ­գա­մա­ւո­րի պա­րա­գան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն):

Յու­նիս 7ի ընտ­րու­թիւն­նե­րը շրջա­դար­ձա­յին են նաեւ այս ա­ռու­մով:

Ե­րեք հա­յազ­գի ե­րես­փո­խան­ներ` Մար­գար Ե­սա­յեան (Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում Կու­սակ­ցու­թիւն), Սե­լի­նա Տո­ղան (­Հան­րա­պե­տա­կան Ժո­ղո­վուր­դի Կու­սակ­ցու­թիւն) եւ Կա­րօ Փայ­լան (­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ժո­ղովըր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թիւն) այժմ տեղ կը գրա­ւեն խորհր­դա­րա­նին մէջ՝ ներ­կա­յաց­նե­լով քա­ղա­քա­կան ե­րեք տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­ներ… Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ հայ հա­մայն­քի ի­րա­ւունք­նե­րու հե­տապնդ­ման ա­ռու­մով, այս փաս­տը կրնայ կա­րե­ւոր գոր­ծօն մը հան­դի­սա­նալ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն: Ե­թէ ան­շուշտ հա­մայն­քի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը գոր­ծէ հե­ռա­տե­սու­թեամբ եւ զոհ չեր­թայ պա­ռակ­տիչ խար­դա­ւանք­նե­րու:

Ա­սի­կա պատ­մա­կան վայր­կեան մըն է Թուր­քիոյ հա­յոց հա­ւա­քա­կա­նու­թեան հա­մար. նոր փոր­ձա­գե­տի՛ն մը, ո­րուն ըն­ձե­ռած պա­տե­հու­թիւն­նե­րը պէտք է ի­մաս­տու­թեամբ նո­ւա­ճել:

Ե­րեք պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէն պրն. Կա­րօ Փայ­լա­նը մաս կը կազ­մէ այն խմբակ­ցու­թեան, որ կո­չո­ւած է ըլ­լա­լու դրօ­շա­կի­րը նոր աշ­խար­հա­հա­յեաց­քի: Պրն. Տե­միր­թաշ (­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան պա­րագ­լու­խը) ար­դէն իսկ յայ­տա­րա­րած է այ­սօր, որ իր կու­սակ­ցու­թիւ­նը Էր­տո­ղա­նի հետ դա­շին­քի մէջ մտնե­լու ո­րե­ւէ մտադ­րու­թիւն չու­նի: Կա­րե­ւոր խոս­տում մըն է այս մէ­կը, որ նաեւ կը յստա­կաց­նէ ի­րենց խմբակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը խորհր­դա­րա­նին մէջ:

Ան­կախ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ճա­կա­տին վրայ մեր ու­նե­ցած հար­ցե­րէն, յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րը նաեւ պի­տի հան­դի­սա­նան Թուր­քիոյ իս­լա­մա­ցո­ւած հա­յե­րու մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց խնդիր­նե­րու ար­ծարծ­ման տա­րի­ներ: Այս մար­զին մէջ, հան­գու­ցա­լուծ­ման կա­րօտ մեծ խնդիր­ներ ու­նի դի­մագ­րա­ւե­լիք Թուր­քիան եւ յատ­կա­պէս Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան բե­մի այս ե­րի­տա­սարդ ու­ժը:

Յա­ջո­ղու­թի՛ւն Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ