Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը ող­ջու­նեց Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը` Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րան Ապ­րիլ 27ին դա­տա­կան հայց ներ­կա­յաց­նե­լուն հա­մար` Սի­սի իր պատ­մա­կան նստա­վայ­րը վե­րստա­նա­լու պա­հան­ջով, որ այժմ կը գտնո­ւի Թուր­քիոյ Ա­տա­նա նա­հան­գի Կո­զան շրջա­նին մէջ: Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան նախ­կին ա­թո­ռա­նիստ կեդ­րո­նը, որ հիմ­նադ­րո­ւած է 1293 թո­ւա­կա­նին, բռնագրաւուած էր թրքա­կան իշ­խա­նու­թեան կող­մէ 1921 թուա­կա­նին` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն:

Ա­րամ Ա Կա­թո­ղի­կո­սը յայ­տա­րա­րեց, որ ե­թէ թրքա­կան դա­տա­րա­նը մեր­ժէ հայ­ցը, Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը մտա­դիր է դա­տա­րա­նի ո­րո­շու­մը բո­ղո­քար­կելու Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րան, որ կը պա­հան­ջէ սպա­ռել բո­լոր ներ­քին դա­տա­կան ա­տեան­նե­րը մին­չեւ Եւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դի ան­դամ եր­կիր­նե­րու դէմ հայց  յա­րու­ցե­լը: Թուր­քիոյ կող­մէ Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նի ո­րո­շում­նե­րը ըն­դու­նե­լուն թե­րա­հա­ւա­տօ­րէն վե­րա­բե­րող­նե­րը պէտք է գիտ­նան, որ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը են­թար­կո­ւած է իր դէմ բո­լոր վճիռ­նե­րուն` Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նի ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը 1990 թո­ւա­կա­նին ճանչ­նա­լէն ի վեր:

Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հայ­ցը շրջա­դար­ձա­յին դէպք է շարք մը պատ­ճառ­նե­րով.

- Ա­նի­կա նպա­տակ ու­նի մաս­նա­կիօ­րէն վե­րա­կանգ­նե­լու Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ հայ ժո­ղո­վուր­դին կրած վիթ­խա­րի մարդ­կա­յին, նիւ­թա­կան եւ հողային կո­րուստ­նե­րը:

- Ա­նի­կա կը տե­ղա­փո­խէ «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ուղ­ղո­ւած Հայ Դա­տի ջան­քե­րը դէ­պի դա­տաի­րա­ւա­կան ո­լորտ», - ինչ­պէս նշեց Ա­րամ Ա կա­թո­ղի­կոս:

- Ա­նի­կա կրնայ նա­խա­դէպ հան­դի­սա­նալ նմա­նա­տիպ ի­րա­ւա­կան պա­հանջ­նե­րու հա­մար, ինչ­պէս Ա­րամ Կա­թո­ղի­կոս տե­ղե­կա­ցուց «­Նիւ Եորք Թայմս» թեր­թին ան­ցեալ ա­միս.- «­Հա­րիւր տա­րի անց, ես կը կար­ծեմ` ճիշդ ժա­մա­նակն է, որ շեշ­տը դնենք հա­տուց­ման վրայ…. Ա­սի­կա ա­ռա­ջին ի­րա­ւա­կան քայլն է, ո­րուն պէտք է հե­տե­ւի` բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, վան­քե­րը եւ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան ու­նե­ցո­ւած­քը եւ, վեր­ջա­պէս, մաս­նա­ւոր սե­փա­կա­նու­թիւ­նը վե­րա­ստանալու պա­հան­ջը»:

Չ­նա­յած դա­տա­կան հայ­ցով Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հե­տապըն­դած վեհ նպա­տակ­նե­րուն` ան­ցեալ շա­բաթ տա­րա­ձայ­նու­թիւն յա­ռա­ջա­ցաւ հայ­կա­կան հա­մայն­քին մէջ, երբ քա­նի մը կայք եւ թերթ հա­ղոր­դե­ցին, թէ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թե­նէն պա­հան­ջած է «կա՛մ վե­րա­դարձ­նել Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը, կամ վճա­րել 100 մի­լիոն թրքա­կան լի­րա­յի (37 մի­լիոն տո­լար) ­հա­տու­ցում»: Ա­մե­րի­կա­հայ հան­րա­ծա­նօթ ղե­կա­վար դէմ­քե­րէն մէ­կը` Կա­րօ Ար­մէ­նեա­ն նա­խազ­գու­շաց­նող յօ­դո­ւած գրեց` «­Մեր սրբա­վայ­րե­րը սե­փա­կա­նու­թիւն­ներ չեն» վեր­նա­գի­րով: Ան ընդգ­ծեց, որ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հայ­ցը «կը յա­րու­ցա­նէ շարք մը հար­ցա­կան­ներ, ո­րոնք այ­սօ­րու­ընէ պէտք է անց­նին մեր հա­ւա­քա­կան փոր­ձաքն­նու­թեան բո­վով` ան­ցան­կա­լի նա­խա­դէ­պե­րը կան­խե­լու խո­հեմ նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ»: Ան նաեւ յոր­դո­րեց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան՝ յստա­կաց­նե­լու ­հա­տուց­ման գու­մա­րի հար­ցը, ե­թէ լու­րե­րը ճշգրտօ­րէն չեն ար­տա­ցո­լեր դա­տա­կան հայ­ցին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը»:

Ն­ման յստա­կա­ցում ստա­նա­լու ակն­կա­լի­քով՝ ան­ցեալ շա­բաթ ես կապ հաս­տա­տե­ցի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ: Նո­րին Սր­բու­թիւն Ա­րամ Ա կա­թո­ղի­կո­սի օգ­նա­կան Հայր Յու­սիկ Մար­տի­րո­սեան ե­լեկտ­րո­նա­յին նա­մա­կով ին­ծի հա­ւաս­տիա­ցուց, որ «­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հայ­ցը միայն մէկ յստակ նպա­տակ ու­նի` Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձը»:

 Ի պա­տաս­խան դա­տա­կան հայ­ցի պատ­ճէ­նը ին­ծի ու­ղար­կե­լու խնդրան­քին` յայտ­նի մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­բան եւ Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի գլխա­ւոր փաս­տա­բան Փա­յամ Ա­խա­ւա­ն ը­սաւ, որ
«հնա­րա­ւոր կամ նպա­տա­կա­յար­մար չէ ամ­բողջ դի­մու­մը փո­խան­ցել այս փու­լին, երբ ա­նի­կա դեռ կը գտնո­ւի Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նի վա­րոյ­թին մէջ»:

Ի­րա­ւա­բան Ա­խա­ւա­ն դրա­մա­կան հա­տուց­ման վե­րա­բե­րող հար­ցե­րուն տո­ւաւ հե­տե­ւեալ բա­ցատ­րու­թիւ­նը.- «­Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նի առ­ջեւ դրո­ւած հիմ­նա­կան պա­հանջն է` վե­րա­դարձ­նել Սբ. Սո­ֆիա­յի վան­քը եւ տա­ճա­րը, թէ իբ­րեւ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի, թէ նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար կրօ­նա­կան մեծ նշա­նա­կու­թեան պատ­ճա­ռով: Հայ­ցով ­հա­տու­ցում չի պա­հան­ջո­ւիր, հա­շո­ւի առ­նե­լով, որ ա­սի­կա անձ­նա­կան սե­փա­կա­նու­թիւն չէ, այլ կրօ­նա­կան եւ պատ­մա­կան կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող գոյք: Սա­կայն, մեր թուրք փաս­տա­բա­նը խոր­հուրդ տո­ւաւ, որ հա­մա­ձայն թրքա­կան օ­րէնք­նե­րու եւ ըն­թա­ցա­կար­գե­րու, գոյ­քա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պա­հան­ջի (եւ ոչ թէ կրօ­նա­կան ի­րա­ւուն­քի պա­հան­ջի) հետ կա­պո­ւած, անհ­րա­ժեշտ է Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ վե­րա­պա­հել ­հա­տու­ցում պա­հան­ջե­լու այ­լընտ­րան­քա­յին ի­րա­ւուն­քը` նախ­նա­կան գու­մար նա­խա­տե­սե­լու պայ­մա­նով…. Սա­կայն, կ­՝ու­զեմ ընդգ­ծել, որ հայ­ցը ­հա­տուց­ման հա­մար չէ, այլ կա­լո­ւած­քի վե­րա­դար­ձի հա­մար, որ կրնայ օգ­տա­գոր­ծո­ւիլ կրօ­նա­կան պաշ­տա­մուն­քի եւ ա­նոր հետ կա­պո­ւած մշա­կու­թա­յին նպա­տակ­նե­րու հա­մար»:

Ես կա­պո­ւե­ցայ Պոլիս բնա­կող ան­կախ ի­րա­ւա­բա­նի մը հետ, որ հաս­տա­տեց, թէ թրքա­կան օ­րէն­քը իս­կա­պէս կը պա­հան­ջէ յստակ ար­ժէք նշել սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի հար­ցով դա­տա­կան վէ­ճե­րու պա­րա­գա­յին:

Այժմ, երբ նիւ­թա­կան հար­ցով յստա­կու­թիւն մտցո­ւե­ցաւ, այլ կա­րե­ւոր խնդիր­ներ կը ծա­ռա­նան Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ: Հ­նա­րա­ւոր է, որ ո­րոշ հար­ցե­րու բարձ­րա­ձայ­նու­մը քիչ մը վա­ղա­ժամ է, սա­կայն հա­ւա­նա­բար  հա­յե­րը ու­զեն անդ­րա­դառ­նալ ա­նոնց, որ­պէս­զի կան­խա­տե­սեն թրքա­կան եւ եւ­րո­պա­կան դա­տա­րան­նե­րու կող­մէ կա­յա­ցո­ւած ո­րե­ւէ հնա­րա­ւոր ո­րոշ­ման հե­տե­ւանք­նե­րը.

1) Ի՞նչ պի­տի ը­նէ Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը, ե­թէ թրքա­կան դա­տա­րա­նը կամ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը թոյլ տայ վե­րա­կանգ­նե­լու Սի­սի ե­կե­ղե­ցին եւ ա­նոր օգ­տա­գոր­ծու­մը կրօ­նա­կան պաշ­տա­մուն­քի հա­մար` ա­ռանց սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­դար­ձնելու Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան: Բա­ցի այդ, ի՞նչ պի­տի ը­նէ, ե­թէ Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նաեւ ա­ռա­ջար­կէ դրա­մա­կան ­հա­տու­ցում ե­կե­ղե­ցա­կան նստա­վայ­րի վե­րա­կա­ռուց­ման հա­մար` ա­ռանց փո­խան­ցե­լու գոյ­քա­յին ի­րա­ւուն­քը:

2) Այն պա­րա­գա­յին, ե­թէ թրքա­կան դա­տա­րա­նը կամ Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նը վճիռ կա­յաց­նէ Սի­սի ե­կե­ղեց­ւոյ ու­նե­ցո­ւած­քը վե­րա­դարձ­նե­լու մա­սին, ար­դեօք Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը պի­տի տե­ղա­փո­խո­ւի՞ իր պատ­մա­կան նստա­վայ­րը, թէ՞ պի­տի շա­րու­նա­կէ տա­րագ­րու­թեան մէջ ապ­րիլ Ան­թի­լիաս (­Լի­բա­նան):

Հա­շո­ւի առ­նե­լով թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան վեր­ջերս կա­տա­րած ա­ռա­ջարկ­նե­րը ա­սո­րա­կան եւ սու­րիա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն` վե­րա­դառ­նա­լու Թուր­քիոյ մէջ գտնո­ւող ի­րենց պատ­մա­կան նստա­վայ­րե­րը Սու­րիոյ մէջ ժա­մա­նա­կա­ւոր տա­րագ­րու­թե­նէ յե­տոյ, Թուր­քիոյ ղե­կա­վար­նե­րը կրնան՝ հայ­կա­կան դա­տա­կան հայ­ցը պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով` հա­մո­զել ի­րենց ներ­քին հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը, եւ նման ա­ռա­ջարկ եւս ներ­կա­յաց­նել Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան:

Նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­ն կրնայ նման ժեստ ը­նել հե­տե­ւեալ ե­րեք պատ­ճառ­նե­րով.-

1) Կան­խել Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նի վճի­ռը յօ­գուտ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ խու­սա­փիլ ի­րա­ւա­կան նա­խա­դէպ ստեղ­ծե­լէ Հե­տա­գայ հայ­կա­կան հայ­ցե­րուն հա­մար.

2) Հանրային-յարաբերական (PR)ի յաղ­թա­նակ ար­ձա­նագ­րել մի­ջազ­գա­յին շրջա­նակ­նե­րու մէջ, յատ­կա­պէս նա­խորդ Կի­րա­կի կա­յա­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն իր կու­սակ­ցու­թեան պար­տու­թե­նէն յե­տոյ.

3) Տն­տե­սա­կան օ­գուտ­ներ քա­ղել Սի­սի մէջ Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի պատ­մա­կան նստա­վայր ժա­մա­նող օ­տա­րերկ­րեայ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րէն եւ հայ այ­ցե­լու­նե­րէն:

Յա­րութ Սա­սու­նեան «­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիեր»